Ուրուագիծ դիմանկարի համար.Պարոյր Աղպաշեան
Պէյրութ, 1945
Ծննդեան 80-ամեակի առթիւ
2000 թուական։ Առաջին այցելութիւնս մայրիներու եւ մայրերու երկիր՝ Լիբանան․ հոս կրնամ գնահատականը տալ․․․ Մեծ եղեռնէն ետք Սուրիոյ անապատներէն անցած այն Հայ ընտանիքներու, որոնք ապաստանեցան հիւրընկալ Լիբանանին մէջ․․․ մնացորդաց սերունդը կը պարտի Հայ մայրերուն՝ ժողովուրդի մը վերընձիւղման համար․․․
Հիմա ալ ոչ մէկ կասկած ունիմ Բէյրութը համարելու Սփիւռքին մայրաքաղաք․ տարիներէ ի վեր իբրեւ անխոնջ գրասէր եւ ինքզինքս հռչակած՝ արեւմտահայերէնասէր, երեւակայութենէս վեր կը գտնուիմ ու չեմ հաւատար ուր գտնուիլս, եւ թէ ինչ երեւելի մարդոց հանդիպած էի ու պէտք է հանդիպիմ։ Ի բարեբախտութիւն ինձ հանդիպած-մտերմացած եմ,- անոնցմէ շատեր անդենականէն վստահ եմ այսօր ալ իրենց հայեացքն առ Աստուած հառած կ՛աղօթեն վասն Լիբանանի խաղաղութեան․․․
Պարոյր Աղպաշեանին հանդիպած առաջին իսկ օրերուն զմայուած էի անոր իմացական խառնուածքէն, ազգային, հասարակական, մշակութային, կրթական գործիչ, հրապարակագիր, գրադատ ըլլալու հանգամանքովը. իր անունը զիս ծանօթ էր սփիւռքեան թերթերէն, հանդէսներէն։ Այդ օրերուն կը խմբագրէր «Զարթօնք» օրաթերթը եւ զիս հրաւիրած էր խմբագրատուն։ Սփիւռքեան եւ հայաստանեան գրական, մշակութային այլեւայլ խնդիրներուն շուրջ զրուցելէն յետոյ, առաջարկած էր, որ հարցազրոյցի մը միջոցաւ արտայայտուիմ՝ բացայայտեմ մտածումներս յատկապէս արեւմտահայերէնին վերաբերող շարք մը խնդիրներու շուրջ, զորս իրեն ալ մտահոգութիւն կը պատճառէր։ Աւելին, ինք կ՛ապրէր այդ խոկումներով եւ բազմիցս անդրադարձած էր իր հեղինակած հատորներուն մէջ, որոնց թուարկումը էջեր պիտի լեցնեն․ «Ներխռովուած Լիբանանի աննկուն կամքը» /Պէյրութ, 2006/ «Արեւմտահայ գրողներու լեզուամտածողութիւնն ու բառապաշարային շեշտադրումները» /2006/, «Ապրուած հրապարակագրութիւն» /Ա․Բ․Գ․, 2008-2010/, «Պատառիկներ մեծերէն» /2011/, «Մամլոյ ընտրանի գրութիւններ» /2011/, «Հրապարակախօսական, բանախօսական, գրախօսական» /2012/, «Դիտարկումներ ու դատումներ» /2016/, «Յովհաննէս Աղպաշեան․ Մարդը, գրողը, թարգմանիչը, հրապարակագիրը, քաղաքական գործիչը, երգիծաբանը» /2017/ եւ այլն։
Այս ամենէն զատ Պարոյր Աղպաշեան աշխատակցած է Սփիւռքի մամուլի տարբեր անուններուն․ /«Պայքար», «Ազդակ», «Նոր կեանք», «Նոր օր», եւ այլն/։ Ազգային, ներգաղութային հրատապ խնդիրները մշտաբար եղած է իր սեւեռուն ուշադրութեան կեդրոնին մէջ եւ ուշադրութենէն չէ վրիպած մանկավարժի,- մանաւանդ սփիւռքեան պայմաններուն մէջ առաքելութիւնը․ 1972-1990թուականներուն Երուանդ Հիւսիսեան Հայագիտական հիմնարկին մէջ դասաւանդած է Հայոց լեզուի պատմութիւն, հայ մանկավարժութեան պատմութիւն, հայ մատենագիտութեան պատմութիւն։ Հիմնարկի տեսուչ ըլլալու հանգամանքովը ստանձնած է սերունդի մշակութային իմացական խնդիրներու «հոգաբարձութիւնը», եւ ոչ միայն յիշեալ հիմնարկին, այլ նաեւ Պէյրութի այլ վարժարաններու /ՀԲԸ Միութեան Դարուհի Յովակիմեան, Հայկազեան համալսարան/։
Այդուհանդերձ, Պարոյր Աղպաշեան բանիբուն մտաւորականը, իբրեւ Հայ Սփիւռքը պանծացնող իր աւելի քան կէսդարեայ գործունէութեամբ նախ եւ առաջ յիշատակութեան արժան է որպէս «Զարթօնք» օրաթերթի պատասխանատու խմբագիր աշխատած տարիներուն /1990-2007/։ Հոս աշխատած բառը թերեւս գերադրական ածականի մը կը կարօտի։ Յիրաւի, ան անձանձիր իմացական, եթէ կարելի է ըսել լուսաւորեալ ջանք դրսեւորած է շուրջ քսան տարիներու ընթացքին եղած է Ռամկավար ազատական կուսակցութեան տեսլապաշտերէն, ոգեկիրներէն․ «Ռամկավար Ազատական կուսակցութիւնը կը հանդիսանայ այն ծնունդը, որուն արմատները կ՛երթան մինչեւ Վան, հայութեան ազատագրական պայքարի այն օճախը, որ դարձաւ հայ ժողովուրդի արեան կանչին ու հողի կառչածութեան անաղարտ բնօրրանը․․․ Ազատական գաղափարներով ու ժողովրդավարական սկզբունքներով տոգորուած՝ զէնքի, տեսիլքի, գրիչի ու հոգիի ազգայիններ, իրենց մաքառումներուն, սխրագործութիւններուն ընդմէջէն, հասան այնպիսի միաձուլումի ու միաբեւեռացումի առանցքի մը, որ անխուսափելի կը դարձնէր ազատական ռամկավարութեան գաղափարապաշտ դպրոցի հիմնումը․․․»։ Եւ այդ դպրոցը կը ներկայացուի իբրեւ ուղենիշ մը՝ յառաջընթացի ոգով, ոչ ինքնաբաւ կառոյց մը, այլ մանաւանդ սփիւռքեան պայմաններուն մէջ լաստակերտուած ամբողջութիւն մը՝ ազգային ոգեշնչեալ նկարագիրով։
Ռամկավարութեան ռահվիրաններէն Վահան Թէքէեան տակաւին 1916 թուականին «Արեւ» թերթին մէջ կը գրէր․ «Ան -, նկատի ունի հայութիւնը, Ա․Ա․,- մեր մարմինն է որ կը սիրենք զայն։ Զայն կը սիրենք իր անցեալին համար, որ կրած տառապանքներուն մեծութեանը հաւասար՝ հոգեկան մեծութիւն մը ցոյց տուած է իր ներկային համար, որուն անհուն ցաւը նախնի դարերու մարտիրոսներուն անհուն գեղեցկութիւնը կու տայ իրեն, իր ապագային համար։ Զուր կ՛երեւակայենք իբրեւ կացնահար ծառի մը խեղճ ճիւղին կրկին արմատ նետելը, բողբոջուիլն ու զօրանալը հինին քով, շարունակելու, չկորսուելու, մեծնալու վսեմ ճիգով։ Ան մերին է, մեր ազգը, մեր ժողովուրդը ու կը սիրենք զայն»։ /«Մեր ազգը»/։
Ահա այս «բուն սկզբունքի» խնդիրը կը ծագի, երբոր սեւեռուն, անկանխակալ հայեացքով կը հաղորդուինք Պարոյր Աղպաշեանի հրապարակային էջերուն։ Հոս կը հանդիպինք բանասէրի, պատմագէտի, լեզուագէտի, գրադատի իմացականութեան «կեցուածքին»։
Լեզուամտածողութեան եւ լեզուազգացողութեան պարագան խնդրոյ առարկայ մըն է յատկապէս «Արեւմտահայ գրողներու լեզուամտածողութիւնն ու բառապաշարային շերտաւորումները» /2006/ աշխատութեան մտածողական ծալքերուն անդրադառնալիս․ անսակրակ հմայք մը կ՛ապրիս արեւմտահայ լեզուի բացահայտումներու ընդմէջէն․ «Արեւմտահայ լեզուի եւ անոր բաղադրիչներուն ուսումնասիրութիւնը յատկապէս մեր բառապաշարային շերտաւորումներով «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»ներուն ու «Շիրակ» գրականութեան եւ արուեստներուն համարներուն մէջ ի մի հաւաքուիլը բարոյական պարտաւորութիւն մըն կու տան թերեւս ալ կը համադրեն բանասիրական որոնումներու»։ Այդ որոնումներու ընթացքին մէջ չենք կրնար զանց ընել Պարոյր Աղպաշեանի հետեւողական, քննական հայեացքի որոշադրեալ խոհեմութիւնը՝ ըլլայ Ա․Արփիարեանի լեզուական հայեացքներու ու բառապաշարի ուսումնասիրութիւնը,- գրաբարեան տարրեր, գաւառաբարբառ բառեր, ժողովրդական բառեր, նորակերտ բառեր եւ այլն,- այսպէսով ակնյայտ կը դառնայ Արփիարեանի «Լեզուական երախտաշատ ներդրումը» եւ գրողի յստակօրէն գծագրուող ինքնատիպութիւնը։ Եղիա Տէմիրճիպաշեանի, Միքայէլ Կիւրճեանի, Թլկատինցիի, Գրիգոր Զօհրապի, Լեւոն Բաշալեանի, արեւելահայերէն՝ Միքայէլ Նալպանտեանի, Մուրացանի բառապաշարային այնպիսի տարրեր «ի դերեւ կու գան», զորս անոնց ստեղծագործութիւններուն լեզուական որոշակի նրբազգացողութիւններ կը հաղորդեն, կը նպաստեն գրողներու առանձնայատուկ ոճի, ոճամտածողութեան ձեւաւորմանը։
Յիշեալ աշխատութիւնը եզակի է իր բնոյթով, ինքնայատուկ մեթոդաբանութեամբ, եւ որ աւելի քան յատկանշական է, հեղինակը տարապայման «արարքի» մը միջոցաւ փորձած է լեզուաբանական քննութեան ենթարկել իրարմէ տարբեր գրողներու ստեղծագործութիւններու մէջ առկայ բառապաշարային այլազան շերտաւորումներ։ Գրիգոր Զօհրապի լեզուամտածողական «ոգորումները» Պարոյր Աղպաշեանը իրաւացիօրէն կ՛առանձնացնէ․ «Գ, Զօհրապի լեզուն կ՛անցնի բոլոր կարգի բառակերտիչները» հանդիսանալով արեւմտահայ գրական լեզուի բառաստեղծիչներէն ամենայատկանշական դէմքը, որ լեզուն հարստացուց նորատիպ բառերու կարեւոր թիւով մը։ Նկատառում մը։ Լեզուական իմաստային նրբերանգներու ենթիմաստները խորաքննելիս, տեսակ մը ճիգ գործադրած է, որ իր՝ գրադատի հայեացքէն «հեռու պահէ» գաղափարային, բովանդակային իրողութիւններ՝ զօհրապեան աշխարհն ու աշխարհընկալումը ընդգրկող։ Ասիկա իրողութիւն մըն է՝ Պարոյր Աղպաշեանի իմացական տեսիլքներէն «արձակուող» եւ շեշտ նշմարելի։
Ընդհանրապէս, երբ կը խօսուի Պարոյր Աղպաշեանի վաստակի մասին, պէտք է «զգուշանալ», եւ իհարկէ, նախապատրաստուիլ՝ նախ եւ առաջ «չմոռնալով» հրապարակագրի ազգային, հասարակական խոկումներու «միտք բանին», վերջին աւելի քան երեսուն տարիներու հայաստանեան իրադարձութեանց եւ սփիւռքեան անցեալ եւ ներկայ ժամանականերուն վերաբերող քաղաքագիտական ընդհանրացումներու շարժառիթը․ այն է՝ Հայրենիքի բարօրութեանը նպաստելու, Սփիւռքէն,- եւ ինչու ոչ, Հայաստանէն,- արտագաղթի հրամայականները խնդրոյ առարկայ եղած են մշտաբար, այն, ինչ ուրոյն հետեւողականութիւն ցուցաբերած ցանկացած ազգային գործչի համար ոչ միայն առաջնային կը նկատուի, այլեւ նպատակային, եթէ ոչ՝ դարձակէտային, եթէ, իհարկէ, չեն շեղած հաւասարակշռեալ ուղիէն, զոր գիտակցական կեանք մը արժէցած է․․․
Պարոյր Աղպաշեան տարիներէ ի վեր ծաւալած մանկավարժական գործունէութեան ընդմէջէն քաջածանօթ ըլլալով Հայ դպրութեան դերին՝ ազգային ինքնութեան պահպանման, սերնդակրթման նաեւ քաղաքակրթման տեսակէտներուն, հայաստանեան եւ սփիւռքեան, «Գերխնդիրը՝ Հայ ուսուցիչին արժանապատուութիւնը» յօդուածին մէջ կ՛անդրադառնայ ուսուցիչին կողմնորոշումին եւ մղումին՝ վաղուան մարդուն բարոյական, հոգեբանական պատրաստուածութեան յարընթացը համարելով ուսուցիչներու պարտքը հոգեական։ Եւ չի խորշիր թոյլ տուած զառածումները,- մանկավարժութեան ծիրին մէջ,- արձանագրելէն՝ յատկապէս լիբանանեան փորձառութենէն կը յայտնէ իր մտահոգութիւնները, այն, ինչ կրնանք համարել համասփիւռքեան․ «Ուսուցիչներու հաշւոյն քիչ բան կայ ոգեւորուելու, խրախուսուելու, որովհետեւ այս նուիրական ասպարէզէն ու կոչումէն անդին, անոնց հոգեկան արժանապատուութիւնը խոցուած է, կենցաղային կարիքները անիրաւուած, վկայ անոնց անբաւարար նիւթական վիճակը, որմէ կ՛առաջանան բողոքի կոչեր․․․ Եւ միշտ պիտի ակնկալեն, որ ան շոյուի ու մնայ պատնէշին վրայ»։
Իրապէս, «պատնէշին վրայ» մնալը՝ հերոսութիւն մըն է։ «Զոհողութիւններ ստանձնելը՝ կրկնակի հերոսութիւն»։ Արժանապատութեամբ ապրիլ, զերծ մնալ ինքնալքումի բարդոյթներէն, ասիկա պատգամ մըն է, սրբազան առաքելութիւն, զոր ստանձնած է լիբանանեան իրականութենէն ներս՝ իր փորձառութիւնը իրականացրած, առկայ եւ յաւելեալ տագնապներ չյանդուրժող, խօսքը՝ գործի ու գործնականութեան վերածած, ինքն իրմով ինքնահաստատ այր մը՝ Պարոյր Աղպաշեան, զոր անհերքելի գիտակցումն ունի․ «Մտաւորականութիւնը անփոխարինելի ներուժ մը եղած է Հայ ժողովուրդին համար, զայն կենսաւորողը եւ շնչաւորողը․․․»։ Ինք այդպէս ալ ապրած է՝ մտաւոականավայել, մասնայատուկ դերակատարումով մը, հայադրոշմ սկզբունքով մը․․․
Արթուր Անդրանիկեան
whatsapp +374 91 423159
- Hits: 989