Ուրուագիծ դիմանկարի համար. Գէորգ Գանտահարեան (Դամասկոս, 1925-2006, Պէյրութ)

Ամէնուն ուսուցիչը
Ծննդեան 100-ամեակի առթիւ
2025 թուականը իրապէս նշանակալից տարի է․ լիբանանահայութիւնը վստահաբար հոգեկան հպարտութեամբ նշելու է Գէորգ Գանտահարեանի 100-ամեայ յոբելեանը․ հայութեան եւ հայրենիքի գաղափարը սնուցանող-կերտող լուսաւոր Մտաւորականի, զոր ստեղծագործական բեղուն կեանք ապրեցաւ՝ անձնուէր գինովութեամբ մը բռնկուած վասն սերունդներու բազմակողմ հայեցի կրթման, կրթադաստիարակման, թէրեւս վերապրողներու պատգամը եղած է՝ խնկարկուած որո՞նց կողմէ․ վստահաբար Այնթափցիներու․․․
Սփիւռքահայութեան, մասնաւորաբար, լիբանանահայութեան համար ՈՒՍՈՒՑԻՉ հասկացութիւնը ոգեկանութեան կորովով նոր ընկալումի մը նկարագիրը ստացած է։ Ամէնուն Ուսուցիչ՝ ի պատիւ Գէորգ Գանտահարեան ազգային-հանրային, կրթական, մշակութային գործչի, խմբավարի, երաժշտագէտի՝ տարիներ անընդմէջ համասփիւռքեան լայնածիր գործունէութիւն ծաւալած անձանձիր մտաւորականի։ Թէ ինչ ճարտար յորդորանքով սերունդներ կրթած է, ասիկա սփիւռքեան աւելի քան կէսդարեայ ժամանակաշրջանի մը համապատկերը ըլլալէ զատ նաեւ կրնանք արձանագրել որ Ուսուցչի հաւասարակշիռ պահուածքի, գործունէութեան չափազանց տարբեր, ազգամտած ոլորտներու մէջ առաւելս է տեսանելի՝ ըլլալով իր ինքնեղ անհատականութեան՝ ոգիով ու մարմինով նուիրեալի ապրելակերպը։
Գէորգ Գանտահարեան նախնական կրթութիւնը /Հալէպի «Կրթասիրաց եւ Ուսումնասիրաց» վարժարան/ ստանալէ ետք, իբրեւ յառաջադէմ աշակերտ կ՛ուղակուի Անթիլիասի Դպրեվանք՝ հայագիտութիւն ուսումնասիրելու, յետագային իբրեւ հոգի եւ անձկութիւն կը կապուի Դպրեվանքին, կը պաշտօնավարէ կրթօջախին մէջ։ Այսպէսով, իբրեւ ստեղծագործ մանկավարժ տասնամեակներ անընդմէջ տարբեր վարժարաններու մէջ լիարժէք կրթութեան «պատուաստ» կ՛ընէ, կը դաստիարակէ սերունդներ՝ գիտնալով հանդերձ թէ իրեն իւրօրինակ իրաւունք մը վերապահուած է, իսկ 1960 թ․ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Զարեհ կաթողիկոսի կողմէ կը նշանակուի կաթողիկոսութեան հովանիին տակ գտնուող Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն։ Եւ եթէ անդրադառնալու ըլլանք Գէորգ Գանտահարեանի տարիներու մանկավարժական գործունէութեանը /Համազգային ճեմարան, Հայկազեան համալսարան, Համազգային հայագիտական հիմնարկ/ ապա չենք կրնար զանց առնել թէ ինչ առարկաներ դասաւանդած է՝ բանիբուն լրջախոհութեամբ․ /մատենագիտութիւն, հայ հին գրականութեան պատմութիւն, գրաբար, հայ երաժշտութեան պատմութիւն/, բանասէրի եւ մանկավարժի լիարիւն փորձառութեան արգասիք, եւ այն դասախօսութիւնները, հօդուածները, բանախօսութիւնները, երաժշտական գրութիւնները եւ այլն, զորս անփոփուած են «Գէորգ Գանտահարեան․ ամէնուն Ուսուցիչը յետմահու հրատարակուած հատորին մէջ։
«Արժանին՝ արժանաւորին» նկատի առնելով, 1974թ․ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Խորեն Ա․ կաթողիկոսը զինք պարգեւատրած է «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով։ Տարիներ ետք, 1988թ․ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գարեգին Բ․ կաթողիկոսը օրհնութեան գիրով գնահատած է անոր աներեւակայելի, հայապահպան վաստակը։ Գ․ Գանտահարեան գնահատանքի արժանացած է նաեւ յիսնամեայ մանկավարժական, հայ եկեղեցւոյ եւ հանրային-մշակութային գործունեութեան առիւ․ 2005թ․ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա․ կաթողիկոսի օրհնութեան եւ գնահատանքի գիրով։
Այս ամէնը հայապահպանութեան, ազգապահպանութեան ի խնդիր սփիւռքեան դժուարագոյն պայմաններու մէջ․ լիբանանեան պատերազմի պարագային եւ մանաւանդ, անկէ յետոյ, երբ քաղաքական, ընկերային պայմանները այնքան ալ դիւրին չէին եւ․․․ չեն, եւ հիմա ալ կը կարօտին անձնուրաց մանկավարժներու․ ինքնամոռաց նուիրում մը, անզսպելի սէր առ Հայ մշակոյթն ընդհանրապէս, մանաւանդ երբ զգայնոտ համակրութիւն մը կ՛երեւակուի Գէորգ Գանտահարեանի երաժշտական-խմբավարական գործունէութենէն ներս, եւ զուգահեռ նուիրումի մը արդիւնաւոր ցոլացումներով կ՛առարկայանա։
Դպրեվանքի ուսանողութեան տարիներէն սկսեալ այս մասին խոսուն վկայութիւններ ունին իր սերնդակիցները, նաեւ իր սաները, թէ ինչ պաշտամունքային սէր ընծահած էր առ հայ հոգեւոր եւ դասական երաժշտութեանը։ Նպատակը՝ լիարիւն կերպարանքով մը ձեւաւորել սերունդների երաժշտական ընկալումները՝ ազգային զգացողիկ դրսեւորումներով, ինչ որ մեր ժողովուրդին երաժշտական տկարութիւնները թօթափելու էական նախապայմաններէն է։ Այս գիտակցումը առաջնորդած է զինքը՝ թէ ինչ ապրումներ ունեցած եւ արգելքներ յաղթահարած է՝ հիմնադրելով «Զուարթնոց», «Կոմիտաս», «Բարսէղ Կանաչեան», «Շնորհալի», «Յոբելեանական» երգչախումբերը, եւ միայն «հաւաքական» նուիրուածութեան շնորհիւ ազգային բովանդակութիւն ընդգրկող բազում խնդիրներ մտայղացած, իրագործած է Գ Գանտահարեան անպարտադրանք, լռելեայն, զոր միմիայն իր արժանիքն էր եւ «կը խօսի» իր վստահելի արժանաւորութեան մասին։
Այս ամէնէն զատ, հանրաճանաչութեան արժանացած ըլլալով անդամակցած է Լիբանանի թեմի Քաղաքական ժողովին, Ազգային վարժարաններու ուսումնական խորհուրդին, իսկ Ազգային ընդհանուր ժողովէն ընտրուած է Ազգային խորհուրդի ատենապետ, այսպէսով համասփիւռքեան եւ համահայկական շրջանակներու կողմէ արժանացած համընդհանուր յարգանքի ու համակրութեան։
Սա ամփոփ ուրուագիծ մը․ Գէորգ Գանտահարեան իբրեւ կրթական բանիբուն մշակ՝ մշակոյթ ստեղծող անթերի ապրած ստեղծազօր կեանքով ամէնուն հոգիին մէջ անթեղած կրակներ միշտ բորբոք կը պահէ։ Այս գիտակցումով կ՛ապրին իր շունչին տակ մեծցած-կրթուած սերունդները՝ «Ամենուն Ուսուցիչի» յիշատակին առաջ խոնարհ լաւատեսութեամբ, որ Հայ հոգին միշտ ստեղծագործ է դարձակէտային պահերուն՝ երաշխաւորուած տոկունութեամբ։ Այս եղած է հայուն ճակատագրուած վճիռը եւ այս ինքնայորդորով,- միայն իմացականութիւն եւ ազգային զգացողութիւն,- ապրած է ամէնուն Ուսուցիչը՝ ամենքին մէջ սէր արթնցուցած արժեւոր պարկեշտութեամբ մը․․․ առ Հայ հոգւոյ յաւիտենականութիւնը․․․
Արթուր Անդրանիկեան
+374 94 423159
- Hits: 12033