ՆՈՒՊԱՐ ՓԱՇԱ. Եղիա Տեմիրճիպաշեան (1851-1908)
Արեւմտահայ մեծանուն մտաւորական․ բանաստեղծ, իմաստասէր, հրապարակագիր, թարգմանիչ, բառարանագիր, խմբագիր, նշանաւոր «Երկրագունտ», «Շարժում գրական եւ իմաստասիրական» հանդէսների։ Ժամանակակիցների վկայութեամբ «Անէութեան մեծ երգիչ»։
ՆՈՒՊԱՐ ՓԱՇԱ
Երախտագիտութեան հարկ մը կու գամ հատուցանել Բարձրապատիւ Նուպար փաշային, որուն հիմնած վարժարանին աշակերտն եմ, եւ որուն ուղղակի հայրական հոգածութիւնն ալ վայելած եմ յԵւրոպա։
Բարձրապատիւ Նուպար փաշան յաւիտենականութեան մէջ մտնելէ շատ առաջ արժանացաւ կամ ինքզինքն արժանացուց առանց մակդիրի ու պատուանունի յիշուելու, երբ հանգուցեալ իր եղբօր անունն, ուստի եւ իր մականունը, արձանագրեց, բազմերախտ եկեղեցականի մը անուան հետ, ազգային կրթական բարձրագոյն հաստատութեան ճակատը։
Բարոյական ու մտաւորական ա՜յնքան բարեմասնութիւններով օժտուած էր Նուպար փաշան։ Նո՜յնքան (ու թերեւս աւելի մեծ) կարողութիւններով օժտուած անձեր չը կա՞ն միթէ հայ ազգին մէջ, որոնք սակայն պարզ ուսուցիչներ ու խմբագիրներ մնացին ու կը մնան. «բա՜խտը», բացագանչեց օր մը Գրիգոր Զօհրապ, երբ ընկերութեան մը մէջ հարցուեցաւ գրող-իրաւաբանին. «Վահանդ ի՞նչ պիտի ընես»։ «Ի՛նչ ալ ընեմ տղուս համար, ի՜նչ ալ ընեմ տղաս, եթէ բախտ չունի՜…։ Բա՜խտը…»։
Բախտին անբաղդատելի օժանդակութեամբն է ուրեմն, որ յԵգիպտոս հաստատուած ողբացեալ Իզմիրցի պատանւոյն կարողութիւնք զինքը մինչե՜ւ նախարարապետութեան, մինչե՜ւ տիեզերահռչակութեան բարձրացուցին։ Նուպար փաշա քաղաքագէտ էր, օրէնսգէտ էր, ելեւմտագէտ ու տնտեսագէտ ու վարչագէտ էր, գրագէտ ու լեզուագէտ էր։ Բուրգերուն շուքին տակ բարձրացաւ` ա՛յնպէս, ինչպէս որ բարձրացած են բուրգերն, աստիճան առ աստիճան։ Բարձրապատիւ Նուպար փաշայի փառաց բարձունքէն նայելով վար` գլխու պտոյտ կ՚ունենայ մարդս, որ երբ այդ փառքը տարբաղադրէ, տարերց երրորդութիւն մը պիտի գտնէ հոն, ձիրք, այլ ե՛ւ աշխատութիւն, ու բա՜խտ ալ։ Վհուկ կին մը, վեհ պատանիին առջեւ պարզած չէ՞ր ժպտագին կապոյտ փոքրիկ քարերու շարքն օձապտոյտ` մինչե՜ւ, մինչե՜ւ երկինք…։
***
Նուպար փաշա քաղաքագէտ էր, Եւրոպիոյ ամենէն մեծ քաղաքագիտաց մին, որպէս Մելքիօր տը Վօկիւէ կը հռչակէր երբեմն Ռըվիւ տէ տէօ Մօնտի մէջ։ Ներսէս Վարժապետեան Եգիպտոսէ վերադարձին Հասգիւղ մեր տունը կ՚ըսէր. «Ես ի՛նչ արագութեամբ հայերէն կը գրեմ, իմ տասնապատիկ արագութեամբս գաղղիերէն կը գրէ` դիւանագիտական գրեր»։
Նուպար փաշան տնտեսագէտ-ելեւմտագէտ էր։ Երկաթուղեաց շինութիւնք, փոխառութեան բանակցութիւնք, վերջապէս Սիւէզի ջրանցքին վարչութիւնն յանձնուած էին Նորին Բարձրութեան։ Նուպար փաշային բախտէն` իր օրով եւ իրեն օժանդակութեամբ կատարուած արդիւնաւէտ այդ գործառնութիւնք ու հանրային շինութիւնք` գրեթէ դոյզն գործեր կ՚երեւին յաչս, որո՛ց գիտակ են անյատակ, անսահման ա՛յն Եգիպտոսի պատմութեան. պատմութիւն, որ արդէն բարձրակարկառ գրուած է Նեղոսի ափանց վրայ. նոյն իսկ այդ ջրանցքին բացման ձեռնարկած չէի՞ն միթէ Փարաւոնք։ Եւ սակայն… հրաշալի, ըստ որում` մեծ երկրաչափներու կողմէն անկարելի համարուած, եւ սակայն, ո՜հ, հրաշալի գործ մ՚էր այդ գործը, զոր նախնի կիսադիք ալ չպիտի կարենային կատարել, այսինքն` միացումն Հնդկական եւ Ատլանտեան Ովկիանոսներուն, անջատումն` բրչի ծայրով, հնագոյն աշխարհներուն` Ասիայի եւ Ափրիկէի։ Հնոյն Եգիպտոսի գիւտը կրնանք ըսել, թէ Մեծին Նաբօլէօնի ժամանակին յոմանց յիմարակա՜ն համարած այն գիտական արշաւանքին պարտի մարդկութիւնն. արդ, Եգիպտոսի ճակատագրին տրամաբանութիւնն իսկ կը պահանջէր, որ Նաբօլէօնի հայրենակից մը` ուրիշ յիմա՜ր Ֆրանսացի մը, կատարէր Եգիպտոսի առեւտրական ճակատագիրն հիմնապէս փոխելու սահմանեալ գործն, ընդ վերին հսկողութեամբ Նուպար փաշայի, որ ընդունած էր գաղղիական կրթութիւն։ Բախտին ի՞նչպէս չհաւատալ. ի՜նչ ժամանակակիցներ եւ աշխատակիցներ Նուպար փաշային տրուեցաւ ունենալ. Ֆէրտինան տը Լէսէբս, Մէհմէտ Ալի փաշա յԵգիպտոս եւ Աալի փաշա ի Տաճկաստան, Նաբօլէօն Երրորդ եւ Պիոս Իններորդ, Լօրտ Բալմէրսդըն ու Լօրտ Պիքընսֆիլտ, Պիզմարգ իշխան, Կորչագով, զօրավար Կրանդ ու Կամպէդա, Կլատսդօն, Գավուր, Գօշութ, Գասթէլար։
Իբրեւ օրէնսգէտ` Նուպար փաշան Եգիպտոսի դատարանները վերակազմեց. երկար տքնութիւններով ու մաքառումներով յառաջ բերուած արժանաւոր գործ, որ Եգիպտոսի վարչապետը բարենորոգիչներու կարգը կը դասէ։ Գրեթէ դիւցազնական աշխատութիւն մը կատարուեցաւ. Օրինագիրքեր յօրինուեցան, նորանոր ատեաններ բացուեցան, հիւպատոսներուն ոտնձգութիւնք արգիլուեցան, Եւրոպայի օրէնսգիտական հեղինակութիւնք իրենց փորձահարուստ ձեռնհասութեամբ դատական բարենորոգման գործն հետապնդելու կոչուեցան։ Եւրոպական խորհրդարաններու դիմում ընողը, եւրոպական օրէնսդրութիւնն ընդ տեղականին հաշտեցնողը, խորհողը, խմբողը, խմբագրողը, նորոգ ներդաշնակողը, մաքառող մաքրող միաբանողը մէկ մարդ մըն էր. բարետոհմիկ Զմիւռնիացի համեստ քարտուղար-թարգմանն, որ քրտնաջան աշխատութեամբ եւ անսայթաք ուղղութեամբ եղած էր Եգիպտոսի նախարարապետ Նուպար փաշան, որպէս ի Տաճկաստան հողագործութեան համեստ ուսուցիչ մը, եղաւ Աղաթօն Գրիգոր էֆէնտի ելեւմտից ու հանրօգուտ շինութեանց նախարար Օսմանեան մեծազօր Կայսրութեան։ Ահա՛ թուղթ խաղալուն ու թուղթ լեցնելուն տարբերութիւնն։ Ահա՛ բուն ազնուականութիւնը։
Նուպար փաշա գրագէտ ալ էր քաղաքական իր բարձր գրութեանց մէջ, որպէս եւ հին ու նոր գրական մեծ անձնաւորութեանց վրայ իր աներկեւան դատաստաններուն մէջ, զորս գրական ակումբներու մէջ կը յայտնէր։ Այդպիսի վեհագումար ակումբի մէջ է, որ Նուպար փաշային ունկնդրելէ յետոյ, Նորին գրական ու քաղաքական Բարձրութեան աջն համբուրել խոնարհած է Գաղղիոյ մեծահռչակ Կաճառականն` Անադօլ Ֆռանս։ Նուպար փաշան, իբրեւ Հայ, ամենէն աւելի յարգած է մեր Ոսկեդարուն ընտիր մատենագիրներն, որոնցմէ ոմանց ֆրանսերէն թարգմանութեան հրատարակութեան համար տասնըհինգ հազար ֆրանք յօժարակամ նուիրած է հայագէտ Վիգդօռ Լանկլուային եւ Էտուար Տիւլօռիէի։ Եգիպտահայ քաղաքագէտն սկսած էր ա՛յնքան աւելի գէշ խօսիլ իր մայրենի լեզուն որքան աւելի լաւ կը խօսէր եւրոպեան մի քանի լեզուներ, որպէս եւ արաբերէն ու տաճկերէն։ Ֆրանսերէնի մէջ (խմբագրութիւն, թէ զրուցագրութիւն) մեծ վարպետ մ՚էր Բարձրապատիւ Նուպար փաշան, որպէս Բարձրապատիւ Արթին փաշա Տատեան։
***
Նուպար փաշային մտաւոր բարեմասնութիւններէն գերազանց էին, կրնայ ըսուիլ, իր բարոյական բարեմասնութիւնք։ Օտեան էֆէնտիի նման, այսինքն` ծննդեամբ բանաստեղծի մը նման, ամուրի չը մեռաւ` հիւանդութեան պատճառաւ միայն ակամայ հրաժարելով իր հրայրքներէն. թէեւ Օտեանի հեշտական հրայրքներն ալ կու գային կը ձուլուէին ուր ուրեմն տեսլական անապակ գեղոյ խորհրդապաշտիկ ա՛յն գերագոյն հրայրքին մէջ, որուն արտայայտութիւնն Հայ գրականութիւնն օժտեց իր վսեմագոյն էջերով։ Նուպար փաշան հոգին աւանդեց` մէկ ձեռքը սիրելի կողակցին ձեռքին մէջ ու միւսն` իր զաւակաց գլխո՜ւն վրայ։ Ընտանեկան յարկին ներքեւ սուրբ սիրոյ ու մտերմութեան կեանքը կար միայն իրեն համար։ Աշխատողի մը կեանքն էր իրենն ըստ ամենայնի։ Աշխատողը տնտեսող կ՚ըլլայ տրամաբանօրէն, ինչպէս որ եղաւ իրօք Նուպար փաշան` Աղաթօն էֆէնտիին նման։ Սակայն մսխած չը պիտի ըլլար ստակն, եթէ միշտ ազգային լեզուաւ եղած ամէն հրատարակութիւն հայթայթէր։ Քանի որ ա՜յնքան պարտական ենք մեր լեզուին, մեր «մեծասքա՜նչ լեզուին», մեր մեծատուններն ալ պարտական են գէթ մէյ մէկ օրինակ գնել ազգային հրատարակութիւններէն, որոնք` գիրք եւ օրագիր, այնքա՜ն սակաւաթիւ են արդէն։
***
Մեր բարերարին վախճանը սուգի մէջ կը ձգէ մասնաւորապէս երկոտասանեակէն աւելի Հայ պատանիներ, որոնք Բարձրապատիւ Նուպար փաշայի ծախիւք կ՚ուսանէին եւրոպական համալսարաններու մէջ, եւ որոնք Նուպարեան մեծանձն գերդաստանին շնորհիւ աներկբայ պիտ՚ աւարտեն հոն իրենց ուսմունքն։ Հասարակ բարերարներէ ո՜րքան կը տարբերէր այդ բարերար մարդը` թէ՛ տալու եղանակաւը, թէ՛ տալու յօժարութեամբը, եւ թէ՛ խորհուրդովը կամ խրատովը, զոր դրամին հետ կու տար Հայ ուսանողներուն, ե՛ւս եւ Հայ ուսեալներուն։ Բժշկութիւն ու փաստաբանութիւն սորվելու համար Նուպար փաշային մեծանձնութեան դիմող պատանեաց խորհուրդ կու տար եւ կ՚ըսէր. «Բժիշկ ու փաստաբան պէտք եղածէն աւելի ունի ազգը. արհեստ մը, ձեռքի արհեստ մը ընտրեցէք ու սորվեցէք, որուն մէջ դարձեալ ուսմունք ու գիտութիւն կայ»։ Բարեկամ հրապարակագրի մը Եւրոպայէն գրեցի, որ այս գաղափարը ծաւալեն օրագրաց միջոցաւ հայ ժողովրդեան մէջ։ Իմ գաղափարս էր այն, զոր իր բարձր հեղինակութեամբ կը նուիրագործէր Նուպար փաշան։
***
Մօն-Պլանի քարափին վրայ կը գտնուէի` աչքս սպիտակ վսեմ կատարին յառած. եւ Նուպար փաշային ընտանի հայրենակից մը իմացուց ինծի, թէ Փաշան ալ Լեմանի ափանցը վրայ կը գտնուէր, ու բաւական… հիւանդ։ Ու մեծ լեռն իր ալեւոր գլուխովն իմ աչքիս անձնաւորեց այն պահուն Նուպար փաշան։ Ու հառաչեցի՜. «Լեռը կանգուն կը մնայ միշտ. այլ մարդը, մարդը, որ գեր ի վեր է լեռնէն, մարդը, որուն համար ստեղծուած են լեռներն, անիկա՜յ…։
(Արեւելք, 9 Յունուար 1899)
- Hits: 15348