Արթուր Անդրանիկեան․ Չեն կարդար

Փորձագրութիւն

Ասիկա մինակ գիրքերու չի վերաբերիր, բայց կարդացուածութիւնը անշուշտ խնդրոյ առարկայ է․․․

Նիկողոս Սարաֆեան փորձագրութիւն մը ունի՝ «Գիրքերն ու մենք» ու կը հաւաստէ որ կեանքին կարօտը գիրքերէն կու գայ․ «Ժիտ կեանքին կողմն է․ «Նաթնայէլ, կ՛ըսէ․ Նետէ գիրքս, ուրիշի մը միջոցով չէ որ պիտի գտնես քու ճշմարտութիւնդ․․․ եւ ստեղծէ քեզմէ․․․»։

Ճշմարտութեան որոնումի ելքեր կը բացայայտէ գրողը որ մարդոցմէ հեռո՞ւ կը գտնուին արդեօք, թերեւս կը կը գտնուին։ Բայց կայ նաեւ ճակատագրին կնիքին խնդիրը,- ընդհանրապէս ճակատագրուած ըլլալը կարելի կը դարձնէ այն համոզումը, որ մեզմէ յուրաքանչիւրը իր ճակատագրին տէրը ըլլալէ զատ նաեւ կը տնօրինէ ուրիշներու կեանքի ընթացքը տարբեր շրջաններու մէջ, տարբեր իրադարձութեանց ատեն․ հոս է որ կը նշմարուի գիրքերու պարագան, ըսելէ թէ ճշմարտութիւնը մէկն է՝ այլազան երեսակներով։

Հաւանաբարնախ ընտրութիւնը այնքան ալ դիւրին չէ՝ այլ զուտ ,- թերեւս,- ստացական․․․ Մեզմէ ո՞վ կրնայ խուսափիլ արտաքին զգայնութեանց ազդեցութիւններէն, երբ ոչ ժառանգական, այլ ստացական մոլութիւններով կ՛ուզէ կողմնորոշուիլ։ Ըսել է թէ կեանքի «ինչպէս որ է»ի իրաւութիւնը զա՞նց առնել, կը մնայ ինքնապաշտպանուիլ՝ իմացութեա՞մբ։ Հոս է որ մարդիկը զգայնութիւններ կը յայտնաբերեն։  Չարենց կ՛ըսէր․ «Գիրքերու աշխարհը տիեզերք է անեզր։ Պէտք է ապրիլ իրականութեան ու ճշմարտութեան ընդմէջ՝ հետամուտ թէ ո՞ր կողմէն կը փչեն հովերը՝ զգայնութեան եւ անզգայնութեան, եւ իրենց «արթննալուն» կը նպաստե՞ն արդեօք, եւ տրամատիկ նիրհի մէջ կը մնա՞ն, որքան ատեն, որքան որ ժամանակը շրջանցէ՞ անոնց անեւեւոյթ, երբ յայտնուին խոշոր հարցականի մը / ՞/ շուքին տակ։ Չնայած ինչպէս Յակոբ Օշական տեղ մը կը գրէ․ «Ամեն բան կարդալը բան մը չ՛ապացուցաներ․․․ Ասիկա ընտրաբար կարդալուն չի վերաբերիր։ Ի՞նչ կը կարդաս,- կը կարդան,- ատ չէ խնդիրը, այլ ինչպէս կը կարդան, եւ ինչ աւիշէն կու գայ եւ համադրելիութեան աստիճանը ո՞րչափ կը նպաստաւորէ գիտելիութեանը․ չեմ ուզեր ըսել գիտելիքի ամրակայմանը։

Պահ մը փորձ ընենք զանազանել պարզ եւ բեմական մարդոց։ Երկուքն ալ մարդկային արտաքին ունին, անոնց «ներքինութիւնը» ներաշխարհի տարբեր ըլլալն իսկ արդէն քմայքներու շղթայովը կ՛երկարի։ հոս է որ անզանազանելի իրավիճակ մը կը ստեղծուի ու «կը խօսի» անոնց անհատականութեան մասին, եթէ ի հարկէ չհակադրուին զիրար՝ զուտ բնազանցական շեղումներով, բայց այնուամենայնիւ, կը մնան յոյժ անզանազանելի գոնէ տեսողունակ աչքի մը համար, իսկ այդ Արգոսի աչք՝ իրականութիւնը յայտնապէս հոգիի ծնունդ է, հետեւաբար իրականութեան գոյութիւնը պայմանաւոր է ներքին եւ արտաքիան մթնոլորտի առկայութեամբ, որքան կենսունակ է մթնոլորտը, նոյնքան բաց է առ իրականութիւն ընթացիկ ճամբան, նոյնիսկ դրուագ առ դրուագ։ Այն ատեն ալ պայմաններ կը ստեղծուին․ «մուտք ու ելքի» համար դէպի իրականութիւն եւ կը մնայ որեւէ գաղափարի նեցուկ ըլլալու կամ զայն անտեսելու խնդիրը։

Պարզ տրամաբանութիւն մը՝ գէշ կամ աղեկ ապրելու, կրնանք ըսել սովորութենէն կու գայ,- այս մասին եթէ զգուշացրած ըլլային եւ ո՞վ պիտ զգուշացնէր, այն ատեն գիրքեր չէին գրուիր․․․ ու կարդալու սովորոյթը կը գոցուէր կեանքի ծանրակշիռ մնայուն տրամատիզմով։

Ուրիշ անգամ, երբ անշուշտ յոգնութիւն տարածելու առիթ ըլլայ, պէտք է խորշիլ․ զգայազուրկ ապրիլն ալ ճաշակի, դաստիարակութեան կը կարօտի։ Անօգուտ ժամավաճառութիւն է տարուիլ փիլիսոփայական զիկզագներով ու հեգութեամբ վերաբերիլ ներկայ-անցեալ ժամանակներու վայրիվերումներուն, անոնց բարոյական ու բարոյալքուած արժէքներուն։

Մեր թախիծի պատմիչներին օժանդակելու հարկ բնաւ չկայ։ Անոնց մոլեգնումը յաւելեալ առիթ մըն է մեր թերութիւնները վերստին թերթելու գիրքի մը պէս․ սա պէս կ՛անցնին տարիները․․․ չկարդացուած․ սառնութիւն կը տարածուի համակեդրոն, մենք ալ կը զգանք, եւ եթէ զգայնութիւններս մաշած են մարմին ու հոգի, այն ատեն բեմական ազգ ըլլալը կը հաւաստուի ու այլեւս չմտահոգութեամբ տարուած կը սկսինք բեմադրութիւններ բերել մեր կեանքէն ներս, որ այլեւս մեզ չի պատկանիր՝ իր անհետացող հոծութեամբ, այդժամ տագնապներու ընդլայնութիւնը սնանկ գաղափարներ կը ծնի ամենուր՝ ուրացումով․․․ Ու մեր զգայախաբ ըլլալուն իսկ չենք հաւատար․․․

Արթուր Անդրանիկեան

andranikean@yahoo.com

WhatsApp +374 91 423 159

183
Հուլիս 01, 2026

Կայքը գործում է ՀՀ կրթության, գիտության, մշակույթի և սպորտի նախարարության աջակցությամբ։

© 2012 Cultural.am. Բոլոր իրավունքները պաշտպանված են ՀՀ օրենսդրությամբ: Կայքի հրապարակումների մասնակի կամ ամբողջական օգտագործման ժամանակ հղումը կայքին պարտադիր է: