Ճանչնալով հանդերձ

Խոհագրութիւն

Ճանչնալով հանդերձ  Սփիւռքը․․․ ինքնավերապահութիւն մը, ներող կ՛ըլլաք,- թերեւս կ՛ուզեմ ճանչնալ,- կը խորհիմ որ Սփիւռքը ներկայիս իրմէ դուրս կ՛ապրի․․․

Կ՛ըսէք ժամանակները փոխուա՞ծ են ու մարդոց մտածումներն ալ այլեւս անաչառ չեն, նաեւ առողջ,- կը խուսափիմ ապառողջ բառէն, զոր իրականութեան մը նկարագիրը ընդգծելէ զատ հոգեբանութիւն կ՛արտաբերէ․․․

Հիմա ես կը նմանին մէկու մը, զոր կը փափաքի ուժէն վեր բեռներ շալկել՝ քաջ գիտնալով իր ուսերու վտիտ ըլլալը նաեւ կը նմանիմ մէկու մը, զոր ժոռատ /ատամնաթափ/ բերնով կ՛ուզէ քարապինդ պտուղներ կ՛ըլլել՝ նոյնիսկ կը պատկերացնէ անոնց հիւթալի ըլլալը։ Կ՛անցնիմ։

Սա պահուն անյայտ նպատակ մը մէջտեղ կու գայ․․․ եւ ո՞վ ըսաւ, թէ միանակութիւնը մարդոց է բնորոշ ու ․․․ ազգութիւն չի ճանչնար։ Ազգեր կան, կ՛ապրին «իրենք իրենց մէջ», բայց մինակութեան զգացում չեն ճաշակած, այլ կ՛ապրին այլ ազգերու «շունչին» հետամուտ, բայց ոչ այլ ազգերու շունչէն սպառած եւ դարեր անընդմէջ կը փնտռեն իրենց ճակատագրի «ուր ըլլալը»․․․

Հիմա չեմ կրնար մոռնալ,- դուք ալ մի մոռցէք՝ որքան ալ անբարեյոյս-աննրբանկատ ըլլաք,- թէ ազգային զգացումներս զիս ո՞ւր կը տանին։

Սա մտախոկումներս կը սկսին։ Ներսէս ու դուրսէն զիս  կալեկոծեն; Կը հասկնամ 21-րդ դարու հոգերը։ Չեմ ուզեր մարտահրաւէր բառի շուքին տակ տապկուիլ՝ զոր պնդաճակատ աղիճի մը պէս միշտ կը հետապնդէ զիս, կը հալածէ ամենքս ու փարուիլ-սիրուիլ կ՛ուզէ։ Անպատեհ արդարացո՞ւմ մը․ ժամանակները խա՞ռն են, խօսքն ալ այլեւս անիմաստ կը թուի։

Մենք խառնած ենք ժամանակները, բազմաբեւեռ տարածութիւններու գերին դարձած ենք․ Սփիւռք, Հայաստան, Մերձաւոր Սփիւռք։ Աշխարհին մէջ կա՞յ երկիր մը, զոր եռաբեւեռ կեանքով ապրի, այսինքն անհատապաշտ, դարձդարձիկ։

Ինչ կը վերաբերի Մերձաւոր կոչուածին․ կրնամ,- բառախաղի փափկութեանը չեմ տրուիր,- թերեւս․․․ Մերձիմա՞հ բառը աւելի կը պատշաճի այն տարածքներուն Ռուսիոյ մէջ պարընդգրկող, ուր հայութիւն կ՛ապրի անվերադարձ ու կը ներկայացնէ երեք արարնոց ողբերգութիւն մը․

արար Ա․ Երբ մէկ-երկուքը կ՛արտագաղթեն,

արար Բ․ Երբ ընտանեօք կ՛արտագաղթեն,

արար Գ․ Երբ մտերիմ-բարեկամներու մէջ «կ՛արտագաղթեցնեն»․․․ «Հայաստանը ապրելու համար անհեռանկար երկիր է»։ - «Որտեղ հաց՝ այնտեղ կաց» հանկերգի ողորմելիութիւնը կը հոտի․․․

Եւ ի՞նչ, որքան ալ խորհինք որ մշակոյթը, կրօնքը նպաստած են մեր ազգային զգացումներու «բարձր» ըլլալուն, այնուամենայնիւ կորսնցուցած ենք ազգային մեր զգայնութիւններուն հանդէպ ունեցած պատասխանատուութիւնը՝ սա պէս տարիներէ ի վեր։

Եւ եթէ Մեծ եղեռնը առաջին մեծ խթանն էր տարագրումի, սփռումի, Սփիւռքի գոյացման, ատիկա չի նշանակէր որ 1915-էն առաջ ազգային տարամտութեամբ չենք տառապած․․․

Յիշեցում մը․ ատենին  Սիմոն Վրացեանը խոստովանած է, որ Առաջին հանրապետութեան հռչակումէն յետոյ, թիֆլիսահայութիւնը, բագւահայութիւնը չեն ախորժած Հայաստան վերադառնալ․ պատճառն ալ․․․ կը վերագրուի հիմնաւորապէս Երեւանի գիւղ ըլլալուն։ Մինչ այդ Հայկական ճարտարապետութիւնը ծաղկեցուցած էր Թիֆլիսը եւ Բագուն,- Պետերսբուրգ եւ Ռուսիոյ այլ քաղաքներ չմոռնանք, եւ Երեւանի գիւղ ըլլալուն գոնէ հիմա կրնանք նայիլ ու «հմայուիլ» մեր ազգային անհեռատեսութեամբ։ Չմոռնանք եղերամայրերու հանգոյն հայրենասիրութիւն պոռալը բոլոր հնչերանգներով՝ ընտանեկան եւ այլազան խնճոյքներու ատեն․․․ նեխանք արտացոլեցնող։ Եւ կարելի չէ չսիրել՝ յարգանօք չվերաբերիլ այն պարզ մարդոց, զորս ճանչնալով հանդերձ երկրին ներկայիս խարուանքները, անուղղայ ժամանակաշրջանին մէջ կ՛ապրին եւ չեն ենթարկուիր անողնայար փոքրամասնութեան,- թէ՞ մեծամասնութեան,- փրոփագանտին՝ միակտուր ու վնասակար։

Ինծի կըսեն,- եթէ ըսեն, իհարկէ,- անքննութենէ ո՞ւր «կը քալէս», եւ իմացականութիւն կը խաղաս՝ աճպարարի մը պէս, զոր նախապէս գոց գիտէ որ վտանգի մը առաջ յայտնուելու ատեն պէտք է արդարացում մը ունենայ, որ արդարօրէն վերաբերին իրեն մարդիկ՝ զանց ընելով իր ոչ ակնյայտ զառածումները․․․ Զանց ընելո՞վ, թէ՞ զանցառելով, կը պատասխանեմ։ Իցիւ թէ զանցառուիմ ու ինքնագերութենէն ազատուիմ։ Ազատուինք։

Ու Չարենցը կը յիշեմ․

Ու ո՞վ մեզ, էլ ո՞վ մեզ, ո՞վ պիտի տայ, երկիր իմ, թռիչք ու թեւեր։

Արթուր Անդրանիկեան

andranikean@yahoo.com

WhatsApp +374 91 423 159

219
Ապրիլ 02, 2026

Կայքը գործում է ՀՀ կրթության, գիտության, մշակույթի և սպորտի նախարարության աջակցությամբ։

© 2012 Cultural.am. Բոլոր իրավունքները պաշտպանված են ՀՀ օրենսդրությամբ: Կայքի հրապարակումների մասնակի կամ ամբողջական օգտագործման ժամանակ հղումը կայքին պարտադիր է: