Ուրուագիծ դիմանկարի համար. Ժորժ Սարգիսեան
Ծանօթութիւնս Ժորժ Սարգիսեանի հետ հեռակայ էր, հիմա ալ կը յիշեմ այն հիացական գնահատանքը անոր ծաւալած բեմական, թարգմանական գործունեութիւնը լուսաբանող, որ մեր զրոյցներու ընթացքին կ՛արտայայտէր արժանայիշատակ բարեկամս՝ թատերագիր, հրապարակագիր Արա Արծրունին։
-Ժորժը Հայ բեմի քիչ է ըսել նուիրեալներէն ըլլալով այնքան ալ գնահատուած չէ։ Մեղք որ Հայաստան անոր չեն ճանչնար։ Ինքն իբրեւ դերասան, բեմադրիչ, թարգմանիչ շատոնց գնահատուած է Սփիւռքին մէջ։ Ես ալ պատեհութիւն ունեցած եմ յառաջաբան գրելու իր թարգմանութիւններու եռահատորին առիթով․ /«Ժորժ Սարգիսեան՝ թարգմանիչը ամբողջական արգասիք» Պէյրութ, 2017/։
Ժորժ Սարգիսեանը «մանկութիւն չունեցող» մարդոց փաղանգին կը պատկանի․ ծննդավայր Խարբերդէն ծնողքին հետ տեղահանուելէն ետք, ընտանեօք կ՛ապաստանի Հալէպ, ուր Կիլիկեան վարժարանն աւալտելէն յետոյ կը տեղափոխուի Պէյրութ։ Սուրբ Նշան վարժարանե եղած է վերջին հանգրուանը իր ուսումնառութեան։ Ասկէ ետք, 1938 թուականին կը սկսուի բեմական գործունէութեան լայն շրջափուլ մը; 1942թ․ Գասպար Իփէքեանի կողմէ հիմնուեցաւ «Համազգային թատերասէրներու խումբը»։ Ժորժ Սարգիսեանն ընդգրկուեցաւ խումբին մէջ, եւ իբրեւ հիմնադիր դերասաններէն իրեն վստահուեցաւ շարք մը այնպիսի դերեր,- չնայած նուազ բեմական փորձառութեան,- թատերասէրներու համակրանքին արժանացած է։ Թերեւս զարմանալի է այն իրողութիւնը որ վստահուած դերերով /Լեւոն Շանթ «Հին աստուածներ» /Վանահայր/, «Կայսեր» /Նիկիֆոր/, Իբսէն «Դոկտոր Շտոկման», /դոկ․ Շտոկման/, Ն․Գոգոլ «Ռեւիզոր», /քաղաքագլուխ/ Ժորժ Սարգիսեանը լիովին ոչ միայն արդարացրած էր թատերախմբի վարչական մարմինի յոյսերը, այլեւ տարիներ անց, 1950 թուականին, երբ թատերախումբի հիմնադիր եւ բեմադրիչ Գասպար Իփէքեանը բժիշկներու թելադրանքով կը պատրաստուէր հրաժարիլ իր պատասխանատու պաշտօնէն, թատերախումբի ղեկավարութիւնը միանգամայն արդարացի վստահուեցաւ Ժորժ Սարգիսեանին։ Աւելի քան երեսունամեակ մը հիմնադիրի մահէն ետք, վերամկրտուած «Համազգային Գասպար Իփէքեան» թատերախումբը բացառիկ յաջողութիւններով բեմական բարձունքներ արձանագրած ըլլալով շարունակեց թատերական յաղթարշաւը։ Չմոռանանք էական հանգամանք մը․ այս տարիները՝ համասփիւռքեան կենսահաստատ տարիներ կը համարուին ոչ միայն Լիբանանի մէջ։ Բեմը, բեմարուեստը դարձակէտային նշանակութիւն ունէր՝ ի նպաստ հայապահպանութեան, ինչպէս Հայ մամուլը, դպրոցը, ի վերջոյ Հայ առաքելական եկեղեցին։ Այլ խօսքով հայութեան հիմնասիւնները՝ սերնդակրթման եւ սերնդակոչման համահաւասար չափանիշներով։
Ժորժ Սարգիսեանի ղեկավարութեան ատեն սփիւռքեան բեմարուեստը աննախադէպ գագաթնակէտի մը հասած էր։ Կրնանք արձանագրել․ երբեք Սփիւռքի պատմութեան մէջ չէ եղած ժամանակաշրջան մը, որ հայ գրողները, թատերագիրները այդպէս շռայլօրէն ներկայացուէին․ Լեւոն Շանթ, Գաբրիէլ Սունտուկեան, Յակոբ Պարոնեան, Րաֆֆի, Ալ․ Շիրվանզատէ։ Եւ Ժորժ Սարգիսեանը նպատակադիր գործունէութեան մը «կառչած էր»՝ ներկայացնելու ոչ միայն արեւմտահայ, այլ նաեւ արեւելահայ գրողներու, թատերագիրներու ստեղծագործութիւնները։
Անշուշտ, «բեմադրչական» անօրինակ այս նախաձեռնութիւնը որոշակի նպատակներ կը հետապնդէր այն պարզ պատճառով, որ բեմադրիչը հարկ կը համարէր սփիւռքեան հանրութեանը ներկայացնել նաեւ արեւելահայոց կեանքը, կենցաղը, սովորոյթները, մանաւանդ այն տարիներուն /40-70-ական թուականներ/ երբ տեսակ մը անջրպետուած էր համահայկականութիւնը։ Վստահաբար այլ էական խնդրոյ առարկայի մըն ալ հետամուտ էր Ժորժ Սարգիսեան իբրեւ խորագիտակ մտաւորական․ լեզուական երկպառակտ վիճակի մը յաղթահարելը նախաձեռնած է։ Արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի թնճուկը՝ ըսել կ՛ուզենք արեւելահայերէնի գրեթէ թուացեալ անհասանելիութիւնը սփիւռքեան ընթերցողին եւ յատկապէս հանդիսատեսին։ Իսկ մինչ այդ Սփիւռքի մէջ արդեօք արեւելահայ գրողներէն երբեւէ բեմադրուա՞ծ են թատերգութիւններ․․․
Ժորժ Սարգիսեանի առաքելութեան «նշանաձողը» կը թուէր շատ բարձր էր եւ գրեթէ անհասանելի։ Իրականութիւնը ճիշդ այդպէս էր, վասնզի կար լեզուական,- արեւելահայերէնի լեզուարտայայտչական, խնդիրը, որ վստահ եմ այնքան ալ յաղթահարելի չէր։ Նկատի ունենք դերասաններու արտայայտչակերպը արեւմտահայերէնի առոգանութեամբ, երբոր տեքստերը արեւելահայերէն էին․․․
Կը խորհինք, որ արեւելահայերէնը ուսումնասիրած ըլլալով Ժորժ Սարգիսեանը իբրեւ բեմադիչ աշխատած է նաեւ այդ ուղղութեամբ։ Հակառակ պարագային չէր համարձակէր նախաձեռնել արեւելահայ գրողներ-թատերագիրներ բեմականացնել։
Առկայ էր անշուշտ այլ խնդիր մը, մտահոգութիւն մը, զոր վստահ ենք ունեցած է․ այլ բառով՝ տաժանելի խնդիր մը։ Ասիկա բանիբուն Մտաւորականի իր էութենէն բխած էր։ Աւելի պարզ՝ կրնա՞նք յիշել եվրոպացի կամ հայ որեւէ բեմադրիչի որ զբաղած ըլլայ թարգմանական անխոնջ գործունէութեամբ։ Իրաւացիօրէն կը հաւաստեմ՝ ոչ։ Յամենայն դէպս, չեմ հանդիպած։ Ասիկայ նուիրումի գործունէութեան այլ ոլորտ մըն էր, կամ գործունէութեան նուիրումի, որ բացայայտ է, որքան ալ իմ տածած խորին գնահատանքը առ Ժորժ Սարգիսեան թուայ դոյզն ինչ չափազանց։ Վկայութիւնը վերոյիշեալ եռահատոր թարգմանութիւններու ժողովածուն է, բայց մինչ այդ պատմական վկայաբերում մը․ «1951 թ․ փետրուարի 15-ին, Պէյրութի «Կրան թեաթր» սրահին մէջ բեմադրուեցաւ Մարսել Փանիոլի «Փառքի վաշխառուներ»՝ բեմադրութեամբ Ժորժ Սարգիսեանի, հակառակ իր վատառողջ վիճակին մեծ բեմադրիչ Գասպար Իփէքեան ներկայ գտնուեցաւ իբրեւ հանդիսատէս։ Ներկայ էր նաեւ մեծատաղանդ թատերագիր Լեւոն Շանթը։ Թատերասրահը լեցուած էր գրասէրներով, թատերասէրներով․․․ նաեւ մեծ հարցականով մը, թէ․․․ Ժորժ Սարգիսեան իբրեւ թարգմանիչ, իբրեւ դերուսոյց, իբրեւ դերասան եւ իբրեւ բեմադրիչ ցոյց տուաւ իր բազմակողմանի տաղանդները․ յաղթանակեց»։ /Տես «Ժորժ Սարգիսեան՝ թարգմանիչը» Ա․ հատոր, էջ 20/։ Յիրաւի պահը անկիւնադարձային եղած է, եւ բնականաբար ներշնչած Ժորժ Սարգիսեանի՝ իր յետագայ գործունէութեան առաջին օրհնեալ քայլերն այլեւս որոշարկուած էր՝ անցնելիք Մեծ ճանապարհի անխոչընդոտ շարունականութեան համար։
Բեմական արուեստի նրբութիւններուն տիրապետած եւ բեմական յարդարանքները իւրովի պատկերացրած ու կեանքի կոչած բեմադրիչին «կը թուի», թէ տեսակ մը անբաւարարուածութիւն «պաշարած է»՝ Հայ բեմի զուտ բեմային նկարագիրը նորոգելու առումով,- յոյս կը փափաքինք որ առանձին մենագրութեան թեմա մըն է «Ժորժ Սարգիսեան բեմադրիչի բեմական մտածողութիւնը»,- շահեկան թեմա մը՝ երիտասարդ բեմադրիչներու համար,- թերեւս իր կենդանութեան ատեն պէտք էր սա ուսումնասիրութիւնը գրուած ըլլար։ Զանց կ՛առնեմ խնդրոյ առարկան՝ հասկնալի պատճառներով, ըսել կ՛ուզեմ բարեպատեհութիւն չէ եղած որեւէ բեմադրութեան ներկայ ըլլալ։ Ամէն պարագայի սա նկատառումը կու գայ «մտովի»՝ ընթերցումներուս ընդմէջէն, երբ կ՛անդրադառնամ յոյժ էական խնդիրի մը․ զոր կրնանք բնութագրել Ժորժ Սարգիսեանի թարգմանական արուեստը։
Յիրաւի, ֆրանսերէնէ թարգմանած թատերգութիւնները՝ ներառուած նշեալ եռահատորի մէջ, ոչ միայն յայտնութիւն մըն են, այլեւ թարգմանական արուեստի իւրայատկութեամբ կը մասնայատկուին։ Արա Արծրունի որոշապէս վերլուծած է, բայց զիս առաւել հետաքրքրայարոյց կը թուին թարգմանիչի ընտրութիւնը․ թէ հեղինակներու, եւ թէ թատերախաղերու առումով։ Թարգմանիչը ոչ աւելորդ ճիգ գործադրած է, կեդրոնացած այն մտայնութեան վրայ, որ ատենն է Հայ բեմարուեստի ոլորտին մէջ «նորագոյացութիւններ» արթնցնել՝ ֆրանսական թատերագիրներ կեանքի կոչելով, այն, ինչ զուտ մտածողական առումով բարերար ազդեցութեան շահեկանութեամբ կը նպաստէ Հայ թատրոնի գեղագիտական տեսութեանց զարգացումին, եթէ չըսենք եւրոպականացմանը։
Ինծի յատկապէս բազմաթիւ հարցեր կը հետաքրքրեն։ Նախ թատերախաղերու թարգմանութիւնները կը պատշաճի՞ն բեմական ինքնաբուխ խօսքին՝ սա պէս ըսեմ, Բրեխտեան նախապայմաններուն․ բեմական միջավայր, հեղինակի մտածողութեան ազդեցութիւն՝ այդ միջավայրը աւելի հաւաստի դարձնելու ի խնդիր։ Առաւել եւս որ ․․․ ատենին պատգամած է Էօժեն Եոնեսքօ․ «Թատրոնը ներաշխարհիս արտացոլումն է»։ /Եոնեսքօէն երեք թատերախաղեր տես երրորդ հատորի մէջ․ /«Դասաւանդութիւնը», «Աթոռները», «Հովիւին գետնառիւծը»/։
Առիթով մը Յակոբ Օշական անդրադառնալով Լեւոն Շանթի «Հին աստուածներ» թատերախաղին, կը գրէ․ «Հին աստուածները իր էութեամբ կը կրէ համաշխարհային բնոյթ։ հայկական գոյնով եւ հայկական միջավայրի մէջ պատկերուած․․․»։Արդեօք այսօրինակ նպատակամիտում չէ՞ ունեցած Ժորժ Սարգիսեան ֆրանսացի թատերագիրներու միջոցաւ,- ֆրանսական մտածողութիւն ներմուծել Հայ իրականութիւն՝ համաշխարհային բնոյթի ու նկարագիրի բարերար ազդեցութեանց ակնկալիքներ փայփայած ըլլալով։ Կը կարծենք նոյնն է պարագան, մանաւանդ թատերախաղերու տիպարներու արտայայտած գաղափարներու առումով՝ ըլլան համակրելի, թէ հակակրելի ընթերցողին /հանդիսատեսին/ համար։ Կը կարծենք որ ընտրովի հեղինակներ եւ նոյնքան ընտրովի թատերախաղեր թարգմանած է, նոյնիսկ տեսակ մը Հայ ոգիի «ախորժակներ» քաջալերելու ի գին։ Ահավասիկ, Մարսէլ Փանիոլի «Փառքի վաշխառուներ» թատերախաղէն հատուած մը․
«Պաշիլ /նահանգապետի պաշտօնեայ – Ուր դրի ես այդ ճառը․ /Կը փնտռէ դարակին մէջ/։ Հա․ /լուռ աչքէ կ՛անցընէ։ Գոհ արտայայտութիւններով։ Յետոյ կը կարդայ բարձր, ձայնին աստիճանը փնտռել ջանալով/ Մաքսը մեռաւ․․․ մեռաւ։ Եւ այս քարին տակ, իր զէնքի ընկերներուն հետ մտաւ իր յաւիտենական հանգիստը։ Բայց գոնէ փսռքը․․․ /վարանոտ երկու հարուած դրան։ Պաշիլ կը ընդհատէ/ Ո՞վ է, մտէք; /Դուռը կը բացուի, կը մտնէ մարդ մը, խեղճ հագուստ, գրեթէ ծիծաղելի, տժգոյն եւ նիհար դէմք․․․ ուժասպառ կ՛երեւի/ Ի՞նչ կ՛ուզէք։
Անծանօթ - /Շատ ուժեղ յուզումի մը մատնուած/։ Ես եմ։
Պաշիլ – Ո՞վ։
Անծանօթ - /Կը յառաջանայ, միշտ շուքին մէջ/։ Ես եմ, Մաքսը։ Ես եմ, հայր։
Պաշիլ - /Կը նայի անոր շատ ուժեղ կերպով/ Տղաս․․․ տղաս․․․ Տասը տարի՞․․․
Անծանօթ – Այո։ Աւելին չգիտեմ․․․»։
Ընդհանրապէս, Ժորժ Սարգիսեանի թարգմանած թատերգութիւններու բեմական անպաճոյճ լեզուն՝ միջավայր, «հանդիսավայր» կազմաւորելէ զատ կը նպաստէ տիպարներու ինքնութեան բացայայտմանը։ Ատենին այս թատերախաղին բեմադրութեանը անդրադարձած է պէյրութեան մամուլը․ «Փանիոլ խորացումներով կը բացայայտէ անհատի հոգեվիճակի հանգրուանները, երբ ազնիւ զգացումները աստիճանաբար իրենց տեղը կը զիջին փառքին գագաթին հասնելու կիրքին։ Ի՞նչ օգուտ, եթէ արդար են պատերազմի գաղափարին դէմ ճչացող ազնիւ հոգիներու խօսքերը, երբ անդին պատեհապաշտներն իրենց իսկ ապրած քաղաքական կեանքը գիտակցօրէն կը կոչեն «քաղաքական կրկես»։
Ժորժ Սարգիսեանն իբրեւ թարգմանիչ, մինչ բեմադրութիւնները իրականացնելը, վստահ ենք, բացառիկ սովորութիւն մը ունեցած է իր թարգամանութիւններուն կից ներկայացնել իւրաքանչիւր տիպարի համար իր պատկերացումները, նաեւ խաղի ընթացքի պարագային իր մոտեցումները։ Իբրեւ բեմադրիչ, հարցականներու առջեւ կը դնէ մարդը, դերասանը, կը մղէ ինքնազննումի։ Եւ այսպէսով կը հարստացնէ բեմադրուեան «միտքն ու հոգին»։
Այս նկատառումը յիրաւի լիովին կը բնորոշէ բեմադրիչ-թարգմանիչ Ժորժ Սարգիսեանի ստեղծագործին։
Արթուր Անդրանիկեան
WhatsApp +374 91 423 159