Ուրուագիծ դիմանկարի համար. Զաւէն Մսըրլեան

Սիրելի Մսըրլեան

մասնաւորաբար գնահատելի կը գտնենք Ձեր գործը, նկատի ունենալով Ձեր ծանր պատասխանատուութիւնն  իբրեւ Երկրորդական վարժարանի տնօրէն։ Արդար եւ ճշմարիտ նուիրում կ’ենթադրէ այդպիսի ծանր աշխատանքէ մը ետք պատմաբանասիրական ուսումնասիրութեանց ձեռնարկելը։ Դուք կարողացած էք երկուքն ալ իրագործել հաւասար յաջողութեամբ։ Ձեր գործը կարեւոր տեղ մը կը գրաւէ Հայկական Դատի շուրջ հրատարակուած գործերուն մէջ։

Ալէք Մանուկեան

ՀԲԸՄ ցկեանս նախագահ

 

Բարեբախտութիւն է հանդիպիլ մեծանուն պատմագէտի մը, որուն անձնապէս ճանչցած ես՝ տարիներ առաջ իր ուշարժան հատորը կարդալէն ետք։

Զաւէն Մսըրլեանի «Երեք դաշնագիրներ» /1979թ․/ աշխատութիւնը խորհրդա-թրքական յարաբերութիւններու շուրջ տպաւորած էր յատկապէս այն առումով որ պատմագէտը խնդրոյ առարկայ դարձուցած եւ խորագոյն քննութեան ենթարկած էր Կարս-Արդահանի նաեւ Արցախի, Նախիջեւանի եւ Ախալքալակի հայութեան համար տակաւին համաժամանակային, ինչու ոչ, անմարսելի համարուող միջազգային թնճուկը․․․

Աշխատութիւն, որ դժուարութիւն ունեցայ փնտռելու, գտնելու, կարծեմ այն տարիներուն արգիլուած ըլլալու հանգամանքովը։ Եւ առաջին տպաւորութիւնս հեղինակի մասին այն էր,- տրամաբանօրէն կը կարծէի, թերեւս նոյնիսկ վստահ էի,- որ հիացմունքիս արժանացած պատմագէտներու փաղանգէն է․ նկատի ունիմ Յակոբ Ճ․Սիրունին, Լեւոն Չորմիսեան, անոնց ժամանակակիցը։ Տարիներ անց իրողութիւնը բացահայտուեցաւ, երբ ՀՀ նախագահի հրամանագրով /2014թ․/ Մովսէս Խորենացիի մետալին արժանացած Զաւէն Մսըրլեան այցելեց Երեւան։

Բոլորովին այլ բարեբախտութիւն մըն էր, երբ տարիներ յետոյ մինչ այդ  «ճանչցածդ» պատմագէտին կը հանդիպիս /2022թ․ շնորհիւ բազմահմուտ բանասէր բարեկամիս՝ Կարօ Աբրահամեանի/ կը զրուցես անոր հետ իբրեւ ժամանակակցի եւ կը ստանաս ընծայագրուած հատորներ, բայց բնաւ չես հրաժարի՝ ատենին տպաւորուած այն ցանկութենէդ, որ ինք յատկանշական անձնաւորութեանց փաղանգին կը պատկանի։

Զաւէն Մսըրլեանի «տեղը եւ դէրը»,- հոգեմաշ արտայայտութիւն մը շատոնց գործածական,- հայ պատմագրութեան պարունակին մէջ շեշտ դարձակէտային է յատկապէս այն առումով որ պատմութեան հաւաստագրութեան անաչառութեանը «կը ծառայի» եւ վերլուծակերպի նպատակայնութիւնը անժխտելի հանգամանքներու ու տարապայման ձգտումներու ընդմէջէն «դուռ կը բանան», որպէսզի Հայոց անիրաւուածութեան խնդիրը վերստին քննարժանուի։

«Հայկական հարցի հոլովոյթը, 1939-2010» հատորը կը ներկայացնէ մինչեւ 70-ական թուականները երկարող հակամարտութիւններու քայլարշաւը․ «Հայկական հարցը թուրք-ամերիկեան եւ թուրք-խորհրդային յարաբերութիւններու լուսանցքին վրայ /1974-1977/» ենթաբաժնին մէջ նոյնպէս ներառնուած են միջազգային համաձայնագրեր /Հելսինքիի, ԱՄՆ-ի Ծերակոյտի արդարադատական Յանձնախումբի/, բայց տարբեր պետութիւններու միջեւ տարաձայնութիւններու անզսպելիութեան վտանգաւորութիւնը կը ստիպէ անոնց ձեռնպահ մնալ․ «մոռցուած հողը կրնայ ՆԱԹՕ-ի ռազմադաշտ մը դառնալ»՝ ըստ լոնտոնեան «Թայմզ»ի զինուորական թղթակիցի․ Մտավախութիւն մը Երրորդ աշխարհամարտի «սկիզբի» խորքին մէջ նկատի ունեցած էին այն որ Թուրքիան ի հարկին կրնար ռազմական հակազդեցութեան դիմել։ Այս պարագային կը վտանգուէր նաեւ Հայաստանի սահմանները տարբեր ուղղութիւններով․․․

Հատորն ընդհանրապէս լայնընդգրկուն ժամանակաշրջանի մը ընդհանրապատկերը կը ներկայացնէ․ համաշխարհային Բ պատերազմին /1939-1945/ ընթացքին, Դաշնակիցներու եւ Թուրքիոյ միջեւ եղած յարաբերութեանց պատմագէտի անկողմնակալ նկատառումները, եզրահանգումները կ’առնչուին ոչ միայն ԽՍՀՄ շարք մը միութենական հանրապետութիւններու քաղաքական վարքագիծին եւ «ցանկութիւններուն»՝ անդամագրուելու միջազգային կառոյցներուն /յատկապէս, երբ «ՄԱԿ-ի հիմնադիր անդամներ ընդունուեցան Խ․Միութիւնը եւ իր բաղկացուցիչ հանրապետութիւններէն Ուքրանիական ԽՍՀ ու Պելոռուսական ԽՍՀ-ն/ այլեւ Խ․Ռուսաստանին վերաբերող Կարսի դաշնագրին․ «Այդ օրերուն անգլիական «Էկոնոմիստ» թերթը Ռուսիա եւ Միջին Արեւելք խորագրին տակ կը գրէր․ «Վերջապէս Խորհրդային Հայաստան կրնայ 1921-ին Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ կնքուած Կարսի դաշնագրին վերաքննութիւնը պահանջել․․․»։ Եզրահանգում մը․ արդեօք կարելի է կարծել, որ ասիկա նախամտածուած Խորհրդային քայլ մըն էր թուրանականութեան դէմ պաշտպանութեան «ձեւին տակ», այն, ինչ «Կարս եւ Արտահանի պահանջք» 1945-ին յաջորդող գլուխին մէջ Զաւէն Մսըրլեան տարբեր փաստարկներով կը ներկայացնէ ժամանակաշրջանի «Արեւելեան տարածքներու» նկատմամբ ունեցած իրենց շահը եւ նկրտումները «փայփայող» երկիրներու եւ Խ․Միութեան ընդմէջ հակամարտութիւնը։ Նոյնիսկ բրիտանական-խորհրդային օգնութեան միացեալ յանձնախումբ մը ստեղծուեցաւ՝ ուղերձով մը՝ խնդրելով ՄԱԿ-ին, որ «արդարութիւն ըլլայ եւ հայ ժողովուրդը վերամիանայ իր պատմական սահմաններու մէջ»։ Այնուհետեւ, պատմական զարգացումին «ընթացք տալով» Զ․Մսըրլեան կ’արձանագրէ․ «Խ․Միութեան փլուզումէն ետք յայտնի եղաւ որ Ստալին 1945 օգոստոսին Խ․Միութեան Արտաքին գործոց նախարարութեան պատրաստել տուած է ծրագիր մը, որուն հիման վրայ Թուրքիայէն Կարս Արտահանի շրջանը առնելէն ետք 20․500 քռկ․ քլմ հայկական եւ 5․500 քռկ․ քլմ․ վրացական հողեր պիտի միանան միութենական հանրապետութիւններուն, բայց հայկական պահանջներուն թրքական հակազդեցութիւնը բուռն էր»։ Պատճառներէն ամենահիմնաւորը՝ հայերուն բացակայութիւնը յիշեալ շրջանէն եւ Թուրքիոյ տեսակէտէն ռազմագիտական կարեւորութիւն էր խնդրոյ առարկայ։

Հետագայ տարիներուն նոյնպէս «հողային ամբողջականութեան» խնդիրը շարունակաբար կ’արծածուի, մանաւանդ 1965թ․ հայաստանեան իրադարձութեանց խորապատկերի վրայ առաւելս կ’առարկայանայ Հայոց պահանջատիրութեան նկրտումներու ողջ գունապնակը։ Զ․Մսըրլեան որպէս պատմական զարգացման ընթացքը ուշադրաբար զննող պատմագէտ չէր կրնար զանց առնել տարածաշրջանային մակընթացութիւնները եւ տեղատուութիւնները եւ չարծարծէր սահմանային զարգացումային ընթացքը՝ անգայտացող դրսեւորումներով․ «Թուրք-խորհրդային սահմանի վերաշինման բանակցութիւնները» /1969-1973/ եւ 1973-ի համաձայնագիրը» /գլուխ Զ/։

«Հայերը Համաշխարհային Բ պատերազմին /Պէյրութ, 2020 թ․» հատորի նախաբանին մէջ Զաւէն Մսըրլեան նաեւ անձնական վերապրումներու «կ'ենթարկուի», ինչ որ առաւելս «կ’ապրեցնէ», զարկ կու տայ ընթերցողի հետաքրքրայարոյց ըլլալուն․ «Բ․ Աշխարհամարտը, թերեւս վաղ մանկութեանս կը զուգադիպէր, ձեւով մը ապրեցայ եւ զգացի պատերազմի պարտադրած որոշ պայմաններ։ Կը յիշեմ Յունիս-Յուլիս 1941-ին Պէյրութի ռմբակոծումը անգլիական օդանաւերէն, քանի գետնի վրայ իշխողն էր վիշիական Ֆրանսան, կը յիշեմ, թէ ինչպէս մեր տան նրբանցքներուն կը պարկէինք գիշերները, կը յիշեմ մօրս արցունքները․․․»։

Ընդհանրապէս, պէտք է արձանագրել, որ Զաւէն Մսըրլեան պատմագիտական յոյժ արժեւոր մեթոդի կը հետեւի։ Աղբիւրագիտական տուեալները վերլուծաբար կը ներկայացնէ՝ ճշդումներ արձանագրելու առումով։ Այն, ինչ պատմա-համեմատական սկզբունքի պահանջքն է, այս կերպ կը պահպանուի իրադարձութեանց միջժամանակային ընթացքի անսխալականութիւնը, ըսել կ’ուզենք՝ սկզբնական, հիմնաղբիւր վաւերագրերու հաւաստիութիւնը, կնքուած պայմանագրերու միջպետական համաձայնագրերու,- տարբեր երկիրներու միջեւ,- յանձնարարականներու եւ պետութիւններու միջեւ եղած հակամարտ դիրքորոշումներու խորապատկերի վրայ այլեւայլ դրսերուոմներ, զորս կ’առնչուին հայութեան ճակատագրին՝ հիմնաւորապէս։ Հոս էականը պատմաքաղաքական նկարագրականներն են՝ յստակ մէջբերումներով արեւմտեան եւ յատկապէս Թուրքիոյ թերթերէն․ «Սապահ» իր 29 յունիս 1969-ի թիւին մէջ կը գրէ․ «Ռուսերը սկսան Թուրքիայէն հող պահանջել։ 1969-ին սկիզբը այս ուղղութեամբ ելան ըսելու, թէ թուրք եւ ռուս սահմանը արդարամտութեամբ ճշդուած չէ, հետեւաբար նոր սահմանագլուխ մը պէտք է գծել։ Բուն պահանջը տարբեր բան է, սակայն Ռուսիա կը պահանջէ Կարսը եւ Արդահանը․․․»։

Անշուշտ, Ռուսիոյ նպատակը պարզ էր, աւելին, զուտ կայսերապետական։ Ցանկութիւնը՝ Հայաստանը իր հողերուն կցելը եւ սահմանակից ըլլալը, ոչ թէ հայութեան փափաքի իրականացումը։ Մինչեւ 70-ական թուականները երկարող հակամարտութիւններու քայլարշաւը կը շարունակուի․ «Հայկական Հարցը թուրք-ամերիկեան եւ թուրք-խորհրդային լուսանցին վրայ /1974-1977/» ենթաբաժնին մէջ նոյնպէս ներառուած են միջազգային համաձայնագրեր։

Արդեօք պիտի գա՞յ ժամանակը Հայկական հարցի․ կարծես թէ ամեն յոյս կը ներշնչէ Զաւէն Մսըրլեանը իբրեւ խորագիտակ պատմագէտ եւ յատկապէս Հայ Դատի լիարիւնութեան դեսպան  մտաւորական, մանկավարժ։ Այս ամենը, ինչ կը վերաբերի հայութեան հողազրկումին, իրականին մէջ՝ ոգեզրկումին, կը շարունակուի նաեւ նոր ժամանակներու եւ իրաւակարգերու ատեն՝ Հայաստանի անկախութեան շրջանն ալ ներառնուած է Զ․Մսըրլեանի պատմագիտական հետաքրքրութիւններու ծիրին մէջ․ «Հայկական հարցի հոլովոյթը Ս․Միութեան անկումի նախորդող անմիջական շրջանին /1988-1990/»։ Արդէն իսկ խնդրայարոյցը այն է, որ Զ․Մսըրլեան աշխարհաքաղաքական հենքի վրայ կը մասնայատկէ Թուրքիոյ մտահոգ պետական դիրքորոշումն անշուշտ, Վազգէն Ա կաթողիկոսի արտայայտած խօսքերէնք՝ պատմութիւնը յեղաշրջող․ «Կը հաւատամ, որ օր մը դարձեալ կը հաւաքուինք Արարատ լեռան շուրջ եւ մեր երազները պիտի իրականանան»։ Հաւանաբար պատմագէտը նոյնպէս ներշնչուած է այս անխուսափելի բաղձանքով․․․ Եւ կը եզրահանգէ․ «Հայկական Հարցը շարունակուող հարց մըն է, որ իր աւարտին չէ հասած, ուստի վերջաբան չունենար։ Հայկական Հարցի հոլովոյթը կը շարունակի․․․»։

«Հայերը համաշխարհային Բ Պատերազմին» աշխատութիւնը /Պէյրութ, 2020/ արդէն նոր ժամանակներու, նոր մարտահրաւերներու շուրջ «կը համախմբէ» պատմագէտի գիտական մտածողութեան եւ մտահոգութեանց ողջ տեսածիրը․ «Սփիւռքահայ քաղաքական խմորումներ» համաշխարհային Բ պատերազմի նախօրեակին /1933-1939՞», քաղաքական նոր իրադարձութեանց ատեն պատմագէտ-վերլուծաբանի միտք բանին բոլորուվին այլ իրողութիւններու սեւեռած,- չենք վարանիր ըսել տակաւին անյատ-անիմանալի դէպքերու, դէմքերու միջոցաւ քաղաքական թատերաբեմ կը հրաւիրէ հետեղեռնեայ հայերու սերունդները, կը քննաբանէ «ցեղակրօններու շարժումը» նացի Գերմանիոյ մէջ։ Հանգամանալի կը ներկայացնէ պատճառները, հետեւանքները, կը մասնայատկէ սփիւռքահայ կուսակցութիւններու դիրքորոշումը՝ Երկրորդ աշխարհամատէն առաջ եւ յետոյ։ Կ’անդրադառնայ Հայկական լէգիոնի կազմաւորման շարք մը խնդիրներու, յստակ նկարագիրը կու տայ Հայկական զօրաբանակներու՝ Հարավային Կովկասի մարտերու ատեն՝ գրաւեալ Եւրոպայի դիմադրական շարժումներու /1941-44/ ընթացքին․․․ միով բանիւ, պատմական ողջ ժամանակաշրջանի մը իրաւ համապատկերը կը նշմարուի․ եւ ինչպէս կը նշէ յառաջաբանին մէջ, ջանացած է ըստ կարելւոյն․ «Բ պատերազմին Հայկական առանչութիւնները պատմագրել, վաւերաթուղթերու, փաստերու եւ կարեւոր սկզբնաղբիւրներու վրայ, որպէսզի ազգովին սերտուին անցեալի պատահարները, ապագայի մտահոգութիւններով»։

Յիրաւի՝ սխրանք մը, իրագործուած Զաւէն Մսըրլեան անձանձիր պատմագէտին նուիրականութեան շնորհիւ։ Եւ մենք ալ պարտ ենք վարձահատոյց ըլլալ գնահատանքով՝ աննահանջ յամառութեամբ մը․․․ չմոռնալով, որ 2028 թ․ կը լրանայ մեծանուն պատմագէտի 90-ամեակը։

Արթուր Անդրանիկեան

andranikean@yahoo.com

+374 94/91/ 423 159

62
Հոկտեմբեր 26, 2026

Կայքը գործում է ՀՀ կրթության, գիտության, մշակույթի և սպորտի նախարարության աջակցությամբ։

© 2012 Cultural.am. Բոլոր իրավունքները պաշտպանված են ՀՀ օրենսդրությամբ: Կայքի հրապարակումների մասնակի կամ ամբողջական օգտագործման ժամանակ հղումը կայքին պարտադիր է: