Ուրուագիծ դիմանկարի համար. Մատթէոս Զարիֆեան
(Կ․Պոլիս, 1894- 1924)
Երբ մեռնիմ, օտար աստղերու տակ, հեռուն, այն ատեն քանի մը արցունք բաւ է ինծի, բայց եթէ հողակոյտս մօտ ըլլայ քեզի, կ՛ուզեմ որ ամէն գարունի գոց-գոց լելակ բերես ինծի, շատ կը սիրեմ ես այդ ծաղիկը․․․
Մ․Զարիֆեան
Սիրոյ զգացմանը անհունապէս կարօտ ըլլալը արդեօ՞ք մտապատրանք եղած է բանաստեղծի մը համար զոր մահ կ՛երգէր, երբ բնաւ չէր ճանչցէր զայն, որու՞ն՝ Պետրոս Դուրեանի՞ն «հոգեւին վէպ կը պատմէր»՝ գոց գիտնալով «Իմ սկիզբը, իմ վախճանս եղաւ»․․․ թուացեալ պատգամը։ Մեծարենցի՞ն՝ «Տուր ինծի Տէր, ուրախութիւն անանձնական» ոգելով հիւանդահիւծ ու խոնարհ կը յիշէր․․․ զանցառուա՞ծ կը զղջար, թէ անզօրութեան հաւատով էր լեցուն․ «Հիմա՞, հիմա, հոգիիս վրայ ծիածաններ կը կամարուին», բայց Մատթէոս Զարիֆեանի կեանքի եւ մահուան ընդդմէջէն խռովքը միշտ առկայ կը բոցկլտայ, տակաւին այն տարիներէն, երբ տղեկ մըն էր երազային եւ Կէտիկ Փաշա թաղին մէջ կ՛ապրէր ու յետագային ալ, երբ կրթութիւն կը ստանար Իճատիէի դպրոցին, Պարտիզակի Ամերիկեան Գոլէճին ու Պէրպէրեան բարձրագոյն վարժարանին մէջ․․․
1913 թուական, հասունցած շրջան մը Մ․ Զարիֆեան կը մեկնի Ատանա որպէս ուսուցիչ անգլերէնի եւ մարմնամարզութեան․ եւ ստամոքսի հիւանդութեան նախանշանները արդէն այս օրերուն զգացնել կու տային։ 1914-1918 թուականներ, Տաճկական զինուորութեան տարիներ, եւ անկէ տարի մը ետք Մ․Զարիֆեանկ՛աշխատի թարգման անգլիական բանակին մէջ։ Յետագային կարճ միջոց մը կը պաշտօնավարէ Պէրպէրեան վարժարանին մէջ․․․․․․ Ահաւասիկ թերաւարտ կենսագրականը բանաստեղծի մը, զոր բնաւ չէր գիտէր երթալ․ «Դէպի ո՞ւր՝ սիրտըս թափուր, բայց կ՛ունկնդրէր «լացը սրինգին»։
«Տրտմութեան եւ խաղաղութեան երգեր» /1921/, «Կեանքի եւ մահուան երգեր», /1922/․ երկու հատորները Զարիֆեան հրատարակած է կենդանութեան օրօք։ Մահուանէն /9 ապրիլ, Կ․Պոլսոյ Մեծ կղզիին ամառանոցներուն մէկու մը մէջ/, իր բարեկամուհիին՝ տիկին Կիւրճեանին կը գրէ․ տակաւին ապրելու յոյսէն անզինաթափ․ «Չկարծէք թէ շատ հիւանդ եմ, ոչ, հոգիս մարմինիս կապող շղթաները խիստ ամուր են, այնպէս որ մահուան հրեշտակը պէտք է բաւական զբաղի ինձմով, խեղճը արդէն իսկ շնչասպառ եղած է ու քրտինքը ճակտէն կը կաթի՝ խոշոր կաթիլներով․․․»։
Ուրեմն մահուան կէս ճամբուն վրայ յոյսի ծուէններ երեւցած են եւ խորքին մէջ բանաստեղծը զանցառած է ընդունիլ իրմով «զբաղող» տարաժամ «այցելուին», որուն գոյութիւնը արդէն իսկ մարմնապէս,- ոչ հոգեւին,- զգացած էր․․․ բայց կարելի չէ «անցնիլ» ցաւէն,- թերեւս տառապանքէն անդին, «ցաւէն շիջած», բայց «անտառին մէջ» կեանքն ըստ էութեան խաղաութեան ու սփոփանքի իմաստաւորում «ընդելուզած» է, եւ ապրելու բերկրանքը բանաստեղծէն հոգեկան պոռթկումններ կը պահանջէ՝ տրտմութիւն երգելու փոխան նաեւ խաղաղութեան երգերուն ունկնդիր ըլլալ, եւ «կը նօսրանայ երկրի եւ երկնքի աղերսն իրարու հետ», ինչպէս «բոլոր մարդկային կեանքերու յօշոտող անձկութեամբ տոգորուն սա գերազանցապէս Զարիֆեանական եզակի բանաստեղծութեան մէջ․․․» /Աբրահամ Ալիքեան/։
Անտառին մէջ։ Որքան ատեն է հոս եմ․․․
Եղնիկներն ահա ամէնքն կ՛երգեն,
Երա՞զ մը արդեօք։Իրաւ, ինչու՞, կ՛արտասուեմ։
Բայց այս կատարը հեռու չէ երկնքէն․․․
Եղնիկները կ՛երգեն․․․
Մատթէոս Զարիֆեան ազատ էր․․․ ինքն իրմէ եւ աշխարհ մը կը երեւակայէր, ուր իր խոկումներէն զօրութիւն գոյաւորուած էր, ու կը ստիպէր զինք անվհատ ապրելու պատգամի մը ունկնդիր ըլլալ, ինչպէս «Տրտմութեան եւ խաղաղութեան երգեր» ժողովածուի «Յառաջաբանին» ողջերթի խօսքի մէջ կը գրէ Շահան Ռ․Պէրպէրեան․ «Մտերիմ բան մը՝ որ ամէնէն պարզ բառերուն իսկ կը թափանցէ ու անոնցմով քեզի կը հծծէ․․․», իրապէս, Զարիֆեանի տողերուն ետին կայ իր անսփոփելի ներկան, զոր իմաստաւորուած լոյս կ՛արձակէ․ «Հսկայ լապտերը ճամբուն», երբ «դեռ նոր էի ճանչցէր զայն», բայց տակաւին չէր գտած «հոգւոյ ճամբան»․․․ Վերստին մոլորումներու ընդմէջէն, ապաւինած միանկութեան զգայախաբ տեսիլքներուն, աւելին գիրկընդխառն կ՛երեւակայե՞ր, թէ՞ իրականութեան մէջ իրական տեսիլքի,- գուցէ եւ անձնաւորուած,- մը զոհաբերուիլը կը գիտակցէր՝ ինքնակարեկցօրէն․
Պզտիկ աղջիկ մը ինծի կ՛ըսէ,
Թէ զիս խենթի պէս կը սիրէ,
Պզտիկ աղջիկ մը զիս սիրէ։
«Կարեկցութիւն»
Եւ անդունդի մը,- անցեալ կորուսեալի,- պատկերը հակառակ իր՝ երիտասարդի մտատիպարի առկայծումներէն՝ հեռաւորութիւն մը «կը պահանջէ»։ Ինքնազոհողութեան բուռն ձգտում մը, խոնջէնք մը․ «Յետոյ գացի հեռուն լացի․․․»։ Ուր երթալն իսկ արդեօք ինքնասփոփում կը վկայէ, երբ «հսկայ ցուրտի տրտմութիւնը» զգլապէս կը ոգեշնչէ՞, թէ կը զրկէ «նոճիի սեւ շուքին տակ» կեանքն առաւելս «ընթերցելու»՝ «ցաւն հաճոյքին» ճանչնալու՝ որ սոսկ զգալապէս, այլ դասական իմաստիւ՝ բանականութեամբ․․․
Արդ, կը խորհիմ,- վստահ եմ, Զարիֆեանն ալ խորհած է,- որ «հոգիիս վէպն էի պատմէր» եւ ընթացքն իսկ յետագայ ապրումներու՝ «կապոյտ ապրումներու ճաշակն» ունեցած էր բանաստեղծը․․․
Պատմութիւնը կը շարունակուէր, ինք կը շարունակէր, հիւծ, ցաւէն շիճած, բայց բնութեան տեսիլքներէն դոյզն ինչ կազդուրուած։ Ամեն պարագայի ցանկացած բանաստեղծի համար ինքն իրմէ հեռանալը նշանակալից նպատակ մըն է Աստուծոյ գոյութիւնը ճանչնալու համար, թերեւս՝ ի գին ամեն բանի։ Եւ կարծես թէ Աստուծոյ երաշխաւորութեամբ հոգեղէնութիւնը կը վերածուի․․․ հողեղէնութեան եւ կը ստեղծուի խոստացեալ՝ իռացիոնալ մթնոլորտ մը, այլ խօսքով՝ գիտակցութեան անկումին կը յաջորդէ հոգւոյ փրկութեան տրամը․․․
Իր հոգիին մէջ ու երբեմն ալ անդին ապրած է Զարիֆեան․ տարօրէն երազած, երբ «կ՛երթար համբոյր մը առնելու աստղերէն», այդ համբոյրի զգացողութենէն չէր սթափած՝ կը երազէր որ ճամբայ մը ունի իր առջեւ, ու չնայած աւրուած հոգիի զգացումը թոյլ չէր տար առաւելս ․․․ երազելու։ բայց ինչ ալ ըլլար «Պայծառ վաղը․․․ վայրկեան մը իսկ չէր թողուր որ գիտակցէ, որ ինքն իր իսկ անհունն է»՝ մութին ետին։ Այդժամ «անմեղ» հայեացքովս աչքերուն մէջ» նայելէն յոգնութիւնը կը շարունակուի։ Որու՞ աչքերու մէջ կը նայի, ապաւինութիւն կը փնտռէ, եւ ի՞նչ արբեցութեամբ տեւապէս կը յիշէ իր ճակատագրակիցը՝ Միսաք Մեծարենցը․ «Ծիածանը» մը ձեռք ձգած եմ եւ ամբողջ օրը կարդացի։ Ի՞նչ հոգի՝ սա Մեծարենցը․․․ Ես իրմէն սիրերգ մը եւ մէկ քանի երկրորդական կտորներ կարդացած էի։ Մեղք որ ատենին չենք ապրէր։ Ի՞նչ երկնային բան պիտի ըլլար այս տղուն հետ գլուխ-գլխի տալ Թէփէի /Սկիւտար,- Ա․Ա․/ տակ՝ կիրակի իրիկունները․․․ Մեծարենց կը խմէ՞ր արդեօք։ Սիրունիին,- կ՛ակնարկուի Յակոբ Սիրունիին,- Ա․Ա․,- ասիկա հարցուր անպատճառ, է, հոյակապ մանրամասնութիւն մըն է աս։ Երեւակայէ, Գէորգ․․․ Մայրամուտ, Մեծարենց, օղի- այս երեքը ունենալ․․․» /Գէորգ Մեսրոպին գրած նամակէն/։
Մահուանէն տարի մը առաջ գրած սա ներշնչուն տողերն, իսկ խոստովանութիւն է, ինքնեղ՝ Զարիֆեանական, եւ միայն իր աղօթող հոգիէն կու գայ՝ իր էութենէն հրդեհուած, կեանքի եւ մահուան ընդմէջէն կը շողարձակին «Կեանքի ու մահուան երգերը»՝ վերջին մատեանը բանաստեղծի, վերջին աղօթքները յոգնութիւն բնաւ չճանչցող, ըսել կ՛ուզենք՝ չյանդուրժող՝ հոգւոյ կենսունակութիւն՝ ապրելու կարօտէն ծլարձակ․
Հոգիս պզտիկ աղբիւր մըն է արծաթէ,
Գիշերին մէջ գըլգըլացող ու լացող,
Ու քէն չունի ժայռերուն դէմ, կ՛աղօթէ,
Ու լուսնակէն կը սպասէ լոկ շիթ մը ցող։
/«Հոգիս»/
Շիթ մը ցող, զոր կ՛երթայ դէպի աղբիւրը լոյսին․ բոլոր մեծ հովերուն կործանումը այդպէս ալ․․․ վայելած՝ «արնաքամ քեզի կու գամ»։ Կ՛ըսէ՝ ոչ քմահաճոյքով իր չհուսացած եւ չհասունցած իղձերու, այլ նաեւ ինքնակործան՝ «կեանքին հաւատալու» դոյզն ինչ «միջոցէ մը» այլեւս զուրկ, որքան ալ անրջահեւ ծաւալումներէն ապրելու վերջին տենչի մը կարօտի, այնուամենայնիւ, գիտակցումն ունի «կ՛անցնիմ հովի մը պէս թեթեւ․․․»։ Անցողիկութեան զգացում մը, մայրամուտ մը՝ մահամերձ երկինքին դէմ, մինչ «երկինքն անանց էր եւ կեանքը չի տեւէր» /Ինտրա/։
«Երեկ, մայրամուտին միջոցին աղօթքի բուռն յոյզեր ունեցայ, նորէն ինչ որ նշանն է ծայրայեղ յուսահատութեանս։ Ամեն անգամ որ ալ սպառած զգամ ինքզինքս, գրեթէ անգիտակից մղումով մը կը փարիմ անծանօթ գերիվեր ուժի գաղափարին։ Միշտ ալ այդպէս եղած է, նոյնիսկ սա վերջին երկու տարուայ մէջ, ուր սկեպտիկութիւնս ու բարոյական ինքնալքումս անդունդ բացած են հոգիիս մէջ․․․ Չեմ հանդարտիր, չեմ մխիթարուիր այդ փարումով․․․»։
«Զինուորական ծառայութեան տարիներ․ /1916-1918/ օրագրութենէն
Կը մնայ․․․ «Երեկոյ մը խենթանա՞լ»․․․
Մատթէոս Զարիֆեան որ խենթութեան օրեր ապրած է ողջ կեանքի ընթացքին,- գինովցած խենթութիւն մը՝ լռութիւնով անբաւ,- վերահսկելի, ինքն իրմով իր ապրումներէն տարուած կամ որ իրեն աւելի մասնայատուկ է վտարուած՝ բան ա ստեղծումի պերճանքն ու թշուառութիւնը գիտակցած․․․ անվերծանելի, անշոշափելի էակի մը կարօտիւ՝ թերեւս չգիտակցած իր գիտակցումը անսայթաք եղած է՝ անցած բոլոր ճամբաներէն, անյուսօրէն մինչեւ այն պահը, երբ «կապոյտ երկինքը հոգիիդ կրցայ տեսնել»։ Արդեօք տեսա՞ւ՝ ընկղմուած իր ցաւագալար գիշերներուն մէջ, թէ՞ «Մահն ապրիլ է ինձ համար» ինքնայորդոր մը, զոր տարիներու իր «երազն էր հին»՝ պահ մը սթափեցուց զինք ու մահուան համբոյրը ճակտին դրոշմած ըլլալու գիտակցումէն միայն արթնցաւ։
Կը խորհիմ,- կը խորհինք վստահաբար,- որ այլեւս արթնցած է եւ կ՛ապրի Մատթէոս Զարիֆեան եւ ինքն ալ խորհած է․
Կը խորհէի – ինչ խոր ննջել
Ոսկէ ժամը հնչեց, հնչեց․․․
Անլռելի պատարագրի մը պէս իր ոսկիէ ժամը շատոնց հնչած է․․․ կամարներուն տակ մարմրող վերջալոյսներու եւ տեսիլք մը «Մեր աչքերու առջեւ միշտ կը յայտնուի»։ Բանաստեղծի տեսիլքէն եւ ներկայութենէն կը սթափուինք՝ գրեթէ աղօթաբոյր Զարիֆեանական հոգեպարար զգայնութեններէն։
Արթուր Անդրանիկեան
+374 94 42 31 59