Ուրուագիծ դիմանկարի համար. Շաւարշ Նարդունի

Շաւարշ Նարդունի յետեղեռնեայ սերունդի մը դառնութիւնը տեսած գրողներէն թերեւս ամէնէն խորաթափանց, րանիբուն մտաւորականի տիպար «փարիզի տղաք»-էն էր, հրաշալի հայու­թյան այն շրջանէն, երբ սերունդի մը ինքնեղ գոյութիւնը սփիւռքեան պայմաններու մէջ' ի նպաստ հայապահպանումի զօրաւոր ազդակներ կ՚արթնցնէր: Սերունդ մը զոր կ՚երեւակայէր աներեւակայելին իր առաքելութեանը ոգի տուող յամառութեամբ, օրէ օր կենսաւորուող  այդ կեանքէն ներս բնաւ չշլմորեցաւ Աղէտին հետեւանքներէն: Ատկէ անդին կար կեանք մը' հրամցուած նորե­րում. Շ. Նարդունի ապրած է գրողի ու ժամանակագրողի կեանքը։

Շաւարշ Նարդունի /Ասքանազ Այվազեան, 1898 -1968, Փարիզ/ ծնած է Արմաշ: Նախնական կրթութիւնը ծննդավայրին մէջ ստանալէն ետք, հաճախած է Ատաբազարի Կեդրոնական վարժարանը: Առաջին աշխարհամարտէն յետոյ ուսանած է Կ. Պոլսի Բժշկական համալսարանը, յետագային բժշկական բարձրագոյն կրթութիւն ստացած է Փարիզ, ուր հաստատուած է 20-ական թուականներուն: Հրատարակած է «Հայ բոյժ» բժշկական հանդէս»ը: Աշխատակցած է Ֆրանսահայ թերթերուն, հանդեսներուն: խանդավառող խորութեամբ եւ ճակատագրային իրողություններու դէմ աչք չէ գոցած, չէ մոլորած անցեալի մրուրէն ու տրտմութիւններէն: Ինք իբրեւ վիպող եւ վերապրող հասկցած է որ գրականութիւնը ազգի մը նկարագիրը ըլլալէն զատ նաեւ տիրական ազդեցութեան ոգով կը հանդերձէ ազգը, մանաւանդ,- քիչերու վի֊ճակուած,- վերապրող...

Շաւարշ Նարդունիի գրողական շեշտ անհատականութիւնը չափազանց ինքնասոյզ է ու ինքնատարած - ինքնարձակ, ըսել կ՛ուզեմ «Աեքիաթներու ալպոմ»- էն /1927/ սկսեալ մինչեւ վերջին հատորը /«Նարդեան պատարագ» 1968/, Նարդունի կ՚ապրէր ար­բեցումը այն զգայնութեան որ ինքզինքը. «Պզտիկ անիւն մըն եմ: Դիւային մղումով մը կը դառնամ, բայց փոխկապուած չէ իմ ժողովուրդիս: Ախ, որքան կ՚ուզէի ժողովուրդ ունենալ, փոկով մը կապուիլ անոր, դարձնել, դարձնել, անխնայ դարձնել... Ինչո՞ւ չունիմ բազմութիւն, որպէսզի շարժում խաղայի, ես ալ...»:

Իրականութիւնը,- մանաւանդ սփիւռքեան,- իր կեանքին բոլոր տխրութիւններով հանդերձ գեղարուեստական իրականութեան կը վերածուի, պարագայ' որուն հանդէպ ւսնտարբեր չէին նաեւ «Մենք»ի սերունդի գրողները /Նիկողոս Սարաֆեան, Վազգէն Շուշանեան, Նշան Պէշիկթաշլեան, Զարեհ Արբունի, Հրաչ Զարդարեան, Փայլակ Միքայէլեան եւ այլք/:

Շաւարշ Նարդունի միշտ կ՛ա­պաստանի խորքին, ինչ ալ գրելու ըլլայ' պատմուածք, հէքիաթ, հրապարակագրութիւն, թէ գրադատական մտածում, ուրիշ խօսքով հզօր կամք մը' իր ստեղծագործական կնիքովը վաւէր: Վկայութիւնը վերլուծումով մը զարգացող լեզուն է: Աեւէ գրող,- այս սերունդէն,- այնքան հաւատաւոր ջանքով չէ ուսումնասիրած ու մշակած հայերէնը, որքան Նարդունի. տեսակ մը լեզուական կեցուածքիւ Նարդունի կը խորհի, կը գրէ. սիրահարուածութիւն մը զոր կու գայ գրելու փառասիրութենէն, ինչ որ լեզուական հողեղէնութեան կարօտը կ՚արթնցնէ: Չեմ զարմանար, քանզի վաւերական ապրումներու սկիզբն ու շարունակական ընթացքը հմնովին կը վկայէն որ ինք ունի «ամէն պատեհութիւն իր սերունդը վկայելու, երբ այդպիսի պէտք մը զգալի դառնար» /3. Օշական/: Աո նուազն պատիժ մըն է նոր իրականութեան ներխուժումը գրո­ղի կեանք, մանաւանդ որ պատմութեան թելադրանքներէն ոչ մէկ գրող չի կրնայ խոյս տալ...

Շ. Նարդունի տեղ մը կը գրէ. «Հէքիաթը եւս մէկ գեղարուեստական փոխակերպութիւնն է երազին» ինչպէս կ՛ըսեն թելադրական ընդհանրացո՞ւմ, թէ՞ առ գեղարուեստական իմաստասիրութիւնն ունեցած գրողական ուրոյն կարծիք: Այս նկատառումը ակ­նարկով մը ոչ միայն ղժուար մեկնաբանելի կը նկատեմ, այլեւ մեթոդի մը չենթարկուող եւ ինծի կ՚արտօնէ ըսելու որ յոյժ նարդունիական է ու կու գայ իր սրտայոյզ հէքիաթներու պշխարհէն. տեսակ մը մանկունակ երեւակայութիւն ունեցողի գրական արղիւնքի կիրքէն, բայց ոչ յոխորտ-յաւակնոտ մտացնծութեան քուրայէն:

Շ. Նարդունիի ստեղծագործութիւնը իրագործումն է Երազին' փոխակերպ ընդհանրացումներով, անցեալի ձայներու համատա­րած շարժում մը կայ' առանց վերապահութեամբ մը լսելի-ներշնչող. «...Հէ՜յ, հէյ, արեւոտ դաշտի մը մէջ հին քաղաքի մը փլատակներու ձորի մը եզերքին վրայ գորշ քար մը, գիրով ու գիծով խոցոտուած' մամուռէն ու հողէն... ահա պզտիկ մատուռ մը, որուն բոլորչի գմբէթը' գանկի մը նման ճաթած է...» /...Հայրենիքի զանգ»ը/

Շ. Նարդունի իր ստեղծագործութիւններուն մէջ կը պարզէ նման երեւոյթներ. իր օրերու սփիւռքեան կեանքը մաս ունի Անցեալին մէջ' անձնական զգայնութիւնները, տագնապները միշտ ալ մեզի կը հասնին հեռաւոր ղօղանջով, չըսելու համար տենդագին կարօտով մը: Բայց նորէն իմացական ճիգը սթափ կը պահէ զինքը: Ուրեմն, իր մշակած գրականութիւնը իրապէս մշակուած է' մշակոյթի համընդհանրական իմաստիւ ու խորքային արտայայտչականութեամբ. կարեւոր հանգամանք մը նաեւ իրականութեան տագնապները ընթերցածիդ սերունդին համար:

Խորքային է նարդունիական մտածումը, «իմացական անկախութեան», ոճային բախումներու հետեւանք, համադրական, հա­կազդող, քարոզչօրէն համոզիչ, բայց նորէն իմացականութեան կեդրոնը' լեզուն է, «Մեղեդիներ»ուն մէջ երաժշտական մթնոլոր­տը գրական հնարք մըն է միայն, մաշկ մը՜ ծածկելու համար մտածումին մերկութիւնը կամ դառնութիւնը: Խորշելի կը գտնեմ մերկ մտածումը - ինչպէս եւ այն գրականութիւնը, զոր ոմանք, մտածողի տիտղոս առնելու համար, կը հիւսեն վարժապետական տրամախօսութեամբ եւ չարչարալից խոկումներով: Մտածումը միշտ պատմուճան մը կը կրէ եւ իր ամէնէն վայելուչ պատմուճանն է զգացումը...»

Այս մտահոգութեամբ ու կերպընկալմամբ ապրած եւ ստեղծագործած է Շաւարշ Նարդունի. սփիւռքեան գրականութիւնը տակաւին իր յիշատակը կը րըահէ, մենք ալ մեր անյաւակնոտ գնահատանքը' խոհուն խառնուածքին տէր գրողին հանդէպ:

Արթուր Անդրանիկեան

  • Hits: 3478

Կայքը գործում է ՀՀ մշակույթի նախարարության աջակցությամբ։

© 2012 Cultural.am. Բոլոր իրավունքները պաշտպանված են ՀՀ օրենսդրությամբ: Կայքի հրապարակումների մասնակի կամ ամբողջական օգտագործման ժամանակ հղումը կայքին պարտադիր է: