Ուրուագիծ դիմանկարի համար․ Երուանդ Փամպուքեան (1933)
Նամակները Շատ Հարազատ Եւ Անմիջական
Են, Նաեւ Յստակ Կերպով Գաղափար Ալ Կու Տան,
Որ Յեղափոխական Գործիչները, Մարտիկները Իրենց
Աշխատանքները Ի՛նչ Պայմաններու Մէջ Կը Տանէին։
Ե․ Փամպուքեան
Առաջին անգամ Երուանդ Փամպուքեանին հանդիպած եմ «Ազդակ»ի խմբագրատունին մէջ /2016թ․/, երկրորդ անգամ՝ իր հիւրընկալ յարկին տակ /2022թ․/, մեծ էր ոգեւորութիւնս, երբ զիս հրաւիրած էր․ սկզբնապէս զարմացում մը ապրեցայ, որ տակաւին կը հրատարակէ հատորներ՝ աւելի քան կէսդարեյ իր պատմագիտական փորձառութեամբ միշտ ոգեւորուած եմ՝ զօր նպաստած է պատմագիտական հակումներուս․․․ Այսօր այնքան եզակի, երբ ․․․ միով բանիւ, «պատնեշին վրայ» կը կարծեմ որ իրմէ զատ չկան այլեւս ազգային գործիչներ, զորս Հայ պատմագրութեանը իրենց նպաստաբերութիւնը կը բերեն, ինչպէս ինք՝ ըլլալով միեւնոյն ատեն ՀՅԴ կուսակցութեան ամենավերջին մոհիկաններէն, բանիբուն ազգային գործիչ մը, պատմագէտ, խմբագիր։
Հալէպի Քարէն Եփփէ ճեմարանն աւերտելէ ետք, /1953/ ուսումը շարունակած է Վենետիկի Սուրբ Ղազար հայագիտական վարժարանին մէջ /1954/, հետագային ուսանած Պելճիքայի Լուվէնի համալսարանի ընկերային եւ քաղաքական գիտութիւններու բաժանմունքին մէջ /1954-1958/։ Ուսումնառութեան բեղմնաւոր տարիներու ընթացքին հետեւած է Արեւելագիտութեան դասընթացքներու, 1958-էն ի վեր Պէյրութի մէջ /Համազգայինի ճեմարան, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանք եւ այլն/ դասաւանդած է Հայոց պատմութիւն եւ Հայ մատենագիտութիւն։
Մանկավարժի փորձառութիւնը ինչպէս կ՛ըսեն, չէ վնասած, այլ նպաստած է որ իր լիանուէր գործունէութեան ընդմէջէն, վարչական պատասխանատու պաշտօններ ստանձնէ՝ ինչպէս «Ազդակ» օրաթերթին /1970-1978/, այնպէս ալ Համազգային հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկին մէջ /1979-2005/։
Երուանդ Փամպուքեան, իբրեւ պատմագէտ, խմբագիր անուրանալի դեր կատարած է Հայ պատմագրութեան զարգացումին համար, միջանկեալ, չենք կրնար խուսափիլ չարձանագրելու, որ «Երուանդ Փամպուքեանի պատմագիտական վաստակը» առանձին աշխատութեան մը,- թերեւս դոկտորայի,- խորագիր կրնայ հանդիսանալ․ յորդոր մը երիտասարդ պատմագէտներուն, որոնք կը հետաքրքրուին յատկապէս ՀՅԴ «ակունքային» պատմութեան տարբեր ժամանակաշրջաններով, վասնզի Ե․Փամպուքեանի աշխատութիւններուն մէջ բազմահարուստ պատմական անցքերու, վկայութիւններու կրնան հանդիպիլ /«Մեծ Եղեռնի առաջին վաւերագրողը․ Շաւարշ Միսաքեան» /2017, «Արամ Մանուկեան․ Նամականի» /2018/,- ի բախտաւորութիւն ինձ, այս ստուարածաւալ հատորը պարոն Փամպուքեանէ նուէր ստացած եմ,- «Նիկոլ Դուման․ Նամականի» /2021/, «Քրիստափոր Միքայէլեանի անտիպ նամակները» /2020/, «Ռոստոմի անտիպ նամակները» /2022/, «ՀՅԴ ծածկանուններու բառարան» /2023/։ Թուարկումը կարելի է շարունակել եւ այսօր ալ բնաւ չենք գիտէր ինչ նոր պատմագիտական «պեղումներու» ճամփաբաժանին է արգոյ պատմագէտը, որ ազգային, հանրային Մտաւորական գործիչ մշտաբար խնդրոյ առարկայ ունենալով առ Հայ ազգային պատմութեան, Հայ յեղափոխական գործիչներու նկատմամբ իր ունեցած անկորնչելի գիտական հետաքրքրութիւնները՝ տակաւին գիտական տոկունութիւն կը ցուցաբերէ․․․
Չենք կրնար զանց առնել Երուանդ Փամպուքեանի նուիրաբերումը համասփիւռքեան նշանակութիւն ունեցող առ «Ազդակ» օրաթերթ․ ինք ատենին խոստովանած է․ «Ազդակ»ի մէջ կեանքիս ութ տարիները անցուցած եմ։ ՀՅԴ-ի կողմէ թերթին էջաթիւը աւելցնելու յանձնառութիւն ստացած էի․․․ Պէյրութի հայկական գաղութի ազգային, մշակութային եւ հոգեւոր կեանքը այնքան աշխոյժ էր, որ անհրաժեշտ եղաւ այդ բոլոր իրադարձութիւնները լուսաբանելու համար թերթին էջերը աւելցնել․․․»։
Վերստին գործունէութեան «նոր ճամբայ մը», զոր վստահուեցաւ գաղութային հայ կեանքով ապրող Մտաւորականի մը․ հիմա տարիներու հեռաւորութենէն կը կարծեմ որ նոր սերունդը այնքան ալ չի ըմբռնէ, թէ ատենին ինչ նշանակութիւն եւ նշանառութիւն ունեցած է Հայ մամուլի նպաստաբերութիւնը օտար պայմաններու մէջ՝ վասն ազգային ինքնութեան պահպանումի՝ սփիւռքեան մամուլի օրէ օր «անհետացման» պարագային․․․
Ընդհանրապէս, պարտականութիւն բառը բնորոշ չէ, երբ խօսքը կը վերաբերի Երուանդ Փամպուքեանի․ ինքնապարտականութիւնն է որ միշտ կը ոգեկոչէ, կը ոգեշնչէ պարոն Փամպուքեանը, ըլլայ ՀՅԴ արխիւներու ուսումնասիրում, ծանօթագրում, ըլլայ մեր պատմութեան տակաւին անյայտ իրողութիւնները «նոր լոյսին տակ» ներկայացնելու, մեկնաբանելու նպատակամիտում․ ահաւասիկ՝ «Նիւթեր ՀՅԴ պատմութեան համար» ստուարածաւալ մատենաշարը /12 հատոր/, երբ առաջին անգամ Պէյրութի Համազգային գրադարանին մէջ այդ հատորներուն «հանդիպեցայ», այո, հանդիպեցայ, կարծես թէ տարբեր ժամանակաշրջաններու պատմական դարձակէտային իրողութիւններու դէմ առ դէմ, գլխիկոր շուարած ըլլայի։ Ի վերջոյ, հասկցայ,- չնայած չեմ կարծեր, որ հասկցայ․․․- տառապալից աշխատանքի այն «այն ծանր ծիրանին», որ տարիներ անընդմէջ իր ուսերու վրայ կրած է Երուանդ Փամպուքեան․ ինչ զոհողութիւններով, անանձնական կեանք ապրել-չապրելու զարկանքներով նուիրագործուած․․․
Արթուր Անդրանիկեան
- Hits: 6760