Ուրուագիծ դիմանկարի համար. Եղիազար Մուրատեան

(Վան, 1841-1891, Կ․Պոլիս)

Համոզուած եմ որ այդ շրջանը ազգային ընդհանուր պատմութեան մէջ խղճամիտ,

սիրացաւ եւ իրաւ պատմիչի մը համար թերեւս ամենէն թելադրական համոզումները

կարելի ընծայող տուեալներ ունի իր ծալքերուն խորը ծրարուած․․․

Յակոբ Օշական

Խնդրոյ առարկայ «շրջանը»՝ 19-րդ դարավերջ, արեւմտահայ պատմութեան,- լայն ու խորագիտակ ըմբռնումով մը,- ուսումնասիրողները կը խորհիմ որ այնքան ալ արդիւնաւոր չեն եղած, ոչ թէ ուսումնասիրութեան արժան չեն համարած, պատճառները բազում են՝ ազգային, հանրային, կրթական, մշակութային, եկեղեցական ոլորտներու առանձնայատկութիւնները այնքան տարաբնոյթ են որ չենք կրնար ըսել, թէ ազգային իմացականութիւնը փոյթ տանողներ չեն եղած։ Ժամանակաշրջանը «Զարթօնք»ի սերունդի յայտնութեամբ է հաւատընծայ յատկանշելի, երբ ընդունուեցաւ Արեւմտահայոց ազգային սահմանադրութիւնը։

Այդ սերունդէն էր բանաստեղծ, հրապարակագիր, պատմագէտ, ուսուցչապետ Եղիազար Մուրատեանը*, բանիբուն այր մը՝ ազգային ինքնեղ կեցուածք դրսեւորած,  զոր իր գիտակից կեանքը նուիրած է  դպրութեանն ու սերունդներուն․ «Տասներկու տարիէ ի վեր ազգային երիտասարդութեան մէջ եռանդ մը կը տեսնուի գրելու, գովելի եռանդ, եւ սակայն մեր լեզուն օր ըստ օրէ փոխանակ զարգանալու, կ՛ընկնի, մեր բացատրութիւնները փոխանակ դիւրանալու, կը դժուարանան, մեր ոճը փոխանակ սահուն, յարդարեալ եւ վայելուչ ըլլալու՝ նորածին, քմածին բառերու կուտակութեան վրայ կը կայանայ կամ բառերու ծայրատուութեանց եւ բարդութեանց առաւել կը հակամիտի․․․ Ի՞նչ է ասոր պատճառը․ պատանեկութեան ճաշակին կրթութենէ զուրկ ըլլալը, հմտութեան պակասութիւնը․․․»։

Հետագայ ուսումնասիրողները /Արշակ Չօպանեան, Յակոբ Ճ․Սիրունի, Վահրամ Թորգոմեան /Զապէլ Եսայեանի մօրաքրօջ որդին/ մեծապէս գնահատած են յատկապէս Ե․ Մուրատեանին իբրեւ «հախուռն բնաւորութեան եւ իմացական շտեմարանի»։ Եթէ միայն արձանագրելու ըլլանք որ  Սկիւտարի ճեմարանին մէջ գրագիտութիւն , ֆրանսերէն եւ գրաբար դասաւանդած է Հայ նոր քնարերգութեան հիմնադիր Պէտրոս Դուրեանին՝ մեծապէս նպաստած ապագայ հանճարի գրական-իմացաբանական կազմաւորումին, ապա բնական է որ ան սգալով իր սաների անժամանակ մահը՝ որոշապէս պատկերացում կը կազմենք թէ կորուստի «անկշռելիութիւնը» ինչպէս ազդած է անոր վրայ․ «Խորին մտածութիւն, արժանի Շէքսպիրի․․․ այս տողը վսեմ է,- նկատի ունի «Տրտունջք» բանաստեղծութեան տողը,- «Աստուծոյ ծաղրն է աշխարհն ալ»։ Նոյն եղերերգութիւնը իր փափուկ, ճոխ, մելամաղձոտ եւ բարձր մտածողութիւններով առաջին կարգի գրուած մ՛է, եւ մարդ խոր կը խոցուի, երբ մտածէ թէ ասոր հեղինակը որչափ գլուխգործոցներ տարաւ իր հետ՝ ի գերեզման քսան եւ մի ամեայ հասակին»։ /Տես, մեր հրատարակած, Եղիազար Մուրատեան, «Երկերի ժողովածու», 3 հատորով, հտ․ 2, էջ 9/։

Իր ուսուցիչի՝  Եղիազար Մուրատեանի մանկավարժական մեթոդաբանութեանը անդրադարձած է նաեւ Հայ գրականութեան եւ պատմութեան երախտաւոր Արշակ Չօպանեանը, որուն բախտ վիճակուած էր Պէշիկթաշի Մաքրուեանց վարժարանում ուսանել, երբ Ե․Մուրատեանը «Ընդհանուր ազգաց պատմութիւն» եւ «Ֆրանսերենի քերականութիւն» կը դասաւանդէր։

Ընդհանրապէս, յիշեալ ժամանակաշրջանը Հայ քերթողական արուեստի ճգնաժամային տարիներ կը համարուէր․ գրաքննական արգելքներ, գրաբարը որպէս քերթողական լեզուի պարտադիր պայման կը դիտարկուէր․ Վենետիկ, Վիէննա, կրթուած, ապա Կ․Պոլիս վերադարձած, վարժարաններու մէջ դասաւանդող բանաստեղծներու կարծիք, եւ կեղծ դասականութեան յաղթարշաւը շարունակական ընթացքի մը մէջ՝ ի հաշիւ պարզ, մարդկային գիտակցութեան արթնացման, իսկ աշխարհն ալ տակաւին այնքան տեսանելի, հասանելի չէր երիտասարդներուն, բայց անոնց ներաշխարհի մէջ ինքնաբորբոք կրակ մը կը հասուննար՝ վասն ինքնաարտայայտման․ Ե․Մուրատեանը չի սխալիր, երբ կը գրէ․ «Երբ ժողովրդոց կեանքը ներքին կամ արտաքին ներգործութիւններով կը յեղաշրջի՝ անոր հետ կը փոխուի անմիջապէս դպրութեանց ուղղութիւնն ալ։ Հին գրականութիւնը դից եւ դիցախառն մարդոց գրեթէ նուիրուած իր վրայ կը կրէր ազնուապետութեան կնիքը․․․ ժողովուրդին զբօսանքը կամ ճաշակը իբրեւ քաղաքական յաջողութեանց միջոց ընտրուած էր շատ անգամ․․․ Քրիստոնէութեան երեւումէն յետոյ կը փոխուին ժողովրդոց ներշնչումները․․․»։

Եղիազար Մուրատեանը իր բազմազբաղութեան ընդմէջէն «կը հասկնար» որ քերթողական արուեստի միջոցաւ ի զորու էր իր տեսած եւ երեւակայած իրականութիւնը  պատկերել՝ պայմանով մը որ գրաբարեան կապանքներէն ազատ ըլլար նոր սերունդը, ինք  հաւատաւոր էր եւ կը տագնապէր․․․ ինքնագիտակցութեան դռներ բանալու անհրաժեշտութիւն մը կար եւ պոլսահայ մամուլին, հանդէսներուն մէջ 70-80-ական թուականներուն հրատարակած բանաստեղծութիւնները, ի զարմաս շատերու, որոշապէս զերծ էին յիշեալ գրաբարեան արտայայտչամիջոցներէն եւ այլ ոճական խճողումերէն։ Հետագային այդ բանաստեղծութիւնները որդու՝ Արմաւիրի նախաձեռնութեամբ հրատարակուեցան առանձին գրքոյկով մը /«Բանաստեղծական խորհրդածութիւններ», 1929, Աղէքսանդրիա/։

Յաւիտենից չարագուշակն այն օրէն

Երբ հիւլէներ միմիանց կողին սերտ կցուած,

Ստեղծեցին երկինք, երկիր համօրէն,

Կեանք ստացաւ ընդ տիեզերս թեւաբաց․․․

/«Մահ եւ կեանք»/

Պատմական այլ առաքելութիւն ունէր Եղիազար Մուրատեան․ ընդմէջ իր ժամանակի եւ անցեալի հոգեւոր արժէքներու՝ առանց եսակէդրոն հաւակնութեան, եւ իմացական ճիգով կը փորձէր ներազդել նաեւ ժամանակի մամուլի ոճի ու վերլուծակերպի վրայ՝ ազգային, մշակութային ընկերային կարեւորագոյն խնդիրներ արտացոլեցնող յօդուածներով, բանախօսութիւններով, արեւմտահայերէնի նկատմամբ իր տածած սիրոյ բռնկումներով՝ անշուշտ, չանտեսելով  գրաբարը, եւ ընդհանրապէս, գրաբար լեզուի խորհրդաւորութիւնը, աշխարհաբար– արեւմտահայերէնը սնող բազմակունք էութիւնը։ «Պայքարել» լեզուի մը դէմ ըստ էութեան՝ լեզուամտածողութեան, յատկապէս կրօնախեւ կապանքներէն զերծ պահելու սիրոյն։ Եւ կարճատեւ կեանքի ընթացքին հրատարակած ժողովածուները կը վկայեն լիարիւն ապրած Մտաւորականի  ազգանուեր գաղափարներու իրականացման․ «Նոր ճաշակ դպրութեան եւ համառօտ ճարտասանութեան», «Առ ձեռն գրագիտութիւն կամ ընթացք տրամաբանութեան, ճարտասանութեան եւ բանաստեղծութեան», «Քննական պատմութիւն Արշակ Երկրորդի եւ անոր Պապ որդւոյն» /աշխատութիւնը գրուել է 1887-88 թուականներուն, հրատարակուել է հետմահու, Աղէքսանդրիա, 1900, տես, «Եղիազար Մուրատեան, «Երկերի ժողովածու», հտ․ 3, 246 էջ/, «Ծաղիկ արդի մատենագիտութեան» /1884-1885/, «Տեսական եւ գործնական քերականութիւն ֆրանսերէն-հայերէն բացատրութեամբ» /1869/։

Անշուշտ, ոչ ամբողջական ցանկ մը կը ներկայացնենք։ Բազմաթիւ աշխատութիւններ չեն պահպանուած։ Մեր որոնումներու աւելի քան քսան տարիներու ընթացքին չկրցանք գտնել նաեւ «Պատմութիւն ընդհանուր ազգաց» աշխատութիւնը, ինչպէս նաեւ «Վարդան» եւ «Աղասի» թատերախաղերը, որոնք մեր տեղեկութեամբ ատենին բեմադրուել են Կ․Պոլսոյ եւ գաւառներու մէջ, կամ չեն պահպանուած, կամ կը գտնուին Կ․Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանի, Երուսաղէմի Հայոց Ազգային առաջնորդարանի  գուցէ եւ Գահիրէի Ազգային գրադարանային պահոցներուն մէջ։ Հնարաւոր է գտնուին  նաեւ Յակոբ Ճ․ Սիրունիի բազմարժէք ֆոնդերու մէջ․․․

»Քննական պատմութիւն Արշակ Երկրորդի եւ անոր Պապ որդւոյն» աշխատութեան յառաջաբանին մէջ Յ․Մուրատեանը «գաղտնի» ծարաւ մը ապրած է՝  առ պատմական ճշմարտութիւններն ունեցած․ «Պատմական անձինք ընդհանուր մարդկութեան սեպականութիւնն են, պատմական ճշմարտութիւնք ժողովրդոց իրաւունքն են։ Հետեւաբար այս կամ այն պատմագրի, այս կամ այն ժողովուրդի մենաշնորհը չէ պատմութենէ հետեւութիւններ հանել ըստ հաճոյս, դատել, դատապարտել, պսակել կամ սուլել պատմական մեծ անձնաւորութիւններ՝ առանց վերաքննութեան եւ բացարձակ վճռով։ Քննադատութիւնը կու գայ վաղ կամ անագա /ապաժամ, տարաժամ, ծնթ․ Ա․Ա․/ եւ Նեմեսիսի կշիռն ի ձեռին կու տայ իւրաքանչիւրին ըստ արժանեաց․․․ Միայն մեր պատմութիւնը չէ որ կրօնական տեսակէտով նկարագրուած է յաճախ եւ որով շատ ճշմարտութիւններ ի բաց թողնուած են․․․»։  

Ուշարժան է Յակոբ Օշականի նկատառումը, երբ կ՛անդրադառնայ Ե․Մուրատեանի ուսուցողական մեթոդաբանութեանը․ «Եղիազար Մուրատեան անշուշտ չի կասկածիր իր առաքելութեան մասին, երբ գիրք կը յօրինէ գրելու արուեստին վրայ ու աւելի քան լուրջ է, երբ հոս ու հոն նոյնիսկ ծաղկաքաղերու մէջ յանուն սրբազան ճաշակներու եւ պատկառելի սկզբունքներու»։ Գրականութեան համար

Առ նուազն զարմանալի է որ համիտեան մղձաւանջի տարիներուն, երբ հայութեան լինելութիւնը վտանգուած էր, Ե․ Մուրատեանը մտահոգութիւն կը յայտնէ, քանզի  Հայոց մէջ քաղաքակրթութեան չգոյութիւնը խնդրոյ առարկայ էր․ «Ազգին մէջ ինչ զեղծումներ ալ որ ըլլան՝ քաղաքակրթութեան պակասէն կու գայ»։ Եւ ազգային եկեղեցւոյ կեանքէն ներս վճռորոշ լուծումներու կը կարօտին բազում խնդիրներ․․․

1891թ․ Եղիազար Մուրատեանի բարեկամ, մեծահամբաւ ուսուցչապետ Ռէթէոս Պէրպէրեանը իր հրաժեշտի խօսքին մէջ անհուն ցաւ եւ ափսոսանք կը յայտնէ անժամանակ կորուստին համար․ «Եղբայրք, աննշան ոք չէր ան՝ որոյ դագաղին շուրջը ժողովելու դժբաղտութիւնն ունինք այսօր։ Նա մինն էր այն ազգային ուսուցչական մարմնոյն կարեւորագոյն անդամներէն։ Նա խորհուրդ մ՛էր, օրհնեալ ըլլայ իր յիշատակը»։

Կը մնայ որ սերունդները ճանչնան իրենց նուիրեալ, տարապայման նախորդներու հոգեգրութիւնը․․․

Արթուր Անդրանիկեան

andranikean@yahoo.com

WhatsApp +374 91 423 159

Երեւան

---------------------------------------

*Մեծ մայրս՝ Արմէնուհին, ծնած Վան, Այգեստան, Եղիազար Մուրատեանի քրոջ՝ Երանուհիի թոռն է։

59
Ապրիլ 06, 2026

Կայքը գործում է ՀՀ կրթության, գիտության, մշակույթի և սպորտի նախարարության աջակցությամբ։

© 2012 Cultural.am. Բոլոր իրավունքները պաշտպանված են ՀՀ օրենսդրությամբ: Կայքի հրապարակումների մասնակի կամ ամբողջական օգտագործման ժամանակ հղումը կայքին պարտադիր է: