Վերջերս «Թէքէեան» մշակութային կենտրոնում տեղի ունեցաւ առաջին հատորի շնորհանդէսը. Արթուր Անդրանիկյանի անդրադարձը
ԵՌԱՀԱՏՈՐԵԱԿԻ ԳՈՀՈՒԹԵԱՄԲ ՆՈՐՈՎԻ ՃԱՆԱՉԵՆՔ
ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆԻՆ
Վահան Թէքէեան «Յօդուածների ժողովածու»
/1901-1910/, հտ․ Ա
/Աշխատասիրութեամբ՝ Վարդուհի Դաւթեանի/
Տխուր եւ սակայն կորովի է իր դէմքին արտայայտութիւնը։ Ակնոցները չեն երեւար գրեթէ, ոչ ալ աչքերը։ բայց զգալի է խիզախ նայուածքը, հաւատաւոր, պարզ, յաղթական իր ներքին խռովքներուն վրայ․․․
Նիկողոս Սարաֆեան
«Վահան Թէքէեանը եւ հայ լուսանկարիչը»
․․․ուրիշ ո՞վ, եթէ ոչ ոչ Նիկողոս Սարաֆեանն էր ի զորու զգալ եւ յոյժ արտհայտչագեղ դիմանկարել Կեդրոնական վարժարանի իր նախկին ուսուցչին, «Ժողովրդր ձայն» թերթում /Կ․Պոլիս/ իր առաջին քերթուածները հրատարակող-քաջալերողին՝ Վահան Թէքէեանին, ով վեհապանծօրէն արեւմտահայ եւ սփիւռքեան բանաստեղծութեան խաչմերուկում այն եզակի բանաստեղծներից էր՝ վերապրող սերնդի և սերունդ վերապրեցնող արդէն «քաղաքակրթութեան քաոսի» պայմաններում։
Մեր նպատակը Վահան Թէքէեան բանաստեղծին ներկայացնելը չէ, եւ ոչ էլ ամենեւին անհրաժեշտութիւն կայ Հայ բանաստեղծութեան իշխանի փառքը վաղուց ի վեր մեր «յոգացութեանը չի կարօտիր։ Արդ, խնդրոյ առարկան Թէքէեանի «նորամուտն է»,- չենք վարանում այսկերպ արտայայտուել,- ազգային, մշակութային մեր մտածողութեան մէջ յիրաւի փոթորկուն, անսպասելի յայտնութեամբ իբրեւ տարաբեւեռ, բազմաբովանդակ եւ ցայժմ իմաստաւորման խորքայնութեամբ անլռելի իր հրապարակագրական ժառանգութեամբ, որ թերեւս մինչ այժմ թէքէեանագիտութեան ամենաաններելի բացթողումներից կարելի է համարել։ Այդ թերացումը հուրախութիւն մեզ լրացրել է գրականագէտ Վարդուհի Դաւթեանը տքնաջանութեամբ։
Գոնէ ինձ համար,- վստահ եմ նաեւ այլոց,- պարզորոշ ու գնահատելի է աշխատասիրողի նուիրեալ վերաբերմունքը ոչ միայն բանաստեղծի անձի ու գործի նկատմամբ, այլ բանասէր-հետազօտողի գիտական խնամեալ պատրաստուածութիւնը՝ ժողովածուի ծանօթագրութիւնները, անձնանունների եւ տեղանունների ցանկերը պատրաստելու բնագրագիտական հմտութիւնը, այն ինչ մեզանում սակաւադէպ է պատահում, այլ խօսքով՝ ակադեմիական լրջագոյն աշխատանք է կատարուած, իսկ Վ․Թէքէեանի հրապարակագրական այսօրինակ ահռելի ժառանգութիւն ունենալու խօսուն փաստը շատերին, նոյնիսկ Թէքէեան ուսումնասիրողների անշուշտ, տարօրինակ ու գուցէ եւ զարմանալի թուայ․․․
Տարիներ առաջ Աւետիս Սանճեանի աշխատասիրութեամբ հրատարակուած արժէքավոր «Նամականին» նոր իրողութիւններ էր ներկայացնում Թէքէեանի կեանքի եւ ստեղծագործութեան խորքերից, թերեւս, որոշօրէն, անձնական, գրապատմական իրողութիւններ ու եղելութիւններ ի յայտ բերում, բայց բանաստեղծի հրապարակագրութիւնն բոլորւին այլ «առողջ գիտակցութիւն կը բերէ», մանաւանդ, որ խնդրայարոյց բազմաթիւ հիմնախնդիրներ են շոշափւում, ներկայացւում, թէ ազգային եւ թէ հանրային, մշակութային այլեւայլ ընդհանրացումներով․ «Մեր աշխատանքով մենք ձգտել ենք իրականացնել ամբողջականին միտող երկերի տպագրութեան գործը, միաժամանակ նախապատրաստելով դրանց հետեւողական ընթացքը», յառաջաբանում գրում է Վարդուհի Դաւթեանը։ Զգացողիկ առումով պարզորոշ է՝ գրում է համեստօրէն, իր հսկայածաւալ աշխատանքի մասին խոհեմօրէն, թէ՞ «վարպետօրէն» լռելով։ Մի առիթով Շաւարշ Միսաքեանն ասել է․ «Թող գործը խօսի»։ Արդ, այս «գործը» ոչ միայն «խօսել է», այլեւ անդիմադրելիօրէն խօսեցնելու է՝ բացելով տակաւին գրեթէ «աննուաճ» հորիզոններ» Վահան Թէքէեանի ժառանգութեան խորքերից, որտեղից միշտ ճառագում է ազգային վեհութիւնն ու ․․․ սնափառութիւնը՝ հայութեանը շարունակաբար բնորոշ, յուսահատեցնելու աստիճան․․․ «Ազգային քաղաքականութիւնը ուրիշ ազգերու հետ իր յարաբերութիւնները կանոնաւորող ու այդ յարաբերութիւնները իրեն ի նպաստ /ընդգծումն իմն է, Ա․Ա․/ դարձնող իր վարուելու կերպն է․․․»։ Այսօրինակ ազգային կենսակերպող վարքագծով է ապրել Վահան Թէքէեանը։
Ժողովածուն հրատարակուել է բնագրային ուղղագրութեամբ «ինչ որ մեծ արժանիք մըն է» այս կոթողային հրատարակութիւնը արժեւորող։
Արթուր Անդրանիկեան
Վահան Թէքէեան
ՄԵՆՔ ՄԵԶԻ
Անհատների կեանքին մէջ յուսահատութիւնը երբեմն կրնայ արդարացուիլ, ազգի մը՝ երբեք:
Մեր կրած վերջին հարուածը բացի իր ծանրութենէն, շուարեցուց ու սարսափեցուց մեզ ա՛յն պատճառով, որ անակնկալ էր այս անգամ. «Սահմանադրութեա՞ն մէջ ալ պիտի ջարդուինք», այս էր աղաղակը, որ թռաւ ամէն հայ բերնէ՝ կսկիծի ճիչին հետ միաժամանակ:
Ծայրայեղ լաւատեսութեան, այսինքն՝ անձնատուութեան և յանձնապաստանութեան շրջանի մը հիմա կը յաջորդէ ծայրայեղ յոռետեսութեան և յուսայատութեան շրջան մը: Երկրորդը արդիւնքն է առաջինին:
Եթէ մեր ազգային իշխանութիւնները առօրեայ ճղճիմ ու անիմաստ զբաղումներով ժամանակնին անցնելու տեղ Թիւրքիոյ մէջ մեր ազգին նոր կացութիւնը աչքի առջեւ առնէին և ըստ այնմ քաղաքական ուղղութիւն մը գծէին և հրահանգէին ամենուրեք՝ հոս և գաւառները, ինչպէս իրենց ամենամեծ պարտքն ու պաշտօնն էր (եթէ մեր քաղաքական կուսակցութիւններն ալ գոնէ Յուլիս 11էն վէրջ ալ հրաժարէին զուտ մրցակցական-խանութպանական իրենց այն գործունէութենէն, որ ժողովուրդն իրենցմով, իրենց իւրաքանչիւրով գրաւելու և շլացնելու Նպատակը միայն ունի, և համերաշխ գործակցութեամբ չափաւոր քաղաքականութեան մը պէտքն զգացողները աւելի շատ ըլլային իրենց մէջ) ո՛չ այս յուսահատութիւնը կը կրէինք, ո՛չ ալ թերեւս անոր տուող պատճառը կ’ողբայինք այսօր:
Ամէն արդիւնք պատճառի մը հետեւանքն է հարկաւ. երբ այդ պատճառը բնութեան ուժերուն անակնունելի մէկ պոռթկումը, մարդկային հաշիւներու սահմանէն աւելի կամ նուազ դուրս ինկող պարագայ մը չէ, կրնայ ուրեմն այդ արդիւնքին առաջքը առնուիլ:
Կը համարձակի՞նք ըսելու, թէ Ատանայի աղէտը անխուսափելի էր, թէ մենք ինչ որ ալ ընէինք, ան պիտի պատահէր: Ո՛չ, որովհետեւ նախ բա՛ն չէինք գիտեր, և չգիտնալով՝ բնականաբար չըրինք ինչ որ պէտք էր՝ արգիլելու համար աղէտը և ըրինք գուցէ ինչ որ պէտք չէր ընել և ապահովաբար պիտի չընէինք, եթէ թուրք հոգեբանութենէն, թուրք միջավայրէն տեղեկութիւն ունենայինք քիչ մը:
Այս անգիտութիւնը մեր մեծագոյն յանցանքն է. անոր լծորդուելով է միայն, որ յանցանքները կը դառնան դարձեալ մեր ցուցասիրութիւններն, յոխորտանքներն ու պահանջկոտութիւններն, որոնք այլուր, ուրիշ տեղ կամ ուրիշ ժամանակ ոչ մէկ հետեւանք պիտի ունենային, թերեւս առաւելութիւններ պիտի ըլլային մինչ հոս՝ Թիւրքիոյ մէջ, Սահամանադրական րէժիմին հաստատման առաջին ամիսներուն՝ մէյմէկ ծանր սխալներ էին ամբողջ:
Պօլսոյ ժողովուրդը, երէկ գլխուն զարնուած, երէկ մարմնացումը խոհեմութեան, Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք անտրտունջ ընդունեց քաղաքական առաջնորդութիւնն իր այն կարգի ազգակիցներուն, որոնք ոչ Թիւրքիան կը ճանչնային, ոչ Թուրքերը… բացի անշուշտ Սապահէտտին իշխանէն և Ահմէտ Րիզա պէյին: Անոնց յայտնած գաղափարները մեզի համար նոր էին (այսինքն՝ անոնց եկած երկիրներուն մէջ շատո՜նց արդէն «հինցած»ներ էին), ինչպէս նոր էր անոնց գործածած լեզուն ալ, և այսչափը բաւական եղաւ, որպէսզի մեր նորասեր ժողովուրդը յիմարօրէն ծափահարէ զանոնք՝ իր ծափերուն աղմուկին մէջ խեղդելով ամէն լուրջ մտածում, անկարող դառնալով ո՛եւէ բանի վրայ մտածելու անգամ:
Տարօրինակ մեր Պատրիարքարանը, Վարչութիւնն ու Ազգ. Ժողովը, արդարեւ, որոնց բովանդակ գործունէութիւնը կայացաւ Երուսաղէմին ցնդած պատրիարքի մը հետ մաքառելու մէջ (երեւակայեցէք ինչ պիտի ըլլար, եթէ պատրիարքը ցնդած չըլլար) իր կարողութիւններուն համար օտարներու կողմէ այսօրուան օրս է՛ն շատ գնահատուած հայը՝ Նորատունկեան էֆէնտին (որուն օտարներէն գնահատուած ըլլալը ճիշտ պատճառ մ’էր, որ մեր «հաւասարասիրութիւնը», չըսելու համար «գռեհկասիրութիւնը» զայն արհամարհէ), խծբծելու և հրաժարեցնելու և կարօտեալներու քանի մը հազար ոսկիի ողորմելի նպաստ մը ողորմելի կերպով մատակարարելու մէջ: Տարօրինա՜կ կուսակցութիւններ նոյնպէս, որոնք իրարու ետեւէ թաղէ թաղ և գաւառէ գաւառ վազեցին՝ զիրար հետապնդելով, մէկուն հաստատուած տեղը միւսին ալ անպատճառ տնկուելով, ատիկա իրեն «պատուոյ խնդիր», իր գոյութեանը գլխաւոր նպատակ, իրեն գո՜րծ նկատելով…: Զիրենք կազմող անձնականութեանց, եսասիրութեանց և խանութպանական մրցակցութեանց խորոյքին (fond) վրայ «սկզբունքային տարբերութիւնները» պատրուակ մըն էին, այդ աղտոտ խորոյքը ծածկող վարագոյրն էին միայն, զոր կը քաշէին՝ յաճախ պատռելու և բրցնելու չափ: Խե՜ղճ «սկզբունքներ», ազգայնական, սօցիալ-րէվօլիւցիօներ, սօցիալ-դէմօկրատ՝ իրենց բոլոր ածանցեալներովը, որոնք երբեք ենթարկուած չէին ասանկ խաղքութեան մը, որոնք եթէ ունենային իրենց յատուկ, միսէ ու ջիղէ լեզուն, անշուշտ պիտի բողոքէին բոլորովին աննպաստ միջավայրի մը մէջ բոլորովին արուեստական կեանքով մը (ի շահ ուրիշ չխոստովանուած կեանքերու) զիրենք ապրեցնել փորձողներուն դէմ, երբ այդ միեւնոյն միջավայրին մէջ, քայլ մը անդին խոր տգիտութիւնը, մոլեռանդութիւնն ու բարբարոսութիւնը մէկ աչքը բաց կը քնանային, պատրաստ՝ յարմար վայրկեանին իրենց վաղնջական գործը կատարելու, յամենայն դէպս անկարո՛ղ մէկ օրէն միւսը փոխուելու:
Ա՛հ մեր կուսակցութիւնները, անո՛նք, որոնք «գործեցին», որոնք շեփորեցին, գոռացին, սնդիկի պէս տարածուեցան, ցուցահանդէսի մը պէս բացուեցան, իրենց բոլոր մարդիկը, իրենց ըրածն ու չըրածը, ունեցածն ու չունեցածը հրապարակ հանեցին և այս միջոցին մոռցան, որ քաղաքական կուսակցութիւններ էին քայքայուած, բռնապետութեան տակ ապուշցած և ազատութեան մէջ շուարած տարաբախտ ժողովուրդի մը: Ամիսը հինգ ղուրուշ տալով՝ իրենց անդամակցողներուն թիւը կ’աւելնա՞ր կոր, իրենց երգերը կ’երգուէին կոր, լրագիրները շատ կը յիշէի՞ն կոր իրենց անունները. «Բիւզանդիոն»ը նոյնչափ տեղ կուտա՞ր կոր Դաշնակցականին, որչափ Հնչակեանին. Բարիզի քօնկրէին հաւատացողներուն թիւը նոյնը կը մնա՞ր կոր միշտ. հանդէսներու և թատրոններու մէջ Ակնունին իբր թէ հակառակ իր կամքին պերճախօսեցնել կոչուած քլաքը որչա՞փ չէզոք աջակիցներ կ’ունենար կոր,-ասոնք էին ա՛յն մտահոգութիւնները, որոնք կը տիրէին մեր «գործօն» կուսակցութեանց մէջ՝ «Համիտական րէժիմ»ին դէմ չգիտցուած դատապարտութիւններու (Համիտի քթին տակ) տարափով մը և վարժութիւնը չկորցնելու համար պարբերաբար «Ձարիզմ»ի դէմ ալ անէծքներու բուռով մը ընկերացած…:
Հապա թերթե՞րը՝ տարուած մրցակցութեան նոյն ազատ ոգիէն, որ կարծէս էն մեծ ոյժն է մեր ազգին՝ ըլլալով միանգամայն իր մեծագոյն թերութիւնը, որմէ կը բխին միւս շատերը: Բայց անհատական գործի մէջ մրցակցութեան և միշտ Հայը Հայու հետ մրցակցութեան միջոցները երբ նոյնութեամբ կը փոխադրուին հանրային պաշտօնի մը մէջ, որպէս լրագրութեան պաշտօնն է, արդիւնքը պարզապէս աղէտալի կ’ըլլայ հանրութեան համար, մանաւանդ մերինին պէս հանրութեան մը, որ կազմաւորուելու և առաջնորդուելու այնքան կարօտ է և զոր մամուլը պիտի շինէր և ուղղէր, եթէ ատոր ընդունակութիւնը կամ գիտակցութիւնը հիւլէի չափ ունենար: Ամբողջ Պօլսահայ մամուլին մէջ մէ՛կ հոգի մը կայ այսօր, որ բաւական խելք և կարողութիւն ունի թերթ մը վարելու և լրագրի մը պարտականութիւնը կատարելու համար, որ պիտի կրնար զայն կատարել՝ պայմանաւ, որ կա՛մ մի՛նակ ըլլար, կամ ինք չըլլար թերթին տերը. այդ անձը, պէտք կա՞յ ըսելու, Բիւզանդ Քէչեանն է, որ սեփականատէր ըլլալուն համար, որ իր առուտուրին գերազանց մտահոգութիւնն ունենալուն համար, ինչ որ ինքնին յանցանք մը չէ և արժանիք մըն է անշուշտ, կ’իյնայ աւելի սքօղեալ երեւոյթի մը տակ, այն միեւնոյն սխալներուն մէջ, որոնք կտոր-կտոր կը քանդեն հոգին մեր ժողովուրդին՝ փոխանակ զայն շինելու: Ճշմարտապէս ուղիղ-առաջնորդող յօդուածէ մը, որ ճահիճին մէջ ի՛նչքան գորտեր կռկռացուց իրեն դէմ՝ առաջ և ետքը, որչա՜փ սխալներ և հակասութիւններ, ուղղութեան ի՛նչ մեծ պակաս իր կողմէն: Հոսանքէն տարուելով, գոհացում տալու համար ժողովրդային խաթարուած ճաշակին կամ յարմարելու համար անոր ծռած ողջմտութեանը վրայ՝ ինք չէ՞ր, որ օր մը առաջ կ’սպառնար Իթթիհատին դէմ՝ միւս օրը զայն պաշտպանելու համար, որ ոճրագործ խմբակ մը դիմակաթափ ընելու համար պէտք եղած դիւրին քաջութիւնն անգամ չունեցաւ, որ վերջապէս դեռ այս մօտերս, Կիլիկիոյ աղէտէն ետք, մէկ կողմէն իր միեւնոյն թերթին միեւնոյն թիւին մէջ թոյլ կուտար Անտիոքեան թղթակցութեան մը սկիզբը հրատարակելու ա՛յնպիսի բառեր, որոնց միակ նպատակն է հայ շօվինիզմին ճարակ տուող միւս թերթերուն հետ մրցիլ:
Եւ այս լուրջ օրաթերթերուն քով «Բիւզանդիոն»ին հետ միաժամանակ, որ ինչ որ ալ ըլլայ, միակ թերթն է թերթի նմանող, կան, Աստուած իմ, զաւեշտաթերթերը, որոնք պէտք է եղեր, որ ամենօրեայ ալ ըլլան, այնչափ մեծ է եղեր խնդալու Սրմաքէշխանլեանի բառով՝ «պորտակառկառ»... և անվարտի խնդալու մեր պէտքը: Զաւեշտական օրաթերթը տեսած չէինք Ֆրանսացւոց մեջ իսկ, որոնք է՛ն խնդացող ժողովուրդն են սակայն: Գռեհկանալու, լղրճուելու, ամէն բան և ամէն մարդ անպատճառ ծաղրելու մեր արդէ՛ն արժանապատուութեան և փոխադարձ յարգանքի, պատշաճութիւններու զգացումէն զուրկ ազգին մէջ յարգուելիք բան մը չձգելու ի՜նչ անդիմադրելի պահանջք է սա, որ կ’ստեղծէ Կավրօշները, Ծաղիկները, Ֆրու-Ֆրուները, Կիկօներն ու Խարազանները… Բո՛ւ, ինչ ջարդուելիք մամուլ, և գրաքննութիւնը ինչ բարիք մըն է եղեր մեզի համար:
Առէ՛ք յետոյ մեր դպրոցները, իւրաքանչիւրը մէյմէկ բոյն տգիտութեան՝ իրենց հոգաբարձուական և ուսուցչական խումբերով, որոնք կ’աշխատին, այո՛ կ’աշխատին, նորագոյն սերունդն ալ սպանդանոց ղրկել միւսներուն ետեւէն… Յետոյ, առէ՛ք ժողովուրդը, արարիչ և արարած այս ամենուն, աղբիւր և ընդունարան չարեաց, որ կը ծափահարէ դատապարտելին, կը պանծացնէ ամօթալին, տգեղութեան, ստութեան և խաբէութեան կը հաճի և կ’աստուածացնէ ապուշութիւնը, որ սակայն բաղդատուելով վերիններուն հետ՝ ինքը ժողովուրդն ըլլալու չքմեղանքն ունի, այսինքն՝ ինք զանգուածն է անգոյն, անանուն, մինչ միւսները ընտրեալներ են իբր թէ, հատընտիր, շատ ընտիր, ծաղկաքաղի մը ծաղիկները…:
Եւ այս ժողովուրդն է, և մենք իր զանազան ներկայացուցիչներն ենք, որ այսօր յուսահատ ենք և ամէն բան անպայման սեւ կը տեսնենք՝ երէկ մեր յիմար խանդավառութեանը մէջ ամէն յոյս ներելի համարելէ ետք. մենք ենք, որ հանրային ամէն առաքինութենէ, ամէն կարողութենէ զուրկ ազգ՝ մեր բնաջնջումին ճակատագրականութեանը կը հաւտանք իբրեւ անխուսափելի բանի մը և վերարկուի տակէ կը փսփսանք իրարու, իբրեւ փրկութեան միջոց, իբրեւ ամենէն խելացի, ամենէն շոշորթ ու տափակ գիւտը մեր ուղեղին՝ կրօնափո՜խ ըլլալ. մենք ենք, որ Ազգ. Ժողովին մէջ այս ամենածանր րոպէին դեռ ձեւականութիւն կը փնտռենք ու անձնականութիւն կընենք, դե՜ռ կը վիճինք ՝ փոխանակ ձեռքերնիս աչքերնուս վրայ գոցած, ինչպէս բողոքական կրօնատեղիի մը մէջ՝ լուռ խորհրդածելու, հոգինիս քերթել-մաքրելու և Հոգին-Սուրբի ներշնչումին սպասելու, որմէ յետոյ միայն ներշնչուողը պիտի կրնար խօսիլ, և միւսները միայն մտիկ պիտի ընէին անոր… մինչ մեր եկեղեցական երեսփոխանները իրենց չունեցած ջերմեռանդութիւնը և աշխարհականներէ ոմանք իրենց ազատամտութիւնը ցուցադրելու առիթ մը կը գտնեն մարդահամարի վարչութեան կատարած «Ղրիղորեան» անուանակոչութեան խնդրին մէջ, և եկեղեցականները ժողովէն առնել քալել կ’սպառնան՝ իրենց հօտը, մահահօտը պաշտպանա՜ծ ըլլալու համար…:
Բայց Կիլիկիոյ և բովանդակ Հայաստանի ջարդերէն շատ աւելի սոսկալի և ընդհանուր ջարդ մը Հայ հոգիին ու մտայնութեանը մէջ տեղի ունեցած է անզգալաբար, անողորմաբար, որուն անդրադարձող չիկայ, զոր կասեցնող չիկայ, օգնող, դարմանող ոչ մէկ յանձնախումբ, ոչ մէկ վարչութիւն կայ…: Այսօրուան յուսահատութիւնը, լրջութեան ու կորովի պակասը վճռական ապացոյցներն են ատոր: Ջարդէն առաջ այսքա՛ն ալ կարելի չէր ծուլօրէն միամիտ ըլլալ՝ վստահելու համար մեր երէկուան դահիճներուն վրայ, անոնց ազատամտութեանը ու եղբայրութեանը վրայ, որով շարժեցանք ա՛յնպէս, ինչպէս պիտի շարժէինք Եւրոպայի կամ Ամերիկայի մէջ, այսքա՛ն ալ անխիղճ՝ Քօնկրէներու առասպելներով օրօրելու համար ժողովուրդը, Քօնկրէ՛ներ, զորս կազմակերպեր, որոնցմով յառաջ բերեր էինք Յուլիս 11ի Սահմանադրութիւնը, ինչ որ չըլլալով ճշմարտութիւնը՝ մէկ կողմէն մեզի դէմ կը գրգռէր յետադիմականներու անթիւ բանակը և միւս կողմէն կը փքացնէր մեր ժողովուրդը՝ տարապայման հաւատքովն ու յոխորտանքովը իր չունեցած ուժին, դիրքին: Ջարդէն ետքը, կարելի չէր ընդհանուր կերպով այսքան թոյլ և առնազուրկ ըլլալ՝ արդէն գրեթէ ջնջուած զգալու համար ինքզինքնիս և մեր կրօնքէն, ազգայնութենէն ու երկրէն դուրս փախուստներով ինքզինքնիս ապահովել մտածելու համար: Տասնչորս տարի առաջ, անկումի այս աստիճանին վրայ չէինք դեռ. մեր ցաւը աւելի ազնուական կերպով մը գիտցանք կրել այն ատեն, և ապահովապէս ազգի մը կենսականութեան ապացոյցը կը գանուի իր ցաւերը կրելու արժանաւոր եղանակին մէջ…:
***
Պէտք կա՞յ ըսելու, թէ այս ամէնը չկրնար իբրեւ արդարացում ծառայեցուիլ Կիլիկիոյ կոտորածին: Ընդհակառակը, եթէ մեր թշնամի խուժանն ու այդ խուժանին առաջնորդները խելք ունենային, պէտք պիտի չզգային կոտորածի և անայլայլ թոյլ պիտի տային շարունակել գոյութիւննիս այնպէ՛ս, ինչպէս ամբողջ ինն ամիս վարեցինք կատարեալ թեթեւամտութեամբ և բացարձակ անգիտակցութեամբ:
Ինչ որ պէտք է հիմա ըսել մենք մեզի այն է, թէ նախ՝ Թիւրքիան ու թուրք ժողովուրդը ենթակայ են, ինչպէս ամէն բան, բարեշրջումի... կամ յոռեշրջումի: Եթէ Սահմանադրութեան հաստատումն և անոր ամրապնդումի գործողութիւնը, որ կատարուեցաւ վերջերս, բարեշրջումի նշաններ են, կարելի չէ, որ Հայերը յաւիտենապէս ջարդուին ուրեմն: Այս հաւատքն ունէինք անշուշտ, երբ ընդառաջ վազեցինք Ազատարար բանակին և տօնեցինք զանիկա: Իրաւ է, թէ բարեշրջումները երբեմն երկար կը տեւեն, և այդ պատճառաւ ալ մեզի համար մեծագոյն ջանքը պէտք է ըլլայ տեւել այս երկրին մէջ, տեւել անձայն անշշուկ, համբերատար ոգւով և մեր այն աւանդական քաղաքականութեան հետեւելով, որով մեր նախնիքը կրցած են անցընել և փոխանցել ազգին գոյութիւնը այսօրուան չափ դառն վիճակներու մեջէն, քաղաքականութի՛ւն, որ ուրիշ բան չէ, բայց եթէ վարուիլ գիտնալու քաղաքականութիւնը: Տեւելու այս քաղաքականութեան քով, որ բնաձիր է մեր ժողովուրդին մէջ, երբ ան ինքզինքնին թողուի, անհրաժեշտ է սակայն և անոր լրացուցիչն է միայն, մանաւանդ հիմա, հոգեկան ու մտաւորական վերաշինումի գործը, որուն անյապաղ ձեռնարկելու ենք Օսմանեան Սահմանադրութեան շրջանակին մէջ, հաւաքական աջակցութեամբը մեր էն յայտնի անձնաւորութեանց, անո՛նց, որոնք օտարներէ իսկ գնահատուած են իբրեւ է՛ն կարող Հայերը և անոնց, որոնք մէյմէկ հեղինակութիւններ են մեր մէջ: Պօղոս փաշա մը, Նորատունկեան էֆ. մը և Եզեանց մը՝ Չերազի մը, Մուրատի մը, Տամատեանի մը, Շահրիկեանի մը և Զօհրապի մը հետ միասին ուրիշ յոյս պիտի ներշնչէին և ուրիշ բան պիտի ընէին, քան մեր Ազգ. ժողովը, զոր կամ ցրուելու է, կամ թող տալու չէ, որ տարեկան երկու ամիսէն աւելի նիստ ընէ և ժողովուրդը խաբէ...: Եւ ի՜նչ կըլլար, ի՜նչ կըլլար, Աստուած իմ, եթէ ինքնիրենը փճացող այս ազգին կուսակցութիւնները մէկ թափով բոլորը մէկ միանալու առաքինութիւնը ցոյց տային, որ ա՛տ ալ պիտի բարձրացնէր ազգին կորովը: Եւ խառնիխուռն ահա՛ կը նետեմ պահանջքներս, որոնք պահանջքներն են Հայութեան ստուար և դիտակից մասին, ի՞նչ կըլլար, եթէ անմիջապէս ձեռնարկուէր իբրեւ նախաքայլ և իբրեւ նուազագոյն զոհողութեան կարօտ գործ մը, հիմնարկութեանը հայերէն թերթի մը, որ մէկ մարդու մը շահուն չծառայէր, այլ ազգին, որ իսկոյն սկսէր հակազդել միւսներուն, անոնց գործած չարիքը սրբագրէր, զանոնք կործանէր քիչ ատենէն:
Բայց, ահաւասիկ... Մենք ինքզինքնուս, մեր թերութիւններուն, մեր յոռի կուսակցութեանց և յոռեգոյն մամուլին ձեռքը գերի ենք այսօր, և այդ լուծը, զոր համեմատատէս դիւրին էր թօթափելը և թօթափելը մեր ձեռքն էր, կը կրենք տրտնջալով, որովհետեւ կորով չունինք, որովհետեւ մա՜րդ չունինք և եթէ ունինք, անոնք զատ-զատ միայն բան մը կ’արժեն, զատ-զատ միայն կը զոհեն առաւել կամ նուազ, զատ-զատ միայն փառաւորուիլ կ’ուզեն:
Բայց հաւաքական կորուստին վտանգը, որ ազգին դուռը ափ առած է, պիտի հաւաքէ՞ արդեօք զանոնք և ապրիլ-ապրեցնելու ճիգ մը ընել պիտի տա՞յ…:
Թերեւ՜ս…:
1909
- Hits: 1574