Հակոբ Օշական. Առաջին արցունքը

 

Օշականեան բնաշխարհը

«Խոնարհները» ժողովածուի պատումներում

Յակոբ Օշականի գրական ժառանգութեան մէջ բնաշխարհիկ ոգեղինութեամբ եւ գրողական լեզուաշխարհի կատարելիութեամբ, գեղագրական,- նաեւ բառի արուեստաբանական իմաստով,- իրականութիւնը եւ յախուռն իմացական  մ թ ն ո լ ո ր տ ը  «Խոնարհները» շարքով /նաեւ «Շահպազը» վիպակով/ առանձնանում է իբրեւ յետագայ վիպական շրջանի շինուածանիւթ եւ տարերք։ Այստեղից,- 1890-ական թուականներ սկսուել է օշականեան կենսունակօրէն, հոգեբանօրէն առանձնաշնորհեալ ճամբորդութիւնը՝ պարզ մարդոց ճշմարիտ ապրելու ու բնաշխարհը իրենցով ներդաշնակող իրականութիւնը  ի ր ե ն ի ց  եւ իր կերպար-կերտուածքներից անխուսափելիօրէն  չ թ ա ք ց ն ո ղ  յանդգնութեամբ, որ այլ բառով, եթէ ոչ գրողի ձգտում է, ապա առ իր ապրածն ու վերապրածը անդաւաճանաբար իմաստաւորելու, գեղագրելու հիմնաւոր ու պատճառաբանեալ խիզախում, մանաւանդ այնպիսի լեզուաոլորտներում, ինչպիսին տակաւին համակողմանի  քննարժանութեան չարժանացած լեզուաիմաստասիրութիւնն է՝ մտածողութեամբ ազատութեան ձգտող, ըստ այդմ կերպարներին ինքնուրոյնութիւնից չզրկող։ Աւելին, նրանց ինքնեղութիւնը, հաւաստիութիւնը ինքնիրմով  պ ա ր տ ա ւ ո ր ե ց ն ո ղ։

Իմա՝ հեղինակի եւ կերպարի,- կերպարների,- ձուլածոյ նոյնականութիւնը Հայաշխարհի բնապատկերի արտայայտչականութեանը այնպիսի բազմիմաստութիւն է հաղորդել,- գուցէ եւ  յ ո ր դ ո ր ե լ,- որ գիւղական պատկերի ամէն մի աննշան թուացող դրուագ, հանրութեան ուշադրութիւնից վրիպած որեւէ մէկի վարքագիծ ու հոգեկան ապրում-շեղում ընթերցողի դիմադրական զգացողութեանը չի արժանանում արդէն շուրջ հարիւր տարի, եւ շարունակաբար ընթերցելի ու վերընթերցելի է։ Այստեղ է Օշականի, իբրեւ կեանքն ըստ ամենայնի կենսաիմաստասիրող գրողի՝ հայ գրականութեան մեծատարած փառքի մոգական իմացականութեան գաղտնիքը, այլեւս մեզ իրենից  չ վ ա ն ո ղ, առաւել եւս չպարտադրող Գրի կախարդումի  կենսանորոգ հմայքը․․․

Յակոբ Օշականի արձակում թուացեալ անյայտնաբերելի ճշմարտութիւնները «հսկայ անբաւարարուածութիւններ կը ծնին» մինչեւ այն պահ, երբ ընթերցողական վերագտնելի գիտակցութիւնը չի   յ ա ղ թ ե լ  մեզանից իւրաքանչիւրին ու չի  ս տ ի պ ե լ  առանց այլեւայլութեան դէն նետել «ճիգի ու ջանքի» հնոտիքը վերընթերցելու համար, քանի որ․  «Աշխատանքը մորթուելու չափ դառն էր ամառը»։ Սա պարզ մարդոց վերաբերող գրառում լինելով նաեւ ոչ պայմանական, այլ լիարժէք տքնաջանութեան գիտակցումը ցուցանող-պայմանաւորող  գրողի ու ղ ե ր ձ  է, եթէ կ՛ուզէք, մշտաբար ոգեւորող, սնուցանող ցանկացած մտաւորականի, ուղենշային բոլոր ժամանակների համար։ Վստահաբար այս համոզումը կ՛ունենայ իւրաքանչիւրը «Խոնարհներ»ի ամենաաննշան իրողութիւններում, պատեհ կամ անպատեհ հանդիպող դիպուածներում եւ նրա դէմ կերպարների խորունկ, պեղելի խորութիւններից կը յառնի Օշականի մարդկային կերպարը․ այսկերպ է միայն գրողը զգայնապէս եւ խոչապէս ճանաչելի՝ ստեղծագործութիւնը իմաստաւորուած․․․

Արթուր Անդրանիկեան

                                                              

Առաջին արցունքը

Գեղի կեանքէ

Ա

Գեղը մեծցեր էր։ Մօրը մէկիկն ըլլալուն՝ իր տղայութիւնը չէր ունեցած արեւի տակ սպառած օրեր կամ ամիսներ, ծովը չէր պագած անոր երեսը եւ հողին հետ չէին հաշտուած անոր ոտքերը։ Կոկիկ, անուշ, ազուոր ձագի մը պէս մօրը շուքին տակ, մօրը հոգիին մէջ, մօրը փէշին շուրջը, մէկ հատիկի մը խելօքութեամբ մեծցեր էր ան։ Թէեւ ատեն ուզած էր  փողոց իջնել, փորձուած էր կօշիկները նետել ոտքէն, բայց մօրը համբոյրէն վախցեր էր միշտ։ Ու միշտ իր բոլոր հաճոյքներուն, իր տղու զբօսանքներուն ետեւէն նայած ատեն, այդ մօր համբոյրը ցցուեր էր աչքին դէմ։

Պրուսայէն եկած էին, մայր ու տղայ։ Մօրը դէմքին վրայ – սկիզբները բաւական փայլուն – աչքերը միշտ կարմիր ու ցաւոտ երեւցեր էին։ Արտեւանունքը կէս մը կարճըցած՝ փակած կը թուէին ներսի կարմիրին հետ։ Էրիկը, կարգուելէն քանի մը տարի ետք մեռած էր։ Ու Վարվառ Հանըմ Արթինիկին հետ Սէլօէօզ գացեր էր, էրկընէն մնացած քիչ մը բանով ապրելու։

Վարվառ Հանըմ կոկիկ ու խելացի կնիկ մըն էր։ Քաղքէն ըլլալուն պատիւը արդարացնելու համար ոչինչ չէր խնայեր։ Գեղի կնիկներուն օրինակ  հանդիսանալը իր փառասիրութիւններէն մէկն էր, ու գիշեր ցերեկ մարիլ չգիտցող սիկառին հետ, տղուն վրայ-գլուխին մաքրութիւնը իր հոգը կը նկատէր։ Պզտիկ պարծանք մը չէր անշուշտ իրեն համար փայլուն տունի մը տէր ու խելօք տղու մը մայր ըլլալը։

Ու Արթինիկ, ասանկ լուրջ օր մը խնամքներուն ենթարկուելով, սպասուած տղան ըլլալ չուշացաւ։ Եկաւ ատեն մը, ուր բոլոր մայրերը մատով կը ցուցնէին անոր փանթալոնին շնորհքը, մազերուն ճակտին վրայ գուրգուրանքով պառկումը, երկար, ծունկերը պագնող վերարկուին անթերի մաքրութիւնը։ Շատ չանցած, աղջիկ ունեցող մայրեր հետաքրքրուիլ սկսան իրմով։ Շատ կը գովէին անոր աչքերուն փայփայող անուշութիւնը։ Իր անձին տեսակ մը անմեկնելի հրապոյրը, որ անոր պատուաւորի դիրքին մէկ հետեւանքն էր, կը ցայտէր գեղին միջակութիւններուն մէջ, ուր կիները ամէնէն աւելի կը սիրէին անոր վրայ երկար նայուածքներ հանգչեցնել։

Անոր զոքանչը ըլլալը երջանկութիւններուն մեծն էր անշուշտ ու մէկ կողմէն անոր համբաւին – ըսի՞ թէ վարժապետ ալ էր – օրէ օր հաստատուելուն ու խոշորնալուն, միւս կողմէն իր երիտասարդի բոլոր աղուորութիւններուն կամաց կամաց պարզուելուն, ազդող դառնալուն հետ, աղջիկները մէկէ աւելի երազներ պատրաստեր էին իրենց պզտիկ մտքերուն մէջ։

Վարվառ Հանըմ այս բոլորը տեսնելու բախտը չէր ունեցած սակայն։ Աչքերուն լոյսը ալ աղուոր մը մարելուն՝ երբ իր առջեւ կը գովէին սեւ ու կոկիկ պեխերը, ուրախութենէն լալը կուգար, թարթիչները թեթեւ մը կը դողային ու իրարու փակած արտեւանունքը նուրբ սարսուռ մը կը զգացնէին, արցունքի պզտիկ, բայց շատ պզտիկ պուտ մը մղելով։

Արթինիկ,- հիմա պատուելի Արթինիկ – վարժապետ էր գեղին դպրոցին մէջ։ Առտուն կանուխ, ձեռքերը երկար վերարկուին գրպանը, ժամուն դուռն էր։ Օրհնութիւնները, Հարցը, Մանկունքը մինակուկ կ՛ըսէր, վերջը դպրոց կ՛երթար, Նարեկին ընթերցումներ կ՛ընէր, Աստուածաշունչի նշան ըրած տեղը կը բանար, կը կարդար, մինչեւ որ տղաքը ամբողջ հաւաքուէին։

Երբեմն մեռել մը կ՛ըլլար։ Իր ձայնին սովորական անուշութեամբ կը քալէր տէրտէրին առջեւէն, մահերգին մէջ անգամ խելօք քաղցրութիօւն մը դնելով, սարսուռը մեղմելով բզկտող խաղերուն ու գրեթէ մոռնալով եւ մոռցնելով բուրվառին տխուր ճոճումը, որ փողոցներուն մէջ բուի պէս բաներ մը, չհասկցուող շշուկ մը կը թափէր իր կուրծքէն։

Շատ անգամ ալ  հարսնիքի թափօրին առջեւ, պոռթկացող ուրախութեանց ու յորդող ծափերու դէմ իր ձայնը կը պզտիկնար, կ՛անուշնար, կը խելօքնար պիտի ըսէի, ու միշտ պատկառոտ էր, իր խելօք տղու համբաւին միշտ ուշադիր, աչքերը շատ վեր չառնելով երգի տետրակէն, կ՛երգէր ու կ՛երգէր։

Ուրիշ ատեններ, ամառ օրերուն, Սուրբը կ՛երթար, տղաքը կարգաւ շարած իր առջեւ, բոլորն ալ անբասիր դիրքի մը մէջ արձանացուցած։ Խելքը, խելօքութիւնը անոնց գլուխէն ոտքը «կը կաթկթէին», իր բառովը։

Մէջերնին չկար մէկը, որ հայհոյութիւն մը համարձակէր գիտնալ։ Ժամը սքանչելի փոխ ըսող, շարականները լսող տղաք, փողոցին մէջ ալ կ՛երգէին սխրալի «Տարածեալ» մը կամ «Առաւօտ լուսոյ» մը։

Երեսունի մօտ էր հիմա։ Գեղին մէջ իր ընկերները շատոնց կարգուած, տուն տեղ եղած էին։ Իր հասակակիցներուն տղոց ալ դաս կուտար կամաց կամաց, չլսելով բարեկամներու հեգնութիւնները, մայրերու հրաւէրը, շաը փողոցները չելլելով եւ խուսափելով ցնցող աչքերու հանդիպելէ, ջանալով մոռնալ աղջիկներու նետած խօսքերը, իր համբաւը, իր «աննման, բարի» տղու համբաւը անաղարտ պահելու մեծ ու միակ աշխատութեան մէջ հաճոյք մը գտնելով, ու այս ամէնէն վեր, այս ամէնէն շատ իր մօրը սիրտը չկոտրելով։

Վարվառ Հանըմ բան գործ ըրած էր իրիկուն առտու տղուն երկար բարակ խրատներ տալը։ Իր ճաշակովը՝ գեղի աղտոտ աղջիկներէն չէր ախորժեր բնաւ։ Ի՞նչ պատճառաւ սակայն տղան ապսակ կը թողուր անոր այս տարիքին մէջ, ատիկա  ստոյգ չէր գիտեր, միայն սա կը զգար, որ տղան կարգելու խօսք եղած ատեն, շատ անգամ, գրեթէ ամէն հեղ , ակամայ ինքզինքին վրայ մտածեր էր, վախնալով հոգիին խորունկէն, կարծես գէշ բան մը ըրածի պէս ալ կարմրելով։

-Տղաս, ես քեզի Պրուսայէն աղջիկ կ՛առնեմ, դուն հոգդ մի ըներ, ուզածդ աղջիկ թող ըլլայ։

Ու միշտ, տղան աչքերը ծռելով՝

-Ուզածիդ պէս, մայրիկ, կը պատասխանէր։

Վարվառ Հանըմ կը պագնէր, ասոր վրայ տղուն ճակատը, երեսները, վերջը սիկառը կը փակցնէր բերնին, բազմոցին անկիւնը կ՛անցնէր ու կը սկսէր ինք իրեն երգել։ Տղան վար կ՛իջնէր։

 

Բ

Օրին մէկը սակայն հակառակ  մօրը զգուշութեան ու հակառակ իր ջանքերուն, սիրած էր ան։ Ու ի՜նչ սիրով։ Ամբողջ իրիկուններ զանի երազելու նուիրեց, բան մը չըսելով մէկուն,  ոչ մօրը, ոչ բարեկամի մը։

Գիտէր որ վերջապէս քիչ մը պիտի խնդային վրան։ Ու մայրը, նորէն պիտի պռկունք ընէր, ու ինք նորէն պիտի ցաւցնէր անոր սիրտը, ու պարկեշտ ու խելօք տղու մը անվայել իր այդ սէրովը առիթ պիտի տար իր համբաւին վրայ յարձակելու։

Անանկ ժամեր ունեցաւ, ուր խորհեցաւ ամէն կապ մէկդի նետել ու իր սիրածին հետ կապուիլ մշտնջենապէս։ Սակայն ատոր քաջութիւնը պիտի չունենար երբեք։

-Օղուլ, խելքդ կերե՞ր ես։ Ան լակոտի՞ն մնացեր ես, քեզի Պրուսայէն պիտի առնեմ, խելք թռցնող, երես ու աչք ունեցող աղջիկ պիտի առնեմ ես քեզի։

Այսպէս խօսած էր մայրը, երբ զաւակը Վարդանուշի աչքին ու երեսին աղուորութիւնը գովելու համարձակեր էր իր առջեւ։

Ատ եղաւ իր վէպը, կամաց կամաց ստիպեց իր սիրտը կարմիր դէմքերու առջեւ անտարբեր մնալու տխուր հարկին, աչքերուն առջեւ մշուշ մը կախեց, ուր դուրսէն եկող ամէն նայուածք կը տարտամնար։ Մօրուք թող տուաւ ու երկայն վերարկուին ամէն ժամանակէ աւելի ուշադիր, հանդարտ ու մինակ, մօրը բերելիք աղջկան սպասեց։

Սպասեց։ տարիքը քառասունին դուռն էր։ Մազերուն մէջ ճերմակ մազեր սիրուն զանազանութիւն մը կը հագցնէին իր գլխուն, ու երեսին վրայ կամաց կամաց փորուիլ կը սկսէին չտեսնուող բանի մը հետքերը, ուրկէ ծերութիւնը կը հոսի դանդաղ, բայց ստոյգ վազքով մը։

Անգամ մը հիւանդացաւ։ Ամսուան մը դադարէ ետք նորէն դպրոց գնաց ու այսպէս հանդարտ, խելօք, առանց յուզումի, գրեթէ երջանիկ, իր վերարկուին մէջ ամուր փաթթուած, տարիներ համրեց, սպասումին գողտր ու անուշ տարիներ։

Վարվառ Հանըմին հոգը չէր բնաւ։ Գեղին մէջ իր վրայ գէշ կը խօսէին։ Ամէն մարդ կը մեղքնար այդ շնորհքով մարդուն վրայ, որ դպրոցի մը անկիւնը, կամ սրճարաններուն մէջ մինակուկ կը սպաննէր իր օրերը։

-Լղրճուկներ, դուք ա՜լ, սանքի ինձմէ աւելի հոգացող չ՛ըլլաք տղուս, ի՞նչ կ՛ըլլայ, առնելիքը կնիկ մը չէ՞, երբ ըլլայ, կ՛առնէ, ես ալ կ՛ուզէի որ մեռնելէս վերջը կարգուէր տղաս։

Հոդ կանգ կ՛առնէր կէս մը քրտնած, կէս մը յուզումէն դողդղալով։

 

Գ

Հիմա ալ աչքերը տկարացած են, մազերուն ճերմակը աւելի շատ եւ դէմքին գիծերը աւելի խորունկցած։ Իր աչքը միշտ անուշ մշուշի մը մէջ կը կորսուի, չհամարձակելով ուղղակի նայիլ։ Բարեկամներէն շատերը մեռած են ու շատերը տունի անկիւններէն քիչ հեղ դուրս կ՛ելլեն։ Մայրը ողջ է տակաւին։ Պրուսայէն գալիք աղջիկը դեռ չէ եկած եւ Վարվառ Հանըմ ալ չի սիրեր խօսիլ անոր վրայ։

Ու ինք միշտ վարժապետ է։ Ծերութեան առջեւ աւելի խելօք, աւելի անուշ, աւելի հանդարտ է իր սիրտը։ Դպրոցին մէջ իր օգնական տղուն կը նայի գաղտնի, միշտ վախնալով ու կարմրելով, կը յիշէ ատոր ծնիլը, առաջին անգամ դպրոց գալը, Աւետարան սկսիլը, Վարք-Սրբոցէն դաս առնելը։ Մտքին առջեւէն կ՛անցնին անոր ձայնի պզտիկ վարժութիւնները, փոխ ըսելիքները։ Ամէն տուն երթալուն, անոր նուէր բերած մարմաները /թաշկինակ/ կը հանէ գիրքերուն մէջէն, պահ մը կը նայի, կը ծալլէ ու վախով մը պագնելէ ետքը կը դնէ տեղերնին։ Պզտիկ ախ մը շրթունքէն դուրս փախչիլ կ՛ուզէ, աչքերը թեթեւ մը կը պղտորին ու կը լսէ սիրտը, որ քիչ մը աւելի ամուր կը կոտտայ․․․։

Օրեր կ՛անցնին։ Երբեք չէ դիտած Մայիսի լեցուն եւ քաշող երկինքը, չէ ճանչցած ձիւներուն ամայի քաղցրութիւնը, կամ ամպերուն թաքուն տրտմութիւնը։ Հիմա ապրելէն ձանձրացած է, մինչ իր երիտասարդութեան շէնշող տարիները թռած են։ Իրմէն փախչող բաներու պէս նայած է անոնց ետեւէն, առանց կտորիկ մը ազդուելու։ Մայրը ողջ է տակաւին, ալ աղուոր մը թիրիթ դարձած։ Պրուսայէն գալիք աղջիկը դեռ չէ եկած։ Վարվառ Հանըմ ալ չի սիրեր խօսիլ անոր վրայ։

Բայց վե՞րջը ինչ պիտի ըլլայ։ Ապահով է, որ քանի մը տարիէն ալ Վարվառ Հանըմ կը մեռնի։ Ի՞նչ պիտի ընէ։ Այս աղուոր կոկիկ տունին մէջ, ուր երբեք աղուոր երես մը չշողաց, անուշ ձայն մը չխաղաց, այդ հին, սակայն գրաւիչ գորգին վրայ, որ իր սենեակը կը շէնցնէ, այդ յաւիտենապէս լուռ լուսանկարներուն առջեւ, իր կեանքը ի՞նչ պիտի ըլլայ։

Ասանկ տագնապի ատեններուն, ճակատը կը կոկի յանկարծ, աչքերը կը վառին ու միտքը պզտիկ տղուն կ՛երթայ, իր օգնականին։

-Ասոր վերջը չկայ։ Սանկ տղեկ մը առնէինք գովերնիս նէ, գէ՞շ կ՛ըլլայ։

-Ես ալ ատի պիտի ըսէի զաւակս, ամա կը վախնամ։ Աս գեղի շուները թերպիէսիզ են, փիս են, մէտէս Պրուսայէն բերել տուր կ՛ըսէ։ Ասանկ չըլլար։ Հէմ գեղին մէջ շատ են ատանկ զաւակ չունեցող տէ օտար տղայ առնողներ։

-Ես մէկը մինաիսպ կը տեսնամ։ Հէմ խոշոր է, հեմ գիտնական, հէմ աղուոր տղայ է։ Սա Գրիգորիկը, կը ճանչնաս, անանկ չէ՞։

-Ո՞ր Գրիգորիկը, Վարդանուշին տղան։

-Է, չէ, չէ՜, առջիդ մեռնիմ, զաւակս, գեղ մը մարդը վայդ, եղուկդ կուտայ։ գացիր, գացիր տէ ատ պապ չունեցող փի՞ճը ուղեկից գտար։ Պրուսայէն բերել կուտամ։ Թող կենայ հիմա։

Պատուելին մօրը քովէն դուրս կ՛ելլէ, խորապէս յուզուած։ Իր ծերունի սիրտը սաստկապէս ազդուած է այդ անգիտակից անարգանքէն, ու առաջին անգամ ըլլալով, իր արցունքը, իր առաջինեկ արցունքը կը թափէ Գրիգորիկի նուէր մարմաներէն մէկուն մէջ։

 

Սէօլէօզ, 1902

  • Hits: 1874

Կայքը գործում է ՀՀ մշակույթի նախարարության աջակցությամբ։

© 2012 Cultural.am. Բոլոր իրավունքները պաշտպանված են ՀՀ օրենսդրությամբ: Կայքի հրապարակումների մասնակի կամ ամբողջական օգտագործման ժամանակ հղումը կայքին պարտադիր է: