Նիկողոս Սարաֆեան․ Հոսանքին դեմ

Ստորեւ կը ներկայացնենք Նիկողոս Սարաֆեանէն յօդուած մը՝ վրիպած ուսումնասիրողներու կողմէ, տակաւին չվերահրատարակուած մահուանէն ետք տպագրուած հատորներու մէջ /«Վէնսէնի անտառը», 1988, խմբագիր՝ Գր․ Պըլտեան, «Տեսարանները, մարդիկ եւ ես», 1994, խմբագիր՝ Ա․Անդրանիկեան, «Հսկում», 2012, խմբագիր՝ Ա․Անդրանիկեան, «Գրական բնանկար», 2022, խմբագիր՝ Գր․Պըլտեան/։

Յօդուածի բացառիկութիւնը, պիտի ըսէի նոյնիսկ հայութեան համար ներկայացուցչական ըլլալը հոգեցունց է․ «Չըսենք մեր հայութիւնը ու անցնինք» կը պատգամէ Սարաֆեան, բայց ուրիշ տեղ մըն ալ կը գրէ․ Փիւնիկէն աւելի փիւնիկ է Հայը»։

Անդրանիկ Ծառուկեանն ալ տակաւին կը կարծէ,- 1959թ․,- որ հանգրուանի մը հասա՞ծ ենք․ «Հասած ենք այլեւս տեղ մը որ կրնանք ապահով արձանագրել պատմութեան համար, առանց հերքուելու վախին – Սփիւռքը, ուշ կամ կանուխ օր մը պիտի դադրի գոյութիւն ունենալէ, եւ յատկապէս այն Ընտրանին, որուն շնորհիւ Սփիւռքը կ՛անցնի հայ մշակոյթին եւ հայոց պատմութեան մէջ՝ բացակայ է նոյն այդ Սփիւռքին առօրեայէն․․․»։

Արթուր Անդրանիկեան

Նիկողոս Սարաֆեան

ՀՈՍԱՆՔԻՆ ԴԷՄ

Անսպասելի հանդիպումներ կան երբեմն, Ֆրանսայի ճամբաներուն վրայ: Կան ֆրանսացիներ եւ ֆրանսուհիներ՝ որ հայերէն կը խօսին յանկարծ: Հայերէն քանի մը բառեր կ'ըսեն. «Հայ եմ...», կ'ըսեն ու կ'անցնին: Կ'երեւան եւ կ'անցնին յայտնութիւններու պէս: Կ'ալեկոծեն պահ մը՝ մեր ազգին պատմութիւնը եւ կը հեռանան: Ուրախ են առ հասարակ: Բայց տխրութիւն մը ունին կարծեք եւ տխրութիւն մը կու տան:

Օր մը, շոգեկառքին մէջ, ինկած էի խումբ մը Ֆրանսացիներու մէջ, ուր կը խօսէին, կը խնդային, կը պատմէին զանազան քաղաքներու մէջ ունեցած իրենց յաջողութիւնները: Պարողներ էին եւ պարելու կ'երթային դարձեալ, չեմ գիտեր ուր: Նիւթապէս լաւ կ'երեւային բոլորն ալ: Մէկը, պեխաւոր, գեղադէմ երիտասարդ մը, կը նայէր յաճախ ինծի: Կը խօսէր իր բարեկամներուն հետ եւ ատեն ատեն աչք մը կը նետէր վրաս: Մինչ ես զբաղած էի գրելով: Շոգեկառքին ցնցումները, պատուհանին առջեւէն թաւալող, հոսող հողերը արթնցուցած էին մէջս այն մտածումը՝ որուն կ'երթանք, կը զարնուինք յաճախ — ձուլումը: Ու քանի մը նօթեր կ'առնէի: Քանի մը գաղափարներ՝ մեր հայութիւնը պահելու եւ մեր մշակոյթը բարձրացնելու մասին: Կը խորհէի թէ տեղի պէտք չէ տալ կեանքի հոսանքին առջեւ, այլ ցցուիլ անոր դէմ, մաքառիլ մինչեւ մեր վերջին շունչը: Պայքարիլ Հայը Հայ պահելու համար:

Բաւական ճամբայ կտրելէ վերջ, նայող երիտասարդը խօսքը ինծի ուղղեց յանկարծ: Ներողութիւն խնդրեց եւ հարցուց. — «Հայ էք, չէ՞»: Դրական պատասխան տուի իր հարցումին, գոհունակութեամբ՝ մտածելով թէ կը գտնուիմ Հայերը մօտէն ճանչցող, անոնց հանդէպ համակրութիւն ունեցող Ֆրանսացիի մը դէմ: Այս մտածումին մէջ էի եւ կը պատրաստուէի իմ կարգիս հարցումներ ուղղել իրեն, երբ հայերէն քանի մը բառեր դուրս եկան իր բերնէն: Հայերէն բառեր՝ օտար շեշտով, բայց բառեր՝ որ ուրախութիւն մը տուին յանկարծ, հորիզոններ բացին, «ես ալ Հայ եմ...»:

Հա՞յ... Անսպասելի, անհաւատալի էր: Կը նայէի զարմացած: Ու մարդը, որ երբեք Հայու չէր նմաներ, Հայու կը վերածուէր պահ մը, եւ սակայն, ջուրի հոսանքին մէջէն տեսնուող պատկերի մը պէս էր: Կը ծփար, կ'այլափոխուէր ու կը վերագտնէր իր իրական դէմքը: Տարօրինակ բան մըն էր: Գեղեցիկ, համակրելի դէմք մը՝ որ կը դառնար խռովիչ: Ու կը ժպտէր, գոհունակութիւն մը ցոյց կու տար: Դարերու խորէն եկող հարազատ բան մըն էր, որ սակայն կը դառնար իսկոյն օտար, կը թուէր խորթ, կը թուէր ցաւալի:

Շուտով յայտնի եղաւ թէ գիտցած հայերէնը այդ քանի մը բառերն էին միայն: Ֆրանսա ծնած ու մեծցած Հայ մըն էր, մայրը՝ Ֆրանսուհի: Մեծցած էր բոլորովին կտրուած հայկական շրջանակներէն եւ ամուսնացած՝ Ֆրանսուհիի մը հետ՝ որ նստած էր իր քով, կը խօսէր, մինչ կ'արշաւէր շոգեկառքը եւ կը թաւալէին հողերը դէպի հետ, կը հոսէին յորձանաւար թաւալումներով:

Կան մեզմէ հեռացածներ որ կ'արհամարհեն մեր ժողովուրդը, չեն ուզեր յիշել իսկ գայն: Բայց այս մէկը կը յիշէր իր ծագումը եւ տեսակ մը թախծութեամբ կը խօսէր: Կը ջանար բացատրել թէ յանցանքը իրենը չէր երբ չէր կրցած սորվիլ մայրենի լեզուն:

Կան հեռացածներ որ Հայու դէմք ունին տակաւին, Հայու աչքեր ունին եւ Հայու նայուածք, դարերու խորէն եկող տխուր բայց ուժեղ լոյս մը՝ այդ աչքերուն մէջ: Բայց երբ կը մօտենանք անոնց, կը տեսնենք թէ հայութիւնը մեռած է անոնց մէջ: Ազգային ոչ մէկ զգացում՝ այլեւս: Ուրացում մը փակած է դէպի ցեղը, դէպի դարաւոր անցեալը տանող բոլոր դռները: Կը մօտենանք, կը տեսնենք այս բոլորը եւ կնճիռ կը դարձնենք իսկոյն:

Տարբեր էր երիտասարդը՝ որ կը խօսէր շոգեկառքին մէջ: Հայու չէր նմաներ, բայց հայութիւն մը արթնցած էր իր մէջ՝ զիս տեսնելով: Պիտի մոռնար գայն դարձեալ անկասկած, բայց կը յիշէր գայն այդ պահուն: Կը փնտռէր գայն՝ կորուստ մը փնտռողի պէս:

Կարճատեւ եղաւ մեր խօսակցութիւնը: Շուրջի Ֆրանսացի բարեկամները, կինը եւ կնոջ քով նստող Ֆրանսուհին, որ հետաքրքրութեամբ կը նայէին մեզի՝ ճնշիչ լռութիւն մը կը պահէին: Եւ ըսելիք չունէինք արդէն կարծէք: Տարօրինակ կացութեան մը մէջ էինք: Տաք մերձեցում մը պէտք էր ըլլար: Բայց անօգուտ, անկարելի կը թուէր այդ մերձեցումը: Երիտասարդը եւ շուրջինները իջան արդէն յաջորդ կայարանը ու շոգեկառքը հեռացուց զիս շուտով անոնցմէ:

Այսպէս, կան բազմաթիւ հանդիպումներ: Ֆրանսացիներ եւ Ֆրանսուհիներ որ կ'ըսեն իրենց հայութիւնը եւ կ'անցնին:

Ծովային քաղաք մըն էի այս տարի, քանի մը օրուան համար: Գեղեցիկ քաղաք մը: Ծով, կապոյտ երկինք, արեւ, առատ բուսականութիւն, վիլլաներ, սօճիներու անտառներ, հաղորդութիւն: Ճոխ շուկայ մը նաեւ՝ ծովին առատ բերքով: Ու ձայն մը՝ դարձեալ այդ շուկայէն մէջ. «Հայ եմ...»: Երիտասարդ պաղպաղակավաճառ մըն էր: Ֆրանսացի մը՝ եթէ նայիք: Ֆրանսերէն կը խօսէր: Գիտցած հայերէնը այդ քանի մը բառերն էին: Ֆրանսական մտայնութիւն ունէր. «Հայ եմ», կ'ըսէր...

Արձակուրդէն վերադարձիս, գտայ քարտ մը, որ Հոլանտայէն կու գար: Գրողը Հանզն էր, հայ աղջիկ մը՝ որուն մայրը Հոլանտացի է:

Հոսանք մը առած կը տանի այս բոլորը: Յանցաւոր չեն անշուշտ: Ամէն մարդ, ամէն բանէ առաջ, իր կեանքը նկատի ունի: Զոհողութիւն մը պէտք է ի հարկէ: Կրօնքներուն մէջ, արուեստներուն մէջ, մարդերէն կը պահանջուի վեր գալ իրենց անձէն, ճամբայ տալու համար լոյսին: Կարեւորը այդ լոյսին անունն է: Հաւատացեալին համար, երկնային զօրութիւնը աւելի մեծ է քան իր անձը: Արուեստագէտին համար, իր անձէն աւելի կարեւոր է հաւաքականութիւնը, որուն արտայայտիչն ու առաջնորդն է: Ազգային զգացումը պէտք է ըլլայ աւելի մեծ՝ քան անձնականը: Զոհողութիւն մը պէտք է Հայ մնալու համար: Այդ զոհողութիւնն է որ ապրեցուց մեզ՝ դարերէ ի վեր: Այդ վսեմ զոհողութիւնը կը տեսնենք մեր վերջին յիսուն տարուան պատմութեան մէջ: Մարդիկ որ տառապեցան, ինկան, զոհուեցան մեր ժողովուրդին համար: Զոհողութիւն մը՝ պէտք է այսօր ալ, օտարութեան մէջ: Բայց կարելի չէ պահանջել զայն բոլորէն, կարելի չէ: Ամէն մարդ իր կեանքին մասին կը մտածէ նախ, բնական է:

Այսպէս, անսպասելի հանդիպումներ կան Ֆրանսայի ճամբաներուն վրայ:

Կան նաեւ անոնք որ երբեք չեն զբաղիր մեզմով: Դիրքի հասած մարդիկ, երջանիկ մարդու դէմքով: Չեն խօսիր: Չեն նայիր իսկ մեզի: Բայց գիտենք թէ հայեր են: Իրենց դէմքը, իրենց քիթն ու աչքերը կը խօսին, երբ իրենք լուռ կը մնան: Կ'անցնին երբեմն կառքով: Կը տեսնենք զանոնք՝ երբեմն հարուստ պանդոկի մը դրան առջեւ:

Ուրախութիւն մը կու տան այս հանդիպումները: Տխրութիւն մը կու տան: Երբեմն դառնութիւն մը՝ նաեւ: Դէմքեր՝ որ կ'անցնին յայտնութիւններու պէս: Կ'անցնին ջուրին հոսանքին մէջ այլակերպուած պատկերներու նման: Կ'անցնին վաղանցիկ երեւոյթներու պէս: Գիւղին ոգին կ'երեւայ պահ մը՝ այդ դէմքերուն ետեւէն: Կ'երեւայ տարտամ, այլանդակ երբեմն: Կ'երեւայ, կ'անցնի թափառական, արմատախիլ, կորսուած դատապարտուած բանի մը պէս: Կը զգանք թէ զոհողութիւնները ապարդիւն են...

Բայց եւ այնպէս, կը մտածենք միշտ թէ ինչպէ՞ս կարելի է Հայը Հայ պահել եւ բարձրացնել մեր մշակոյթը: Կը մտածենք միշտ թէ պէտք չէ որ ըլլանք այդ անցորդներուն պէս, պէտք չէ որ տեղի տանք հոսանքին առջեւ, պէտք է մաքառինք միշտ:

1955

«Նայիրի», Պէյրութ, 1959, թիւ 41

194
Օգոստոս 31, 2026

Կայքը գործում է ՀՀ կրթության, գիտության, մշակույթի և սպորտի նախարարության աջակցությամբ։

© 2012 Cultural.am. Բոլոր իրավունքները պաշտպանված են ՀՀ օրենսդրությամբ: Կայքի հրապարակումների մասնակի կամ ամբողջական օգտագործման ժամանակ հղումը կայքին պարտադիր է: