Ուրուագիծ դիմանկարի համար. Ժիրայր Դանիէլեան (1941-2022)

Արժանաւոր մարդոց կորուստը միշտ ալ վհատեցուցիչ տեսիլքներով կը շղարշէ ճանչցողներու, առաւել եւս գնահատողներու աչքերը ու անանց ցաւ ապրելէն ետք կը տարուին  մտահոգութիւններով՝ միշտ առկայ, զորս ոչ հեռաւոր անցեալէն կու գայ։ Հանդիպումներ, զրոյցներ, զորս կ՛ապրեցնեն բարեկամներուն, մտերիմ անձանց։

Ժիրայր Դանիէլեանը՝ հայագէտ, մատենագէտ, գրականագէտ, այս ամենով հանդերձ ազգային, հանրային գործիչ, վստահաբար կրնանք աներկիւղ խոստովանիլ՝ պատնեշին վրայ վերջին մոհիկաններէն էր, Հայ գրատպութեան նուիրեալ՝ ուժերէն ներածին չափ ու անկէ աւելի խանդավառօրէն, գրեթէ Մխիթարեան հայրերու գործին շարունակող լիարիւն մտաւորական մը։

Հիմա ատենը չէ Ժիրայր Դանիէլեանին աշխատութիւններուն անդրադառնալ, վասնզի նպատակս ուրուագիծով մը բարեկամիս,- ինչ որ մեծ ու մխիթարալից պատիւ մըն է եղեր անոր բարեկամը զիս համարել,- մարդկային զտարիւն հայու նկարագիրը ներկայացնելն է, եթէ իհարկէ ուժերէս վեր չըլլայ։ Կը խորհիմ, որ իր անձը  միշտ եղած է բացայայտ ներկայանալի։

Արդեօք ճանչցա՞նք Ժիրայր Դանիէլեանը իր կենդանութեան ատեն, գնահատեցա՞նք իր բազմարդիւն գործունէութիւնը՝ կը խորհիմ, այո, բայց խնդրայարոյցը մէկն է, կա՞ անձ մը, որ երախտապարտ գործչի անբասիրութիւնը ստանձնէ ու շարունակէ մատենագիտական, աղբիւրագիտական, բանասիրական աշխատանքները, ինչպէս Ժիրայր կը վկայէր մահուանէն չորս ամիս առաջ մեր հեռախօսային խօսակցութեան ատեն՝ շարունակէ։

Ինք չնայած վատառողջ կ՛երեւակայե՞ր, թէ՞ կը փափագէր աշխատիլ․ «Գիտե՞ս, Արթուր, երբ որ աւարտեցայ «Մատենագիտութիւն ընդդէմ ցանկագրումի» լիբանանեան գիրքին նուիրուած աշխատոևթիւնս, տեսակ մը անբաւարարութիւն ապրեցայ։ Առաջին տպաւորութեամբ կատարածս աշխատանքը յաւելում մըն էր մատենագիտական գրականութեան մեր ունեցած պատկառելի վաստակին։ Բայց նորէն այդ զգացումը զիս չի բաւարարէ։ Տակաւին ընռելիք, պրպտելիք կայ․․․»; «Ուսերուդ վրայ ծանր բեռ մ՛է դիզուած, հրատարակութիւններդ չափազանց օրինակելի են, անգերազանցելի, ալ բաւ է, հիմա հանգիստ պէտք է՝ մինչեւ կազդուրուիս, սիրելի Ժիրայր», կ՛ըսեմ տեսակ մը շոտափոյթ ապաքինութեան մաղթանօք։ Ան վայրկեան մը կը լռէ եւ կը յորդորէ․»Դուն քեզի նայէ, խանդավառ եմ քեզմով, հրատարակութիւններդ կը ոգեւորէն զիս»։ Ձայնը կերկերուն երանգներ կը ստանար եւ կը շարունակէ․ «Քեզի պէս եթէ շատերը ըլլային՝ արեւմտահայ եւ սփիւռքեան գրականութիւններու ջատագով-մեկնաբան․․․»։ Արագորէն կ՛ընմիջեմ․ «Ժիրայր ջան, իցիւ թէ ես այլ աշխատանքով մը զբաղած ըլլայի, բայց իմ տեղակ շատեր ըլլային․․․»։ Ինքն ալ կ՛ընդմիջէ․ «Հայաստան հաճախ անտեսուած են նախասիրութիւններդ, բայց կը խորհիմ որ Աստուծմէն կու գայ նուիրումդ․․․»։ Այս խօսքերու տպաւորութեան տակ, առանձին մնալուն պէս միտքս կ՛երթայ կու գայ ու բնաւ չեմ մոռնար իր խօսքերը, զորս յորդորի պէս, առաւելս պատասխանատուութեամբ զիս կը զրահաւորէն․․․ Եւ անտեղի կրկնութիւններէ խուսափելու համար հիմա չեմ ուզեր յիշել մանրամասներ, թէ պեյրութեան, եւ թէ երեւանեան բազմաթիւ հանդիպումներէն, եւ միշտ մեր զրոյցներու առանցքը արեւմտահայ գրականոթիւնն էր, յատկապէս անցեալ ժամանկներու մեր յանիրաւի մոռցուած գրողները բանաստեղծները, եւ միշտ Ժիրայր Դանիէլեանը ինծի համար է յուսատու փարոս եւ ուղեցոյց մը եղած է, յատկապէս որ կը քսաջալերէր, մասնաւորաբար երբ հրատարակութիւններէս տեղեակ կ՛ըլլար, որ սիրով ճամբորդի մը միջոցաւ կը ղրկէի Պէյրութ, այն ատեն ինք Անթիլիասի Հայագիտականի տնօրէնն էր՝ մատենագէտի փորձառութիւնը զուգադրած մանկավարժի՝ սերնդակրթման ոչ դիւրին, բայց յոյժ պատասխանատու եւ պատուեբեր աշխատանքին հետ, եւ կը համատեղեր նոյն ժիրարեայն սիրով ու բարեհամբոյր զգացումներով, եւ երեւի թէ խորհելով, որ «պատնեշին վրայ» մնացածներէն ինք վերջիններէն է, գրեթէ անկրկնելի, թէ իբրեւ հայ մտաւորական եւ թէ․․․ այր մի Ժիրայր Դանիէլեան անուն․․․

Արթուր Անդրանիկեան

  • Hits: 4491

Կայքը գործում է ՀՀ մշակույթի նախարարության աջակցությամբ։

© 2012 Cultural.am. Բոլոր իրավունքները պաշտպանված են ՀՀ օրենսդրությամբ: Կայքի հրապարակումների մասնակի կամ ամբողջական օգտագործման ժամանակ հղումը կայքին պարտադիր է: