Ուրուագիծ դիմանկարի համար. Ժիրայր-Վահէ Մալճեան (1938-2020)

Ժիրայր-Վահէ Մալճեան՝ մասնագիտութեամբ բժիշկ ներքին հիւանդութիւններու խորագիտակ մասնագէտ ըլլալով գրողի փորձառութիւն դրսեւորած է յատկապէս վերջին տարիներուն եւ գլխաւորաբար յաջողած՝ լիբանանեան տարբեր հանդէսներու մէջ հրատարակած է յօդուածներ, գրադատականներ, ազգային, հանրային, մշակութային բազմաթիւ խնդիրներու անդրադարձած իւրօրինակ տեսակէտներ քննաբանած։ Յատկապէս վերջին՝ մահուանը նախորդած տարիներուն աշխատակցած է «Կամար» հանդէսին։ Եւ բնաւ չէ խուսափած իր զգայնութիւններուն անհաղորդ մնալէն։ Այսպէսով իրականութեան մէջ վիպային շերտեր բացայայտած է, ինչ որ յետագային ուրոյն փորձառութեամբ ինքզինք ինքնաճանաչումի բերած է՝ ընդլայնած իր հետաքրքրութեանց ծիրը՝ անցեալ եւ ներկայ ժամանակներու ընդմէջ համակերպութիւն մը ստեղծելով։

Լիբանանահայ Բժշկութեան միութեան գործադիր վարչութեան նուիրեալ անդամներէն էր․ 70-ական թուականներուն Երեւանի Բժշկական ինստիտուտին մէջ կրթութիւն ստացած, յետագային մասնագիտութիւնը կատարելագործած՝ Պէյրութ։ Լիբանանեան պատերազմի սահմռկեցուցիչ օրերուն միշտ պատնէշին վրայ՝ վիրաւորներու, աղէտեալներու հոգածութեամբ խնամատար, որոշակի փորձառութիւն ձեռք բերած, միջավայրը, մարդոց ճանչցած-ուսումնասիրած։ Բայց գրող ըլլալն էր իր առաքելութիւնը՝ իրականութիւնը Հայու զգայնութիւններով մտապատկերող ու տեղազննող։

Արդ, ի ցաւ սրտի խորագոյն խոկումներով երբ կը յիշեմ ՔՈՎԻԴ-ի զոհ բարեկամիս՝ մահուան լուրը առնելէ ետք՝ Ղուկաս Աւետարանիչի խօսքերու շուրջառումին մէջ «կը յայտնուիմ»․ «Բժիշկ, բժշկեայ զանձն քո»։ Աս խօսքերը կը ցնցեն զիս ու անյուսօրէն կը տխրիմ։ Ժիրայր-Վահէն բժիշկ ըլլալով տեսակ մը անզօրութեան մէջ պարփակուեցաւ, մոլեգնած դաւադիր չարիքէն չկրցաւ ինքնապաշտպանուիլ, տակաւին մտքին մէջ գաղափարներ փայփայած էր, չնայած մեր խօսակցութիւններու ընթացքին համեստօրէն կը լռէր։

2016թ․ հրատարակուեցաւ իր «Անդրդուելին» վէպը․ արժանայիշատակ Ժիրայր Դանիէլեանի խորհուրդով զիս վստահուեցաւ վէպի խմբագրումը։ Վէպ, զոր արեւելահայ եւ սփիւռքեան իրականութեան մէջ աննախադէպ կը համարուի՝ յոյժ զանազանելի վիպական միջավայր, գաղափարական ըմբռնումներու, տիպարներու ինքնէղութեամբ դրսեւոր, նաեւ զարմանալի գրական ուրոյն վարպետութեամբ արտայայտչագեղ՝ բժիշկի մը կողմէ գրուած ըլլալը տարակոյսներ բնաւ չէր յարուցէր։

 Ահաւասիկ, «Անդրդուելին» վէպի «Երբ մարդը սիրոյ խորհուրդին մէջ է» յառաջաբանէն հատուած մը՝  հեղինակին զգացումներն ու տուայտանքներն արտացոլեցնող․ «Տարբեր անձնաւորութիւններէ տպաւորութեանց ազդեցութեամբ վէպի հերոսը՝ Յովսէփ առաւել սթափ կ՛արժեւորէ ինքզինքը՝ իր գիտցածէն տարբեր իրականութեան մը մէջ։ Յատկապէս միջանձնային-միջավայրային բարքերու նկատմամբ անդրդուելիութիւն կը ցուցաբերէ․․․ Ժիրայր-Վահէ Մալճեան գրած է վէպ մը խանդաղատալից բնականութեամբ։ Ասիկա սոսկական կարծիք-համոզում մը չէ բնաւ, այլ ճշմարտորոշ վկայութիւն մը։ Եւ ճիշդ այս պահուն ինծի կը թուի որ վէպին կառոյցը շարունակութիւն կը ենթադրէ՝ երկրորդ հատորով մը։ Վստահ ենք, գրողը խորհած է նոր ժամանակներու իրականութիւնը քննաբանել»։

Ինք ոչ միայն պատրաստակամ էր, այլեւ արդէն իսկ սկսած էր։

Չափազանց յիշարժան օր մըն էր, երբ 2016թ․, սեպտեմբեր, Պուրճ Համուդ՝ սրճարանի մը մէջ կը զրուցէինք․

-Գիտե՞ս, կ՛ուզեմ խոստովանիլ, երկար ատենէ ի վեր կը խորհիմ, որ Երեւան ապրած օրերուս ժամանակաշրջանը տուած եմ ու կարծես թէ այլ գրելիք չունիմ, բայց յառաջաբանդ այնպես գրած էիր, որ տեսակ մը ոգեւորութեամբ, յորդորով համակուեցայ եւ շատոնց Բ հատորին վրայ կ՛աշխատիմ։ Վերջը գրեթէ կ՛երեւի։ Օր մը քեզի կը յանձնեմ ձեռագիրս․․․

Այս խօսքերը տպաւորած են ու յաճախ կը յիշեմ։ Կը երեւակայեմ՝ գինովութեամբ մը բռնուած․ իրապաշտութիւնը ճշմարտութենէն կը բխի ու մարդոց, մանաւանդ հայ մարդոց հոգիներու խորերէն ընկալումներու անբացայայտ ասպարէզներու դռներ կը բանայ։

Արդ, եթէ դոյզն ինչ մասնաւորելու ըլլանք, «Անդրդուելին» վէպի բնականութեամբ եւ բանականութեամբ ներշնչուն աշխարհի իրականութիւնը կը տեսնենք երիտասարդ հայու մը, զոր Հայրենիք կ՛երազէր ու կ՛ապրէր անոր ճակատագրով՝ բնաւ դիմագրաւ չըլլալով անխուսափելի բարքերու, գաղափարներու փորձառութիւններուն։ Եւ անակնկալի չէր գար ու երկու սիրոյ ընդմէջ «կը ծպտուէր»․ Հայրենիքի սէր, եւ աղջկայ մը սէր։ Սիրահարիլը ինքնապաշտպան ոգեկանութեան կը մղէր զինքը։ Եւ ճակատագիրը թոյլ չէր տար․․․ իրարմէ զատել, ու ինք համակրութեամբ մը տոգորուած կ՛ապրէր իր իսկ կեանքի այդ ժամանակաշրջանը։ Յետագային մեզ անյայտ ի՞նչ հանգամանքներու առնչած է Յովսէփ՝ իբրեւ վէպի «ուղեկցողի դեր» ստանձնած՝ հասունացած այր մը։ Արդեօք հեռացա՞ծ է իր հայաստանեան տեսիլքներէն, եւ սփիւռքեան պայմաններու մէջ վարժուա՞ծ է Հայրենիք «չկարօտնալու» այրող զգացումներուն։ Այս հարցումները պապասխաններու կը կարօտին, մանաւանդ որ անյայտ կը մնայ Բ հատորին ճակատագիրը։ Այս մասին մշտաբար կը խորհիմ․․․ Յովսէփին կը պատկերացնեմ բոլորովին այլ իրականութեան մը մէջ։ Ի վերջոյ, Յովսէփ ապրա՞ծ է լիբանանեան պատերազմի արհաւիրքները։ Անկէ ետք սփիւռքեան բնանկարը որոշապէս ամբողջացուա՞ծ է։ Կը խորհիմ, որ տարբեր իրադարձութիւններու, տիպարներու նկարագիրներ «պէտք է տեսնենք» Բ հատորին մէջ։

Այս պահուն կը յիշեմ բարեկամիս խօսքերը մեր վերջին հանդիպումի ատեն․

-Յովսէփ շատ սիրեց Երեւանը՝ քաղաք ըլլալէ զատ հայութեան էութիւնը կը համարէր․․․

Ժիրայր-Վահէ Մալճեան Յովսէփին կեանքով կ՛ապրէր, վասնզի ինք անձնաւորած էր իր զգայունակ հերոսին։

Արթուր Անդրանիկեան

andranikean@yahoo.com

WhatsApp +374 91 423 159

120
Մարտ 02, 2026

Կայքը գործում է ՀՀ կրթության, գիտության, մշակույթի և սպորտի նախարարության աջակցությամբ։

© 2012 Cultural.am. Բոլոր իրավունքները պաշտպանված են ՀՀ օրենսդրությամբ: Կայքի հրապարակումների մասնակի կամ ամբողջական օգտագործման ժամանակ հղումը կայքին պարտադիր է: