Ուրուագիծ դիմանկարի համար. Մկրտիչ Պուլտուքեան
(Պէյրութ, 1938-2024)
Մարդկային միտքը աւելին՝ Հայու միտքը, մտածումները կը թուին տարածական՝ տարբեր ոլորտներ ընդգրկող։ Մկրտիչ Պուլտուքեանի պարագային, իբրեւ բազմիմաց մտաւորականի մը այս ընկալումը իրապէս կը հաստատուի։ Յատկապէս անոր՝ նկարչի, ճարտարապետի, նուիրեալ կրթամշակութային գործչի բազմաշխատութեան շնորհիւ, այն ինչ երախտաւոր մտաւորականը դրսեւորած է աւելի քան կէսդարեայ գործունէութեամբ՝ վկայութիւնները բազմում են։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի կազմակերպած գրեթէ բոլոր խորհրդաժողովներու ատեն ըլլալով ՀԲԸՄ Լիբանանի շրջանային վարչական, կրթական յանձնախմբի ատենապետ, յետագային 1998-2000 թ․թ․ Լիբանանի ճարտարապետներու եւ ճարտարագէտներու միութեան ատենապետ, մեծագոյն նուիրում ունեցած է եւ ձգած մեծ դատարկութիւն մը իր մահէն ետք։
Ինծի հանդիպած սակաւաթիւ մտաւորականներէն էր Մկրտիչ Պուլտուքէան, բազմաշերտ մտայղացումներու կրող ու իրականացնելու վճռականութեամբ գօտեպինդ, կարծես թէ վերուստ հաւատք ունենալու, ընծայուած գիտակցութեամբ, որ իր ճակատագրի մասը կը կազմէ եւ իրագործելի պատգամ մըն է ուրիշների կողմե գրեթէ անտեսուած։
Այս համոզումը ունեցած եմ Մկրտիչ Պուլտուքեանի «Սփիւռք․ յուշատետր նոր տեսլականի», /Բեյրութ, 2011/, աշխատութեան անմիջական տպաւորութենէն, եթէ չըսեմ՝ ազդեցութեանց ներքոյ։ Աշխատութիւն՝ զոր, հեղինակը ձօնագրած էր իր «վաղեմի դաստիարակներուն», սփիւռքեան այն երեւելի մտաւորականներուն, որոնց շունչի ու շուքի ներքոյ ձեւաւորուած է իր հայամտած տեսահորիզոնը, աշխարհընկալումը․ Սիմոն Սիմոնեան, Օնիկ Սարգիսեան, Բիւզանդ Եղիաեան, Արա Թօփչեան, Գերսամ Ահարոնեան, Վահէ Վահեան, Զարեհ Մելքոնեան, եւ ինչպէս կհավաստէ․ «առանց անոնց փոխանցած մտաւորական ներդրումին ու մանաւանդ Ոգիին», ինք չէր կրնար կայանալ իբրեւ մտաւորական՝ անոնց հոգեմտաւոր ժառանգութեան «իրավատէր․ փոխանցուող, յատկապէս երբ խնդրոյ առարկայ կ՛ըլլայ համայն հայութեանը վերաբերող, տասնամեակներ անընդմէջ անլուծելի թուացող,- եւ տակաւին անլուծելի՞,- «Հայաստան-Սփիւռք» փոխգործակցութեանը առնչուող իրականանալի եւ «անիրականանալի» խնդիրներ։
Մկրտիչ Պուլտուքեանի մեծագոյն փափաքը, ըստ իս, պատգամ մըն է․ «Համազգային գերագույն ղեկավարութեան մը բացակայութենէն ազգային հիմնական նպատակներու սահմանումը կը մնայ անորոշ՝ վտանգելով աճող սերունդներու ինքնութիւնը․․․ Արդ, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Սփիւռքի համայնքներու ղեկավարութեան ամէնէն էական ու անհետաձգելի պարտականութիւնը պէտք է ըլլայ ամենաբարձր մակարդակի վրայ, դրական եւ գործնապաշտ երկխօսութիւնը․․»։
Այս ամենը Մկրտիչ Պուլտուքեանի դիտարկումներու ծիրին մէջ հեռահար նպատակներ կը հետապնդէր։ Հայաստան-Սփիուռք փոխհամագործակցութեանց իրականանալի ըլլալը՝ Սփիւռքի հայապահպանութիւնը որպէս յուսալի խթան դիտարկելով հանդերձ՝ կը հաւատացնեմ. իւրօրինակ գաղափարաբանութիւն մըն է, զոր քաղաքակրթական նշանակալիութիւն ունի համայն հայութեան նոր տեսլականին համար․․․
«Սփիւռքի գոյութեան քննարկումը» բաժնին մէջ, Մկրտիչ Պուլտուքեան հարկ կը համարէ առանձնացնել «հասարակական կառոյցներու ռազմավարական ծրագրաւորումները»՝ մշտական քննարկումներով «հաւաքական զօրութեան դաշտին» ընդարձակումը, միշտ ուղենշային բարեփոխումներու մեկնակէտ ընդունելով եւ կը եզրհանգէ՝ որպէս հայ ժողովուրդի պատմութեան ընթացքին պահանջ, աւելին՝ նուիրական պահանջ, Սփիւռքի կենսունակութիւնը չջլատող։
Մտաւորականի վերլուծական միտքը, ասել կ՛ուզեմ վերլուծակերպը պատասխանատուութեան զգացումը առ Հայն ու ներկայ իրականութիւնը երբեք «չի խորշիր» եւ լրջութեամբ հետաքրքրուիլը էական կը համարէ՝ քննադատօրէն կը մեկնաբանէ այս կամ այն երեւոյթները զորս բարոյական անկման հետեւանք ըլլալով՝ կործանարար ազդեցութիւն կը թողնին անհատական թէ ազգային գետնին վրայ․ «Ազգային, անհատական ու հաւաքական արժէքներու այլասերումը ցաւալի երեւույթ մըն է որ Հայու աւանդական դրական տիպարը սկսած է ժխտականի վերածել։ Հայաստանի մէջ եւ այլուր փոքրամասնութեան մը անպատասխանատու գործառնութիւններն ու հասարակական յոռի փոխյարաբերութիւնները իրենց ժխտական անդրադարձը կ՛ունենան Հայու աւանդական պատկերը այլանդակելով․․․»։
Չափազանց անսքող կեցուածք․կարելի է ենթադրել, որ Մ․ Պուլտուքեանը կարծես թէ «ազատագրուիլ» կ՛ուզէ այն մտայնութիւններէն, զորս հասարակութեանը կը պահէ անդորրավետ նիրհի մը մէջ՝ ճիշդ ատենին չզգուշացնելով, թէ ինչ վտանգներ կը սպառնան ազգային, մշակութային ինքնութիւններու կորստեան պարագային․ «Համաշխարհայնացումի վտանգին կարելի է դիմադրել կազմակերպչական միջոցներով ու մրցակցային-ստեղծագործական միջոցառումներով՝ ստեղծելով բարձր որակի մշակութային ու տնտեսական արտադրութիւններ․․․»։ Անշուշտ, ազգային իւրայատուկ գաղափարախօսութիւնն ու արժէքները միայն կրնան դիմադրողունակ ըլլալ։ Կը հաւատամ ու կը հաւատացնեմ, որ այս աշխատութիւնը զօրակցութեան կը մղէ ներկայ եւ գալոց սերունդներուն, զորս կ՛ապրին ու անոնցով պիտ լուսաւորուի Սփիւռքի ապագան․․․
Ընդհանրապէս Մ․ Պուլտուքեանին գաղափարաբանութեան առաջնային խնդիրներէն է նոր սերունդի ներգրաւումը համայնքային ծրագիրներուն մեջ․ «Որպես Հայ՝ լռելեայն ու երբեմն բարձրաձայն հարց կուտանք, եթէ վախճանական պատճառաբանությիւն մը գոյութիւն ունի մեր ինքնութիւնը պահպանելու, ինչո՞ւ, մինչեւ ե՞րբ, ի՞նչ իրագործելու համար․․․»։
Այս հստակ հարցումը մէկ եւ անմիջնորդ պատասխան ունի․ «Պիտի նախընտրէք տարբեր ինքնութիւններ ունենալ։ Եւ միայն որակական բաղդատութիւններու միջոցաւ վերլուծաբանը կը զատորոշէ՝ կարեւորելով առարկայական եւ ենթակայական տարրերը մասնայատկելով, մանաւանդ որ «Սփիւռքի տարածքին տարբեր ինքնութիւններու գոյակցութիւնը մարդկային իրաւունքներու պարունակին մէջ» տարբեր դրսեւորումներ ունին, եւ ասիկա իրողութիւն մըն է՝ պատմական յիշողութիւններով, մշակութային առանձնայատկութիւններով դրսեւորող՝ քաղաքակրթութեան յստակ արգասիք․․․
Արթուր Անդրանիկեան
+374 94/91/ 423 159