Որուագիծ դիմանկարի համար. Վարդգէս Համազասպեան

Էջմիածին, 1911 – 1992, Երեւան

Վարդգէս Համազասպեանի 115-ամեակի առթիւ

Սիրելի պարոն Համազասպեան,

Հայաստանէն վերադարձին՝ տուն չհասած, չենք ուզէր քանի մը խօսքով արտայայտել մեր սքանչելի տպաւորութիւնները Հայաստանէն եւ շնորհակալութիւն յայտնել այն աննախընթաց հիւրընկալութեան համար զոր վայելեցինք Մայր Հայրենիքի մէջ, այդ պարտականութիւնը կ՛ուզենք կատարել աւելի հանգամանօրէն․․․»։

Ալէք Մանուկեան

ՀԲԸՄ ցկեանս նախագահ,

16 հոկտ․, 1982

Ասիկայ սոսկ գնահատանք մը չէ, զոր  յստակ պատկերացում կու տայ այն անվիճելի հեղինակութեան մասին Վարդգէս Համազասպեանը բնորոշող․․․

«Սփիւռքը իր ուսերու վրայ կը պահ է տարիներ անընդմէջ եւ ողնայարի ցաւ բնաւ չէր զգար»։ Այս խօսքերու հասցէատիրոջը փնտռելու հարկ դժուար թէ ըլլայ, սա կարծիքը որ շատերու համար ընդունելի իրողութիւն մըն է՝ յայտնած է Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Վազգէն Առաջինը տակաւին 70-ական թուականներուն։ Վեհափառի գահակալութեան տարիները զուգադէպ ընթացքով մը չէր կրնար չընթանալ Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի կոմիտէի գործունէութեան հետ։

1964-1985 թուականներուն, երբ Վարդգէս Համազասպեանը կը նախագահէր՝ յիրաւի Կոմիտէն կը հանդիսանար Հայրենիք-Սփիւռք կամրջող յուսալի ու պատասխանատուութեամբ զինավառ կեդրոն մը․․․

Ես բարեբախտութիւն ունեցած եմ Սփյուռքահայութեան հետ մշակութային կապի Կոմիտէի միջոցաւ մասնակից ըլլալ կազմակերպուած գրական-մշակութային միջոցառումներու։ Մշակույթի միջոցաւ այն ատեն Սփիւռքը կը ճանչնաինք, եւ կը ճանչցնէինք ինքզինքնիս ՝ իբրեւ երկրաբնակներ Աստուծոյ օրհնուեամբ պահպանուած Հայրենիք-Հայաստանի․․․ Եւ ամենեւին դիպուածական չէ որ նորաստեղծ Սփիւռքի կոմիտէի նախագահութիւնը վստահուեցաւ Վարդգէս Համազասպեանի, զորս պատմագէտ ըլլալով, շրջան մը՝ 1948-1951 թ․թ․ եղած է Հայաստանի գրողների միութեան պատասխանատուներէն, անկէ ետք՝ 1951-1964 թ․թ․ Խ․Աբովեանի անուան մանկավարժական հիմնարկին տեսուչ։

Տարբեր ոլորտներ ընդգրկող, միեւնոյն ատեն որոշապէս ազգային մտածողութիւն կեդրոնացնող ոլորտներ եւ․․․ Սփիւռք ու սփիւռքահայութիւն հետապնդող միջավայրի ստեղծում, երբ Սովետական գաղափարախօսութեան ճնշող առկայութեամբ կը թուէր թէ հայութեան միասնականութեան գոյութիւնը այլեւս մեռցուցէր են․ բայց, հակառակն ապացուցուեց՝ Մեծ եղեռնէն տարիներ ետք։

Կոչոմով եւ կենսունակութեամբ հայադաւութիւն դաստիարակող եւ խանդավառող բնոյթի տէր մտաւորական ըլլալով, Վարդգէս Համազասպեան մասնագիտութեամբ պատմագէտ՝ չէր կրնար Սփիւռքահայութեան տագնապներու գիտակցմամբ չներշնչուէր, անոնց ճակատագրուածութեան անդոհի մէջ խորամուխ չըլլար իբրեւ Հայրենիք-Սփիւռք յարաբերութեանց ճարտարապետումը վստահուած անձ մի նուիրեալ։ Եւ Կոմիտէի հիմնադրումէն մէկ տարի անց /1965թ․/ գիտակցումն ունենալով Հայ կեանքին մէջ հայ մամուլին դերակատարութեան անհրաժեշտութիւնը, կը  նախաձեռնէ հրատարակել Կոմիտէի պաշտօնաթերթ՝ «Հայրենիքի ձայն» շաբաթաթերթը՝ զգայուն նշանաբան մը հանդերձելով՝ «Փառք քեզ, Հայաստան, Դու վերածնուած հայրենիք հայոց»։

Ազգային կամ գաղութային գետնի վրայ կատարուղ՝ սփիւռքահայութեան տարբեր ոլորտներ ընդգրկող իրադարձութեանց համապատկերը կը ներկայացնէր շաբաթաթերթը՝ աջակցութեամբ անշուշտ Կոմիտէի աշխատակազմի խնամատար հոգածութեան։ Քաջ գիտնալով մամուլի եւ գրականութեան դերը հայ կեանքէն ներս՝ ազգային, մշակութային, եկեղեցական իրողութիւններու հոլովոյթներու, ինչպէս կ՛ըսեն՝ առինքնող լոյսին տակ, եւ ոչ մէկ կասկած շաբաթաթերթի եւ Կոմիտէի կշռադատ համագործակցութիւնը լաստակերտող, հայութեան երկու տարասփռուած հատուածներու կայացումին ի վերջոյ նպաստաւորող։ Այս կապը կը լրացուէր նաեւ «Վերածնուած Հայաստան» պատկերազարդ հանդէսի հրատարակութեամբ։

Ինչ ալ ըլլայ, վերջին հաշուով, տարիներու սովետական «գերատեսչական ֆեոդալիզմի» գաղափարաբանութեան եւ յատկապէս պրեժնեւեան լճացումի, ժամանակաընթացքը կրնանք համարել հայութեան համար «ազգային լռութեան բանակումի» տարիներ, աւելի ճիշդ ինքնակեղեք ժամանակաշրջան մը։ Այնուամենայնիւ տիրող բարքերու եւ կարգերու ընդմէջ ու անկէ անդին, Հայու պատասխանատուութեան եւ հետեւողականութեան «կրակը» չէր մարած եւ «ընդերքէն», ըսել կ՛ուզենք ազգային, մշակութային, պետական, ինչու ոչ գործիչներու մտահոգութիւններու ընդմէջէն գաղափարներ դուրս կ՛ելլէին, եւ առաջին հերթին՝ արեւմտահայ ու սփիւռքեան գրողներու ստեղծագործութիւններու վերահրատարակումներն էին խնդրոյ առարկայ․ Լեւոն Շանթ, Ռուբէն Զարդարեան եւ շարք մը այլ գրողներու,- ՀՅԴ շրջանակներէն,-  ժողովածուներ հրատարակուեցան այդ տարիներուն։

Այլեւս «բաց ու հիւրընկալ» էր Մայր հայրենիքի դռները․ ամերիկահայերու, պոլսահայերու, սուրիահայերու, լիբանահայերու եւ մնացեալ հայահոծ գաղթավայրերու մէջ ապրող հայերու համար՝ Մեծ եղեռնէն մազապուրծ երկրորդ եւ երրորդ սերունդը այլեւս անկարօտ չէր մնացած հայրենիքէն։ Եւ վերածնուած հայրենիքը խորքին մէջ «ժառանգորն» էր յիշատակներու «մատուցման»՝ անկորնչելի, սրբազնացած յիշատակներու վերարթնացումներու՝ նոր սերունդներու յիշողութեան մէջ Երկիր «դրախտավայրի» տեսիլքը չխամրեցնելու ի գին։ Եւ հայրենակոթողներու հիմնադրումով իսկ առաւելս կենսունակութիւն հաղորդուեցաւ հայու առ ապագան ունեցած կենսադիրքորոշմանը․․․

1980 թուական, հայութիւնը Հայաստան եւ ի Սփիւռս խանդավառ օրեր կ՛ապրէր, հայաստանեան եւ սփիւռքեան մամուլը հանրութեանը կը ներկայացնէր Երեւանում «Վասպուրական» յուշակոթողի բացման արարողութիւնը։ Յուշակոթողի նախաձեռնող հիմնադիր խմբի անդամներէն էր Վարդգէս Համազասպեանը, որու եւ վերապահուած էր բացման խօսքի իրաւունքը․ «Մայր հայենիքի այս փոքրիկ հողակտորի վրայ այսօր կատարւում է նշանակալից մի իրադարձութիւն՝ «Վասպուարական» յուշակոթողի բացման արարողութիւնը։ Այս հանդիսաւոր պահին մեզ հետ են եւ Սփիւռքի մեր հայրենակիցները, «Վասպուրական» հայրենակցական միութեան անդամները։ Անկարելի է մոռանալ, որ Վանի հերոսական պաշտպանութեան շնորհիւ փրկուեցին հազարաւոր հայեր անխուսափելի կործանումից եւ պատմութեան երբեք չխամրող յիշողութեան վկայութիւններից, մենք այսօր մեր հերոսացման կոթողն ենք բարձրացնում․․․» /«Նայիրի» շաբաթաթերթ, Պէյրութ, 1981, թիւ 15 /։

․․․Շրջան մը կար,- 80-90-ական թուականներու ընդմէջ,- որ յաճախ կ՛այցելէի Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապերի Կոմիտէ։ Համալսարանի բանասիրական բաժանմունքի աւարտաճառս՝ /«Գեղանկարչական արուեստը Յակոբ Մնձուրիի երկերու մէջ»/ գրած էի Մեսրոպեան ուղղագրութեամբ եւ բնականաբար․․․ «Խեցէվճիռի» արժանացած,- ասիկայ ի միջի այլոց, կը փափաքէի հանդիպիլ Գեղամ Սեւանի՝ Մնձուրիի ստեղծագործութեան քաջածանօթ, նախկին պոլսաբնակ գրող – գրադատին։ Ըստ որոշ տեղեկութիւններու՝ անոր պատեհութիւն կար հանդիպիլ Կոմիտէի շէնքէն ներս։ Եւ․․․ հոն առաջին եւ վերջին անգամ կը տեսնեմ Վարդգէս Համազասպեանը՝ խորասոյզ ու գրեթէ միջավայրէն խուսափուկ՝ թափառիկ հայեացքով Կոմիտէի շէնքին առաջին յարկի աստիճաններէն կը բարձրանար․․․ Սա տպաւորութիւնս ․․․1985 թուական, իր պաշտօնաթողութենէն յետոյ Կոմիտէն գրեթէ դադրած էր լիարիւն գործունէութենէն։ Վազգէն Շուշանեանը տեղ մը կը գրէ․ «Երբոր կը կործանուին մեր փափաքած արժէքները, փլուզումը վերջնական կ՛ըլլայ»։ Անշուշտ, գրողը այլ առիթով եւ այլ պարագայի մը սա կարծիքը յայտնած է, բայց  ատենին՝ աւելի քան քսան տարիներու ընթացքին «փափաքած արժէքներ» փայփայած էին՝ Կոմիտէի նախագահի համակրալիր, հոգածո վերաբերումով, ինչ որ կը նշանակէ եզական հաստատութիւն մը առաջնորդելու կամային յանդգնութիւն․․․

2011թուականին, «Գրական թերթ»ի մէջ յօդուած հրատարակած էի Վարդգէս Համազասպեանի 100-ամեակի առթիւ,- ակամայ սա պահուս միայն կը մտաբերեմ որ այս տարի ալ յոբելեանական է՝ կը լրանայ 115-ամեակը մեծանուն երախտաւորի,- մասնաւորաբար անդրադարձած էի այն սերտ համագործակցութեանը, որ տարիներ ի վեր ներդաշնակօրէն զարգացած էր Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապերի Կոմիտէի եւ Երեւանի Եղիշէ Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի միջեւ։ Այդ տարիներու ընթացքին արեւմտահայ եւ սփիւռքահայ գրողներու, պատմագէտներու, ազգային, հանրային երախտաւորներու անձնական իրեր, արխիւային վաւերագրեր, ինքնագիր-բնագրեր իրենց վերջնական հանգրուանը գտած էին, այդ օրերու թանգարանի տնօրէնուհի Գոհար Ազնաւուրեանի եւ Վարդգէս Համազասպեանի անուրանալի եռանդի,- թերեւս նուիրագործ եռանդի,- շնորհիւ, քանզի երբեմն եռանդին ալ նուիրածութիւն «կը պակսի»։ Երբեմն  նպատակը «չի քալէ», ինչպէս կ՛ըսեն․․․ իսկ Վարդգէս Համազասպեանի պարագային առաջնային եղած է շեշտ նպատակայնութիւնը՝ վերջնական հանգրուան մը, իսկ ինք՝ «Հայրենիք-Սփիւռք» կամրջող անուն մ՛էր։ Ահաւասիկ,  Կոմիտէի փոխնախագահ, արժանայիշատակ բարեկամիս Ռոմէն Կոզմոյեանի գնահատանքը․ «Սիրոյ, երախտագիտութեան ու ակնածանքի Համազասպեանն արժանացաւ իր անկեղծ ու անաչառ հայրենասիրութեան շնորհիւ, ազգային շահերի անզիջում պաշտպան լինելու շնորհիւ՝ չնայած Սփիւռքի հատուածականութեան ու ժամանակների դժուարին պայմանների ճնշմանը»։

Հաւասարակշիռ, բուն հայկական մթնոլորտ ստեղծելու գիտակցականութեամբ տոգորուած Ալաշկերտցիներու զարմէն սերուած Վարդգէս Համազասպեանը բանիբուն մտաւորական անձ մ՛էր՝ հայութեան երկու հատուածներու կամրջումին իր բովանդակ կեանքը նպաստաբերած եւ պիտի ապրի ու սերունդներ ապրեցնէ իր ետին ձգած աւանդովը․․․

Երեւան

Արթուր Անդրանիկեան

andranikean@yahoo.com

WhatsApp +374 91 423 159

145
Հուլիս 12, 2026

Կայքը գործում է ՀՀ կրթության, գիտության, մշակույթի և սպորտի նախարարության աջակցությամբ։

© 2012 Cultural.am. Բոլոր իրավունքները պաշտպանված են ՀՀ օրենսդրությամբ: Կայքի հրապարակումների մասնակի կամ ամբողջական օգտագործման ժամանակ հղումը կայքին պարտադիր է: