Որուագիծ դիմանկարի համար. Վահան Թէքէեան

(Կ․Պոլիս, 1878,-1945, Գահիրէ)

Վահան Թէքէեանի ամբողջական քերթողութիւնը, իբր օրինակ ու գործադրում, գրականութէնէն դուրս սա բարոյական, զգայական բարիքն ալ կրնայ հայթայթել մեր տրտմութեան, անկումի  պահերուն․

Վարուժանով կը հպարտանանք, Դուրեանով կը տառապինք, Մեծարենցով կ՛անուշնանք, Վահան Թէքէեանով՝

կը զգաստանանք։ Կը հասկցուի՞մ արդեօք։

Յակոբ Օշական

 

Հիմա․․․ հիմնաւորապէս կը հասկցուինք, Հայ գրականութեան մեծատարած փառք․․․

Այս ուրուագծումով չկարծուի թէ կ՛ուզենք զանց ընել, ինչ որ կը նշանակէ «նախամեծար անխոհեմութիւն»,- արեւմտահայ, եւ ընդհանրապէս, Հայ քերթողութեան ճարտարապետներէն՝ Վահան Թէքէեանի բանաստեղծական ժառանգութիւնը ներկայացնել, ինչ որ գրադատուած, արժեւորուած է տարիներէ ի վեր՝ «Հոգեր» /1901/ ժողովածուէն սկսեալ մինչեւ «Տաղարան» /1945/, եւ «թելադրուած նորութիւն» մը յայտնած ըլլալու փափաքն ալ չունինք։ Այլ գրականութէնէն դուրս անոր գործադրած ազգային, հանրային առաքինութեանց նպաստաբերումը կ՛ուզենք լուսարձակի տակ քննարժանաբար դիտարկել՝ հնարաւորինս ընդգծելու համար ազգային հոգերով պարուրուած բանաստեղծի հայամեծար մտածման սրութիւնը տակաւին նախասփիւռքեան շրջանէն։

Թէքէեանական հրապարակագրութիւնը յիշեալ վկայութիւնները կու տայ՝ ազգային թերութիւններուն «անվերապահ խոտովանութիւններէն» չվախցող՝ «Շիրակ» հանդէս եւ «Արեւ» օրաթերթ հիմնադրած բուռն զգայնութիւններու կեդրոն բանաստեղծը ․․․ Միջանկեալ արձանագրենք՝ արժանին պիտի հատուցել գրականագէտ Վարդուհի Դաւթեանի, զոր յօդուածները եռահատորով ամբողջացուցած է․ /Տես, Վ․Թէքէեան «Յօդուածների ժողովածու» հտ․ 1, /1901-1910/, հտ․ 2 /1911-1920/, Երեւան, 2022, 2023։ Հրապարակագրական հսկայածաւալ ժառանգութիւն մը՝ աննախադէպ որեւէ հայ բանաստեղծի գրական ժառանգութեան մէջ․․․ Բայց, մեր յղումները կու գան զուտ մամուլային հրապարակումներէն, վասնզի նպատակ չենք հետապնդած գրախօսել եռահատորը՝ այլ թէքէեանական հրապարակագրութեան շրջափուլային զարգացումներու ընթացքին հետեւած ենք։ Ամեն պարագայի բուն ազգայինի խնդրայարուցումը Վահան Թէքէեան միշտ առաջնային համարած է, մանաւանդ մինչեղեռնեայ շրջանին, եւ իր անկեղծութիւնը «դատողութիւններ» կը պատգամէ․ «Խղճի գերազանց պարտք մըն է ինծի համար կրկնել, որովհետեւ ամենատխուր, բայց նաեւ ամենաանկեղծ համոզումս է ան, թէ հայ ազգի գոյութեան սպառնացող էն վտանգը ներքին վտանգ մըն է հիմա, որ աւելի խորազդեցիկ եւ վճռական է, քան բոլոր ջարդերն ու հալածանքները։ Ազգային հոգին է, որ ծիւրած է, ազգին կորովն է, որ սպառած է․․․ երեւոյթները այնքան որոշ են․․․» /«Ազգային տեսութիւն», «Շիրակ» հանդէս, Կ․Պոլիս, 1909, Ա մաս, թիւ 17/։

Այս վկայութիւնը արդեօք յուզիչ շփոթուածութիւն մը կ՛արթնացնէ՞, եւ արդեօք համաժամանակային «տեսութիւն» մը չէ «սահմանէ» Թէքէեան՝ կանխազգալով հաւաքական կորուստին վտանգը, թէ ուրկէ՞ կու գայ, կամ ուրկէ եկած է՝ ապրիլ-ապրեցնելու ճիգ մը անպատրաստ ըլլալու հանգամանքը գիտակցու՞ծ էր այն ատեն, եւ արդ կը գիտակցուի՞․․․

Ազգային նպաստամատոյց հարցերու շարք մը՝ մէկ քանի տողերու ընդմէջէն իրարու կը զարնուին ու կը մնան տակաւին պատասխաններու կարօտ։ Եւ կը եզրահանգէ․ «Մեր ցաւը, մեր ախտը հոն է, որ կը կարծենք թէ ճշմարտութիւնը․․․ ճշմարիտ ըլլալու համար պէտք է մեր փափաքներուն, մեր մոլորանքներուն, մեր նախապաշարումներուն, մեր քմահաճոյքներուն, եւ մեր երազներուն համաձայն ախորժելի ըլլար»։ Ի՞նչ նկատառումներով ալ առաջնորդուած ըլլար Թէքէեան ատենին, միեւնոյն է, ազգային բարոյականը նկատառած է, առաջնորդ ոգիի պայքարի գոյութիւնը համարած՝ որ է՝ իր պոռթկումի հիմնապատճառը, աւելին՝ նպատակային պայքարը՝ գերադաս համարելով ժամանակի մամուլի դերը՝ գերագոյն անաչառութեամբ, ինչ որ անշուշտ թուրքական գրաքննական պայմաններուն խնդրայարոյց էր․ «Եկեղեցին հայկական ծննդավայրն է հոգւոյս» հռչակած բանաստեղծը արդեօք կրնա՞ր անմասն մնալ ներեկեղեցական խնդիրներէն, որոնք նախ եւ առաջ ազգային բնոյթ ու նշանակալիութիւն ազդարարելէ զատ, նաեւ ազգային դիմադրողականութեան գործօն կը համրուէր եւ «մեր յուսախաբութիւնը եւ իրեն դէմ,- նկատի ունի Կ․Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք Մաղաքիա արքեպիսկոպոս Օրմանեանին /Ա․Ա․/,- մեր հոգիին մէջ օրըստօրէ լեցուող, յորդող դառնութիւնը ստեղծուեցաւ այն բանէն, որ ինքը սիսթէմաթիկ կերպով խուլ մնաց ժողովուրդին ծովացեալ տառապանքին, զոր կրնար իր ձեռքը ունեցած միջոցներով գէթ մասամբ թեթեւցնել, զոր կրնար իր հոգացութեամբը գէթ բարոյապէս դարմանել եւ որուն փոխարէն իր լռութիւնը, իր սուտ չտեսնել ուզողները առաւելապէս շէշտեցին այդ նոյն ժողովուրդին հոգիին մէջ լքումի եւ յուսահատութեան զգացումը․․․» /«Պարտրիարքական գործունէութիւն», «Լուսաբեր», Գահիրէ, 1908/։

Խնդրոյ առարկան ազգային արժանաւորութեանը կը վերաբերի, որքան ալ «եկեղեցական գետնին վրայ» ներկայացուցած է՝ փոթորկած հայ ազգային, հանրային կեանքը ամիսներէ ի վեր, նոյնիսկ Սրենց գրչանունով  մէկ մը հատոր մը հրատարակած է․ «Օրմանեան հանրութեան  խղճին ու դատաստանին առջեւ» /Կ․Պոլիս, 1913, 96 էջ/։

Հատորն մէջ Ազգային ժողովի դռնփակ նիստի արձանագրութիւնները որոշ խաւերու ու շրջանակներու կողմէ Օրմանեան Պատրիարքին դէմ ամբաստանութիւններ յարուցած՝ անոր հրաժարականը պահանջած ու այլեւայլ հանգամանքներ կը ներկայացնեն։ «Տեղը եւ ատենը» չէ մանրաքննին անդրադառնալ Ազգային ընդհանուր ժողովի արձանագրութիւններուն եւ թէ ինչ պայմաններու մէջ կատարուած քննութեանց հիման վրայ «անաչառ վճիռ արձակել անհնար է» եղած, բայց կարգ մը ազգային, հանրային, գործիչներու ելոյթներէն  /Յ․Շահրիկեան, Գր․ Զօհրապ/ ակնյայտ է, որ խնդիրը սոսկ երեւութապէս եկեղեցական բնոյթ չունի, խորքին մէջ ազգային մտահոգութիւններու «ժամադրավայրի» մը պէտք ունի՝ ենթակայ համակողմանի քննութեան։ Ամբաստանութեան կէտերէն․ «ինչով բացատրել, որ 1897 թ․ օգոստոսին  ոստիկանական նախարարութիւնը Պատրիարքարան դիմելով կ՛առաջարկէ քաղաքական բանտարկեալներուն երաշխաւոր ըլլալ, որպէսզի արձակուին, բայց Պատրիարքը կը հրաժարուի՝ առաջարկելով, որ ինք չէ կարող երաշխաւոր լինել՝ առանց ստուգելու եւ երաշխաւորութիւն ստանալու․․․»։

«Այս պահուն Ազգին մէջ պառակտում չի ձգելու գաղափարը գովելի է ինքնին, բայց ատիկա  ամբաստանելի մը հանցաւորութեանը կամ անմեղութեանը հետապնդել ներելի չէ բնաւ։ Վայրկեանի պատմական հանգամանքը նկատի առնելով եւ պառակտումի առաջքն առնելու համար յետագայում պահանջելով․․․» /Գր․ Զօհրապի ելոյթից/։

Իրապէս «պատմական պահի» կարեւորութիւնը կամ նոր իրողութիւններու ի յայտ գալու ժամանակը անհրաժեշտ էր գիտակցել։ Վ․Թէքէեան այլ կարծիք կը յայտնէ՝ շեշտուած․ «Օրմանեան հրաժարականի մը սպառնալիքը կը շողացնէր կառավարութեան աչքին՝ անհետեւանք խոստումներու կամ մինչեւ իսկ նիւթական պարգեւներու հիման վրայ կը փութար վերադառնալ իր աթոռը առանց անկէ պզտիկ օգուտ մը շահեցուցած ըլլալու իր ազգին։ Իսկ վերջին տարիներու միջոցին, կարելի չէ ըսել, թէ գանգատելու պատճառներ չեղան․․․»։

Այնուհանդերձ, թելադրական ոճով եւ ոգիով Թէքէեան «շահացուցած ըլլալու» իր հանգամանքովը կ՛ուզէ ազգ-եկեղեցի, նաեւ ներեկեղեցական յարաբերութիւնները կամայական կամ անհամոզիչ չըլլան, որպէսզի խճող ու հարցադրելի խնդիրներ չշահարկուին։ Ասիկա կրնանք համարել  թէքէեանական յորդոր մը, զոր կը վերաբերի յետագայ տարիներու՝ ի շահ ազգային եկեղեցւոյ կենսունակութեանը։

Հատուածականութիւնը,- ազգամիջեան,- ըստ Վ․Թէքէեանի միշտ ալ տգիտութեան կամ մոլեռանդութեան կը տանի, ամեն ոլորտներու մէջ ալ՝ մամուլ, մշակոյթ, կրթութիւն, հանրային կեանք եւ այլն։ Մանաւանդ եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդի միջեւ անջրպետումը եւ յուրաքանչիւր խեղաթիւրում տարատեսակ յատկութիւններով ոչ միայն վտանգայարոյց են, այլ նաեւ․ «Եւ որքան անբարեխիղճ են անոնք,- նկատի ունի հայ հակակրոնականներուն, Ա․Ա․,- երբ ամեն բան ընել-ըլլալէ  իրենց ճառերով կրակ վառելէ ետք՝ ձեռքերնին կը լուան ամեն մեղք փաթթելով այն տղոց վզին, որոնք իրենց զոհերն են միայն․․․» /«Եկեղեցին եւ ժողովուրդը», «Ազդակ» շաբաթաթերթ, Կ․Պոլսի, 1909/։ Եւ եկեղեցւոյ «տկար անդամները» հալածել կամ անոնց մէջէն զորաւորները սեղմե՝լ հաւատքի մեկնութեան վրայ՝ «կը դառնայ ամբողջ խնդիրը», այն ինչ անյանդուրժելի է, եւ կը եզրակացնէ․ «Անհրաժեշտ չէ ամենէն օտար ծայրայեղ օտարականները միայն օրինակ առնել, թէ  առանց այդ ծայրայեղներուն է որ օտար ազգերը քալեր են ու հասեր իրենց այսօրուան յառաջէմութեան աստիճանին» /Նոյն տեղը/։

Ընդհանրապէս, Վահան Թէքէեան , որքան ալ ազատական /ռամկավարական/ գաղափարաբանութեան կրող ազգային, հանրային գործիչ ըլլալու հանգամանքովը ներկայանայ եւ ներկայացնէ իր խոկումները, համոզւմները, ազգային-քաղաքական խնդիրներու ընդմէջէն, այնուամենայնիւ, յառաջադիմական մտածումները իր հրապարակագրական ժառանգութեան մէջ ակնյայտ են եւ յոյժ սերտելի , այդ յառաջադիմականութիւնը ազգային պահպանողական հունտերու առկայութեամբ միայն ինք կը պատկերացնէ ու համոզուած է․ «Ոչ ոք կայ որ համարձակի պահպանողականութիւնը իբրեւ դրօշ մը վեր առնել եւ անոր տակ համախմբել բոլոր անոնք, որոնք կը դժգոհին ազատականութեան անունով կատարուած գործունէութենէն, այն ազատականութեան, որ մէր մէջ կ՛ըմբռնուի ու կը գործադրուի ցայսօր․․․ Հայ պահպանողականները այսօր իրենց ազգը աւելի կը սիրեն՝ ընդդէմ գեշ հասկցուած եւ գեշ գործադրող Հայ ազատականութեան» /«Հայ պահպանողական կուսակցութեան մը պէտքը»,  «Հայրենիք» օրաթերթ, Կ․Պոլիս, 1909, թիւ 1467/։

Վահան Թէքէեանի ազգային, հանրային, մշակութային եւ այլն քիչ է ըսել հետաքրքրութեան ուսումնասիրութեան արժան պարունակները բազմերես են եւ բազմաշերտ։ Ազգամիջեան , կրթական խնդիրներ, յարաբերութիւններ, կուսակցական կառոյցներուն առնչուող միջկուսակցական կապեր, գաղութներուն սպառնացող վտանգներ, ազգամիջեան թնջուկներ եւ այլն, անշուշտ, ամենը թուարկելը՝ «անխոհեմութիւն» կ՛ըլլայ, բայց յոյժ առաջնայինը, այն զգաստացնող ոգին այն միակը չէ՞, երբ կը հարցադրէ․ «Ո՞վ պիտի դարբնէ եւ ինչպէ՞ս պիտի դարբնուի Հայ ազգային ճակատագիրը»։ Եւ որքան ալ յուսահատեցնող, եթէ ոչ դաժան ըլլան հարցադրումին անկողմնակալութեան երեսակները, այնուամենայնիւ բնաւ չէ խորշած մասնայատկել ամեն պարագայի, որ «մէկ  դարէ ի վեր Թուրքիան հնոց մըն է, որու մէջ ազգերու ճակատագիրները կը ձուլուին․․․ Այս վերջիններէն է Հայուն ճակատագիրը, որ հակառակ քանի մը անգամ հալուոցին մէջ նետուելուն, անկէ դուրս եկաւ բոլորովին անյաջող ու նետուեցաւ անկիւն մը․․․ Մեր ազգը միայն վերջին երեսուն տարուան ժամանակաշրջանին երեք յաջորդական վիճակներէ անցաւ,․ առաջինը՝ համակերպութեան, երկրոդը՝ ընդվզումի, եւ երրորդը՝ վերստին համակերպութեան։ Ի վերջոյ, «որպէսզի դարբնուի ազգին ճակատագրին էութիւնը,- ընդգծումը՝ բնագրային, Ա․Ա․,- համաձայն իր իդէալական , եթէ ոչ թէ հակառակ անոր, այնպէս ինչպէս ուրիշները կ՛ուզեն․․․ քով-քովի գալով միայն կրնան բան մը ընել․․․»։

Կարելի՞ է խոստովանիլ․․․ Թէքէեանական մարգարէութիւն մը, աւելի քան կէսդարեայ իրողութիւններէն մեկնելով եւ յարակատար ազգային-քաղաքական խնդիրներու ընդմէջէն․․․

Արթուր Անդրանիկեան

andranikean@yahoo.com

+374 94/91/ 423 159

161
Սեպտեմբեր 25, 2026

Կայքը գործում է ՀՀ կրթության, գիտության, մշակույթի և սպորտի նախարարության աջակցությամբ։

© 2012 Cultural.am. Բոլոր իրավունքները պաշտպանված են ՀՀ օրենսդրությամբ: Կայքի հրապարակումների մասնակի կամ ամբողջական օգտագործման ժամանակ հղումը կայքին պարտադիր է: