Յակոբ Օշական. Հրաշքը
Արթուր Անդրանիկեան
․․․ժողովրդի թվացեալ անզորութիւնը
Ժողովուրդի մը դժբախտութիւնը կը սկսի
այն րոպէէն, երբ անոր գլխուն կը բազմանան
մարգարէները․․․
Յ․Օ․
Գրել Յակոբ Օշականի մասին, վերլուծաբար խոհել նրա ստեղծագործութիւնների շուրջ, ակամա չես գիտակցում, թէ ինչպէս ես սուզւում իր մտազուգորդումների եւ աշխարհընկալման ներշերտերում: Ձգողականութեան ինչ ուժով ու ոգորումով ես,- թեկուզ չհասկանալով ընթերցածիդ իմաստը,- «կառչում» գրողի գերյագեցած մտածողութեան կախարդանքից, ու թուացեալ անզորութեամբ ենթարկւում օշականեան աշխարհի շահեկանութեամբ շնչեղ իրական տեսիլքներին, որտեղ Հայ մարդն է իր անցեալ-ներկայ-ապագայ տագնապներով, հայ ժողովուրդն իր տոհմիկ տառապանքի եւ ոգեւորանքների արդիւնաւոր ապրումներով... միով բանիւ. «աշխարհ մը ըսելիք կայ» երբ խօսքը վերաբերում է Յակոբ Օշականին՝ հայ ոգուն ճշմարտավճիռ դաւանող գրողին:
Մտածումի «սրբազան արարքը» որդեգրած գրողն իր ստուարածաւալ, բազմաբեւեռ ու բազմախորհուրդ ստեղծագործութիւնների համաժամանակայնութեամբ այսօր էլ,- ինչպէս կենդանութեան ժամանակ,- կրքեր է բորբոքում «ընդարձակ թելադրանքով»: Լայնախոհութեան պակասի՞ց, թէ՞ մտաւոր թերզարգացածութեան «աւելցուկից» է, որ Յակոբ Օշական երեւոյթն այսօր այնպէս չի ընկալւում – ընդունւում, այդպէս էր եւ իր ժամանակին: Պատճառներին չարժէ անդրադառնալ, թերեւս, խնդրայարոյցը արեւմտահայերէնի օշականեան զարտուղի արարքով է պայմանաւոր: Մի հանգամանք, որ գրողի իսկ բնորոշմամբ. /«Օշական ունի ամրակաղապար համբաւ չկարդացուելու»/ կաշկանդում ու «յոգնեցնում է» գրողի լեզուական մտահնարքներին անսովոր ընթերցողին,- եւ ոչ միայն:
Յամենայն դէպս, Օշականի թէ վէպերը, եւ թէ գրականագիտական-քննադատական ժառանգութիւնը նախ եւ առաջ լեզուական լիակատար ազատութեան շնորհիւ է անբաղադրելի՝ խորքային աննախադէպ ընդգրկումներով, դրանով իսկ տակաւին գրեթէ չուսումնասիրուած, յատկապէս լեզուի հոգեբանօրէն աննվաճելիութան առումով: Ինչ վերաբերում է գաղափարային, զուտ օշականեան գրողական կեցուածքին, ապա կարելի է եւ չհամաձայնել, եւ պարտադր էլ չէ, առ այս կամ այն գրողն ունեցած գրողի կարծիքին-բնութագրումին: Նիկողոս Սարաֆեանն իր նամակներից մէկում գրում է. «Խեղճ Օշական, այդպէս ալ Սփիւռքը չճանչցաւ»: Եւ բնական է. Օշականը արեւմտահայ աշխարհի զգայնութիւններով էր շարունակաբար ոգեկոչում իր միտքը, մտածումը, եւ նրա գեղարուեստական-մտածողական ընդհանրացումները քաղաքակրթութեան քաոսի /Սփիւռք/ ոգուն եւ ոգեկանութեանը անըտել էր : Ինքն իրեն մշտաբար հողի աւիշի զգայնութեամբ եւ կենսունակութեամբ էր միայն հոգեբանօրէն «պատրաստ» համարում: Այն, ինչ խորապէս ու լայնընդգրկում առկայ է «Հրաշքը» վերլուծական երկխօսութեան մէջ: Եւ այն բանավիճային պոռթկումները, գրեթէ իրարամերժ ու «իրարախեղ» հարցադրումներն ու հայութեան անցեալին, ներկային, ապագային վերաբերող յանդուգն դատողութիւնները միայն երկփեղկուածութիւն ապրողի մտածումներ չեն, այլ ժողովրդի անցած ճանապարհը արժեւորողի անմիջական անխարդախ կարծիք, որ այսօր էլ բանավիճելու տեղիք են տալիս: Քանի որ մեռնող-յառնող Հայրենիքի սիրոյն յառնող գրողի անկեցուածք խօսք է:
«Նախ մարդ, յետոյ Հայ». ինքնաբուխ, երեւակայազերծ, ազգային վիպապաշտութիւնն ի սպառ մերժող, առաւել եւս ազգային սնապարծութեան վնասաբերութիւնը յստակօրէն շեշտադրող մտածողական այս ընկալումը արդեօք ընկալելի՞ է մեր օրերում. չեմ կարծում: Քանի որ տակաւին չի գիտակցուել. «Պահել մեր ունեցած աղտերը, մոլութիւնները, դարաւոր զրկանքներէ առաջացած մեր հոգեկան արատները» գիտակցումն իսկ դեռեւս «հասանելի չէ»: Իսկ դիւրի՞ն է Մեծ եղեռն վերապրած գրողի համար երբ գրում է. «Ոչ մէկ ժողովուրդ չէ փառաւորած իր սրածուիլը այսքան ամբարիշտ անզգայնութեամբ մը»:
Յակոբ Օշականը խորապէս էր գիտակցում Ցեղի ճակատագրի առանձնայատկութիւնները. Այն ժողովուրդն է անկորնչելիօրէն դիմակայում, երբ Հայրենիքի զգացողութիւնը չափազանց առարկայական, ըստ այդմ զերծ է ամենատարբեր զգայնական մղումներից. «Երկիրը միշտ աւելի դիմացողին է... Հայրենիք մը կը մեռնի երբ անոր խորհուրդը կը պաղի իր զաւակներուն սրտին մէջ»:
«Իրարու տրամագծօրէն ներհակ մտավիճակները»- ինչպէս ինքն է գրում, ստեղծած Յակոբ Օշականը միշտ հեռու է եղել «հոգեկան ամբոխային տրամադրութիւններ» ստեղծողներից, եւ ամենեւին պատահական չէ, որ «Ու՞ր է խորհուրդը իմ ժողովուրդին» հարցադրումը տակաւին անպատասխան է մնացել. «Հրաշքը» երկխօսութիւնը վստահ ենք, անպատասխան չի թողնում...
Յակոբ Օշական
Հրաշքը
Մեր օրերու խօսակցութիւն
հատուածներ
Ա.- Անխոհեմ արքան անարդար ու վնասակար կը գտնեմ ձեր կեցուածքը հանդէպ այն տրամադրութեան, ոգեկան հանդէսներուն՝ որոնք մեր ժողովուրդին գերագոյն ստեղծագործութիւնը փառաւորելու առիթով տնօրինուած են հայրապետական հրամանով:
Բ.- Կ՛ակնարկէ՞ք այն բանապայքարին, ուր այդ հանդէսներուն, մանաւանդ զանոնք վարող ոգիին շուրջը մենք հրապարակ դրինք, մեր մամուլով, աւելի արդիական աշխարհայեացք:
Ա.- Որ կորստաբեր է սակայն, ներկայ պայմաններով:
Բ.- Ձերն է այդ կարծիքը: Մենք բերինք, կը բերենք, շատ պարզ, հաստատ տեսակէտներ, որոնց բոլորին խորը տարրեր կան մարդկային մեծ սկզբունքներէ: Որոնք բարիքը կ՛ընեն, մեր թշուառութեան մեծ պատճառէն – ազգայնական նեղ պարունակէն – զատուելու, բարձրանալու հրաւէրին:
Ա.- Ինչպէս կ՛ընե՜ն այսօրուան մեծ ազգերը, առաւել քան սաստկութեամբ փակելով ճամփաներն ոչ միայն դէպի իրենց հողերը՝ ուրիշներուն, այլ նաեւ իրենց հոգին իսկ բռնի հանելով ձեր այդ համամարդկային երազներուն ալ փտած ճահիճէն: Խորհած ունի՞ք նորագոյն երիտասարդութեան որ արեւմտեան մեծ մշակոյթին ջահակիրը կը դաւանի ինքզինքը:
Բ.- Հիթլերի Գեմանիա՞ն:
Ա.- Այո, եթէ կ՛ուզէք: Եւ միւսները:
Բ. – Որոնք քսան տարի առաջ տոգորուած էին սրբազան գաղափարականներով:
Ա. –Աշխատաւոր զանգուածները մարդկօրէն ապրիլ առաջնորդելու..., չէ՞:
Բ. – Ի՞նչ կայ սակայն աւելի նուիրական, գիտակից մէկու մը համար, քան այդ տարրական պահանջը: Ինծի հետ չէ՞ք, երբ աւելի երջանկութիւն, աւելի կուշտ սեղան կ՛ուզենք, ուրիշներու քով՝ նաեւ մեր ժողովուրդին: Աւելի գիտութիւն, աւելի թեքնիք պատրաստութիւն, աւելի աշխարհիկ մտայնութիւն, որպէսզի մեր ալ ժողովուրդը աւելի դիւրաւ ու հաճոյքով եւ ոչ թէ գրաստի սպառիչ ճիգով հանէ իր հացը, որ հիմա «օձին բերանն է» գրեթէ, ինչպէս կը պատկերէին մեր երկրի մեծերը, նոյնիսկ երանելի այն շրջաններուն, երբ այսօրուան պէս անհոգ, հայրենազուրկ բարեա մը չէինք կազմեր: Կա՞յ աւելի խիստ, մեծ հրամայական մը քան հացինը, զոր մեր ժողովուրդը պարտաւոր է ճարել, օտարներու ատելութեան, նախանձին ընդմէջէն: Ձեր այդ հանդէսները հաց կու տա՞ն:
Ա. –Ինչու՞ կը մոռնաք հին ու մեծ պատգամը - «Ոչ միայն հացիւ կեցցէ մարդ»...
Բ. - «Այլեւ բանիւն Աստուծոյ»: Չեմ գիտեր, երբեւիցէ եղա՞ծ է նման դարաշրջան, պատգամին տալով նոյնիսկ խորհրդանշական իր իմաստին լայնքը: Բա՜նը, որ կերան մեր պապերը եւ մեռա՜ն, առնուազն թոպամահ, եթէ ոչ սովամահ: Ինչ որ ներելի չէ, մեր օրերուն.- ատ ալ խորհիլը նման առածներու, երբ, Բանը, աշխարհիկը ինչպէս հոգեւորը, առատ է այնքան: Կէս դար առաջ, շաբաթը հեղ մը, իր ժամուն բեմէն Բանին ունկնդիր մեր ժողովուրդը հիմա տառացիօրէն ողողուած է ամենժամեայ հեղեղովը Բանին, իր թերթերէն, հանդէսներէն, ռատիոկայաններէն, որոնք տուներուն ցարդ անձեռնմխելի խաղաղութիւնն անգամ բռնաբարեցին եւ խանդագին սպասը կ՛ընեն այդ Բանին, բայց ձեր յուսացածին, պատգամածին նման չեն փրկեր անոր խոհանոցը:
Ա. – Ի՜նչ զարմանալի, անսրբագրելի մտայնութիւն: Որքան դիւրաւ ու հեշտանքով, մեր կեանքը վարող բոլոր երեւոյթները կը վերածէք տնտեսական սա անհեթեթ քերթողականին:
Բ. – Բայց ճիշդ կշռա՞ծ էք ձերինն ալ, որ առնուազն մեղքը ունի մեր տուածն ալ չտալու տառապողներու հսկայ բանակին, գրեթէ բովանդակ մարդկութեան: Ձեր ապառնիին դէմ, մենք կը պահանջենք կանխիկը: Ձեր երկինքին դէմ, մենք անոր կու տանք աշխարհը:
Ա. – Ու՞ր կը նետէք հոգիին քերթողականը, որ չի մեռնիր, չի կրնար մեռնիլ, յառնելով միշտ, կայսրութեանց իսկ աւերակներէն:
Բ. – Այո: բայց քերթողական մը վերջապէս ու վիրաւոր՝ ճակատագրովը բոլոր քերթողականներուն: Այնպէս որ տարազի փոփոխում մը միայն եւ ուրիշ ոչինչ: Հարցը այժմէական է աւելի քան երբեք: Մեր դարուն, այսինքն գիտութեան, թիւի, թեքնիքի այսքան մեծ նուաճումներէն վերջ, անըմբռնելի, եթէ ոչ տղայական կը գտնեմ յամառիլ մնալը աղիտաւոր այն մտայնութեան մէջ, որուն տարփողը կ՛ընէք դուք բոլոր անցելապաշտներդ, պիտակներու բազմերանգ տարբերութեան հակառակ:
Ա. – Թաղել անցեալը ուրեմն...
Բ. – Չեմ գիտեր, երբ դիակները այնքան աճապարանքով հող կը դրուին, ինչու՞ գաղափար –դիակները բռնի վար դրուին հողի երեսին: Դուք չէ՞ք որ ժողովուրդի մը արդիացած կազմակերպութիւնը, մեր բառով՝ օրգանիզման պահպանել կարենալու համար, մեղքը կը գործէք, աստուածային տգիտութեամբ մը, բաւ կարծելու իմացական զրահանք մը, սանկ քիչէն քիչ հազար հինգ հարիւր տարուան:
Երբ՝ նոյն այդ շրջանին համար, նիւթական կենցաղի պարունակէն, ամէն ինչ ենթարկուած է անճանաչելի այլափոխութեան, ո՞ր անհեթեթութեան գնով կը շարունակէք կապուած մնալ հազարամով հինցած իմացական պատգամներուն: Ինչու՞ չէք քալեցներ միտքը, մարմինին հետ: Ի՞նչպէս պիտի դատէիքն այսօր յիմարը՝ որ Հինգերորդ Դարու աղեղով ու ասպարով ճակատ փորձէր յարդարել արդի ռումբերուն եւ ուժանակներուն դէմ:
Ա. – Տեղն է ձեզի դարձնել ձեր տարազը ձեր աստուածային անգիտութեան: Իբր թէ ամբողջ արեւմտեան մշակոյթը ուրիշ ոգիէ մը փրթէր: Իբր թէ աշխարհը տիրող բարոյական մտայնութիւնը աւելի վարէն չգար մեզի: Ուրի՞շ գիրք է, որ տէրն է այսօր մտածող մարդկութեան խղճին:
Բ. – Միշտ կեղեւ: Որ իրաւունքով կ՛ընդունիք նիւթին յեղաշրջականութիւնը, մերժելով ասիկա հոգիին: Ի՞նչպէս կարելի է զգալ ու ապրիլ նման մարդոց, որոնք, հազար հինգ հարիւր տարի առաջ ուրիշ տնտեսութեամբ, ուրիշ կարիքներով, հոգիի ուրիշ կառոյցով՝ շիներ են իրենց աշխարհը, մինչ այս ամէնը փոխուեր է այսօր, անվերադարձ կորուստով մը: Կը զգա՞ք անհեթեթութիւնը այս ամենուն:... Աս ու նման բաներ է որ խօսեր ենք ու գրեր ենք, սա հիմնովին անախրոնիզմ հանդէսներու առիթով ու պաշտպանած գիտական, յառաջխաղաց, յառաջահայեաց տեսակէտը: Մենք կը սիրենք քեզմէ աւելի մեր ժողովուրդը:
Ա. – Քակելով սիւները անոր հոգիին:
Բ. – Բայց ինչ զարմանալի յամառութիւն է ասիկա: Ձեր կրացումին մէջ չէք զգար ձեր անհուն անգթութիւնը: Ինչու՞ կը մոռնաք այնքան գեղեցիկ սկիզբը վաթսունական թուականներուն: Ո՞վ պիտի տար ինծի զմայլելի պատգամը այդ սերունդին:
Ա. – Այսի՞նքն:
Բ. – Այսինքն՝... «Հայկին, Արամին, մոռանանք եղբարք»ը:
Ա. – Որպէսզի՞:
Բ. –Որպէսզի գնելու, սիրելու տեղ ունենաք, մեր մտքին մէջ, ցորենը, երկաթը, փոթասը, նաւթը, Բասթէօռը, Էտիսընը...: Չարաչար սխալի մէջ է ան, որ ժողովուրդի մը տեւողութեան հարցը գիտական բազմադիմի ապահովութիւններէն դուրս տեղ մը, մանաւանդ երկինք կը դնէ: Հիմա, առաւել քան երբեք ժողովուրդները հացի, տնտեսականի, հողի եւ ծովի մեծ, կոնկրէտ հարցեր են եւ ոչ թէ անցեալին մէջ տեսնուածին նման գերեզմանացու, մռայլ ապրանքներ եւ կամ մեռելոցի տաղաւարներուն սպասարկուներ: Աչք ունեցէք, բայց ոչ թէ արտաքին, կեղեւական հոգեբանութեամբ, աշխարհը վարող բախտաւոր գաղափարականներուն, եւ ըսէք թէ Նիւթէն, իրապաշտ հայեացքէն դուրս կա՞յ ուրիշ զսպանակ մը ներկայ քաղաքակրթութեան: Պիտի չխօսիմ մեր դատին հանդէպ այդ գաղափարականին վրայ մեր յիմար ողբերէն: Ե՞րբ ենք հասկցեր մեզմէ դուրս, որ հասկնայինք այսքան պարզ բան մը, մեր օրերուն ալ: Ազգային քաղաքականութեան մասին վճռած եմ սա խօսակցութեան մէջ բառ չունենալ, զայն պահելով ուրիշ օրուան: Գաղափարական սա վերանորոգ անհեթեթութիւնն է, որ պիտի գրաւէ մեր ուշադրութիւնը: Անցեալը անցեալ է, այսինքն դիակ: Աշխարհի մէկ վեցերորդին մէջ, ինչպէս սրամտութիւն է անուանել Ռուսիան, այսօր այդ անցեալը ենթարկուած է սպաննիչ հաշուեյարդարի: Ու այդ անցեալին մեծագոյն վառարանները, եկեղեցիները, գիտական թանգարաններու վերածուած են:
Ա. – Ինչու՞ չէք լրջանար նաեւ միւս փաստին առջեւ: Աշխարհի հինգ վեցերորդ մասին մէջ այդ հաստատութիւնները մշտապաշտօն վառարաներ են դարձեալ:
Բ. – Անուշիկ պատրա՜նքը: Ու տխուր: Իբր թէ իրենց աստուածներուն աղօթարկու զանգուածները լրբութեամբ, անգթութեամբ, շահախնդրութեամբ ու ամէն կարգի ստորնութիւններով աւելի խեղճ պատկեր մը չներկայացնէին քան այն միւսները, որոնք կռնակ են դարձուցած այդ աստուածներուն: Ո՜վ, պիտի ազատէր մեզ աստուածներէն:
Ա. – Որպէսզի...
Բ. – Որպէսզի մարդիկ հաշուի առնէին միայն իրենց փոքր իրականութեանց ինքնին բաւ եղերականութիւնը: Ի՞նչ ահաւոր զոհ ենք տուած մանաւանդ աստուածներուն:
Ա. – Չենք դադրած այդ զոհերը տալէ ուրիշներու՝ որոնք աստուածներ չեն բարեբախտաբար: Ինչու՞ կը մոռնաք, որ նոյն տառապանքը դիզուած է ուսերուն միշտ նոյն մարդոց: Ձեր բանուորը աւելի երջանիկ չէ իր պարպուած երկինքովը, քան այն միւսը՝ որ գոնէ երազի մը կանթեղը կը պահէ իր տառապանքին պարոյրին: Ու երկինքը դիւրաւ կոտրելիք ապակեայ գունդ մը չէ:
Բ. – Դուք ալ ինչու՞ կը մոռնաք որ այսօր, ժողովուրդները աղօթքով, երկինքով գինովցուած կամազուրկ, իշխողներէն շահագործելի զանգուածներ ուխտած են չմնալ: Իբր թէ ֆրանսական մեծ յեղափոխութենէն ասդին բան չըլլար փոխուած:
Ա. – Անուն մը այդ փոխուած բաներէն, խնդրեմ...
Բ. – Հարիւր տարիէն ասդին, որքան շատ բան փլած է ձեր շէնքէն: Ու աւելցած որքան մերինը: Հաց, միս, գարեջուր, լոգանք, զբօսանք, օդափոխութիւն եւ մարդավայել կեանք ու աշխատանք տուէք մեր ժողովուրդին եւ ոչ թէ շարական, հոգեհանգիստ, քերթուած, խունկ կամ երկինքին վրայ քաշուած փոխանակագիր1:
Ա. – Որպէսզի...
Բ. – Որպէսզի նախ անհետանայ սա մեծապայծառ, կրկնադիմի մուրացկանութիւնը, նիւթին, ինչպէս իմաստին պողոտաներուն վրայ: Ձեր անցելասոյզ նայուածքը վայել կսկիծը կը գտնէ՞ արդեօք, երբ կ՛իյնայ գաղթահայ իրականութեան, անոր անլուր տագնապին, նոյն այդ հարցին ու իմաստին սովովը պայմանաւոր: Կը մտաբերէ՞ք թէ ինչ հերոսութիւն է հարկաւոր, Արեւելքի ու Արեւմուտքի գռիհներուն մէջ տախտապարած2 մեր ժողովուրդին գործադրելու համար գոնէ ինքզինքը կշտացնելու հրամայականը, երբ խեղճ բազուկներէ ու մաշած քամակէ զատ չունի ուրիշ դրամագլուխ, մինչ իր շուրջը ատելութիւնը ծով է բռներ:
Ա. – Դուք՝ հեղինակը այդ ատելութեան: Մենք դարերով կերպը գտած էինք ինքզինքնիս յարմարեցնելու մեր միջավայրին: Ձեր այդ նորերանգ պահանջներէն էին, որ անդունդ փորեցին մեր եւ մեր շուրջիններուն միջեւ:
Բ. – Մի փոխադրէք հարցը քաղաքական գետնի վրայ, ուր չի շահիր ձեր տեսակէտը, միշտ իր ցնորքին մէջ փաթթուելու դատապարտուած: Ու կը դառնամ հիմնականին, որ անհրաժեշտութիւնն է ալ, դարաւոր սա ողբերգութիւնը սրբագրելու:
Ա. – Ձեր մեթոդներով անշուշտ:
Բ. – Գէթ մերինը չէ ըսած իր վերջին խօսքը: Բայց ձերինը աղբիւրն իսկ է անոր: Մեր ողբերգութիւնը ծնունդն է աններելի, հիմնովին անմարդկային արկածախնդրութեան:
Ա. – Այսի՞նքն:
Բ. – Պարզ, շատ պարզ է բառը.- երկինքին արկածախնդրութիւնը: Ու ասիկա՝ մեծ միութեամբ մը: Սոփեստութիւնը պիտի չշեշտեմ տիրող կարծիքին, որ մեր նորագոյն կործանումին համար քաւութեան նոխազներ փնտռեց ու գտաւ ուզածէն աւելի: Ուղղակի դառնալով այդ անցեալին, մեր հոն տեսածը ուրիշ բան չէ դարձեալ, բայց եթէ այսօրուանը: Ուրիշներ ալ ունեցեր են եկեղեցի, նահատակներ, շքեղ, մարդկօրէն գեղեցիկ սուրբեր՝ որոնք մեռնիլը դասի են հաներ, բայց լայն ու շքեղ ապրումներէ վերջ: Գտէք ազգ մը, որ մերինին չափ սաստկութիւն, կատաղութիւն, գրեթէ տգեղութիւն դնէ այդ մահուան ծարաւը յագեցնելու մէջ:
Ա. – Կը սրբապղծէք ձեր պատմութիւնը, այնքան սրտառուչ մեծութիւններ այսպէս մանրելով ձեր փոքր փաստերուն ի հաշիւ ու չէք կշռեր փաստերուն փաստը, որով մեր նահատակութիւնը կը զատուի ընթացիկ վկայագրութենէն, ըլլալու համար մեզի յատուկ մեծավայելուչ բան մը, քանի որ տասնի, հարիւրի տեղ, հազարներ, լման սերունդներ ինկեր են նոյն երազին ուղիով:
Բ. – Ճիշդ իմ մեղադրանքս է, որ կը փառաբանէք աւաղելի պարզամտութեամբ մը: Կը զգա՞ք թէ ուր կը տանի այդ բոսորափայլ ուղին: Ոչ մէկ ժողովուրդ չէ փառաւորուած իր սրածուիլը այսքան ամբարիշտ անզգածութեամբ մը: Ես կարդացեր եմ քեզի չափ մեր պատմութիւնը, որ կարծես թէ կը գրուի այդ արիւնի, նախճիրի հանդէսները օրհներգելու համար: Յետոյ, այսպէս ծիրանաւոր այս վատութիւնը ան ի՜նչ քնարականութեամբ վերածեր ենք կեանքին գերագոյն նպատակին: Ու ամօթն ենք գործած չապրելու մեր տուներուն, արտերուն, զաւկըներուն ու պատիւին համար: Ի՜նչ կրակէ ջուրով մարդ կ՛ողողուի, երբ պատմիչներուն միամիտ պատկերներուն հետ քիչ-քիչ կը մտերմանայ ընդհանուր մտայնութեամբ մը, որ մեր վարիչ գաղափարագրութիւնը կը կազմէ այսքան դարերէ հետէ: Ու կ՛ամչնայ իր ցեղէն, երբ կը զգայ թէ ինչ տկարութեամբ, ինչ անփութութեամբ վազեր ենք ընդ առաջ, արշաւի օրերուն, թշնամիին սուրը պաղատագին փնտռելով փակելու «ցաւերու սա հովտին» հաշիւը, արժանի դառնալու համար «երկնաւոր բրաբիոնին»: Սու՞տ՝ այս ամէնը:
Ա. – Մեր պատմութիւնը այսպէս հեռուէն դիտումնաւոր, ընդհանրացումներով չարատեսնելու, չարափոխելու ձեր անբաժան սա կեցուածքը առնուազն հին է, սիրելի պարոն:
Ասիկա ըսած են ուրիշներ, տակաւին կէս դար առաջ, աժան իմաստասիրութեան տենդին օրերուն, երբ մեր անցեալը հասկնալու լաւագոյն կերպը ձեր ըրածին պէս զայն անարգելն էր: Ատկէ ասդին կը խորհիմ թէ դիւրին բան է, ազատ հողի մը վրայ, երբ թշնամիէն տեսնուելու վախը չի միջամտեր, սուրի տեղ գրիչ շարժել:
Բ. – Այդ սուրը շարժելու մէջ ձեզմէ դաս պիտի չառնէր իմ սերունդը, պարոն անցելապաշտ, գէթ աչք ունեցէք անհուն այն զոհողութեանց վրայ, որոնք դրուեցան մեր երիտասարդութեան վզին:
Ա. – Երբ դուք, անձնապէս, միշտ ազատ հողի մը վրայ թերթ կը խմբագրէիք հաւանաբար, ուրիշները կը սրածուէին ձեր շարժման սուրերով: Բայց ձեզի հետ խօսիլ ու քաղաքական հարցերու խրուտքին3 մէջ չընկղմիլ դժուար է ինքնին: Կը կրկնեմ, դիւրին բան է երկրին վրայ կռուելու, տառապելու, տեւել կրնալու սրբազան պարտքը վճարելու տեղ, հեռուէն, շեփորով կամ թմբուկով պոռալ ու աղմկել, առնուազն, բառ, քարոզ, սրամտութիւն, պատգամ ու նախատինք աղալ: Ասիկա անարժան է ամէն հայու: Իր պապերը նախատելը անազնուութիւն է, շատ մը բաներ ըլլալէ առաջ, մանաւանդ երբ աչքերու առջեւ է անոնց դժնդակ բայց հոյակապ վաստակը: Ո՜վ կ՜ուրանայ թէ ազգերու նաւը կը քալէ արեան ծովերու վրայէն, անցեալին մէջ ինչպէս հիմա: Մերինը պիտի չզատուէր: Էականը՝ քալելը, փոխանակ խորտակելու, փշրուելու եւ պատմութեան մոխիրին տակ անհետելու: Ու մերը ըրած է այդ հրաշքը:
Բ. – Նիւթին շուրջը կը դառնաք կամաւոր ու ճարտար անհասկացողութեամբ մը, զայն փոխադրելով ձեր ուզած բլանին: Ըսէք, խնդրեմ, դեռ վերջնական իրենց իմաստը չե՞ն գտած, ձեզի համար, գոնէ հիմա, ահաւոր այն կատասդրոֆները, որոնք դարէ դար տիպիկական կանոնաւորութեամբ խուժեր են մեր վրայ, տեղատուական ու մակընթացական մեխանիզմայով, արեան ալիքներու մէջ, քարուքանդ ընելով մեր սքանչելի երկիրը...
Ա. – Շնորհակալ եմ...
Բ. - /Չհասկնալով բայց շարունակելով/.- Անոր տնտեսութիւնը, անոր գեղեցկութիւնը, գրեթէ անճիտելու4 աստիճան սպառելով մեր սրտառուչ, մեծավայելուչ ժողովուրդը...
Ա. – Դիւցազներգական սա խանդավառութիւնը, մեր ժողովուրդին հանդէպ սա սիրազեղ զգացումները անակնկալներ են ուղղակի, սիրելի պարոն:
Բ. – Կ՛ըսէք այդպէս ու կը փաստէք այլապէս տխուր անհեթեթութիւն մը: Այս ազգը սիրելու լաւագոյն կերպը, ձեր վարդապետութեան համեմատ, զայն գովելին է միայն: Անոր վրիպանքները, թերութիւնները պարզելն ալ՝ ապասերում: Ինչու՞ ձեր մենաշնորհը կը նկատէք սիրել կրնալը: Ինչու՞ մանաւանդ չէք տարածեր զայն ուրիշներու: Մեր սերունդը, ըսի քիչ առաջ, իր արիւնով չվախցաւ փաստել այդ սէրը, երբ հայրենիքը ուզեց զայն իրմէ: Այո, իմ ազնիւ պարոնս, մենք կը խոստովանինք, ու ասիկա բարձրաբարբառ՝ թէ ի՜նչ խոր, քաղցր գեղեցկութիւն կայ անթեղուած մեր երկրին ու անոր շարժուն դէմքին՝ մեր ժողովուրդին մէջ: Ու մեր տագնապը փրկել, պահպանելն է, անթերի պահելն է այդ դիմագիծը մեր ժողովուրդին:
Ա. – Ասիկա յուզիչ ըլլալու չափ գեղեցիկ է սակայն:
Բ. – Ինչու՞
Ա. – Վասնզի մեր մտայնութեան կուսակիցներ իրենց գարշ բերաններով կ՛ընեն այլապէս անհանդուրժելի սրբապղծութիւններ, ու ինչ լրբին հեշտանքով...
Բ. – Չեմ հասկնար:
Ա. – Օ՜, քանիներ, քանիներ եմ լսեր.- տեխնիկ, ինժինըր, ինտիլիգէնտ, իտէոլոգ, դոկտոր եւ դեռ ինչ գիտնամ... քանիներ, տխուր ու դաժան պատգամներ ծրար-ծրար պատրաստ կը պահեն իրենց չորնալիք լեզուներուն տակը, երբ իրենց հետ խօսք փոխանակելու յիմարութիւնը գործուի ազգային գոյութեան, անոր հոգեկան դէմքին անվթար պահպանման շուրջը: Այն ի՜նչ այլուրութեամբ, ի՜նչ կատաղութեամբ, քնարական վերացումով իրենց պատրաստակամութիւնը կը բարբառէին մեր ժողովուրդը զոհելու համամարդկային իտէալներու: Դուք կը հասկնա՞ք հոգեկան անկումի սա աստիճանը:
Բ. – Գիտեմ, գիտեմ... ատիկա հին հեքիաթ է սակայն:
Ա. – Հեքիա՞թ: Հեքիա՞թ: Չէ, սիրելի պարոն, չէ: Դեռ իմ ականջներէն չէ ելած ցաւը, որ դանակի պէս զարկաւ զիս, երբ այդ անզգամ, փտելիք բերաններէն մէկը, նման վիճաբանութեան մը ատեն, բռունցքները զարնելով սեղանին պոռաց երեսիս՝ թէ «տիեզերական եղբայրութեան հսկայ գործին համար, ես էի խբելու սպաննիչ գնդակը իմ ժողովուրդի գլխին, երբ համոզուած լինէի նրան հիմնական արգելքին, հասկանում էք, էլի...»:
Բ. – Միշտ ձեր եռանդը ձեզ կ՛ընէ չափազանցող: Մենք չենք ուրացած, չենք ծաղրած, այլ շեշտած ենք անոնց անայժմէ, մանաւանդ անտաղանդ, մաշած, քնաբեր, ակադեմիական անօգտութիւնը: Աչքէ անցուցիք հարկաւ թերթերու եւ պարբերականներու մէջ այդ առիթով կոթողօրէն սին ճառերը եւ յօդուածները, բոլորն ալ մեր մշակոյթին հիմնական թերիով «ակաղձուն» եւ որոնք հրաշքը կ՛իրագործեն կաթիլ մը նոր բան չըսելու, սկսեալ չորրորդական քաղաքի մը երանելի վարժապէտէն մինչեւ պերճ ոստաններու տիտղոսաւոր, «նուիրագործուած» գրականագէտները: Ան ի՜նչ անվայել, տմարդի բան է հազար անգամ կեղկեղուած, մաշելու տեղ իսկ չպահող նիւթերով ութը-տասը թերթ լեցնել, մտածման ու արուեստի օրկաններէն՝ չխնայելով ընթերցողին: Հապա հանդէսնե՞րը: Մենք կ՛ուզենք որ վերջ գտնէ սա գրեթէ ապաբարոյ, տգեղ ասիացիութիւնը մարդեր հաւաքելու. ու փոխանակ զանոնք առնուազն հետաքրքրելու, երիցս երանեալ խաղաղութեամբ թողելու, որ մեր խօսած ատենը քնանան անոնք խորը իրենց աթոռներուն: Ու ասիկա այսպէս գրեթէ ամէն տեղ: Ինչպէս միշտ ալ:
Ա. – Ես ալ հակառակը ունիմ ձեզի պատմելիք: Եղեր եմ ներկայ անոնցմէ մէկ քանիներուն: Ու ասնոք համախմբումներ էին յոյժ սրտագրաւ, լայնօրէն շինիչ, ոգեւորող. հոգեղէն խորհորդով տոգորուն եւ մանաւանդ գեղեցիկ:
Բ. – Կարելի է. ի վերջոյ դուք բախտաւոր մարդ էք: Իմ մասիս ներեցէք որ ես չծածկեմ իմ զայրոյթս այս տափակ, ամէն տեղ բերնի ծամոց նիւթերով ժամ մը գլուխ արդուկելու անգութ շաղակրատութեան առջեւ:
Ա. – Ակնոցի հարց, պարոն, եւ ոչ ուրիշ բան: Հազուադէպ է որ իրաւունք, իրաւացիութիւն հանդուրժենք մեր հակառակորդին քով, ինչպէս՝ գեղեցկութիւն, բաներու մէջ, զորս կ՛արհամարհենք: Ու նոր չէ ասիկա, ոչ ալ մեզի միայն յատուկ: Գաղափարներու հանդէպ այս ոսոխութիւնը համազօր է գրեթէ քաղաքացիական կռիւներու, որոնց մէջ համարիւնին դէմ մեր երեւան բերած ատելութիւնը ամենէն նուաստացուցիչ մեղքն է մարդոց: Ձեր այս զայրոյթը կ՛ապացուցանէ թէ յիշուած հանդիսութիւնները ի յառաջագունէ դատապարտուած էին արդէն ձեր մտքին մէջ, իրենց ոչ-նիւթեղէն, թերեւս անցելապաշտ նկարագրին համար: Կ՛անդրադառնա՜ք այն ողբալի աղքատութեանը, որով կը փայլին ձեր ալ կազմակերպած ընկերային-յեղափոխական-կուսակցական հաւաքոյթները, ուր սրտի մեծ խաղաղութեամբ ուրիշներուն – ազգ ու միտք – գաղափարները կը պատմէք եւ կամ մեր իրականութեան սա ու նա ճիղճ պատահարը քնարերգութեան կը տանիք: Դուք ձեզմէ դուրս ոչինչ կ՛ունդունիք: Կը դատապարտէք մեր ժողովուրդին հոգիին վրայ ազդումի ամենէն ապահով սա գաղափարը – ոյժերը, անոր անցեալէն հանուած դարաւոր իմաստութիւնը, վասնզի օտար էք անոնց: Չէ՞
Բ. – Միշտ կը շեղիք նիւթէն:
Ա. – Կարելի է: Մեզի համար մեր անցեալը մեր մեծագոյն քաղաքականութիւնն է ու կրօնական երանգին տակ մեր տեսածը, գտածը՝ միշտ ալ ազգային խորքը: Թոյլ տուէք ինծի որ հրաւիրեմ ձեզ ազնիւ կեցուածքի այն ամէն բանի դէմ, ուր այդ անցեալով հովանաւոր սրբազան կրակը, մասունքը մուտք ունի:
Բ. – Յետո՞յ:
Ա. – Միամիտ չեմ խղճմտանքներ փոխել յաւակնելու: Գիտեմ սակայն թէ ժողովուրդի մը դժբախտութիւնը կը սկսի այն րոպէէն, երբ անոր գլխուն կը բազմանան մարգարէները․․․
---------------------------
1․Լիազօրութեան գրութիւն /Այս եւ մնացեալ ծանօթագրութիւնները՝ Ա.Ա./:
2․Զգետնել, ահաբեկել:
3․Աւազուտ, ծանծաղուտ
4․Ոչնչացնել
- Hits: 1567