Սփիւռքի որդիների պատկերազարդ ոդիսականը. Շահան Շահնուր
Սփիւռքի որդիների պատկերազարդ ոդիսականը
․․․ի՞նչ մնացած է հայկական Պոլիսէն․․․ Պիտի
տեսնէք անձամբ, եթէ չծածկուի ան․․․
Գրական-մտաւորական շարժումը՝ ափսոս,
բայց կարելի չէ որ հայութիւնը խաթարուի հոն։
Գրիգոր Քէօսէեանին գրած նամակից
/29․ օգ․ 1967/*
Հայութեան անխաթար լինելութեան հոգածութեամբ ի գին ամեն բանի ապրեց Շահան Շահնուրը, երբ թեկուզ «կարճ ատեն» ականատեսն էր Պոլսոյ «մտաւորական շարժումին»։ Հետագային «Մենք»ի իբրեւ իւրօրինակ գրական համայնքի խանդավառ միջավայրում էր,- աննախադէպ հայ գրականութեան պատմութեան մէջ «Մեհեան»ից յետոյ,- եւ Շահնուրի /1902-1972/ հեղինակային «Փարիզի տղաքը» բնորոշումը չափազանց առարկայացուած մտահնարքով էր արդարացուած՝ ժամանակաշրջանը հայութեան ներքին փոթորկումներով ու տուայտանքներով արտացոլեցնող, համախումբ երիտասարդների գրական-ստեղծագործական վարքագիծը դրսեւորող, ի վերջոյ, նրանց մտածողական ինքնուրոյնութիւնը նպատակայնօրէն որոշադրելու առումով՝ սփիւռքեան այդօրեայ միջավայրում։
Այս ամենով հանդերձ, ստեղծուած ստեղծագործական մթնոլորտը չէր կարող նպաստաբեր չլինել, խթանել յատկապէս Շահնուրի գրողական աշխարհընկալման բռնկումներին, եւ եթէ յիշենք ե՞րբ եւ ինչ պայմաններում է գրուել «Նահանջը առանց երգի» վէպը, մանաւանդ ազգային, հանրային ինչպիսի մակընթացութիւններ ապրող ժամանակատարածքում, զուտ ազգայինին վերաբերող յանդուգն եզրահանգումների եւ հայեցակէտերի արծարծմամբ, ապա արդէն իսկ կռահելի է, որ Շահնուրը հայութեան հոգեբանական-կենսական խաթարումի, այլ բառով՝ ուծացումի վտանգայարոյց իրավիճակը սեւեռուն մտահոգութեամբ էր դիտարկում ու ապրում՝ երիտասարդի գերզգայունակութեան մտավախութիւնների՞ց, թէ՞ մտապատրանքներից էր ոչ աւելորդ զգուշաւոր լինելու անհեռատեսութիւնի՞ց, որ արմատապէս ընդիմադրի կեցուածքով էր զորում կեանքի կոչել այն ակնյայտնի ճշմարտութիւնները, որոնք սքողուած, խանձարուրուած էին, նոյնիսկ կէս ճշմարտութիւններ չէին համարում այն, ինչ վերաբերում էր ազգին ու ազգայինին, եւ որոնք հայութեանը «պատիւ չբերող» վկայութիւններ էին՝ վնասաբեր, անպատուաբեր մինչեւ իսկ յուսահատեցնող․․․
Միջանկեալ նշենք, որ «Նահանջը առանձ երգի» վէպի շուրջ ստեղծուած աննախադէպ գրական-հրապարակագրական հրահանգավորուած վայրապարը՝ վէպի հրատարակութեան իսկ օրերին՝ «Յառաջ» օրաթերթում, իբրեւ թերթօն, եւ առանձին գրքով լոյս տեսնելուց յետոյ էլ՝ շարունակաբար /ներառեալ նաեւ վէպն արժեւորող դրուատական գրադատականները/ բացառիկ մենագրութեան «նիւթ»ի տարողութիւն ունի՝ ժամանակաշրջանի ազգային-հանրային հոգեբանական այլեւայլ խնդիրներ նորովի լուսաբանելու, ինչու ոչ, նաեւ վերարժեւորելու նպատակադիր առումով։
«Անտարակոյս, ամէնէն համակրելի դէմքն է նորերուն մէջ։ Իր վէպը՝ «Նահանջը առանց երգի» ինծի համար թանկագին նմոյշ մըն է․․․ Շահնուր իր անձը կրցաւ բաւական ընդարձակ ընծայել, եթէ ոչ սերունդի մը, գոնէ անոր մէկ մասին հոգեկան դիմագիծը վկայել ընկալչութեամբ մը առնելու եւ տալու համար»1։
«Սերունդի մը դառնութիւնը» /Ն․Սարաֆեան/ «Դէպքերու ընթացքով շարունակական զարգացուջմների ընդլայնումով, չնայած գրողական ոչ այնքան հարուստ փորձառութեամբ, անկասելի դադարներ չյանդուրժող պոռթկումներով, անձնային, միջանձնային յարաբերութիւնների խորաթափանց պատկերումներով տարագրուած հայութեան բազմակերպ կերպարն ու կերպընկալումը ներկայացնելը անսպասելի էր գրական եւ ընդհանրապէս հայ հանրութեան համար, եւ ըստ այդմ, ինչպէս եւ սպասելի էր՝ դատապարտելի։ Բայց, իրականում Սփիւռքի,- ընդ որում նորակազմաւոր,- այդ քննարժան ժամանակաշրջանի գեղարուեստական վավերագրութիւնը, թէ վարքագրութիւնն էր վիպայնացուել։ Եւ Շահնուր գրողը իբրեւ Մեծ եղեռնի հետեւանքների, նաեւ պատճառահետեւանքային կապի ըմբռնումի վկայագրող, խնդրոյ առարկա էր համարել նոր իրականութեան մէջ յայտնուած «հարկաւոր ընտրութեան» առջեւ շուարուն կանգնած յատկապէս երիտասարդների լինելութիւնը, որը հաւասար արժէք էր ազգային վերընձիւղմանը․ «Ձգեցէք որ իր վէպը չսիրեն հաստ կառոյցի, հաստ մեթոտի պաշտպանները։ Ու եթէ հողը փխրուն է՝ ծռելու չափ գրողի քմայքներուն, պողպատը աղեղ իսկ կը շինէ գրողին մատներուն տակ»։2
Օշականեան բնորոշմամբ վէպը «ընդարձակելու, ազատագրելու» յանդգնութիւնը եթէ այդ տարիներին իրապէս այդպիսին էր ընկալւում,- աւելի ճիշտ դատափետւում, վարկաբեկւում, ապա «մեղսագործը» ժամանակի իրականութիւնն էր, յատկապէս մտաւորական հանրութիւնը անդաւաճան աւանդապահութիւն որդեգրած՝ կեղծ ազգասիրական նուիրականութիւն տարփողող՝ մեծամասնական մեծամասնութիւնը։
Եւ, իրապէս, «մեղքի» իր սկզբնական բաժինն ունէր «Յառաջ» օրաթերթի խմբագիր Շաւարշ Միսաքեանը, որը ոչ առերեւոյթ, այլ գիտակցուած զգոն-յանդգնութիւն ցուցաբերեց վէպը իբրեւ թերթօն հրատարակելու՝ անշուշտ պատկերացնելով վէպի շուրջ ծաւալուելիք փոթորկումները, նոյնիսկ անժամանակային առումով։
Ի՞նչն էր իրապէս ցնցել «հայու» գաղափարային կենսադիրքորոշում, ապրելակերպ,- որը այս պարագային յոյժ էական է,- նախապաշարեալ աւանդոյթներ ու մտացածին քրիստոնէական ընկալումներ կրող, դաւանող հանրութեանը կամ հանրութեան առաւել «գրագէտ» ՛արեւմտահայերէնի իմաստով/ շրջանակներին։ Իրականութիւ՞նն էր կեղծել գրողը․ արդեօք չկայի՞ն, չէի՞ն ապրում Հրաչներ, Սուրէններ, Պիէռներ, Լոխումներ, փարզեան եւ ընդհանրապէս սփիւռքեան իրականութեան մէջ, չէի՞ն ճանաչում իրենց շուրջիններուն»։ Վէպի «էջերու պոռնկագրական պատկերներէ՞ն» էին նրանք ուշակորոյս կամ յուշակորոյս։ Սուրէնի «հակազգային» ընդվզումնե՞րը, որն հիմնականում ուղղված էր հայութեռան չարդարացուած սնապատիւ ազգայնականութեան դէմ, ըստ այդմ շահնուրեան մեկնաբանմանը՝ ամենեւին պարտադիր չէ գրողի համակարծիք լինելը համարել վաւէր․․․
Արթուր Անդրանիկեան
* Շ․Շահնուր «Նամականի» /կազմեց, ծանօթագրեց, Գր․ Քէօսէեանը, «Մայրենի» հրատ․, 2001
1․ «Մայրիներու շուքին տակ», /գրական զրոյց Յ․ Օշականի հետ․ գրի առաւ Բ․Թաշճեան /Պէյրութ, 1983, էջ 35-36/։
2․ Նոյն տեղում, էջ 37
Շ․Շահնուրի ծննդեան 120-ամեակի առթիւ
Շահան Շահնուր
Նահանջը առանց երգի
/հատուած վէպից/
ՄՈՒՏՔ
Հասունցած տղայ մըն էր սակայն. ապացոյց, որ չկրցաւ բոզ ու Աստուած բառերուն սահմանում մը տալ: Աղջիկը գրկած էր ետեւի կողմեն, թեւերը անութներէն անցուցած, ու իր քիթը հետզհետէ աւելի կը մխրճուէր անոր ականջին ետեւ, զմայլելի անուշահոտութեամբ մը գլխէ ելած: Իրապէս հարուստ աղջիկ մըն էր ան. ապացոյց, որ իր կուրծքերը տղուն ափերուն խորութիւնը ունէին ճիշտ:
Հակառակ սակայն այդ մի սին, հակառակ այդ երկնային բոյրին, ոչ բոզը, ոչ ալ Աստուածը կրցաւ սահմանել եւ երբոր իրենց ճիշտ դէմը գտնուող հայելիին մէջ տեսաւ անոր Ժպիտը ու իր դիմագիծը, աջ ձեռքը ազատելով` պատին վրայի հայելին հակառակ կողմը դարձուց, իբրեւ միակ բացատրութիւն: Բոզն ու Աստուածը անհետացան անմիջապէս, որ տղուն ձեռքը խորութիւնը ջնջեց: Այն ատեն երիտասարդ աղջիկը ծռեցաւ հագուստը կռնակէն քաշելու համար եւ հագուստին հետ սրունքները բարձրացան ճիշտ այն գիծերով, ինչպէս որ դիտող աչքերը զանոնք երեւակայած էին: Վարդագոյն մետաքսէ գուլպաներ հագած էր, որոնք երկու կարմիր կրունկներէ մեկնելով բարձրացան վեր, գեղեցիկ զուգաւորումի մը մէջ միսերը սեղմած, գրկած: Անոնց կլորութեանը վրայ մետաքսին ստացած փայլերը լուսեղէն լեզուներու պէս սողոսկեցան վեր, մինչեւ ազդրերուն բարձրը, ծծելով ու լիզելով, հակառակ իրենց թեթեւ քմայքին: Նմանապէս վարդագոյն էր այդ կարճ ներքնաշապիկը, խիստ պարզ, առանց աւելորդ ժանեակներու: Անոր ու գուլպաներուն միջեւ միսը կ՚երեւէր պզտիկ բացուածքէ մը, որ կը լայննար կամ կը նեղնար ամէն անգամ, որ աղջիկը ծռէր ու ցցուէր այժմ շտկուած հայելիին մէջ, բերնին վրայ սիրտ մը գծելու համար: Պզտիկ ծալքեր կային, ուղիղ ծալքեր, երկու կէտերու շուրջ հաւաքուած կուրծքին վրայ: Քանի կէտերը տեղ փոխեցին մետաքսին ետեւ, ծալքերն ալ իրենց հետ դարձան, դողալով, գունաթափուելով:
— Ecoute, Chouchou!, — ըսաւ այդ սրտոտ բերանը` հայելիին մէջ երիտասարդին ակնարկը փնտռելով, — այս հինգշաբթի Mayol կսկսիմ հրաշալի դերով մը, պիտի գաս զիս տեսնելու, այնպէս չէ՞:
— Դեռ ասկէ աւելի բան մը ունի՞ս ինծի ցուցնելիք, — պատասխանեց միւսը` աջ ափը աղջկան միսին վրայ հնչեցնելով:
— Ի՞նչ, ի՞նչ, դուն ալ աւստրիացիի մը պէս կը կարծես, թէ միայն մեր սրունքները եւ կուրծքերը ցուցնելու համա՞ր է, որ բեմ կ՚ելլենք: music-hallի դերասանուհի ըլլալնուս համար արուեստագիտուհի չե՞նք: Այո՛, սիրելիս, մի՛ խնդար, ես ողբերգակ դերասանուհի մը ըլլալու սահմանուած էի, բայց…
— Խնդիր չէ, ողբերգութեան եւ չարլսթօնին մէջ մեծ տարբերութիւն մը չկայ. երկուքն ալ մարդս կցնցեն…
Աղջիկը պատասխանելու ատեն չունեցաւ, Chouchouն ձեռքէն նետելով դերասանուհիին փոքրիկ անդրավարտիքը, որուն հետ կը խաղար, յանկարծական ոստումով մը խոյացած էր դռան մը վրայ, ճչալով: Այդ դուռը կը պատկանէր պզտիկ սենեակի մը, որուն նմանը կը գըտնուի ամէն լուսանկարչատան մէջ, գործողութեան սրահին ճիշտ մօտ: Այդ սենեակները, աւելի խուց, քան թէ սենեակ, chassisները լեցնելու կը ծառայեն, որով կ՚ըլլան մութ ու քիչ մըն ալ կը հոտին` միշտ գոց պահուելուն համար:
Տղան շուտով դուրս ելաւ անկէ քաշելով երկու փառաւոր պեխեր, որոնք խոշոր խոշոր բացուած ռնգունքներու յանդիմանական ակնարկին տակ քանի մը գոյն էին եղած: Այդ պեխերը Կոստանինն էին` խանութին ծառան: Երիտասարդը արագօրէն ընկրկելով յառաջացաւ սրահին մէջ եւ կեցաւ միայն այն պահուն, երբոր զգաց, թէ բանի մը կը զարնուէր, բայց չդադրեցաւ բնաւ պոռալէ, ճչալէ, բացականչութիւններ արձակելէ, մինչ իր սրունքները անգոյ պարի մը ձեւերը կը փորձէին: Ծառային մարմինը կը կորանար, վիզը կ՚երկարէր, ականջները կը կարմրէին: Բազուկները տարածած` խրտուիլակի մը թեւերուն պէս հորիզոնական, մէկ ձեռքէն կը կախուէր քարայծի մը դեղին մորթը, իսկ միւսին մէջ` փետրաւելը տակաւ կը դողար: Երիտասարդը շարունակեց չափազանցուած զուարթութեամբ մը, երբոր դերասանուհին, վարագոյրը մէկդի ըսելով, իրենց միացաւ, մետաքսին ետեւ իր սարսափած ծիծերով.
— Կը տեսնե՞ս, կը տեսնե՞ս սա մերին Կոստանը, մերին պտլիկ Կոստանը, տարիքին չես ձգէր, հէ՞. եթէ գիտնաս, թէ ի՜նչ հանած-վարած է, ի՜նչ «կանաչ» է… Գետինը մաքրելու պատրուակին տակ ժամ մըն է, որ բանտարկուէր էր այդ ծակին մէջ կիսաբաց դռնէն մերկ մարմինդ տեսնելու: Ա՛, Կոստան, Կոստան, պիտի ըսեմ դռնապանին, ամէն մարդու պիտի պատմեմ. կը խնդա՞ս, հէ. սա վառող աչքերուն նայեցէք, ո՞վ կը հաւատայ, որ յիսունըհինգ տարեկան է: Ահա, ահա՛, կը ներկայացնեմ ձեզ Փարիզ քաղաքի նախկին հրշէջ գունդի ենթասպաներուն է՛ն կրակոտը: Ի՜նչ կրակներ է մարած եւ ի՜նչ հրդեհներ վառած սպասուհիներու սրտին մէջ: Անանկ չէ՞, հակառակը ըսէ նայիմ, դուն չէի՞ր պատմողը, թէ երիտասարդութեանդ դռանդ առջեւ bonicheները կարգի կը սպասէին եւ, թէ աւելի վերջը, գաղթավայրերու մէջ, ենթասպայի կարմիր տաբատովդ, խափշիկ կիները կատղեցուցիր ցուլերու պէս…
Դերասանուհին մինչեւ բազմոցը հրեց ծառան որ փետրաւելին հետ ինկաւ հոն, յամառելով անշարժ պահել իր կարմրած դէմքին վրայ խնդացող բերանը: Ահա այդ խնդուքին մէջ է, որ աղջկան խնամուած մատները կարկանդակներ մխրճեցին Portoի ուժով, մինչ ձայնագիրը մէկէն չարլսթօն մը կը նետէր օդին: Տիրող զուարթութեան մէջ դերասանուհին ուսերէն վար սահեցուց շապիկը, գլխի արագ շարժումով մը իր կարճ մազերը յարդարեց ու սկսաւ պարել, պարել փետրաւելէն դուրս ցցուող խոշոր աչքերու առջեւ, որպէս գինով, խելագար, վերնոտ: Պարեց ամբողջութեամբ մերկ, սեղմուած միայն աղուոր կօշիկներու ու բարձր գուլպաներու մէջ, բաներ՝ որոնք մերկ մարմին մը աւելի կը մերկացնեն:
Հակառակ Սէն Ժէռմեն տէ Փռէի եկեղեցիին ճիշտ դէմը ըլլալնուն, անկարելի էր իրենց օրուան մէջ ժամերը լսել: Իրիկուան այդ պահուն է, որ միայն, երբոր փողոցի աղմուկները բաղդատաբար կը նուազին, կարելի կ՚ըլլար զանգակատան ու հանրակառքի զարկերը չշփոթել իրարու հետ: Եօթն էր. պաշտօնեաները շատոնց է որ մեկնէր էին: Երիտասարդը յարդարեց փողկապը, մազերը, խոզանակուեցաւ, լոյսերը մարեց ու իջաւ սանդուղներէն: Բուն խանութը վարն էր, երկու փողոցներու անկիւնը, խիստ լուսաւոր՝ շնորհիւ իր ապակիէ ճակատներուն եւ թէեւ ոչ շատ արդիականութեամբ, բայց եւ այնպէս ճաշակաւոր դրամագլխով մը յարդարուած: Ինչպէս ամէն լուսանկարչատուն, այս ալ ծայրայեղօրէն խճողուած էր ամէն տեսակ նկարներով, շրջանակներով, գունաւոր անգոյն գլուխներով, ուր իրար կը հրմշտկէին զինուորականները, կուրծքէր, տղաք, պատուանշաններ, սրունքներ, մօրուքներ, ժպիտ, ժպիտ: Մէկդի ըրաւ վարագոյրը հոդ մտնելու համար, երբոր սանդուխները աւարտեցան: Մէկէն կեցաւ, սակայն անորոշ, ուզեց ձգել վարագոյրը, չկրցաւ. ուզեց չնայիլ, նորէն չկրցաւ: Սաստիկ խռովուած էր. յիշեց քիչ մը առաջուան դերասանուհին, որ զինքը չէր յուզած իր ամբողջ մերկութեամբը, մինչդեռ հոս… աղուոր մը դիտեց ամբողջ իր մարմնով, աչքերը խոշոր-խոշոր բացած: Հոն, լոյսերուն մէջ, դրամարկղին առջեւ, կին մը աջ ոտքը բարձրացուցած էր աթոռի մը վրայ ծնրակապը յարդարելու դիրքով ու բնականաբար արդեն-իսկ կարճ քղանցքը աւելի վեր ելած` կը ցուցնէր երկու զմայլելի սրունքներ: Այդ սրունքները մատամ Ժանն կը կոչուէին:
………………………………………………
— Դո՞ւն ես, Փիէռ, աբբան ի՞նչ եղաւ:
— Ջուրին մէջն է, շաքարավաճառին աղջկանը հետ:
— Շաքարավաճառին աղջկա՞նը հետ. չըսես, որ գլխէ պիտի հանէ…։ Երկուշաբթի, չմոռնաս, առաջին գործերնիս ըլլայ. խեղճը տասն անգամ աղաչեց, որ շուտով պատրաստենք, որովհետեւ այս շաբաթ պիտի ամուսնանայ:
— Աբբա՞ն:
— Mais non!, շաքարավաճառին աղջիկը:
Փիէռ գլխարկը գլուխը դրաւ. հանեց. մէկ աթոռէն միւսը գնաց. քակեց շրջանակ մը, որ բնաւ ալ ծռած չէր. նայեցաւ պատկերի մը անանկ հետաքրքրութեամբ, որ կարծես, թէ առաջին անգամն է որ կը տեսնէր. նորէն փողկապը շտկեց. քիթը խնչեց բազմաթիւ անգամներ ու վերջապէս դէպի դուռը գնաց, ըսելով. «Ես կը մեկնիմ»: Ու չմեկնեցաւ: Կինը գլխարկը մէկ կողմ դրաւ տեսնելով, որ ան դռնէն կը վերադառնար. յայտնապէս կ՚երեւէր, որ բան մը ունէր ըսելիք: Փիէռ մօտեցաւ, աչքերը խոնարհեցուց չկորսուելու համար այդ աղուոր ակնարկին մէջ, ամբողջ ճիգը ըրաւ իր ձայնին սովորական դրոշմը պահելու եւ սկսաւ իր նախադասութիւնը այնքան ատենէ ի վեր պատրաստուած, այնքան անգամներ սրբագրուած:
— Մատամ Ժանն, նախ ներողութիւն պիտի խնդրեմ ձեզմէ, որ չեմ կրնար կոր կատարել պարտականութիւնս. պարտականութիւնս ձեզ ատենին իմաց տալ էր. կ՚ուզէի ըսել ձեզ առաջուընէ, որպէսզի չնեղուիք, բայց կարելի չեղաւ, մի՛ մեղադրէք զիս, գիտէք թէ անհոգ չեմ, բայց չեղաւ… պէտք է որ… գիտէք, թէ ես ձեզի դէմ թշնամութիւն մը չունէի…
— Enfin! Ի՞նչ ըսել կ՚ուզէք:
— Ես երկուշաբթի չպիտի գամ:
— Երկուշաբթի չպիտի՞ գաս. բարեկամդ դեռ հիւա՞նդ է… թէ ոչ դուն բան մը ունիս. ըսէ՛, ի՞նչ ունիս:
— Ո՛չ, այդպէս չէ, ըսել կ՚ուզեմ, թէ ա՛լ չպիտի գամ հոս աշխատելու:
Մատամ Ժանն վայրկեան մը կեցաւ, յօնքերը պռստեց. խորհեցաւ ու մէկէն աւելցուց.
— Օ՜հ, անպատճառ մէկը աւելի խոստացաւ վճարել, այդ չէ՞, բայց կրնայիր բացէ ի բաց ըսել. գիտես թէ…
— Ո՛չ, ոչ, բնաւ այդ չէ. միշտ գոհ ձգած էք զիս այդ տեսակէտով, բայց եթէ կ՚ուզէք պատճառը գիտնալ. ահաւասիկ. — ես ա՛լ ձանձրացայ, ա՛լ գանեցայ մենաւորի այս կ՚եանքէն, ճաշարաններէն, պանդոկներէն, առանձնութենէն, կ՚ուզեմ իմ տեղս երթալ, կ՚ուզեմ ծնողքիս քով վերադառնալ:
Լռեցին երկուքն ալ, երկար պահ մը: Կինը, ակնարկը հեռուն, կարծես բան մը կը փնտրէր. աջ յօնքը մտածում էր եղած. մէկէն ըսաւ.
— Բայց դուն չէի՞ր, որ օր մը երկարօրէն կը պատմէիր, թէ քու ալ Պոլիս դարձդ կարելի չէ, թէ հայերը ա՛լ Թուրքիայ չեն կրնար մտնել, թէ զինուորութենէ փախած ես…
— Այո, բայց այդ երկրին մէջ դրամով ամէն բան կ՚ըլլայ:
— Ըսել է, ամէն ինչ պատրաստ է, ու վաղն իսկ կը մեկնի՞ս:
— Ոչ դեռ, բայց պիտի աշխատիմ…
— Չէ՛, Փիէռ, չէ՛, այդ չէ պատճառը. ճշմարտութիւնը չես ըսէր. կրնայիր մինչեւ վերջին օրը աշխատիլ, կրնայիր ինձ իմացնել, շատ լաւ կրնայիր…
…………………………………………………
Մատամ Ժանն կասկարմիր էր եղած. Փիէռի ջղայնոտած մատներուն մէջ գլխարկը անդադար կը դառնար: Քանի անգամներ փողկապը շտկած էր, քանի անգամներ երկուքն ալ աթոռ ու նստարան էին փոխած. ալ ոտքի էին, կարելի չէր նստիլ։ Որքա՞ն ատեն է, որ կը վիճէին այսպէս: Փիէռի ձայնը փոխուած էր քիչ մը, բայց ա՛լ չէր վախնար անոր ակնարկէն: Միայն դէմի պատին կնոջ մեծ լուսանկարն է, որ քիչ մը կը նեղէր զինքը. այդ կինը իր մօրը կը նմանէր: Ըսաւ.
— Լաւ. պիտի ըսեմ, քանի որ այդքան կը պնդէք. բայց աւելցնեմ որ ինչ որ ընէք` անօգուտ է, ա՛լ անկարելի է որ հոս մնամ. բառ մը աւելի չպիտի պահանջէք ինձմէ ու երբոր խօսքս աւարտեմ, պիտի թողուք որ մեկնիմ: Ահա. ես տղայ չեմ. գիտէք, թէ ես բնաւ տղայ չեմ, բայց եթէ օր մը աւելի մնամ հոս, ըրածս տղայութիւն պիտի ըլլայ: Երկարօրէն խորհած եմ եւ գիտեմ, թէ որքան անօգուտ է ունեցած զգացումս, թէ բանի մը չի կրնար յանգիլ եւ թե… թէ միայն զիս տառապեցնելու պիտի ծառայէ. պէտք է մեկնիմ, որքան որ ուշ չէ: Կարծեմ հասկցաք, թէ ինչ կը զգամ ձեզի հանդէպ:
Մատամ Ժանն ձգեց որ մարմինը իյնայ թիկնաթոռի մը մէջ, թեւերը կախ, գիծերը անշարժ: Փիէռ մօտեցաւ դուռին, թեւերը կախ, գիծերը անշարժ, մօտեցաւ դուռին, ձեռքը երկարեց… բայց մէկէն ետ քաշեց զայն: Սարսափելի խնդուք մը պայթած էր ետեւէն, արտակարգ խնդուք մը, քրքիջ մը, որ կարծես ապակիները կը դողացնէր:
— Կ՚արգիլեմ, կ՚արգիլեմ ձեզ ծաղրելէ. ես ձեզի սիրային յայտարարութիւն մը չըրի, ես ձեզմէ բան մը չպահանջեցի, դո՛ւք էք որ պնդեցիք, որ ըսեմ, եւ հիմա խնդա՜լ եւ հիմա ծաղրե՜լ…
Երբոր ժպիտի վերջին մնացորդն ալ կորսուեցաւ շրթներէն, ոտքի ելաւ, լրջացաւ, ու կեցան դէմ դէմի, աչք աչքի, լռեցին: Լռութեան այդ պահուն, որ կ՚երկարէր, մէկէն որոշակի լսուեցաւ ապակիի ձայն մը: Երկուքն ալ գլուխնին այն կողմ դարձուցին: Այն անկիւնը, այն միակ անկիւնը, ուրկէ փողոցը կ՚երեւար, որ չէր ծածկուած ցուցափեղկերու վարագոյրովը, աղջիկ մըն էր եկեր, պզտիկ, նուրբ աղջիկ մը որ քիթը փակցուցած ապակիին, մատովը կը թմբկահարէր: Փիէռ ոստումով մը խլեց պատկերակալի մը վրայէն մեծ խաւաքարտ մը որուն վրայ զառամած կրօնաւոր մը կար, ու հաստատեց ապակիին առջեւ, աղջկան դէմքը խորշոմներով ծածկելով:
— Փիէռ, Փիէռ, անգո՜ւթ ես, տղայ ես դուն… Բայց… ան կը սիրէ կոր քեզ. ինչո՞ւ զայն ձգել ու այդպիսի անկարելի ցանկութիւններ ունենալ. բայց դուն չե՞ս գիտէր, որ… բայց դուն չե՞ս գիտէր, որ ես ազատ չեմ… չէ՛, չէ՛, հոս եկուր, քովս. կ՚ուզեմ, որ քովս նստիս… ա՜, որքան պիտի խնդայի, եթէ այսքան լրջութեամբ չըսէիր… Allons, ատանկ արտայայտութիւն մի առնէր, գիտեմ, որ դիտմամբ ըսիր, հէ՞, ճիշտ չէ՞… ըսէ՛, մոռնա՞մ… մոռնա՞մ…
Այս անգամ աղմկողը հեռաձայնն էր: Կրկին ու կրկին ճչաց: Վերջապէս Ժանն ոտքի ելաւ, անցաւ դրամարկղին ետեւ, ձեռքը գործիքին վրայ մնաց պահ մը անշարժ, գլուխը դանդաղօրէն ետեւ դարձուց՝ կարծես թէ բան մը ըսելու նպատակով… մէկէն գործիքը վերցուց: Ու ձայնին իր էն զուարթ շեշտը տալով պատասխանեց. — Այո՛… այո՛… ինչո՞ւ չէ… իրա՞ւ, ինչպէ՞ս անցաւ, պատմէ նայիմ, շատ հետաքրքիր եմ իմանալ… առանձի՞ն էիր, անպիտան… ես ալ կը փափագէի այս գիշեր «Կապոյտ կովին» երթալ, այս աղէկ յարմարեցաւ… եկուր ինծի առ, հոս կը սպասեմ քեզի… անպայման…
Երբոր ետին դարձաւ, մարդ չկար. փողոցին դուռը բաց էր. դրան մէջ եկեր էր անշարժանալ ծիծաղելիօրէն պզտիկ շնիկ մը, որ իրեն կը նայէր իր երկու աչքերով, աններելի համարձակութեամբ մը:
1
Մաքսատան մէկ դրան առջեւ կեցող պահակը իր զէնքովը բարեւեց. պղինձէ գործիքէ մը նօթեր պայթեցան, ու բեռնակիրները դադրեցան իրենց կողովներով վազվռտելէ: Զօրքերը լռեցին. այդ կապոյտ տղաքը չուզեցին այլեւս աղմկել, վերէն վար իրենց մնացող ընկերներուն անունները պոռալով, կարծես ի յարգանս անոնց որոնք կը մեկնէին վիշտով, կը բաժնուէին մե՜ծ, անսահման վիշտով: Քարափին վրայ մնացողները սկսան հետզհետէ աւելի ու աւելի պզտիկնալ, խօսքերը կարճցան, շէնքերու թիւը աւելցաւ, ու նաւը սուլեց: Թաւ, խորունկ, դողացնող սոյլ մը. շոգին անձրեւի պէս ինկաւ բազմութեան վրայ, շուն մը փախաւ, ու արեւը ջուրի այդ կայլակներու մէջ ծիրանի մը գծեց: Մինչեւ վերջին վայրկեանը շատերու պէս մնացին հոն, այդ երկու տարեցները, հայր մը, մայր մը, իրենց կիրակնօրեայ մաքուր հագուստներուն մէջ, աչքերնին խոշոր-խոշոր բացած: Անոնք բնաւ թաշկինակ չկրցան շարժել: Մեծ հաց մը կուրծքին սեղմած` քարացեր էր նաւուն եզերքը, ու իր բացուած աչքերը կը թրջէին կարծես հովէն, կարծես պաղէն. հակառակ ատոր կրցաւ դեռ երկար ատեն տեսնել իր կարմիր, իր ծոպաւոր ֆէսը, հօրը մատներէն կախուած: Դեռ քիչ մը առաջ է, որ նաւ բարձրանալու միջոցին վերջնականապէս գլխէն քաշեր էր զայն ու տուեր իրեններուն, յանձնարարելով, որ մուճակ շինեն անով: Ուզեր էր խնդալ, ուզեր էր կատակել, այո՛, իրաւ, բնաւ չէին լացած, բնա՛ւ, ինչպէս որ խոստացեր էին. արդէն միայն այդ պայմանով է, որ ձգեր էր անոնց մինչեւ նաւ գալը. բայց ինչո՞ւ չէին խօսած, ինչո՞ւ բառ մը իսկ չէին ըսած: Ամէն բան սկսաւ պղտորիլ, ամէն բան. կը հեռանային: Նաւ մը անցաւ իրենց քովէն` սուլելով. ո՜վ չէր ճանչնար «Սէյրը Սէֆային»ի այդ նաւը, «Գըրլանկըճ»-ը իր յատկանշական սոյլով զոր վերջին անգամ մըն ալ կը լսէր: Հրեայ տղաք սկսան պոռալ. «Եէրէ պաթ Ստամպուլ, եէրէ պաթ». պզտիկ շունէր կան, որոնք հեռանալէ վերջ միայն կը հաչեն: Սարայ Պուրնիի քարափին վրայ կեցած էշ մը գլուխը դարձուց եւ իրեն նայեցաւ երկարօրէն. թրքական թաղն էր, որ իր «երթաս բարով»ը կ՚ըսէր: Ահա «Հայ կղզի»ն. բնաւ չէր նշմարած, որ անոր ետեւը ատանկ լերկ է ու կարմիր, կապիկի մը յատակին պէս: Յիշեց այն պզտիկ աղջիկը, զոր սիրած էր հոն եւ որ իրեն այնքան կապկութիւններ էր ըրած: Նաւուն ետեւի կողմն էր. իր եւ Պոլսոյ միջեւ ֆրանսական դրօշակը կար հիմա. աւելի վերջ, երբոր այդ երեք գոյները իջեցուցին, Պոլիսը կորսուած էր, ինչպէս կը կորսուի աճպարարի մը թաշկինակին տակ առասպելական դրամ մը:
Հոս կեանք մը կ՚աւարտի:
Հոս կ՚աւարտի պետութիւն մը, ու վերջնականապէս կը թուլնայ թաթը տղուն պատկանած ազգին: Մեկնող երիտասարդը իր երակներուն մէջ կը տանի միայն արիւն մը մաքուր ու առողջ, ինչպէս այն երկինքը, որուն տակ իր առաջին շրջանն էր սկսեր: Միակ զաւակը համեստ ու աշխատասէր զոյգի մը, իր մանկութեան տարիները բոլորեց կիսովին եւրոպականացած Պոլսոյ այդ արուարձանին մէջ: Ահա իրենց փայտաշէն տունը` մեծ հայրիկէն մնացած, պարտէզը՝ որուն խորն էր հաւնոցը, ինչպէս որ հորին խորն էր իր ինքնահոս գրիչը, դրացիները` հանըմներով, աղաներով, սերկեւիլի ու թութի ծառերով: Ազգային դպրոց, ֆրանսական վարժարան, հանդէս, դափնի: Պզտիկ սէրեր, ընթերցանութեամբ եւ լուսնկայի ցոլքով խոշորցուած, ատելութիւն, վրէժ, զինադադարեան համազգային գինովութիւն…
- Hits: 3789