Ուրուագիծ դիմանկարի համար․ Ստեփան Սրապեան
Ստեփան Սրապեան /1906, Օրթա գիւղ /Յունաստան/, Միլան1972, /Իտալիա/
Մեծայարգ տիար Ստեփան Սրապեան, այսու մեծ հաճոյք ունինք Ձեզի ի գիտութիւն յայտնելու, թէ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդը որոշեց նոր Վեհարանի շքամուտքին մէջ զետեղել մարմարեայ մեծ տախտակներ եւ անոնց վրայ արձանագրել Մայր աթոռս բարերարներու անունները՝ ի պանծացումն անոնց․ կարգադրեցինք որ պատոււոյ մարմարի վրայ արձանագրուի նաեւ Ձեր անունը։
Վազգէն Ա․ Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց
Ստեփան Սրապեան․ 50-70-ական թուականներուն Սփիւռքի հայութեանը լայնօրէն քաջածանօթ անուն մը, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան /ՀԲԸՄ/ Իտալիոյ մասնաճիւղի նախագահ, շեշտ նկարագիրով ազգային երախտաւոր, Մեծ եղեռնի Հայու այն հազուագիւտ բեկորներէն, զորս Յունաստանի Քօրֆու կղզիի որբանոց-վարժարանին մէջ ուսանած է Թէոդիկի, Արշակ Ալպօյաճեանի, Լեւոն Թիւթիւնճեանի խնամատար շուքին ներքոյ, եւ ամեն պարագայի անոնցմէ ստացած է հայախլիրտ ոգեկանութեան այն չափաբաժինը որ յետագային իրեն ուժ, եռանդ ներշնչած է՝ այլընտրանք չճանչցող վճռականութեամբ՝ նպաստաբեր ըլլալու յատկապէս կրթական, մշակութային, եկեղեցական ասպարէզներու մէջ։
Որքան ալ զարմանալի թուայ, բազմեռանդ աշխատաւոր ըլլալով հանդերձ՝ հրապարակագիրի համբաւ ունեցած է․ /Տես մեր հրատարակած «Սիրելիդ իմ Հայ» ժողովածուն, Երեւան, 2009/ ուր զետեղուած իր յօդուածները, նամակները կը վկայեն ազգային գործիչ-բարերարի առ սփիւռքեան կեանքն ու սփիւռքահայութիւնը տածած անձկալից սիրոյ, ինչպէս նաեւ իրեն հղած նամակները՝ առ իր երախտաւոր անձն ունեցած՝ գրական, մշակութային, պետական, եկեղեցական գործիչներու կողմէ։
Ստեփան Սրապեան ազգային բարերար ըլլալէն առաջ, բանիբուն Հայ մտաւորական մըն էր․ կեանքի գերադրեալ նպատակ ունեցած՝ այն է ժողովուրդին ծառայիլը, որ բարեգործութիւններէն չեն բխիր՝ իր անձին գերադասութիւնը վկայելու ի խնդիր, այլ ինք սկզբունք մը ունեցած էր․ «թող գործը խօսի» նշանաբան մը, զերծ փքուռոյց աղմուկներէն ու բնաւ չէր սիրէր գնահատուիլ, ինչպէս կը գրէ Սփիւռքահայութեան հետ կապի կոմիտէի նախագահ Վարդգէս Համազասպեանին․ «Այդ շրջանին,- նկատի ունի յետեղեռնեայ շրջանի որբանոց-վարժարանի սան ըլլալու տարիները,- Ա․Ա․,- 8-9 տարեկան էի, անհոգ ու լաւատես՝ իմ ժողովուրդին անսահման ապրելու ոգիովը օժտուած․․․ օտարութեան մէջ հայ ժողովուրդին զաւակը ըլլալու հպարտութիւնը միշտ վեր բռնած է ճակատս, կեանքի, պայքարի, յաջողութեան գաւակը նստած կարծես միշտ ՀԱՅ ըլլալս էր, որ ինձ կը խթանէր յաղթելու կեանքի բոլոր տեսակի մաքառումները․․․ Հայոց Աստուածն ալ բացառիկ մենաշնորհով օրհնեց իմ մարդկային ճիգերս․․․», եւ սա պէս կեանքի «ինչպէս որ» է անկիւնադարձերու ընդմէջէն փնտռած, գտած է իր ճակատագիրը՝ եւ ընթացած գործարարի ուղիով․ «Սքանչելի մարդ մ՛է Ստեփան, բարի, ազնիւ, ծառայասէր, ջերմ ու հաղորդական զոհողութեան մարմնացումը․․․ Վերջին 20-ամեակի ընթացքին չկայ ազգային հարց մը, վէճ մը կամ իրադարձութիւն մը Հայ կեանքէն ներս, որոնց շուրջ լայնօրէն ու ազատօրէն գրած չըլլայ․․․ վերլուծումներ, դատումներ, կրնայ պատահիլ որ ապագային, Սփիւռքի պատմութիւնը գրող մէկը շահեկան որոշ նիւթեր գտնէ այնտեղ» /Անդրանիկ Ծառուկեան/։
Ժամանակակիցները կը վկայեն, կը վերհաստատեն Ստեփան Սրապեանի եկեղեցանպաստ գործունէութիւնը․ ահաւասիկ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Խորէն Ա․ Կաթողիկոսի վկայութիւնը․ «Հայու տաք սիրտ մը, նախանձախնդիր ոգի մը, նուիրեալ հոգի մը, ասկէ ահա կը տեսնեմ սիրելի Ստեփան Սրապեանին մէջ։ Կ՛աղօթեմ ի սրտէ որ կենդանի մնայ իր մէջ այս հայկական ազգօգուտ ու մնայուն նուիրագործութիւնը»։
Ալէք Մանուկեան, Արշաւիր Շիրակեան, Շահան Նաթալի, Միսաք Թոռլաքեան, Վահագն Տատրեան, Երուանդ Հիւսիսեան, պատրիարք Հայոց Թուրքիոյ Շնորհք արքեպիսկոպոս Գալուստեան, Կարպիս Ջրբաշեան, Արամ Խաչատուրեան, Յակոբ Սիրունի- այս եւ ոչ միայն այս երեւելի անուններու շարքը մէկ բան կը վկայէ՝ իբրեւ իրենց հոգու արտայայտութիւն՝ Հայ հոգու թրթրիռներէն փրցուած առ ի գնահատութիւն Ստեփան Սրապեան։
Իրապէս մեծագործութիւն մըն է մեր պատմութեան այս շրջանին Ստեփան Սրապեանի ծառայութիւնները, զորօրինակ, տարբեր երկիրներու մէջ գտնուող հայկական մասունքերու մասին իրեն իրազեկելէն ետք կը հանդիպինք իր գործնապաշտ վերաբերումին՝ տարբեր վաճառատուներէն, որ երկիրի մէջ ալ ըլլան՝ գնելու եւ Հայաստան առաքելու անշեղ նպատակադրումով շարք մը ձեռագիր մատեաններ, զորս կը պահպանուին Մաշտոցի անուան Մատենադարանին մէջ։ Այս մասին կը վկայէ 60-ական թուականներու Մատենադարանի գլխաւոր աւանդապահը․ «Մեծայարգ բարեկամ Ս․Սրապեան, Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապերի կոմիտէի միջոցով ստացանք Ձեր ուղղարկած հետեւեալ ձեռագրերը․
1․ «Տաղարան» հայատառ թուրքերէն, Կ․Պոլիս, գրիչ՝ Հաճի Մկրտիչ, թերթ 109, կազմ կաշեպատ,
2․ «Աւետարան» ԺԵ դար, վայր՝ անյայտ, թերթ 198, կազմ՝ կաշեպատ։
Ընդունեցէք մեր խորին շնորհակալութիւնները հայ ժողովրդի մշակոյթի գանձարանը Ձեր մուծած լումայի համար»։
«Որբանոց-վարժարանի իմ նախկին սան Ստեփանի՝ ազգային մեծ բարերարի բարեգործութիւնները հպարտութեամբ կը լեցնէ իմ հոգիս»։ Յիրաւի Լեւոն Թութունճեանն իրաւունք ունէր հպարտաբար յիշելու խոհուն ու միշտ մտասեւեռ իր Ստեփանին, ազգային ոգու պահպանման ի խնդիր անոր գործունէութիւնը, քանզի որպէս հայրենանուէր գործիչ ան կը հովանաւորէր ընդհանրապէս ազգայինի վերընձիւղման ամեն ձեռնարկի։ Աւելին, Ստեփան Սրապեանը ատենին նախատեսած եւ իրագործած է Հռոմի եւ Միլանի ճարտարապետ-մասնագէտներու օժանդակութեամբ հետազօտական աշխատանքներու շարք մը․ Հայկական ճարտարապետական յուշարձաններու ուսումնասիրութիւնը գիտականօրէն ուսումնասիրելու համար։ Սակայն ըլլալով չափազանց համեստ՝ անձ մը՝ վճռականօրէն գործնապաշտ կը խոստովանէր․ «Իմ անձնական գործերէս զատ շատ մը ազգային գործերով կը զբաղուիմ։ Իտալիոյ գաղութի նախագահն եմ, ինչպէս նաեւ այստեղի Բարեգործական Միութեան։ Ազգային գործունէութիւն ունեցած եմ՝ ըլլայ Եւրոպայի, ըլլայ Միջին Արեւելքի մէջ։ Մինչ այդ ես մինչեւ Դէր Զորի անապատներու համը առնելէս յետոյ՝ Իտալիա ինկայ, քանի մը գործեր սկսելէ եւ վարժարաններու մէջ ուսանելէ վերջ, վերջնական կերպով ձեռնարկեցի կաշիէ պայուսակներ շինելու աշխատանքը եւ 30 տարիէ ի վեր այս գործին մէջ եմ։ Մեր ապրանքները կը ծախենք նաեւ աշխարհի բոլոր շուկաներու մէջ»։ Վերջին տարիներուն «Սրապեան» ապրանքանիշը հաստատուած է նաեւ Երեւան։
Ժամանակակիցներու վկայութիւններէն միանգամայն պարզօրէն կ՛ուրուագծուի անոր իրաւ էութիւնը իբրեւ Հայ մարդ եւ գործարար․ «Լման Ստեփանը, իր հայութիւնը եւ հայկականութիւնը թաքուն լուսարձակի մը պէս միշտ իր հետ է, եւ առիթը ներկայացրածին պէս շրջապատին վրայ ճառագայթող հոգին, որ անդիմադրելի հմայքով կրնար կապել խօսակիցը՝ կապեր ստեղծել եւ կապեր պահել ի շահ իր ժողովրդին եւ ի վնաս ․․․ իր քսակին․․․ Ուժի ու եռանդի անսպառ կուտակում մը, որ հատնում չունէր։ Գալով «մշակութային»ին, պէտք է մտածել։ Հակառակ իր նախնական ուսումին կատարելապէս զարգացած անձի մը մակարդակին հասած էր եւ ամեն նիւթի մասին կ՛արտայայտուէր անսայթաք, մանաւանդ, երբ կը գրէր։ Ստեփանի Նամակնե՞րը, պէտք չէ համրել, այլ քիլօներով կշռել․ կը գրէր Բարձր ոճով, դարձդարձիկ, ոլորուն անվերջանալի նախադասութիւններով, փնտռուած արուեստակեալ ոճի մը տպաւորութիւնը ստեղծելով․․․»։
Կարելի չէ «չվստահիլ» Ա․Ծառուկեանին, զոր տեւական ատեն մտերմութիւն ունեցած է Ս․Սրապեանին հետ, նոյնիսկ անոր վստահած է իր «Նամականին»՝ ի պահ տալով։ Եւ կրնայ կասկածի առիթ տայ նոյնիսկ․․․ եթէ որեւէ մէկը ծանօթ չըլլայ բուն առեւտրային գործունէութեանը, վստահաբար կը շփոթի, կը կարծէ թէ անուանի հրապարակագիրի մը նամակներու, յօդուածներու հետ կ՛առնչուի․ «Վեհափառ Տէր, սիրով եւ մասնաւոր հետաքրքրութեամբ ստացայ Ձեր հայրական օրհնութեան նամակը։ Խնդրին էութեան մէջ կրկին մտնելէ առաջ, կ՛ուզեմ Ձեզ խոստովանիլ, որ մեր աննման Առաքելական եկեղեցւոյ հարազատ զաւակն եմ։ Արաբիոյ անապատներէն մինչեւ Եւրոպայի լուսաշող երկնակամարին տակ, շատ անգամ հոս՝ Իտալիոյ մէջ, վարժարաններու մէջ տրուած վտիտ եւ աղքատ սնունդէն անգամ զրկուած եմ Կաթողիկէ դաւանանքի հաղորդութիւնը չառնելու համար, բայց բոլոր տեսակի դժուարութիւնները կրցայ յաղթահարել՝ վստահ ըլլալով իմ համոզմունքներուս նուիրականութեան վրայ։ Նոյն հաւատքով էր որ կրցայ Միլանոյի մէջ յաջողիլ կառուցանել տալ մեր Առաքելական եկեղեցին, որ ինձմէ առաջ տասը տարի մերժուած էր․․․ Վերոյիշեալ զգացումներուս խանդավառութեան թափն էր, որ հազիւ ոտքս Լիբանանի հողի վրայ դրած ուզեցի գալ Անթիլիասի մէջ Ձեր օրհնութիւնը ստանալու»։ /Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Խորէն Ա․կաթողիկոսին հղած նամակէն/։
Որքան ալ զարմանալի թուայ,- ինչպէս շատ ժամանակակիցներ վկայած են,- գործնապաշտ մարդու մը համար՝ ընդունելով հանդերձ իր զբաղուածութեան «անբարենպաստութիւնը» , խնդրոյ առարկայ բնաւ չէ եղած հրապարակագիրի դերը ստանձնելն ըստ ամենայնի։
Ստեփան Սրապեանի յօդուածները ատենին հրատարակուել են «Նայիրի» շաբաթաթերթին մէջ, յօդուածներ, զորս 60-70-ական թուականներու Սփիւռքեան տարբեր իրադարձութեանց «բաբախող աշխարհ» կ՛արտացոլեցնեն․․․։ Իր մանկութեան-որբանոցային ընկերոջ՝ «Յովհաննէս Չալըգեանի անմեռ յիշատակին» նուիրուած սրտառուչ յօդուածի մէջ /«Նայիրի» շաբաթաթեր, 1971, թիւ 45/ կը գրէ․ «Մեր ծննդավայրին մէջ իրար կորսնցնելէ ետք, ջարդի եւ զուլումի տարիներուն Յովհաննէսին հանդիպեցայ Հալէպ, Զապպէ Խանի գաղթականներուն հետ մերկ պատերով սենեակի մը չոր գետնին վրայ։ Անճանչնալի դարձած էր։ Աւելի շատ արաբերէն բառեր կը գործածէր, քան հայերէն։ Ամբողջ 2-3 տարիներ մնացած էր անապատներ, թափառած թափառական արաբ ցեղախումբերու մէջ։ Ինք հրաշքով «մոռցուած» էր․․․ դիակներուն տակ»։
«Մանկութիւն չունեցած»ներու ճակատագիր․ ինքնաբերաբար կ՛ըսեմ ինքզինքս ու ակամայ կը յիշեմ Դանիէլ Վարուժանը․ «Օտարական, հիմակ այս երկրին անցեալն արթնցուիր․․․» ու կը յայտնուիմ անոնց տառապանքերու խորանին առաջ․․․
Հայր Ռափայէլ Անտոնեան կը վկայէ Ստեփան Սրապեանի վերջին վայրկեաններու մասին․ «Դեռ երկար կը հեւար եւ ես ձեռքը սեղմած ձեռքերուս մեջ կ՛աղօթէի, կաղօթէի անդադար։ Դեռ կեանքը վրան է,- կ՛ըսէի ես ինծի, դեռ յոյս կայ, կրնայ գտնել ինքզինքը եւ․․․ վերստին կաղօթէի եւ ահա վերջին ուժով շունչ մը, դէպի աջ կողմը հակեցաւ, եւ ակնթարթի մը մէջ ամեն ինչ վերջ գտաւ․․․ Աչքերը բաց մեզ դիտելով՝ աւանդեց իր հոգին, մեր սիրելի Ստեփանը»։
«Ապրիլեան խոհեր» յօդուածին մէջ կը գրէ․ «Շղթայենք մեր հոգիները սփիւռքեան բոլոր խաւերուն միջեւ համագործակցութեան անքակտելի շղթաներով ի սպաս հայ մշակոյթին, հայ արժէքներուն եւ հայ ժողովուրդին․․․», եւ ինք՝ այդպէս շղթայուած ալ հեռացաւ աշխարհէն՝ իրապէս նուիրագործ հոգի մը զոհաբերութիւններու մարդը՝ Ստեփան Սրապեան։
Արթուր Անդրանիկեան
+374 94/91/ 423 159