Հրաչ Զարդարեան. Հատված «Որբացող մարդիկ» վեպից

Օտարուածութեան եւ
անյուսալի սպասումների ընդմէջ
վերջաբան

Դուք պիտի գաք եւ չիմանաք մեզ ու այսօր

աստանդական սէր ու տենչանք ենք տարագիր…

Յարութ Կոստանդեան

Այս վէպը, վերջնեկ մանուկ, գրական

ընտանիքին մէջ, ծնաւ անակնկալօրէն։ Ան եկաւ, լեցուց

ներկան իր կեանքովը, մեկուսացուց հինը, եւ խլեց

առաջնութեան բոլոր իրաւունքները։ Այսպէս էկեանքը

- քիչ չափով հեղինակն ենք դէպքերու շարայարութեան,

գէթ մեր անհատին գիտակցական մասովը։

Անհրաժեշտ է յայտնել նաեւ թէ ինչ

աստիճանի ամուլ աշխատանքի մը նուիրուած պիտի

ըլլայ ընթերցողը որ այս երկի անձնաւորութիւններուն

ետեւ ինքնութիւններ պիտի ուզէ հաստատել Հարկ չկայ

օգտագործել ծիծաղելի պատրուակը՝ գրական Թրիւքը՝

թէ այս գործը երեւակայութեան ծնունդ է։

Ատիկա ուրիշ բան պիտի չըլլար եթէ ոչ

աւելի շեշտուած հրաւէր մը դէպի գրականութեան

խորթ մտազբաղումները։ Ուրիշ խօսք որ այդպիսի գործ

գոյութիւն չունի։ Ամէն ինչ որ կայ՝ կ՚ենթարկուի

սննդառութեան իր մասնայատուկ գործառնութեանը։

Երեւակայական անձնաւորութիւններն ալ ինչպէս

բոլոր մնացեալը, գոյութիւն ունենալու, աճելու համար

կը սնանին կեանքէն, կեանքով։

Հր․Զարդարեան

Յետեղեռնեայ ժամանակաշրջանը եթէ աննախադէպօրէն արտասովոր էր աշխարհում տարասփռուած հայ հաւաքականութեան կեանքում, ապա,- գուցէ եւ զարմանալի թուայ,- արգասովոր էր յատկապէս գրական-ստեղծաբանական առումով: Այս հանգամանքը իւրօրինակ յղում-յորդոր է գալոց, այսօր՝ մեզ, վաղը՝ ապագայ սերունդներին, որոնց անշուշտ կը հետաքրքրի, թէ ինչ պայմաններում է ապրել, ոգեշնչուել, ոգեկոչուել մնացորդաց այն սերունդը, որը արմատախիլ հայութեան արմատախրումին նպաստեց ինքնազոհաբար:

Այս շրջանի, մասնաւորաբար 30-ական թուականներից սկսեալ սփիւռքեան վիպական ժամանակաշրջանը՝ վէպի, իբրեւ նոր աշխարհայեացք ձեւաւորող կարեւորագոյն գործօն եւ ժամադրավայր ինքնօրինակ տարեգրութիւն է, եւ եթէ որոշապէս ուրուագծելու լինենք, ապա Հրաչ Զարդարեանի «Որբացող մարդիկ» վէպը (1953) յաջորդում է հեղինակի «Մեր կեանքը» /1934/ վէպին, չնայած «Մեր կեանք»ում տեղի ունեցած իրադարձութիւնները ոչ այնքան եւ ոչ այնպէս էին փոփոխութեան ենթարկուել, եւ եթէ առանձնայատկօրէն կրել էին որոշակի փոփոխութիւններ, ապա «մարդիկը եւ տեսարաններ»ը գրեթէ նոյնն էին մնացել, քանի որ հոգեվիճակների,- Հայ մարդու ինքնապայքարի, ինքնագտնումի, ինքնազննումի,- նոյնականութիւնը տարբեր վէպերի՝ այլազան կերպարների վարքագծում՝ «նոյն արիւնէն կու գայ»: Դոյզն ինչ համեմատական ուրուագիծ. 30-ական թուականներին հրատարակուած Նիկողոս Սարաֆեանի «Խարիսխէն հեռու» վէպի հերոսը՝ նախկին զինուորական Մարտիրոսը կնոջ՝ Զարուհու հետ նոյն չհամակերպուածութեամբ էր ապրում՝ ազգայինը մերժելու, օտարոտի բարքերին տրուելու առումով, ինչ համեմատաբար աւելի ուշ հրատարակուած Հրաչ Զարդարեանի «Որբացող մարդիկ» վէպի երաժիշտ Հրանդ Նազարեանը կնոջ՝ Արփիկի հետ: Երկու դէպքում էլ իրավիճակի գրեթէ անփոփոխելի բախումն էր օտար,- օրէ օր մարդկանց օտարացնող,- իրականութեան հետ, այլ խօսքով անհատի գոյապայքարը շարունակւում էր ազգային վերյուշների խորապատկերի վրայ: Թերեւս, ինչ որ տեղ ինքնամխիթարեցնող, բայց յատկապէս գոնէ ինքնամխիթար գրողի /գրողների/ համար, որոնք ի վերջոյ գլխաւոր կերպարների գաղափարակիրները լինելուց զատ նաեւ իրենց մտահոգութեանց համար էին պատասխանատու…

«Անհատը եւ հայրենիքը» յօդուածում Ն.Սարաֆեանը չափազանց ինքնօրինակ նկատառմամբ նշում է գրականութեան թողած անբարերար ազդեցութիւնը «մարդոց հոգիներուն վրայ», խիստ մտահոգիչ յատկապէս նորակազմաւոր Սփիւռքի պայմաններում. «Բայց պէտք է թօթափել ոչ միայն մեր ուղեղին վրայ ծանրացող օտարութեան թաւիշէ մամուռը, այլ եւ մեր քայքայումէն իսկ ծնած նեխութիւնը, որ մանաւանդ քանի մը ախտաւոր գրողներու շնորհիւ մտաւ մեր գրականութենէն ալ ներս»: Ո՞րն է այդ «քայքայումին» հիմնապատճառը. Հր.Զարդարեանն արդարացի յուզումով նշում է՝ «Համայնքի մը քայքայումը»՝ կարծես երկրորդելով Ն.Սարաֆեանին: Իրապէս, հիմնապատճառը՝ բարոյական անկումը, գահավիժումն է, առկայ բարոյազրկումը՝ համատարած, վէպի գրեթէ բոլոր հերոսներին հետամուտ: Սպառնալից չափերի հասած այդ ցաւը հայրենազուրկ «հոգիներու» համար համընդհանուր էր եւ որբացող,- գուցեեւ ողբացող,- մարդոց տեսիլքներում. իրականութիւնից դուրս ապրելու, հոգեւին չզգալու միակ ելքը՝ հայաշխարհն էր, մինչեղեռնեայ տարիների: Եւ ինչպէս Հրանդ Նազարեանը, Պետրոսը նոյնպէս ինչ որ կերպ ճգնում էր դիմադրողունակ լինել. «Իսկապէս ալ, այդ տուայտանքներուն, այդ մղձաւանջին անձնատուր Պետրոս համակեցաւ յուսահատութեամբ մը, որ այդ սաստկութեամբ մինչ այդ չէր զգացած… ոտքի ելաւ, ծառացաւ իր եթերային անձնաւորութեանը մէջ, երկու թեւերը սեղմ բռունցքներով վեր բարձրացուց, առաստաղին քսուող հասակով՝ սկսաւ նզովել. «Արեւմուտք, Արեւմուտք… Քար քարի վրայ չմնայ…»:

Արեւմտեան իրականութիւն եւ հայութեան համար յոյժ շփոթելի,- հաւասարակշռութիւնից դուրս նետող,- բարքեր՝ թուացեալ քաղաքակրթութեան անուան տակ. ինչու՞ թուացեալ: Վերյիշենք վէպում ծաւալուող իրադարձութիւնների ժամանակաշրջանը. 40-ական թուականների աւարտ, Երկրորդ աշխարհամարտին յաջորդած տարիներ, տնտեսութեան՝ ըստ այդմ նաեւ բարոյականութեան անկում, յուսահատ ու հոգեւոր ամայութիւն տարասփռող մթնոլորտ, մանաւանդ Մեծ եղեռնը վերապրած սերունդի համար, եւ այստեղից բխող «սերունդի մը դառնութիւնը» կարծես թէ մշտանորոգ, յամենայն դէպս, մշտայորդ անցեալի եւ ներկայի ընդմէջ: Եւ Հր. Զարդարեանի,- իբրեւ գրողի,- գուցէ եւ ժամանակագրողի,- ընտրովի կերպարը՝ երաժշտի ընդհանրացումով կամ ընդհանրացուած կերպարի ոգեղինութեամբ, ոչ միայն պատահական չէ, այլեւ արմատացած ազգայինը կերպաւորելու հեղինակային ընտրութեամբ ճշմարտացիօրէն մեկնաբանելի- մեկնաբանուած: Այսինքն՝ ճշտորոշուած հենց ազգ-ընտանիք-իրականութիւն խորապատկերի վրայ: Եւ այն զուտ ցեղային՝ ընտանեկան յարկի ներքոյ ապրելու բաղձանքը՝ Նազարեանի եւ կնոջ՝ Արփիկի միջեւ ստեղծուած անբարեյոյս իրողութեան ոչ միայն հակասումն է, այլեւ ընտանիք-ազգապահպանում խնդրայարոյց գոյավիճակի անքակտելիութեան բացայայտումը:

Երբեմն փարիզեան վիպական այդ շրջանի վէպերը կենցաղի կամ բարքերի վէպ են յորջորջւում, եւ այս որակաւորումը այնքանով է ճշմարտացի, որքանով որ կերպարների միջընտանեկան եւ արտաընտանեկան /այսինքն հանրութեան հետ ունեցած առնչութիւնները/ յարաբերութիւններով է պայմանաւոր դիպաշարերով ընթացող զարգացումները: Իհարկե, մարդն իր հոգեբանութեամբ, առաւել եւս հայ մարդը ապերջանիկ է, ներքին պոռթկումներով միշտ ջղագրգիռ եւ Նազարեանի ցասումը, մարդկային բարքերի դէմ ուղղուած, նրա անզիջող կեցուածքը, ընդվզումը արուեստագէտին բնորոշ երանգաւորում ունի, այն ինչ վէպի միւս կերպարների կողմից վայրկենածին, անպատեհ է համարւում. «Ամէնէն հզօր մարդն ալ՝ խեղճ, անհունօրէն խեղճ արարած մըն է. եթէ կայ զօրութիւն մը՝ ան ալ ատիկա զգալն է… մեր դժբախտութեան աղբիւրը արդէն օտարանալն է մահուան՝ Արուեստի, ժամանակի, հայրենիքի մեծութեանց, յաւերժութեանց զգացումէն»: Սա նաեւ օտարութեան մէջ չընկճուղ ընդհանրապէս մարդու առաքինի վարքագծի դրսեւորման արտայայտութիւնն է. «Առաքելութիւնը մարդու այն յատկութիւնն է, որը պայմանաւորուած է միայն նրա էութեամբ» /Սպինոզա/:

«Որբացող մարդիկ» վէպը հեղինակի բնորոշմամբ «անսպասելի ծնած է», եւ ինչպէս տեղեկանում ենք իր «Ժամանակ եւ խորհուրդ իւր» հատորից սկզբնապէս ցանկացել է խորագրել «Աւագ ուրբաթի աղջամուղջները»: Վէպում առկայ են նաեւ գրողին մտահոգող մարդու եւ ազատութեան խնդիրը, բայց ի՞նչ պայմաններում, երբ օտարուածութեան զգացումը դարանակալել էր նրանցից իւրաքանչիւրին՝ ներխուժել համայնքային մթնոլորտ եւ հոգեբանութիւն՝ քաոս եւ խառնակութիւն ներարկել երբեմնի ազգային օրինապահութեամբ ապրողներին… որոնք «Դշխեմ կալանաւորներն էին «ազատութեան», եւ որոնք այլեւս անկարող էին գոնէ որոշ զգուշաւորութեամբ դիմագրաուել իրենց սպառնացող հոգեւոր փլուզմանը, հիմնովին «դուռ բացելով» այլասերումի դէմ. «… ու մեղմ, սրտակեղեք էր ողբը ջութակներու խումբերուն, ձայնակցած սրնգափողերու եղերերգին որբացող մարդոց, որբութեան հրակէզ անապատին մէջ ամայացող հոգիներուն…»:

Արդեօք «անապատին» յիշատակումը չի՞ յիշեցնում դէրզօրեան հեռաւոր տեսիլքների ողբերգը, թէ՞ խնդրոյ առարկան այդօրեայ անապատացուած վիճակին է վերաբերում՝ սփիւռքեան հոգեւոր ամայացման:

«Հրանդ խորտակուած էր…». հեղինակի այս նախզգուշացումը,- գուցէ հարցադրումը,- ինչ որ տեղ գիտակցուած ահազանգ է՝ «անպատսպար հոգիներու» կործանում ազդարարող, եւ եթէ հայ կինը ելնելով ժամանակի նպատակայարմարութիւնից ներկայանում է չէրկէզուհի եւ հայ կրօնաւորը բնականաբար անձնաշահաբար ամուսնանում է ֆրանսուհու հետ եւ այլն, ապա անբարոյութեան վերընթացը հասկանալի է թէ ինչ ընդգրկումների վերջակէտի եզրերին էր...

Այսպիսին էր հայութեան ոդիսականը բարդ ու աննախադէպ ժամանակաշրջանում՝ ըստ իր անխարդախ տարեգրի՝ Հրաչ Զարդարեանի:

 Արթուր Անդրանիկեան

  Հրաչ Զարդարեան*

Որբացող մարդիկ

հատուած վէպից

Վարագույր առաջին

ՆԱԶԱՐԵԱՆ գոհունակութեամբ լեցուեցաւ։ Իր վերջին դասը կու տայ։ Անգամ մը եւս օրը կ՚աւարտի։ Յիշեց որ խոստացած է ներկայ գտնուիլ Արուեստագէտներու Միութեան ժողովին։ Յոգնած զգաց ինքզինքը։ Իրիկուայ եօթնին մօտ էր։ Դադրեցուց դասը. - Տղա՛ս, կը սիրե՞ս ջութակդ, հարցուց՝ ցաւօտ արտայայտութեամբ, տասներկու տարեկան պատանիի մը որ կաղամբի տերեւի մեծութեամբ ականջներ ունէր։

-Ո՛չ, պատասխանեց աշակերտը՝ կտրո՛ւկ։

-Հապա զօրդ ի՞նչ է։

-Մայրի՛կս կո՛ւզէ։

-Լա՛ւ, լա՛ւ... Ուրեմն, յաջորդ չորեքշաբթի, ժամը վեցուկէսին։

Անցաւ ճաշասրահը։ Ինքզինքը ձգեց թիկնաթոռին մէջ։

Ի՜նչ կեանք է, մտածեց, գրեթէ հոգեբեկ։ Բոլոր որոշումները, պայքարը, օրերէն ուրիշ բան մը դուրս բերելու ի զուր կ՚անցնէին։ Առօրեայի թակարդը ինկած կենդանի է։ Կեանքը, ժամանակաշրջանը բացարձակապէս կը մերժեն, կը վանեն զինք իրենց մէջէն։ Տարին անցած է այն օրէն ի վեր ուր ոգեւորութեամբ որոշեր էր աշխատիլ քոնսէրթոյի մը վրայ։ Թանկագին հրճուանքը ունէր այն համոզումին թէ գլուխ գործոց մը պիտի տայ։ Եւ սակայն, մէկ երկու աննշան փորձերէ վերջ, ան մնացած էր, այնքան ուրիշ բաներու հետ, իբր մնայուն ծրագիր, եւ, օրերուն, տարիներուն աղբիւրը կը հոսէր ինչ որ քարքարուտի մէջ, անօգուտ՝ ոչ ոքի եւ ոչինչ...

Սպասուհին բերաւ իրիկնային գրեթէ անփոփոխ իր ճաշը։ Ախորժակ չունէր, յաճախ։ Բացարձակապէս ինքնաթունւորման կ՚ենթարկուի, մտածեց դարձեալ, յոռետես։

Ժողովատեղին շատ հեռու չէր։ Որոշեց ոտքով երթալ։ Փողոցին մէջ յուսալքումը կորսնցուց իր սրութիւնը։ Դիմացի մայթէն թխահեր աղջիկ մը յայտնւեցաւ։ Ճկուն, գեղագնաց։ Ամէն մէկ մասը մարմնին՝ կանչ մըն է արիւնի, կարօտներու։ Աչքերը՝ երազներու, հրայրքներու եռեփուն աւազաններ, ստուերներով ու լոյսերով ցոլցլուն։ Տառապագին խռովք մը։ Ամէնէն չարչրկող, յանկարծական ստուգութիւններէն փայլակ մը որ կ՚իջնէ, կը լուսաւորէ յեղակարծ ներքին կալուածները, - ինչքա՜ն կրնայ սիրել դեռ, ինչպէ՜ս կարօտը ունի խորունկ սիրոյ մը։ Ու այդ բոլորը պիտի անհետանայ, պիտի ցնդի ինչպէս քիչ առաջուայ աղջիկը։ Ջուրը պիտի հոսի, պիտի հոսի քարքարուտներու մէջ... Վարդերով, չքնաղ վարդերով վարդենի մը որ սակայն պիտի մնայ այդպէս անիծուած պարտէզի մը մէջ ուր ծաղիկներ չեն բացուիր։

Մտաւ Սէն Վէնսան տը Բոլ եկեղեցիին փոքրիկ պարտէզը։ Ներքին մառախուղը տակաւ չքացեր էր։ Ու յանկարծ, մեղմագին, սկսան ծորիլ ականջին՝ համանուագին առաջին աքոռները, նոյնքան սիրելի, նոյնքան թարմ, ինչքան ամիսներ առաջ, երբ առաջին անգամ կատարուած էր անոր ներքին ունկնդրութիւնը։ Այս անգամ, այս անգամ... ալ վճռուած է՝ աշխարհ պիտի գայ ան։ Ծանօթ է արդէի իրեն, իր որոշ մասերովը։ Ամբողջութիւնը իր մէջն է։ Այս անգամ...

Գարունը բաւական յառաջացած է։ Կասկենիները վերագտած՝ կանաչ, հսկայական գլուխներ։

Մոնթոլոնի սքուառին բոլոր նստարանները գրաւուած կը մնան։ Մանուկներ, խումբ խումբ, դեռ կը խաղան։ Հանրակառքերը կը սուրան առանց կանք առնել ուզելու։ Լաֆալէթի փողոցին վարը, մեծ շէնքի մը գլուխը կիսած է հսկայական, օտարոտի սկաւառակ մը որ կրակէ շինուած է, անթափանց կարմիրով մը եւ առանց ճառագայթի։

Շատ քիչեր եկած են ժողովի։ Վարդանեանը, մեծ շարժումներով, բարձրաձայն, գայթակղած, կը պատմէ մանր դիպուած մը։ Կէս օրին, համեստ ճաշարանի մը մէջ, իր քովը նստած երիտասարդ մը կ՚ուզէ պահել իր դանակն ու պատառաքաղը, ցանկալով որ փլոնժէօզը գործ մը պակաս ունենայ։ Գործն ինչ է, կը պատասխանէ սպասուհին, լաւ է որ ժամանակը աշխատանքի մէջ անցընէ։ Ազատ ատենը, կը պատասխանէ յաճախորդը.

-J՚irai faire l՚amour avec elle.

-Նօ՜, տասնըհինգ տարեկան է, կը պատասխանէ սպասուհին, հանդարտօրէն։

-Լա՛ւ է, ճիշտ ամէնէն անուշ ատենն է։ Դո՞ւն քանի տարեկան էիր, երբ...

-Ե՞ս, ես՝ տասնըվեցիս մէջը, մուսօշօքօլա՞ ուզեցիք։

-Կարո՞ղ էք երեւակայել, կը պոռար Հայկ, կարո՞ղ էք երեւակայել, մօտ տասը յաճախորդի ներկայութեամբ, հանդարտօրէն, բացէ ի բաց, առանց նեղուելու, նոյն շեշտով, նոյն ձայնով՝ ինչպէս կանկառին եւ պտուղին մասին, այո՛, այո՛, հանդարտօրէն, բացէ ի բաց, առանձ ձայներնին ցածցնելու... (Երկու ձեռքով գլուխը բռնած)։ - Ո՞ւր ենք գնո՛ւմ, ո՜ւր...

-Սը՛ս, սը՛ս, ըրին մէկ երկու հոգի։

Դուռը բացուած էր։ Երկու կին ներս մտան։ Մէկը՝ տարիքոտ, չեչոտ դէմքով, շարժուն աչքերով։ Միւսը՝ միջահասակ, խարտեաշ, խիտ յօնքերով, հազիւ քսանըերեք, քսանըչորս տարու։

Նազարեան տպաւորուեցաւ անոր ակնարկներէն որ կը հոսէին մնայուն ժպիտի մը դալարիքէն. մանաւանդ լուսաւոր էին, շողարձա՛կ։

-Ծանօթացէք, ըսաւ Տիկին Վարդանեան, ձեզ հայրենակից է, Մալաթիացի, Օրիորդ Արփիկ Գափլանեան։ Զմայլելի է երգում, ես նրան լսել եմ, մի քանի օր առաջ, համերգում։ Սրանք երեք քոյր են, մին միւսից քնքուշ։

Նազարեան ժողովին չհետեեւեցաւ։

Մերթ ընդ մերթ դիտեց դեռատի աղջիկը, եւ ինչպէս քիչ առաջ փողոցին մէջ, նոյն եղերական տպաւորութիւնը՝ վստահութիւնով, ազնուութիւնով, անխարդախ մտերմութեամբ հիւսուած աղապատանքի մը որ կարելի էր եւ որ կարելի պիտի չըլլար։

Ցնորական վարդենին յայտնուեցաւ, արիւնէ վարդերով, ու նոյն կերպով անհետացաւ քարքարուտներուն մէջ։ Մեկնելու ժամանակ, փայլուն, շարժուն աչքերով, չեչոտ երեսներով կինը յայտնեց որ շատ ուրախ է Նազարեանին հետ ծանօթանալուն։ Հպարտ է անոր պէս հայրենակից մը ունենալուն... Խարտեաշ աղջիկը, ժպտագին, հրաժեշտ առաւ առանց բառ մը արտասանելու։

Նազարեան կը դիտէր զայն։ Շպարի հետք չկար, հագուած էր խնամքով բայց առանց մատնելու պշրական դիտաւորութիւններ։ Որոշ էր որ, ինչպէս յայտնեցին, շատ ատեն չկար իրենց Փարիզ ըլլալը։ Իր բնատուր բարեմասնութիւնները փոխանակ արժէքի բերուած ըլլալու՝ խափանուած էին։ Այդ բոլորը հաճելի եկաւ Նազարեանին։ Պարզ, ուղիղ կեանքի մը նշանները։ Վերադարձին, պառկելէ առաջ, երկար ատեն թափառեցաւ մէկ սենեակէն միւսը։ Գիրքեր վերցուց ու դրաւ, կէս կիսատ թղթատեց։ Դժնդակ տառապեցնող տպաւորութիւնը զինք երբեք չլքեց։ Տեղ մը, աղուոր վարդ մը բացուած է, հրաշալի բուրումով, թերեւս շատ մօտիկը, որ թերեւս իրեն կը սպասէ եւ որուն սակայն ինք երբեք պիտի չկարենայ մերձենալ... Ու քարքարուտնե՜րը, քարքարուտնե՜րը...

Այդ բախդորոշ չորեքշաբթիէն սկսած, մէկ քանի ամիս, դէպքերը իրարու յաջորդեցին, տիրապետելով կեանքին, կանխորոշ, անլեղլի կարգադրութեամբ։ Նազարեան յաճախ կը մտածէր «ճակատագրական» բառին վրայ։ Րոպէներ կար որ բոլորովին կը հաւատար անոր, այն աստիճան որ, այդ ամբողջ շրջանին, պատահարներուն ալիքները, տաշեղի մը նման, առին տարին զինք, առանց որ գիտակցական ըսուած կամքի միջամտելու երեւոյթ ունենար։

Այդպէս էր որ, ինքն ալ չափազանց զարմացած, այդ չորեքշաբթիին յաջորդող կիրակի օրը ինքզինքը գտաւ Քլաամոի փոքրիկ մէկ պարտէզին մէջ, խնձորենիի, սալորենիի ծառերով ստուերոտ, Տիկին Փափազեանի սեղանին շուրջ։

Պարոն Փափազեան միջահասակ էր եւ գէր, լեցուն այտերը պայթիլ կ՚ուզէին։ Բնականօրէն կը գործածէր լռութիւններ եւ դանդաղութիւններ որոնք արժանավայելչութիւն կուտային իրեն։ Գերմանիա եղած էր պատերազմի ընթացքին, այժմ Ռընօ կ՚աշխատէր։ Կեանքը սուղ էր եւ Տիկին Փափազեան նմանապէս կ՚ուզէր գործ մը գտնել։

Տնակը ուղղակի գետնին վրայ էր եւ միյարկանի, խոնաւ Տիկին Փափազեան յօդացաւէ կը տառապի։ Պ. Փափազեան զօրը տուած է սնունդին, առաւօտները խոզի ճարպով Թարթին կուտէ «դէմ տալու համար»։

-Արփիկը չգտնուած աղջիկ է, անսպասելիօրէն յայտնեց Տիկին Փափազեան, սոխով սխտորով լոլիկի աղանդերը սեղանին վրայ դնելով։ Մանր աչքերը միշտ կը խաղային։ - Մաքուր, իսկական հայ աղջիկ... Չափազանց աստուածավախ։ Բողոքական են, Պիտի գայ քիչ յետոյ, աւելցուց, վերին աստիճանի նշանակալից ակնարկներով։ Մարսիլիայէն տղայ մը կայ, խօսքկապի պէս բան մը ըրած են, բայց Արփիկին սրտովը չէ, տղան կրօնքի մրօնքի շատ ականջ չի տար... ։

Պր. Փափազեան նուրբ եւ անուշ ժպիտ մը ունէր եւ միշտ կէս հեգնական շեշտով կը խօսէր կնոջը հետ։

-Է, Տիկինս, պիտի սկսի՞նք թէ չէ, դուն ան ըսէ մեզի, մեր հիւրը ով գիտէ քանի տարի է քէօֆթէ չէ կերած։ Տէ՛, ձեր կենացը, Պր. Նազարեան։ Ինչպէս ըսեմ, շատ երջանիկ ենք որ թէնէզիւլ ըրիք, աս մեր խրճիթը եկաք եւ մեզի հետ կը ճաշէք։

-Մաղթենք որ օր մը Պր. Նազարեանը աւուոր սափարթըմանի մը մէջ ընդունինք։ Անիկա ծանօթներ շատ ունի, ով գիտէ, մեզի տուն մը, տեղ մը... վրայ բերաւ շաժուն աչքերով տանտիրուհին։

Իրաւ ալ, դեռ սուրճին չհասած, պարտէզին խարխուլ, փայտեայ դռնակը շարժեցաւ։ Արփիկը, առաջի օրուան պէս ժպտուն շողարձակ, ոսկեայ վարսերով, հեզասահ, խոնարհ, յայտնուեցաւ։

Կանաչ շրջազգեստ մը հագած էր, ճերմակ օձիքով։ Անպաճոյճ, գրեթէ միանձնուհիի խստութեամբ։ Շրթներուն, երեսին, եղունգներուն շպարի ոչ մէկ հետք։ Զոյգ մը կզակ՝ արուեստական թուելու աստիճան ճերմակ եւ կանոնաւոր ակռաներու շարքով մը, որ կը լուսաւորէին իր դէմքը։

Արփիկ պատմեց որ հայրը մեռած է շատ վաղահաս կերպով, քանի մը տարի առաջ, եւ շատ հաւանաբար, զոհ բժիշկներու անխղճութեան եւ տգիտութեան միանգամայն։

Մայրը ողջ է բայց վեց տարիէ ի վեր «թոքախտանոցի» մը մէջ։ Արփիկ նախնական հայերէն մը կը խօսէր ուր սակայն, տեղւոյն վրայ, երբեմն պարագաներու ստիպման տակ, բառեր կը հնարէր։ Սանաին համար օրինակ, «թոքախտանոց» բառը գործածեց։ Յայտնի էր որ իրենց ընտանիքին քայքայումը ահաւոր վէրք մը բացած էր իր մատղաշ հոգիին մէջ։ Վէրք մը որ չէր կրնար սպիանալ մօրը այդ մնայուն վիճակովը։ Ատիկա զօդած էր արտակարգ, անբնական զօրութեամբ շաղախով մը՝ երեք քոյրերը մէկը միւսին։ Անհնարին էր չվարակուիլ անոր վիշտովը. մայրիկ բառը արդէն դժուար կ՚արտասանէր այնքան որ արցունքները յորդահոս կ՚իջնէին եւ դէմքին մէն մի մասը կ՚իյնար ցաւագին կարկամումի մը մէջ։

Նազարեան ուզեց հակազդել։ Յայտնեց որ, պատանի, ի՛նքն ալ հօրմէ որբ մնացած է, որբութիւնը Եւրոպային կողմէ մասնագիտական նուէր մըն է հայուն տրուած։

Տիկին Փափազեան ստիպեց դեղձ մը առնել։

Նազարեան յայտնեց որ տեղահանութեան սկիզբը հօրմէն մէկ երկու բացիկ ստացած են։ Մղուած սրտազեղումի օտարոտի պահանջէ մը, աւելցուց որ այն ժամանակ կէտ մը իր պատանիի միտքը մասնաւորապէս տպաւորած էր։ Հայրը իր մօրը ուղղած բացիկները կը վերջացնէր գրելով.

«Հարազատդ՝ Նազարեան»։

-Այն ժամանակ չէի ըմբռնէր այդ բառին պարունակութիւնը, աւելցուց ան, այսօր՝ կը հասկնամ։ Հայրս եւ մայրս ձուլուած էին իրարու ինչպէս մեր գաւառի բոլոր զոյգերը, մինչդեռ մեր այժմու կեանքին մէջ ատիկա անըմբռնելի դարձած է։

Տէկին Փափազեան հաւանութեան ուժգին գլխու շարժումներ կ՚ընէր, աչքերը պտըտցնելով մէկէն միւսին։

-Ընդհակառակը, շարունակեց Հրանտ հիմա ամուսին կին ընկերութիւն է որ կը կազմեն։ Ո՛վ աւելի պիտի փրցընէ, ահա խնդիրը։ (Լռութենէ մը վերջ) Կրնայ տարբերութիւնը ոչինչ թուիլ։ Իրականին մէջ՝ շատ մեծ է։ Նոյնն է ինչ որ դժոխքին եւ արքայութեան միջեւ։

-Վէմի վրայ պէտք է հիմնել, արտաբերեց Արփիկ, շիկնած, գետինը նայելով։

-Ամէն ինչ էնթերէ է, յայտնեց Պր. Փափազեան, դիւանագէտի ժպիտովը։ Մարդ չհասկցաւ թէ ի՛նք ինչ կը մտածէ։

Արփիկ մտիկ կ՚ընէր ագահ ուշադրութեամբ որմէ մասնաւոր ծանրութիւն մը կը ստանային Նազարեանին բառերը։ Ան այդ կեդրոնացումէն խորունկ, խորհրդաւոր խայտանք մը կ՚ունենար որուն նմանը շատոնց չէր զգացած։

Արեւը եկեր էր շէնքէն ասդին եւ ողողեր սեղանին կէսը։ Տիկին Փափազեան առաջարկեց աթոռը տանիլ խնձորենիին տակ։ Նազարեան Արփիկին բոլորովին մօտը գտնուեցաւ։

-Չէ՞ք ուզեր երգ մը երգել, հարցուց Նազարեան Տիկին Վարդանեանը շատ սիրա՛ծ է ձեր երգելը։

Արփիկ կարմրեցաւ։ Որոշ էր որ կ՚ուզէր բայց երկչոտութիւնը կ՚անդամալուծէր զինք։

-Ուրի՛շ անգամ մը, առաջարկեց պաղատագին։ Ես արդէն՝ շատ երգ չեմ գիտեր. իմ գիտցածներս հոգեւոր երգեր են։ Մեր ծնողքը կ՚արգիլէր մեզի այն... տեսակ մը... (Սիրային բառը լեզուին վրայ էր բայց, շիկնած, չուզեց արտասանել)։

-Ես՝ կը սիրե՛մ մեր ժողովրդական երգերը։ Սիրել բառը նոյնիսկ բաւական չէ, բոլորովին անբաւարար է բացատրելու իմ հակազդեցութիւններս։ Ճիշդն ըսելու համար, երբ պատանի էի եւ իրապէ՛ս մեր երգերը սկսան յուզել զիս, կեանքս բաժնուեցաւ երկու մասի, մեր երգերէն առաջ եւ անոնց յայտնութենէն յետոյ։ Յետոյ՝ զգացի որ ես աւելի հայ էի։ Զգացի որ դարերու խորքէն ցեղս երկու ձեռքը երկարեց եւ առաւ զիս վերջնականապէս իր ծոցը։ Քանի երթար՝ ես այնքան աւելի անորը պիտի ըլլայի։

Արփիկ կը ծծէր խօսքերը, աչքերը վար առած եւ րոպէն անգամ մը միայն, արագօրէն ակնարկը կը ձգէր խօսակցի դէմքին։

Յարակից փայտաշէն տնակներէն, մերթ ընդ մերթ մէկը կը յայտնուէր, պահ մը կը դիտէր, հասարակաց աղբիւրէն ջուր կ՚առնէր ու կը հեռանար։ Խուռներամ ու մէկը միւսին վրայ մարդկութիւն մը կ՚ապրէր հոն քամիչ ամանի մը մէջ լեցուած խեցգետիններու նման։ Պարտէզներուն բանջարեղէնները, ծաղիկները, պտղատու ծառերը մանուկներուն ու պզտիկներուն հետ կը քողարկէին այդ թշուառութիւնը բանաստեղծականութեամբ ու յորդող կեանքին ալիքներովը, փրփուրներովը։

Տէր եւ Տիկին Փափազեանները կ՚ենթարկուէին օտարոտի խռովքներու, դժուար սահմանելի իրենց համար իսկ, որ կ՚արտայայտուէին մէկուն աւելի շարժուն դարձած աչքերէն եւ միւսին ժպիտներուն աւելի յաճախակի դիւանագիտական երեւումնէն։

-Մէկ քանի անգամ Արօր Տատրակը լսած եմ եւ շատ կը փափաքիմ սորվիլ, յայտնեց Արփիկ, մեղմացնելու դիտաւորութեամբ իր քիչ առաջուայ մեկուսացումը հոգեւոր երգերու մէջ... Եւ մեր տունն ալ... Հայրս ալ կուսակցական եղած է, եւ շատ զոհողութիւններ ըրած։ Յետոյ, մեռնելէն քանի մը տարի առաջ, տեսնելով որ... անպիտան մարդոց ընկերութիւն մը դարձած է ան եւ թէ ալ մեր հայրենիքին դէմ խօսիլ կը թելադրեն, հայրս քաշուած է կուսակցութենէն։ Բայց հայրիկս վերջին տարին, մեզի թոյլ կուտար քիչ մը ուրիշ երգեր ալ երգել... - Պայմանով որ եար մար չըլլար մէջը, վրայ բերաւ Պ. Փափազեան։

-Է՜ Փափազեան, դուն ալ ամէն բան շախաի կուտաս, կասեցուց կինը, չարաճճի մանուկի մը ուղղուած յանդիմանական շեշտով։

Նազարեան բոլորովին խորթ տեղ մը ինկած ըլլալու տպաւորութիւն կը կրէր որ սակայն կը զուարճացնէր զինք միանգամայն։

-Ամէն պարագայի տակ, ես ունիմ թէ բառերը, թէ նօթան, Արօր Տատրակին, կրնամ ձեզի փոխ տալ։ Ես լսած եմ այդ երգը բազմաթիւ անգամ Շահմուրատեանէն։ Ձեզի հետաքրքրական բան մը պատմեմ։

(Արփիկ կարկանդակ ուտելու պատրաստուող մանուկին արտայայտութիւնը առաւ)։

-Շատեր կը խորհին որ Շահմուրատեան իր վերջին տարին կորսնցուցած էր յիշողութիւնը, այդպէս չէ՛, անոր յիշողութիւնը սկսած էր մասնագիտանալ, աւելի ճիշդ, ե՛տ դառնալ, դէպի Մուշ, դէպի իր մանկութիւնը, եւ հաւանաբար... անկէ ալ անդին, դէպի Մաշտոցներու ժամանակաշրջանը։ Կորսուելու տեղ՝ արտակարգ հարստութիւն ստացած էր ան։ Այնպէս որ մոռցած էր բոլորովին ֆրանսերէնը եւ հայերէն կը խօսէր՝ բա՛ռ մը այդ լեզուէն չհասկցող իր ֆրանսուհի կնոջը հետ։ Աւելի յետոյ՝ հայերէնն ալ մոռցաւ եւ սկսաւ միայն Մշոյ բարբառը գործածել։ Տունէն կը մեկնէր, պատուհանէն ցատկելով կը փախչէր՝ Մուշ երթալու համար։ Իր կեանքին, գիտցածին, երգածին ամբողջ այն մասը որ ոչ ցեղային էր, մէկ հարուածով ջնջուած էր, ինչպէս ցնցոտի մը նետուած մարմնին վրայէն։ Դարերու խորէն իր բուն, յաւերժական մայրը եկեր էր եւ տէր կանգներ իր մեծ մէկ զաւկին։

Նազարեան կանգ առաւ։ Նկատեց որ, առանց իր կամքին հռետորական դարձեր էր։ Դժդակ զգացում մը ունեցաւ։ Եւ սակայն բացարձակապէս վաւերական էր իր պատմածը եւ այդ հանգամանքը մեղմացուց դիւրին պերճախօսութեան իր հակազդեցութիւնը։ Իսկ ափսոսանքը ուրախութեան վերածուեցաւ երբ արագօրէն հաստատեց որ իր ունկնդիրներուն վրայ ձգած տպաւորութիւնը դրական էր, աւելի քան դրական...

Զոյգ մը ճնճղուկ, յանկարծական աղմկալից հալածանքով, ծառէ ծառ նետուեցան։ Նոյն ատեն, ճիւղեր ու տերեւներ շարժման մէջ մտան ու, ծանր ու թանձր, կաթիլ մը ինկաւ Պ. Փափազեանի ծոծրակին։

-Տօ՜, տօ՛... մեր կնիկ... Աս ի՞նչ բան էր... Տիկին Փափազեան արտորաց դէպի իր «մեծաւորը» եւ անմիջական խնամքով դարմանեց արկածը։ Արփիկ սկսաւ խնդալ ամբողջ մարմնովը, ամբողջ սրտովը, բոլոր ջիղերովը, արցունքով, գալարումներով... Նազարեան տեւական ժպիտ մը կը պահէր եւ խորունկ հրճուանք մը կը զգար այդ աղջկան խնդուքի անկեղծ պայթումէն։ Ինչքա՛ն, ինչքա՛ն մանկութիւն կար մնացած... Դարձեալ Նազարեանին տեսքն էր որ սթափեցուց զինք եւ զսպեց իր խնդուքը, զուարճալի ծամածռութիւններով։

Փափազեանին առաջարկին վրայ՝ անտառ մեկնեցան։ Քլամառի, Իսիի փողոցներն ու շրջակայքը լեցուած էին հայ պատանիներով, երիտասարդներով, որ Սարոյեանի հերոսներուն նման թէպէտ բարձրաձայն հայկական անուններով իրար կը կանչէին, բայց Բարիզեցիի մը նման միայն ֆրանսերէն կը խօսէին։

Գրեթէ պտոյտի ամբողջ տեւողութեան Նազարեան լուռ մնաց։ Պ. Փափազեան յայտնեց որ ինք շատ դժբախտ չէ եղած Գերմանիա, Գերմանուհիներ իրեն շատ հոգ տարեր են...

------------------------------------------------------

* Հրաչ Զարդարեանը /Խարբերդ, 1897,- Փարիզ, 1986/ սովորել է Կ․Պոլսի Կեդրոնական վարժարանում։ 1915 թ․ յետոյ մեկնում է Կովկաս /Թիֆլիս, Երեւան/, սովորում Ներսիսեան դպրուցում, Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանում, Երեւանի թեմական դպրոցում։ 1919 թ․ մեկնում է Փարիզ․ 20-ական թուականներից աշխատակցում է ֆրանսահայ մի շարք պարբերականների / «Զուարթնոց», «Անդաստան», «Աշխարհ» եւ այլն/։ 1923 թ․ ուսանում է Փարիզի Բժշկական համալսարանում՝ ստանում ատամնաբոյժի մասնագիտութիւն։ 1934թ․ Փարիզում հրատարակում է «Մեր կեանքը», 1954թ․՝ «Որբացող մարդիկ» վէպերը, 1955թ․՝  «Ժամանակ եւ խորհուրդ իւր» խոհագրությունը։ Հետագայ տարիներին աշխատում է Փարիզում եւ Նիսում։

  • Hits: 3058

Կայքը գործում է ՀՀ մշակույթի նախարարության աջակցությամբ։

© 2012 Cultural.am. Բոլոր իրավունքները պաշտպանված են ՀՀ օրենսդրությամբ: Կայքի հրապարակումների մասնակի կամ ամբողջական օգտագործման ժամանակ հղումը կայքին պարտադիր է: