Եղիշէ Չարենց-Նիկողոս Սարաֆեան. Ուրուագիծ մը գրական դիմանկարներու խորքէն
Ուրուագիծ մը գրական դիմանկարներու խորքէն*
հատուած
Եղ․ Չարենցի 125-ամեակի եւ Ն․Սարաֆեանի 120-ամեակի առթիւ
Խոր գերութեան ներքոյ, այնուամենայնիւ,
Պատմութեան քառուղիներում ոլորապտոյտ
Պայքարել է ոգով, մաքառել է նա միշտ
Եւ չի կորել դաժան տարիներում այն մութ:
Եղ. Չարենց
Կենդանութիւն, տեւական Հակասութիւն էր,
Պայքար, Արեանս մէջ յարաշարժ:
Ճշմարտութեան մը վերջին, չունեցան
Ձեւը երեք խոհերը մեր...:
Ն.Սարաֆեան
Չարենց կ՛ըսէ <<պայքարել՝ ոգով>>,- Հաւաքականութեան իմաստիւ,- Սարաֆեան՝ կ՛արձանագրէ՝ <<Հակասութիւն էր, /Պայքար, Արեանս մէջ,- իր ըմբռնումէն իսկ բխող,- միով բանիւ՝ Եղիշէ Չարենց – Նիկողոս Սարաֆեան. երկուքն ալ բանաստեղծումի հզօրութեամբ իրենց իսկ ժամանակի Շունչը եղած են, եւ ոչ միայն, այլեւ խտացումը՝ յեղափոխականօրէն, նոյն ատեն անոնք տեւական ամայութենէն ետք սկզբնաւորած են հայ բանաստեղծութեան ընդհատուած շարժումը, զոր Չարենցի պարագային կը շրջագոցուէր Վահան Տէրեանի մահով, Նիկողոս Սարաֆեանն ալ /<<չնայած հեռու մեծ կրթանքներէն>>/ 1928 թուականին հրատարակած Անջրպետի Մը Գրաւումը հատորով Դանիէլ Վարուժանի բանաստեղծական աւանդոյթի առաքինութիւնը կը վերականգնէր: Շուրջ երկտասնամեակի տեւական խզում մը, զոր զարգացում պէտք է ենթադրէր, իրաւ զարգացում մը: Սա իրողութիւնները առարկայօրէն բացատրելու, ըսել կ՛ուզեմ՝ մասնայատկելու համար, կը փորձեմ երկու մեծ բանաստեղծներու ապրած համաժամանակային զգայնութիւնները դիտարկել ընդհանրական, ոգեղինութեան իմաստիւ իրարմէ գրեթէ չզատուող խորապատկերի վրայ:
Արդ, խնդրայարոյց՝ Եղիշէ Չարենցի <<Գիրք ճանապարհի>> /1929-1934/ եւ Նիկողոս Սարաֆեանի Տեղատուութիւն եւ Մակընթացութիւն /1931-1938/ հատորներու <<ընդհանուր թելադրանքները>>. ամէնէն առաջ մեզի կը հետաքրքրեն, ըսել կ՛ուզեմ խորհրդածումի կը մղեն տարբեր իմացական-զգացական գոյավիճակներ /խորհրդային եւ սփիւռքեան/ ապրած, բայց նոյն ատեն ազգային-անհատական ժամանակին մէջ ստեղծագործած բանաստեղծներու նկարագիրներու առումով: Երկուքն ալ իրաւակարգային տարբեր պայմաններու մէջ ապրած են, դիմագրաւած իրականութեան հակազդեցութիւնը, թերեւս, պատրանք ապրած: Յամենայն դէպս, տեղ մը Սարաֆեան կը գրէ. <<Պատրանքէ մը խուսափելու արդիւնք է Չարենցին փառաբանութիւնը: Պատրանք մը: Ուրիշ պատրանքէ խուսափելու ողբ մըն է Վարուժանին անէծքը: Պատրանք մը դարձեալ:... Ի՞նչ պիտի ըլլայինք եթէ չըլլային այդ պատրանքները եւ անոնց տուած դառնութիւնները, որոնք աղբիւրն են ստեղծագործութեան>>: Առաւել հասկնալի ըլլալու համար ըսենք, որ Սարաֆեան սփիւռքեան իրականութենէն անդին՝ ինքն ալ պատրանք մը ունի, ու կ՛ապրի ոչ այնքան ինքզինքը երեւակայելով պատրանքի,- ըսել է թէ՝ ինքնավերացումից զոհ- այլ արմատ <<նետելու>> մղումէն կ՛երեւակայէ կամ կ՛ուզէ երեւակայել հոգեւոր ինքանպաշտպան վիճակ մը, զոր սփիւռքեան իրականութիւնը չի խոստանար եւ յոյսն ալ կարծես թէ վրիպանք կը թուի այլեւս: Ու եթէ Չարենց կը գրէ.
Իսկ ժողովու՞րդը, որ եղել է հանճարեղ,
Եղել է որմնադիր, եղել է կառուցող,
Քաղաքներ է շինել, պարիսպներ է շարել,
Կամուրջներ է գցել նոր գծով...
Սարաֆեան կ՛ապրի նոյն վիճակը, կ՛անդրադառնայ /ոչ Չարենցի յաւակնոտ-բացապարզ կրքոտութեամբ, զոր գաղափարային իրողութիւն պիտի ըլլար, բնականաբար, ազգային տագնապ ըլլալէ զատ/ եւ աւելորդ չէ դիտել տալ, որ անդիմադրելի ցանկութենէն, հոգեվիճակէն խորունկ գիտակցութիւն մը կ՛արթննայ. սա իրականութիւնը տառապանք մըն է, այլ բառով վերապրում մը, աւելին՝ անհերքելի, վասնզի պիտի քալէ իրականութիւնը, զոր արժանի պիտի ըլլար անհատի ապրումներուն, բայց չէ եղած, նոյն ատեն ինքնութեան փնտռտուքը չէ դադրած. տակաւին <<հողէն մեր>> կ՛ելլէ կարօտի այնքան երազած յուզում՝ հոգեղէն եւ հողեղէն.
Քաղաքներու կարօտն էր
Դեռ այս առտու... ծովէ ծով
Պիտի երթամ տեսնել ես բոլոր բերքերն հողին մեր,
Ըսփինքսներէն անվըրդով,
Տաճարներէն կիսափուլ, անտառներու հոծ ծառոց
Տակ թաղուած հին կուռքերէն –
Մինչեւ շէնքերն երկնասլաց՝ ոստաններու արտառոց...
Ընդհանրապէս, Չարենց եւ Սարաֆեան կեցուածքի՝ հոգեբանական խառնուածքի այնպիսի դրսեւորումներ,- բնականաբար նոյնական,- հանդէս կը բերեն որ ճշմարտութիւններ կը պատգամեն՝ կրկնապէս ապրելով իրականութիւնը, ի վերջոյ, երկուքն ալ համընդհանրական աւանդույցեանց կրողն են կամ կու գան նոյն ակունքէն՝ տոհմիկ առաքինութեան կիրքովը տոգորուն, տարբեր փորձառութեանց բովէն անցած իրաւ ապրումներով, հաղորդական ոգիով․․․
Արթուր Անդրանիկեան
- Hits: 1488