Հայը եւ իր ստուերը. Արթուր Անդրանիկեան
«Երգիծախոկումներ» անտիպ հատորէն
Ապրիլեան օր մը կամուրջին վրայ կը հանդիպին Հայը եւ իր ստուերը։ Այս հանդիպումը նախատեսուած չէ եղած։ Յանկարծ ստուերը՝ քիչ մը շուարուն կը խօսի․
-Այս կամուրջէն վար գետ մը կը հոսի․ ջուրերու խուլ թառանչը կը լսե՞ս։
Հայը պահ մը մոռցած ստուերին գոյութիւնը՝ քայլ մը կ՛ընէ, կը հապաղի, զարմանքէն կըկոցած աչքերը լայն կը բանայ, որ ստուերը տեսնի, ան վայրկեան մը կ՛անհետի՝ գետի հորձանքն ի վար, յետոյ իր կողմը կը քաշէ Հայը։ Ու կը հարցնէ․
-Ո՞ւրկէ կու գաս։
Յանկարծ չհիասթափուիս որ զիս չես սպանած կամ չեն սպաննած․․․
Հայը մտախոհ դէմք ընդունած, վերստին լուռ կը զննէ ինքզինքը եւ կը նայի ստուերին։ Չե՞ս պատասխաներ, ես անէութենէն կու գամ։ Կատակ բան չէ քու ցաւերովդ տապկուիլ։ Խոնարհուիլ պատեհ-անպատեհ։ Ու յարմարիլ անսովոր կեանքի մը։ Նայէ, ո՞ր հանգրուանած ես, գոնէ գետը ճանչցա՞ր, Արածանի՞ն է, Աա՞քսը, Եփրա՞տը։
Տեսնելով ստուերին դէմքին դժգունութիւնը, Հայը մտովի կը խօսի․ «Բան մը չեմ հասկնար, ասիկա ըլլալու բան չէ․․․»։
-Չե՞ս երեւակայէ։ Երեւակայութենէդ զրկուեցար այն ատեն, երբոր դարերէ ի վեր ճշմարտութենէն երես դարձուցիր։ Կը կարծէիր, թէ արձան մըն եմ ու չէիր ուզեր հաշտուիլ ինձ հետ։ Խորհուրդներս ալ կ՛արհամարհէիր։ Ինձմէ բաժնուելէ ետք, գոգիի շրջափոխութիւն ալ բնաւ չապրեցար։ Հայեացքով միշտ կը փնտռէիր․․․ մինչեւ այս մազէ կամուրջը հանդիպեցար՝ չգիտնալով որ երթալիք տեղդ նախորոշած էի, վասնզի միասին ապրած ենք եւ տակաւին կ՛ապրինք՝ աշխարհէ աշխարհ սփռուած։ Ես քու ամէնէն յուսալի ստուերն եմ՝ եռացող ճիչէ մը ծնած․․․
«Բան մը չեմ հասկնար, կըրնա՞յ ըլլայ որ ներքին յուզումներուս խոստովանութիւնս կը լսեմ, եւ այնքան ալ անտեսանելի ճառագայթ մը» նորէն մտովի կը խորհի Հայը, բայց կը սթափի ստուերի ձայնէն․
-Ստուեր մըն եմ, ստուեր մը, քու համոզումներէդ ծնած, չարտայայտած համոզումներէդ եւ այնքան ատեն պէտք է քեզ հետեւիմ մինչեւ․․․ մեխքերէդ վեր մնալու մասին խորհիս։ Զիս հակաճառելու միջոց չունիս, ես նաեւ սնապարծութիւններդ պեղող աչք մըն եմ։
Հենց այդ պահուն, Հայը աչքերը կը կկոցէ «կը խենթանամ, կը խենթանամ» ըսելով․ իրեն կը թուի թէ կամուրջը կ՛երերայ, ոտքերու տակէն կը փախի․․․
Ու յանկարծ կը լսուի ստեւրին ձայնը․
-Վայրկյեան մը հանդարտէ, ես քաղաքակրթուած ստուեր մըն ես, լքածներուն չեմ նմանիր։ Գիտնալով հանդերձ քու հոս ըլլալը, կ՛ուզես կամուրջէն անցնիլ՝ այդ պատճառաւ յայտնուեցայ։ Կ՛ուզեմ ընտրութեանդ ականատես ըլլալ։ Ո՞ւր կ՛ուզես մեկնիլ՝ Արեւմո՞ւտք, թէ՞ Արեւելք։ Գուցէ անյայտ երրորդ ուղղութեա՞մբ։ Դու անյայտ ուղղութիւններու վարժուած ես, թէ՞ վարժուեցած են։ Խարխափումներդ օր մը վերջ պէ՞տք է գտնին։
Ստուերն ու Հայը նայեցան իրարու ու լռեցին։
Հայը ամբողջ մարմինով փաթթուած էր տոչոուող խեղճութեամբ եւ գաղտնի ծարաւի էր իրականութեան։ Կը փափագէր․․․ գլխուն վրայ փշէ պսակի մը ծանրութիւնը կը զգար եւ անփոյթ շարժումով մը գլուխը թէքած ատեն գետի ջուրերուն մէջ ճողփիւն մը լսուեցաւ, պահ մը ակամայ ընկրկեց․ գւիշերը խորացած էր․ ինքն իրմէ հեռացած։
-Ի՞նչ պէտք ունիս ինքզինքէդ դժգոհելու։ Որոշած ես,- ստուերին ձայնը արդէն հեռուէն կը լսուէր,- չես հասկցած մեծ բարիք մը կրնաս ընել՝ մոռնալով թափառումներդ, զորս կ՛երկարին տակաւին։ Սա կամուրջը վաղը կրնայ չըլլալ․ ասիկա սահմանաբաժան մըն է․ մենք հոս ամենեւին պատահաբար չհանդիպեցանք՝ իրարմէ հեռու ապրած ըլլալով, ես մնացած եմ քեզմէ անբաժան։ Չեն կրցած մեզ բաժնել իրարմէ։ Ես աղիտալի հարուածներ ստացած եմ թիկունքէս, բայց ինչպէս մարտադաշտի վերջին զինուոր չեմ լքած քեզ։ Խոցուած մարմինիդ ջանացած են սպեղանի ըլլալ։ Ճամբայ ելած ատենդ ճիգերուդ զօրակցած եմ։ Ցեղային գորովը զիս ապավինած է, դուն ան հիմարութիւն համարած ես։ Մէջքդ շտկած ատեն ալ Աստուծոյ ողորմութիւնը հայցած։ Ալ բաւ է, բաւ է։ Տակաւին երթալիք ճամբայ ունիս․․․
Հայը ետ նայեցաւ․․․ Ստուերէն հետք մը չէր մնացած, ձայնը մարած էր, ընդմի՞շտ․․․
Արթուր Անդրանիկեան
WhatsApp +374 91 423 159