Մուշեղ Իշխան. լռելեայն պոռթկումների բանաստեղծը
Մուշեղ Իշխան. լռելեայն պոռթկումների բանաստեղծը
…Որքան որ «մեռնիլն է դժուար», այնքան էլ կրկնակ որբութեամբ,- հօր եւ Հայրենիքի,- ճակատագրով ապրելը… բայց, Մուշեղ Իշխանն/1914-1990/ ապրեց բանաստեղծի, մանկավարժի իր հրաժարեալ կեանքը, որբութեան շարունակական խիզախումով, հեռու` հարազատ մօրից (որին բարեբախտութիւն ունեցաւ տեսնելու քառասուն տարի անց` ուսուցիչների մի խմբի հետ Հայաստան այցելելով) եւ նոյնքան նուիրական ու երազուած Մայր Հայրենիքից… Այս ընթացքում երգը եւ աղօթքը,- գուցէ երազային աղօթքը,- սնուցանելով բանաստեղծի մարդկային միտքը` վերափոխւում էր լռելեայն պոռթկումների: Ասել է թէ ենթագիտակցօրէն ապրելով իր չապրածը, «մանկութիւն չունեցող» մարդկանց զգացումները փիլիսոփայօրէն չէր ընկալում ու վերապրում, այլ հոգեւին` արեան շնչառու թելադրութեամբ:
Յետեղեռնեայ սերնդի ոդիսականը, որ արտածւում էր սփիւռքեան գրողների գիտակցօրէն ապրած ճակատագրից` «սերունդի մը դառնութեան» ալեկոծ խոհականութեամբ դառնալու էր ոչ վաղ անցեալի մոգական սեւեռումների Գիր ու վկայագիր: Եւ «մոգական լապտերիկի» տարածած լուսաւորութեան ներքոյ` կեանքի «շիթ առ շիթ վառուելու» տեսլականը իմաստաւորուելու էր Հայ տեսակի ոգեպինդ վերընձիւղումով:
«Կենաք եւ երազ». կեանքի երազային ըմբռնումի` ապրեցնելու խորիմաստ արտայայտչականութեամբ եւ ի գին ամէն բանի երազայինը կեանքի կոչելու զգօն կենսափիլիսոփայութեամբ անհնարին է հոգեբանօրէն չխաթարուել, բայց նաեւ բանաստեղծական ինքնավստահութեամբ անհաղորդ մնալ մարդու, գերազանցապէս Հայ մարդու,- լինելութեան խորհրդին: «Կեանքի ինչպէս որ է» ի սոսկական նկարագրութիւնը Մ. Իշխանի բանաստեղծութիւններում ոչ միայն աներեւակայելիօրէն նկարչագեղ է ու հոգեհմայ, այլեւ խորքի մէջ տարածական ու տարասփռուն: Յոյզի, վերապրումի շարունակական ընթացութեան մէջ բանաստեղծի լեզուն ու լեզւաընկալումը առանձնայատուկ է հայեցի, արարման զգայունակութեամբ` պարզ ու անթերի, եւ երբեմն լսուող թէքէանական բանաստեղծական զարկերակի ու տէրեանական ներհուն անրջախոհութեան տրոփները միայն յարաբերականօրէն են զգայելի, քանի որ Մ. Իշխանի ոչ այնքան արտասովոր աշխարհը «ցնորահեւ ժամանակէն ալ արագ» ինքնապտոյտներում է կազմաւորւում իբրեւ բանաստեղծական յղացում` ձեւ ու կերպայնութիւն տալով բանաստեղծի ոգեշունչ ինքնաճանաչմանը: Այս պարագային չենք կարող չմասնայատկել բանաստեղծի գրութենական ճշգրտութիւնը. մի հանգամանք, որ ոչ միայն ինքնայատուկ է նրա ոճին ու պատկերաստեղծումին, այլեւ սփիւռքեան իրականութեան ռիթմերով ու հոգեւոր գրգիռներով է հագեցած, ու արտայայտչագեղ, որոշապէս գիտակցօրէն ներադապրկող: Անշուշտ, գաղափարական եղանակաւորումներով. (Կարօտը, իբրեւ սփիւռքեան գիտակցութեան մէջ արմատաւոր` միաբեւեռ դրսեւորումներով առ հող-հայրենին):
Կարօտաբաղձութիւնը, իբրեւ վերապրումի ընթացք պայմանաւորող գործօն, յետեղեռնեայ գրականութեան մէջ տարածուած մեծաւ մասամբ շահարկուող թէմա էր, երբեմն, գաղափարի (գաղափարների) մանրաթէմայնութիւն շեշտադրող, ըստ այդմ, տակաւին խնդրոյ առարկայ, բայց, Մ.Իշխանի կարօտատենչութեան «ձգտումները» ինքնանպատակ չեն եւ չէին էլ կարող լինել, որովհետեւ ունէին ոգեսնող ակունք ու նպատակամիտում` ճշմարտութիւնը (պատմական) վերածելու իրաւ ճշմարտութեան (հայութեան ինքնութեան վերահաստատման «զօհողութեամբ»).
Քեզմէ հեռու` կեանքն ամբողջ ստուեր ու թուփ է աչքիս,
Եւ վեհափառ լռութեամբ` միայն հասակդ է կանգուն
Հորիզոնին դէմ կեանքիս, բոցերուն տակ կարօտիս,
Իբրեւ ծառ մը ծաղկազարդ, մենաւոր ու սարսռուն:
«Կարօտի նամակ»
Աւելին, եթէ Մ. Իշխանի բանաստեղծութեան թեմատիկ ընդգրկումները թուացեալ միաշերտ են,- անցեալի, ներկայի հոլովոյթում անձնային ոգորումների արգասիք,- ապա, արձակը (վէպ, թատերգութիւն, գրական-քննադատական մտածում) աւելի ընդգրկուն շեշտադրում է իր ապրած իրականութեան մթնոլորտում բանաստեղծի Ես-ի խոհականութեան հնարաւորութիւնները: Անշուշտ, բանաստեղծական արձակի տպաւորութիւն,- գոնէ տպաւորութիւն, ոչ ընդգծեալ միտում եւ կերպաւորում,- թողնելրով: Այն, ինչ սփիւռքեան իրականութիւնը միանգամայն ճշմարտօրէն ընկալման եւ «հոգեվերլուծութեան» ենթարկման հետեւանք է` ի հաստատումն «առաջնորդ ոգու» գոյութեան. իմա` նոր ժամանակներում յայտնուած հայութեան կենասգործունէութեան շարունակման` երկփեղկուածութեան,- անցեալի եւ ներկայի,- ընդմէջ ապագայի որոնումների կամ տեսլականի խորապատկերի վրայ: Եւ ամենեւին պատահական չէ պատմական պայմանականութիւնների «ներթափանցումը» այնպիսի իրավիճակներում, երբ «պատմութեան որոշեալ ըմբռնումէն» (Յ. Օշական) պատմականը եւ ժամանակայինը տարանջատ չեն, այլ պարզ երեւակայական, հայութեան պարագային` հոգեբանական խնդրի վերածուող, խորհրդամղող: Զորօրինակ, «Կիլիկիոյ արքա» քնարական-կենսաիմաստասիրական թատերգութեան մէջ երկու եղբայրների` Վահանի եւ Լեւոնի հակասալից բնութագրումներով (Նիւթապաշտութիւնը` հակադրելով երազային, անիրականալի տուայտանքներին) Մ. Իշխանը իրականութեան տագնապայարոյց եզրերն է համադրում` ազգային երկփեղկուածութեան տագնապները մի ընտանիքի նկարագրումով տեսանելի դարձնելով: Իրեն Լեւոն 7-րդ արքա երեւակայող Լեւոնի պահուածքը եւ երազայնութիւնը որքան որ խորթ պէտք է լինէր իրականութեան մէջ գլխովին մխրճուած Վահանի համար, այնքան էլ վնասաբեր, հոգեբանօրէն անընդունելի: Եւ եղբօրը հոգեբուժարան տեղափոխելու վճռականութիւնը իր ապրած իրականութիւնը փրկելուն էր միտուած:
Մուշեղ Իշխանը ինչ որ տեղ իրեն համարում էր այդ իրականութեան զօհ, մանաւանդ սփիւռքեան իրականութեան` կատարելապէս ապաւինելով Գրի զորութեանն` ինքնազոհաբերումով` ապագան տեսնելով եւ զգայելով անցեալի հոգեւին վերարժեւորումների խորապատկերի վրայ, բայց սերնդակրթումի հրամայականով ու հայ մարդոց ինքնաճանաչման կեանքի կոչելով: Եւ, բնականաբար, ունէր որոշակի առաջադրուած խնդիրներ, քանի որ «հեռուն, միս-մինակ մեռած օճախին» ծուխ ծխանին միայն ոգեսնումներով չէր ապրեցնում իր միտքն ու բանականութիւնը. «արմատ նետելու» խնդրայարուցումը աւելի քան օրապահանջ էր ու նուիրագործելու մղող, եւ «Հայոց լեզուն տունն է հայուն աշխարհիս չորս ծագերուն» պատգամի էականութիւնն էր շեշտադրում, որքան էլ «անցեալն անհուն եւ ներկան, նոյնիսկ մթին ապագան» նրան ոգեւորէին, բայց «դէպի սիրոյ, երանութեան աշխարհ մը նոր» չէր կարող չառարկայանար նրա մտածումներում, որ իրականութեանը հակազդելուն էր նպատակամիտուած:
Տեսիլքի եւ սիրոյ բանաստեղծումի հիրաւի իշխանական կերպն ու «տեսիլքի» յարատեւութիւնը որքան էլ յաճախադէպ ընդհատւում էր վհատեալի խոստովանանքով. «Յոգնած եմ նոյնիսկ երազի սուտէն», այնուամենայնիւ, կար, զգայելի էր ներքին` ինքնասթափեցնող պոռթկումը.
Եւ հին իշխան` ինձ շնորհեց լոկ իշխել
Փլատակին մէջ յոյսերուս անհամար…
«Կեանքը վրէժն իր լուծեց»
Այսպէս, կեանքի հրամցուած վրէժը առաւելս է լուծելի` «այգեստաններու արեան» պոռթկումին` ի պատասխան. չկորսուող, չլերդացող հայ արեան:
Ընդհանրապէս Մուշեղ Իշխանի բանաստեղծութեան վիպապաշտ (ռոմանտիկ) ընդհանրացումներում աշխարհի գոյատեւելիութեան` մարդու անցած ճանապարհի եւ ժամանակի աղէտաւոր բարքերի առարկայացումները հիմնականում եւ հիմնովին հակադրւում են բնութեան (բնականի, մարդկայինի) հետ, եւ.
Կեանքեր թեւաբեկ եւ շղթայակիր
Աշխարհի ցաւուվ հիւանդ է հոգիս
Բանաստեղծի ճիչը հնչում է ի խորոց սրտի, քանի որ սպառելիութեան սահմաններին հասած մարդու հոգեւոր էներգիան ի զորու չէ դիմակայելու իրականութեան աղետալի երեւոյթների տագնապայարուցումը, այն, ինչ եթէ անհանդուրժելի է մարդու համար` հակացուցուած նրա բնոյթին, ապա բանաստեղծի համար առաւել եւս օտար ու մերժելի է, դատապարտելի:
Մարդու եւ բանաստեղծի խնդիրը Մ. Իշխանի բանաստեղծութիւններում չափազանց խորքային է արտացոլուած` տրամաբանօրէն փոխկապակցուած. ամենաբարդ իրավիճակներում այն ինքնախոստովանանքի հնչողութիւն է ստանում, ասել է թէ, ինքնագիտակից մարդու ապրումները միշտ էլ անբաւարարուածութիւնից ներշնչում են որոշեալ հոգեւոր ներկայանալիութիւն ունեցող այն անհատին, որը կոչմամբ բանաստեղծ է, գիտակցականութեամբ` իրավիճակը վերարտայայտող: Իսկ այն ճանապարհը, որն անցել է Մ. Իշխանը, ընկրկելով, յուսահատօրէն վերապրելով, անտեսելով «մահն հեշտագին»` եղել է բազմուղի, ոլորախրթին, ի վերջոյ, անցեալ, «անիրական գարուններու» զարթնումին մերձ, շարունակելի…
Մուշեղ Իշխանը ապաւինելով ոգու զգացողութեանը` եղաւ «լուսարարը, որ գիտցաւ հայուն սիրտը ջերմացնել ու ազնուացնել արուեստի Կրակովը (Գարեգին Ա. Կաթողիկոս):
Արթուր Անդրանիկեան
«Տուներու երգը» 1936
Համերգ
Կ’անցնիմ նորէն մոլորուն, հոգիս ըրած հազար մաս…
Տունե՜ր, տունե՜ր բազմազան քիվերն ի վեր փողոցին,
Տրտում, զուարթ, փոքր ու մեծ` բոլորն իրար սեղմուած,
Խրճիթին քով` ապարանք եւ նորն ու հին միասին:
Կը դիտեմ լուռ եւ հոգիս կը լեցուի խոր երգերով.
Ճամբուս վըրայ` քարացած վէպ է անբառ ամէն տուն
Եւ մէյ-մէկ դէմք կենդանի, ուր կայ ստուեր լոյսին քով,
Ուր ակօսներն են նստած` կեանքի բոլոր հերկերուն…
Տուներ կան խեղճ, բազմատանջ, ուսը կըքած, դուռը փակ,
Տուներ կան գորշ, հիւանդկախ, որոնց դէմ մարդ կ’ուզէ լալ
Եւ կան տուներ ալեւոր, տարիներու բեռան տակ,
Որոնք մահուան կը նային արդէն հանդարտ, անայլայլ:
Հայ մամիկին աղօթքը
Մայրիկիս
Ալ կը բաւէ, Տէր Աստուած, մեր տունն ու տեղ դարձուր մեզ,
Թշնամիս իսկ մեզ նման ուրիշի դուռ չձգես:
Անասունին կուտաս որջ եւ թռչունին` տաքուկ բոյն,
Իսկ մարդոց ալ մեղաւոր` տու՜ր ապաւէն մէկ անկիւն:
Թող պալատներ վայելեն մեծահարուստն ու արքան,
Մեզ արժանի ըրէ, Տէր, մեր խրճիթին աննշան:
Ոչ հանգիստ կայ, ոչ ալ քուն ցուրտ յարկին տակ օտարին,
Ա՜խ, եօթն օրէն աւելի հիւր չպահես ոչ ոքին:
Քու օրհնութիւնդ իջնէ, Տէ՜ր, ամբարներուն մեր նորէն,
Եւ օտարներ կշտանան մեր լիառատ սեղանէն:
Մեր սրտերուն հետ կարօտ` հին աղօթքներն ալ չորցան,
Առանց տոհմիկ այն խունկին, որ կը ծխար քու անուան:
Ծիծաղն է լաց, երբ մարդուն չի տար իր տունն արձագանգ,
Եւ արցունքն ալ` դառն հեգնանք, երբ չկան երգ ու փականք:
Տու՜ր որ, Աստուած, ամէն սիրտ վառի իր սուրբ օճախէն,
Որ չմարի մոմի պէս կեանքի դաժան հովուն դէմ:
Տու՜ր որ ամէն ուռճացող մատղաշ հասակ կարգին
Զգայ յանկարծ ուսերուն բեռն իր անուշ երդիքին:
Ծնող մանուկն առջի հեղ տեսնէ տնակն հայրական,
Եւ ծերունին իր տան մէջ փակէ՜ աչքերն յաւիտեան:
Անաւարտ կեանքեր
Ճամբուն վըրայ բոլորիս, կեցած անշարժ, անբարբառ`
Ի՜նչ կեանքեր կան սկսուած բայց անաւարտ տան նման,
Որոնց քարերն առաջին` երջանիկ օր մը գարնան`
Հիւսուեցան հոն` հոյակապ կառուցումի մը համար…
Ոմանց կայծակը զարկաւ սեւ անէծքի պէս դաժան,
Ոմանց համար չըմնաց քար եւ ատաղձ բաւարար
Եւ ուրիշներ` դեռ կիսատ տեսան յանկարծ պատէն վար`
Երազն իրենց բնակիչ` ինկած անդունդը մահուան:
Ամէն մէկուն յարկէն ներս պիտի ծաղկէր առանձին
Նոր սէրերու, երգերու եռուն հանդէս մը անշուշտ`
Բարիքներուն հետ անմահ օրուան բեղուն վաստակին…
Մինչդեռ լքուած են անոնք եւ կը շարժեն միայն գութ –
Ալ անկարող լրանալ կամ կործանիլ լիովին,-
Աւելի ցուրտ ու մռայլ` քան շիրիմներ հողակոյտ…
Տան սէր
Եւ հիմա ես գիտեմ` որ փուճ է ամէն սէր
Կեղծիքով տառապող սրտերուն մէջ մարդկանց.
Միայն դուն կեանքիս դէմ կը մնաս գերիվեր,
Ո՜վ տան սէր, մեծ հըրայրք ճշմարիտ եւ անանց:
Երջանիկ կամ դժբախտ` քուկդ եմ ես լիովին`
Իբրեւ միշտ քեզմով լի սիրահար պարմանի,
Թէպէտ դուն ծո՜ւխ ես լոկ եւ ցնորք անմարմին,
Որ անվերջ կ’երազեմ, կը պաշտեմ ես գաղտնի:
Արդեօք ճի՞շտ է, որ դուն ունեցար օր մը կեանք`
Որմերով, օճախով ու երգով իրական,
Ես իրաւ տեսայ լոյսն աշխարհին երդիդ տակ,
Ո՜վ դուն մայր` ալեկոծ կարօտին ի արեան…
Երբ լուսին գիշերներ կին մ’ունի ամէն սիրտ`
Ես քեզմով արբեցած` միայն քեզ կ’որոնեմ,
Բայց աւա՜ղ, իմ հոգիս չունի ձայնն հոգիիդ
Եւ աչքերս են դատարկ գծերուդ տեսիլքէն:
Այս օտար ափերէն – օ՜ թախիծ առյաւէտ –
Կը մնամ քարիդ մէկ մասունքին իսկ կարօտ,
Անկարող գգուելու մոխիրէդ ափ մը գէթ,-
Ցրուա՜ծ են իսպառ խորշակներն արիւնոտ…
Բայց դարձեր ես արդէն հէքիաթի ապարանք,
Որ ինչքան երեւիս անմատոյց, հեռացած`
Քեզ այնքան ճամբուս դէմ կ’ըզգամ մօտ շարունակ,
Ո՜վ տան սէր, մեծ հրայրք ճշմարիտ եւ անանց:
Հայ լեզուն տունն է հայուն…
Հայ լեզուն տունն է հայուն աշխարհիս չորս ծագերուն,
Ու կը մտնէ ամէն հայ իբրեւ տանտէր հարազատ,
Կ’ըստանայ սէր ու սնունդ, սրտի հպարտ ցնծութիւն,
Եւ բորեանէն ու բուքէն հոն կը մնայ միշտ ազատ:
Քանի՜ դարեր եւ քանի՜ ճարտարապետ հանճարներ
Աշխատեցան անոր տալ վեհութիւն, գեղ ու պերճանք,
Քանի՜ գեղջուկ բանուորներ տքնեցան տիւ եւ գիշեր,
Որոնք թաղուած են հիմա մոռացութեան մութին տակ:
Մշտանորոգ ու միշտ հին` ան կը տեւէ դարէ դար,
Իր ճրագները` միշտ լոյս, իր օջախին հուրը` վառ,
Բարիքներով անսպառ լեցուն ամբարն ու մառան:
Հոն է միայն, որ կրնայ գտնել ամէն հայ կրկին
Խաժամուժին մէջ օտար կորսնցուցած իր հոգին,
Անցեալն անհուն եւ ներկան, նոյն իսկ մթի՜ն ապագան…
Թախիծի սեւ ժամերուս
Թախիծի սեւ ժամերուս,
Երբ մութ ու մէգ է չորս դիս`
Վաղեմի տուն, իմ սրտիս
Դուն կու տաս միշտ քիչ մը լոյս:
Անապատին մէջ այս գորշ,
Ու կը քալեմ հեւ ի հեւ`
Կորուսեալ տուն, իմ առջեւ
Տեսիլքն ես դուն բախտորոշ:
Երբ փառքին դէմ օտարին
Վիզըս ծռեմ ես նկուն`
Փառապանծ տուն, միայն դուն
Կ’ըլլաս խրոխտանքն իմ ներքին:
Եթէ յոգնած, յուսահատ`
Տենչամ կեանքէն հեռանալ`
Հեռաւո՜ր տուն, ինձ դարձեալ
Դուն կու տաս կեանք ու հաւատ:
«Կրակը» 1938
Անունի մը համար
Որքա՜ն ատեն դեռ սպասել ձեռնունայն,
Բոլոր փարթամ խնճոյքներու տան առջեւ,
Հայրենաձայն փոքրիկ անուան մը միայն
Մեռնող շունչի մը չափ անո՜ւշ ու թեթեւ:
Բառ մը միայն, որ ամէն ժամ, ամենուր
Պիտի դառնար իմ արիւնիս մեղեդին,
Լոյսի մատեան, հաւատքի զանգ հեշտալուր,
Իմ կեանքիս մէջ` սիրասուն կեանքն ուրիշին…
Ծովածաւա՜լ ամբոխներու ընդմէջէն
Երբ անցնէի ես կորսուած ու մինակ,
Ան` մեծափառ տան մը կեանքին նման շէն`
Պիտի հնչէր յանկարծ թափուր կուրծքիս տակ…
Ամէն գիշեր, խաւարին մէջ մահածոր,
Հպարտօրէն իմ արիւնող վիշտերուն
Անուն մը թող դառնար շոյանք եւ օրօր
Անձրեւի պէս, արցունքի պէս հեկեկուն…
Ամէն առտու, համբոյրին հետ արեւու,
Տենդէն այրած ջիղերուս մէջ թող վառեր
Եղերական գինովութիւնն ապրելու
Եւ նոր աւիշ եւ սարերու հրաւէր:
Թող ան ըլլար կապոյտ ցնորք ու մշուշ`
Յիշատակին պէս հեռաւոր անցեալի,
Եւ թող ըլլա՜ր դեռ սպասում, դեռ խռովք`
Երազին չափ նոր գալիքի մ’անձկալի…
Բայց անձնուրաց, բայց արիւնոտ խենթութեամբ
Ես կռուէի, որ չեղծանէր ան երբէք
Ժխորէն վեր, բարձունքներու մէջ անամպ,
Անունիս քով` սուրբ անունն այդ դիւրաբէկ:
Անուն մը լոկ կուրծքիս վրայ պինդ գրկած,
Իբրեւ միակ իմ բաժինն այս աշխարհէն,
Իբրեւ Յաղթերգ Ունայնութեան դէմ նետուած`
Ես փակէ՜ի աչքերս գոհ, մեղմօրէն…
Զրոյց երազի մը հետ
Ես եմ ահա այն տղան, որուն հոգին դուն ճանչցար
Հորիզոնէն հեռացող ամպերուն մէջ` լոյսի պէս…
Եւ գարնան գաղջ գիշերներ միշտ անոր ձայնը պայծառ
Հնչեց այնքան մտերիմ, որ սրտիդ զարկն էր կարծես:
Տեսիլքս միշտ քեզի հետ քալեց շուքիդ պէս հլու,
Օրերուդ գետն յորդեցաւ իմ մեծ սիրով անանուն,
Կեանքը դարձաւ շատ աղքատ սեղանին շուրջ մարդերու
Եւ պահեցիր սիրտդ դուն իմ աչքերուս արեւուն:
Հիմա, երբ զիս կ’երազես պատուհանիդ դէմ նստած`
Գուցէ անցորդն եմ տրտում, որուն վրայ կը խղճաս
Կամ ծովերով բաժնուած օտարական մը անյայտ:
Կը միանա՜նք մենք արդեօք.- Թերեւս միայն այն ատեն,
Երբ թեւերու մէջ օտար կը թառամիս դուն արդէն,
Ու երբ ես ալ կը մեռնիմ, որոնելով քու ճամբադ…
«Կեանք եւ երազ» 1949
***
Ոչ երեկոյ, ոչ մեղսակից կիսամութ.
- Ես կ’երազեմ կանգնած լոյսին մէջ պայծառ.
Ոչ քունի ժամ, ոչ քնաբեր քաղցր սուտ.
- Աչքերուս մէջ կ’իյնայ երկինքն անդադար:
Օտար մնաց իմ ցնորքիս լայնալիճ
Ամայքն ամուլ` ինքն իրեն ցուրտ արձագանգ,
Երազներուս մեծահանդէս բնակիչ
Ունիմ կեանքեր, խօսք ու երգեր լուսավանկ:
Որ ճոխ ներկան լեցուց հոգի մ’ամէն ժամ.
- Երազն իմ բոյժն եղաւ համայն խոցերուն,
Ծարաւներուս առջեւ` աղբիւր հեշտահամ
Եւ ժխորին դէմ` հիւրընկալ լռութիւն:
Ես կ’երազեմ ինչպէս մանուկը կուլայ
Եւ կ’աղօթէ խռովայոյզ աբեղան.
Ես կ’երազեմ երբ որ ամէն տեղ հիմա
Լոկ մահասփիւռ թնդանօթներ կը գոռան:
Ոչ արբեցում, ոչ հեշտանքի անուշ ծուխ.
- Ինծի բաւեց ներշնչումի հին գինին.
Ոչ մեղմ օրօր, ոչ մեղկութիւն անպտուղ.
- Երազն իմ` մայրն է քերթուածի հրաշքին:
Կեանքն իր երազ մը եղաւ
Ա
Կեանքն իր երազ մը եղաւ, ինչպէս երազն` իրեն կեանք
Համատարած, մտերմիկ, բայց յաւէտ նոր ու անհուն.
Իր աչուըներն անծանօթ ճաճանչներով հմայուն`
Չբաժնեցին իրարմէ ճշմարտութիւն ու պատրանք:
Եւ չգիտցաւ աղօթել անոր հոգին անհանդարտ,
Զի երազներն իր էին աղօթք ու տենչ իրացած.
Ան իր աշխարհն ըստեղծեց միշտ իբրեւ տէր ու աստուած
Եւ հոն մտաւ հիացի՜կ ու ապրեցաւ իբրեւ մարդ…
Եթէ երբեմն յեղակարծ զարկին օրերն ահազանգ`
Կարծեց զարթնումն այդ ուժգին գիշերական մղձաւանջ
Եւ տուաւ անձն իր նորէն հին օրօրին սիրականչ…
Երբ որ հրեշտակն ալ մահուան մտաւ իր բաց յարկին տակ`
Ան կեանքը չէր որ ձգեց, ուրկէ վաղու՜ց էր մեկնած,
Այլ երազէն իր անցաւ ուրիշ երազ մը անայց…:
Բ
Երջանի՞կ էր թէ դժբախտ` չհասկցաւ ան բնաւ.
Իր սեփական յարկին տակ օտարական հիւր մնաց.
Քաղաքներէն, գիւղերէն ան շա՜տ հեռուն ապրեցաւ`
Կարօտներու երկնագոյն լուսամուտին տըմըկած:
Դուրսն աշու՞ն էր թէ գարուն` ան շփոթեց անդադար,
Զի թռչուններն իր սրտին, պարտէզին մէջ ճռուողուն,
Էին այնքան մօտ, աւա՜ղ, որ ինք բռնել իսկ կրնար
Եւ բաղեղները ծաղկած կը հասնէին ափերուն…
Օրերն ըրաւ իրիկուն ան նամակի մը յոյսով`
Լուսագրուած անծանօթ մատներու սու՜րբ ցնորքով,
Եւ նամակներն իր հասնող յանձնեց անշարժ լռութեան:
Չըզգաց բարեւն արեւոտ, որ իր վերեւ ծագեցաւ
Եւ գիշերներ մինչեւ լոյս ականջն անքուն իր դրան`
Ան միշտ մէկուն սպասեց, որ պիտի գար ու չեկաւ…
Գ
Արեգակի տենչանքով թէեւ հիւանդ էր հոգին`
Ան որոնեց երեկոն եւ լուսնի լոյսը տժգոյն.
Փոթորկայոյզ ջուրերու անշէջ կարօտն իր սրտին`
Դարձաւ գերին հմայուած` նիրհող ու լուրթ լիճերուն:
Եւ ծառերու աւշառատ պտուղներէն աւելի`
Սիրեց ծաղկումը որպէս ոգեղէն լոյս եւ անդորր.
Վարդափրփուր ու զուարթ գինիներէն կոչունքի`
Ան գովքն անոնց նախընտրեց տաղերու մէջ թեւաւոր:
Գեղեցկութեան նուիրում ըրաւ իր կեանքն համօրէն,
Բայց իր թիկունքն աշխարհին, հայելիի մը խորէն`
Գեղատեսիլ ստուերներ միայն ճանչցաւ ու գրկեց…
Նոյն քարափին վրայ հին մնաց անշարժ մինչեւ վերջ
Եւ անծանօթ ծովերու, մեկնումներու մեծամեծ
Ամբողջ խռովքն ապրեցաւ նաւու մը թաւ սոյլին մէջ…:
Դ
Ան ժպիտով մը նոյնիսկ գիտէր ըլլալ երջանիկ,
Իր հացը չոր դարձընել խրախճանքի համադամ
Եւ ճամբուն մէջ կորզըւած ջինջ նայուածքէ մ’անթառամ
Գիտէր կերտել իր համար սիրապսակ հարսանիք…
Երբ ձմեռ էր ամենուն` ինք գարնան մէջ կը մնար.
Զի ամպերէն դուրս ծագած բաւ էր ճաճանչ մը փոքրիկ,
Կամ անկիւնէ մը ժպտող թաղար մը պարզ դալարիք,
Որ ծաղկազարդ պուրակի փոխուէր սենեակն իր խաւար:
Մարդիկ` մինակ, անընկեր տեսան իրեն յաւիտեան,
Երբ որ ամէն իրիկուն իրենց քովէն կ’անցնէր ան`
Ամենաքաղցր էակին մտերմութեան թեւանցուկ…
Մարդիկ` ընկեր թէ ոսոխ` որոնեցին միշտ իրեն
Թշուառ ու մութ իր կեանքին հովիտներուն մէջ անձուկ
Եւ գտան մե՜ծ խնդութեան ոգեսըլաց բարձունքէն…
- Hits: 1650