Կռթնած բեմարուեստին առջեւ, ինչպէս սուրբ խորանին. Գասպար Իփէքեան-140
Արթուր Անդրանիկեան
Գասպար Իփէքեան-140
Յոյժ նշանակալից տարի է համասփիւռքեան թատերարուեստի համար 2023 թուականը․ նշանակալից եւ անշուշտ հատկացուցիչ, վասնզի կը լրանայ ազգային մեծանուն երախտաւոր, գործարար, բեմադրիչ, բեմագիր, դերասան Գասպար Իփէքեանի / Կ․Պոլիս, 19 յունուար, 1883-Պէյրութ, 30 դեկտեմբեր, 1952 / ծննդեան 140-ամեակը։ Վստահ ենք, որ տարին յոբելեանական ըլլալէ զատ՝ համասփիւռքեան թատերարուեստի ազգապահ գործունէութեան՝ ցայժմ իր ծիրին մէջ վերընթաց շարժումի կը վերածուի։
Տակաւին շուրջ 100 տարի առաջ, Լոզանի համալսարանի, Փարիզի Պոլ Մոնէի երաժշտանոցի դասընթացքներու ունկնդիր, Սորպոնի համալսարանի իրաւագիտութեան բաժանմունքի շրջանաւարտ Գասպար Իփէքեանը որ 20-րդ դարասկզբին եղբօր՝ բեմադրիչ, դերասան Արմէն Արմէնեանի հետ Թիֆլիսի մէջ ծաւալած էր թատերական գործունէութիւն՝ Հայաստան բոլշեւիկեան բռնատիրութիւն հաստատուելէն ետք ստանձնած ըլլալով «Համազգային»ի վարչութեան քարտուղար-գործչի պաշտօնը լիապէս լծուած էր ընկերութեան հրատարակչական աշխատանքներու անխաթար կազմակերպմանը։ Այդ տարիներու անոր կատարած աշխատանքներու մասին ճշմարտօրէն կը վկայէ Նիկոլ Աղբալեանը․ «Հայ բեմը շատ է տեսած մեծատաղանդ դերասաններ, բայց քիչ է տեսած հաւաքական եւ ներդաշնակ խաղարկութիւն։ Շեշտել անհատը եւ անտեսել խումբը-այս է եղած խաղարկութեան սովորական ընթացքը։ Փառասիրութիւններ մորթած են թատերակը բեմի վրայ եւ ցայտունին զոհած են ներդաշնակը։ Տարբեր է Գասպար Իփէքեանի տեսակէտը։ Նա հետամուտ է արուեստի գործ ստեղծելու․․․»։
Այս ամենով հանդերձ, չմասնայատկելով Գասպար Իփէկեանի Թեհրանում /1916-1921թ․թ․ եղած է Թեհրանի առաջին հայ քաղաքապետը/ եւ այլ երկրներում ազգային, մշակութային գործունեութիւնը, առանձնապէս չենք կրնար զանց առնել Գասպար Իփէքեան-Լեւոն Շանթ չափազանց ներդաշն բեմարուեստային համագործակցութիւնը, զոր Պէյրութում համազգային թատերախումբի ստեղծումով նշանաւորուեցաւ։ Սփիւռքեան նոր սերունդին մէջ ազգային թատրոնի եւ թատերգութեան նկատմամբ արթնցրած անկորնչելի սիրոյ ապացոյց մըն է ներկայիս «Համազգային»-ի թատերախումբը։
Ստորեւ հրատարակուող նամակը՝ հասցեագրուած՝ «Զուարթնոց» հանդէսի խմբագիր Հրանդ Բալույեանին /Կ․Պոլիս, 1904-Փարիզ, 1968/․ Աւետիս Ահարոնեանի ստեղծագործութիւնը բոլորովին այլ երեսակներու վրայ բացայատելէն զատ նաեւ այնպիսի խնդիրներու կը վերաբերի, որոնք այսօր ալ հետաքրքրայարոյց են, մանաւանդ, առկա է երեկուայ եւ այսօրուայ սերունդներու «հոգեկան, զգայական կապի տեւականացումը», զոր հայութեան ինքնութեան պահպանման երաշխիքը եղած է, իբրեւ հզօրագոյն ազդակ․․․
Նամակ խմբագրութեան
․․․Բալույեան
Ստացայ Ձեր երկտողը, որով կ՛ուզէք որ մասնակցութիւնս բերեմ Ահարոնեանի նուիրուած «Զուարթնոց»ին։ Այ սիրելիս, մեր սերունդը ինչ որ կարելի է ըսել՝ ըսել է Ահարոնեանի մասին։ Իսկ մենք հիմա պիտի ուզեինք լսել նոր սերունդներու կամ մեզ անմիջապէս յաջորդողներու խօսքը իր մասին։ Այդ առիթ մը պիտի ըլլար, մանաւանդ, ճշդելու Ահարոնեանի գործին ազդեցութիւնը ժամանակի տեսակէտէն։ Մեր պայմաններուն մէջ 30-40 տարիներ , հաւասար են՝ իբրեւ տեւողութեան չափանիշ՝ առ նուազն մէկ ու կէս դսարի։ Գրականութիւնն ալ, վերին երեսնամեակին, խեցապարտութեան /օսթրասիզմ/ դատապարտուած, թէ մեր «Հայրենիք»ի պատնէշներուն ետեւ եւ թէ դուրսը՝ գաղութահայութեան մէջ, ուր կարծես կը սկսի տարածուիլ այդ հրեղէն անթափանցելի բոցերուն ոյժն ու ազդեցութիւնը։
Ո՞ր աստիճան պիտի կրնայ հակազդել մտքի եւ խօսքի ազատութեան մէջ հասակ նետած գաղութահայ սերունդը այդ խանձումին եւ փոշիացումին, ահա այդ է, որ սիրով պիտի ուզենք ճշդել եւ Ահարոնեանի գործին գնահատումը այդ սերունդէն, կրկնակի հետաքրքրութիւն կը ներկայացնէ հիներուս համար՝ այդ տեսակէտէն դիտուած։
Ահարոնեանի ստեղծագործութիւնը,- կրնայ բաժանուիլ երկու շրջաններու,- Ա․ Հայութեան կրած աղէտներու՝ ողբի, լացի, ըմբոստացման եւ տառապանքի շրջան․ Բ․ Հայրենասէրի կարօտակէզ վերյիշումներու, վերապրումներու շրջան։
Բ․ Շրջանի Ահարոնեանը կը պարզէ, կը բացատրէ, կը լրացնէ Ա շրջանի Ահարոնեանը։ Աւելի կը յստականայ մեր մտքին ու սրտին, հայկական կոտորածներու, հայ սպանդի Ողբերգակին զգայունութիւնը, իր տառապանքի խորութիւնը, իր շեշտի անկեղծութիւնը, իր հաղորդականութեան ամբողջ գաղտնիքը։ Որովհետեւ, Բ․ շրջանի հայրենի գանձը կը թրթռացնէ այնպիսի լարեր սիրոյ ու յափշտակութեան այնպիսի թռիչք մը, եւ կարօտի այնքան խոր ու զուսպ թախիծ մը, /զոր մէջ ընդ մէջ ընդհատող սրամիտ ժպիտներ ոչ միայն չեն մեղմեր, այլ աւելի կը շեշտեն կարծես այդ թախիծը/, որոնք կը կոթողէն հայրենասէրը։
Հարազատ էր մեր սերունդի հոգիներուն եւ ապրումներուն Ահարոնեանը իր սգերգով, տեսակ մը արձագանգն էր ամբողջ հայութեան տառապանքին։
Որքան հարազատ է ան գաղութահայ սերունդին, իբրեւ կարօտակէզ հայրեներգակ։ Ահա այդ է, որ կրկնակի պիտի հետաքրքրէր մեզի, հիներս։ Պիտի ուզէինք որ նոր սերունդը տարուէր երկրորդ շրջանի Ահարոնեանով եւ զգար իր էութեան նոյնքան հարազատ։ Դառնար անոր կարօտի երգը նոյնքան իրը,- այս եւ մնացեալ ընդգծումները բնագրային են, Ա․Ա․,- որքան մերն է երբեմնի վիշտի եւ սուգի ցնցող ողբը։
Այն ատեն Ահարոնեանի ստեղծագործութիւնը պիտի ստանար այլապէս շքեղ ու ճաճանչող նշանակութիւն հայ գրականութեան համար։ Ան՝ ոչ միայն ծառայած պիտի ըլլար փաստելու հոգեկան-զգայական կապի տեւականացումը հայութեան, այլ պիտի դառնար հզորագոյն ազդակ, այդ կապի ամրապնդումին ու տեւականցումին։
Ահարոնեանի ստեղծագործութիւնը, որ գերազանցօրէն հոգիի եւ սիրտի ստեղծագործութիւն մըն է, պիտի ստանայ այն ատեն այն դիրքը, հայ գրականութեան մէջ, որուն արժանի է․ հարազատ ծնունդ եւ արտայայտութիւն․ հայ կեանքի․ հայ երգի․ հայ սիրտի։
Այն ատեն, ապագայ բանասէրը պիտի կրնայ հպարտօրէն բարձրացնել իր գլուխը աշխատանքի սեղանէն, գոչելու համար․
«Մեր հայրենեաց պսակագիր Գողթան քնարները չեն լռէր երբեք, եւ հնչէր են ու պիտի հնչեն իրենց հոգեզմայլ երգերը ժամանակի եւ տարածութեան ընդմէջէն»;
Երկարեցաւ նամակս եւ շեղեցաւ իր նպատակէն, որ միմիայն քաղաքավարական բացատրութիւն մը ըլլալու սահմաններ էի։ Կը ներէք։ Գուցէ պատճառը՝ մերժումիս սխալ մեկնուելու վախն էր։
Ձեր պահանջածը աշխատանք մըն էր, որուն համար պէտք եղած կեդրոնացման եւ ինքնամփոփման ոչ միտքն ունիմ, ոչ սիրտը ներկայ օրերու։ Պէտք է հասկնաք եւ ներողամիտ ըլլաք։
Գասպար Իփէքեան
Պրիւքսէլ․ 20 հոկտ․, 1946
«Զուարթնոց, Փարիզ, 1947 Յունուար։
- Hits: 4373