Ուրուագիծ դիմանկարի համար. Հիլտա Գալֆայեան-Փանոսեան (1942)

Չեմ կրնար չխոստովանիլ յոյժ վկայագրելի իրողութիւնը որ բանաստեղծ, մանկավարժ, հոգեբանական գիտութիւններու դոկտոր /1973/, Փարիզի Էսայեան սանուց միութեան հիմնադիր նախագահ Հիլտա Գալֆայեան-Փանոսեանի գործունէութիւնը․․․ գնահատուած չէ ըստ արժանւոյն, բաւ է յիշատակել, որ ըլլալով Փարիզի «Մաշտոց» Հայ լեզուի պաշտպանութեան միութեան հիմնադիր նախագահ, մեծագոյն ճիգեր գործադրած է վասն արեւմտահայերէնի եւ մեսրոպեան ուղղագրութեան։

Հիլտա Գալֆայեան-Փանոսեանին հոգեյատակը «կու գայ» պոլիսեան դասական իմացականութենէն․ տարիներ առաջ իր մասին լսած եմ մեծահամբաւ բանաստեղծ Զահրատէն, զոր կը խօսէր տիկին Հիլտայէն՝ հիացած անոր մտածական եւ հոգեւոր աշխարհով, կը յիշեմ իր ափսոսանքը, կըսէր․ «Աւաղ, կարծեմ հիմա չի գրեր, արեւմտահայերէնի եւ մեսրոպեան ուղղագրութեան ջատագովութեամբ վճռապէս տարուած է»։

Զահրատեան այս կարծիքին «համաձայնեցայ» «Կաթիլ մը» եւ «Լեզուէն անդին» խորագրեալ քերթուածներու հատորը ընթերցելէ ետք, հոն  հոգեբան-բանաստեղծը անկարելիի եւ կարելիի սահմաններուն մէջ խորասոյզ իր աշխարհը «կը յայտնաբերէր» զգայնական զեղումներով, Հայու նկարագիրը ստեղծագործ երեւակայութեամբ թրծուած․ ես ալ տեսակ մը ափսոսանք ապրեցայ, բայց իր գործունէութեան միւս, ամենէն երեւելի յատակները ինծի զինաթափ ըրին, հասկցայ տիկին Հիլտայի նուիրումի ինքնակերպութիւնը, անսխալականութիւնը․․․ Ինքն այն եզակի մտաւորականներէն է, որ տարիներ առաջ զգացած է Հայ լեզուի,- մասնաւորաբար արեւմտահայերէնի,- վտանգուած ըլլալը․ Եօնէսկոյի տուեալներով կործանման եզրին առաջին տասնեակին մէջ գտնուիլը արդէն այլեւս ցաւալի, գրեթէ անվերականգնելի իրողութիւն մըն է․․․

Մեծասքանչին, Հայուն ինքնութեանը իր նուիրաբերումի կէսդարեայ կենսագրական տքնանքը առաւելապէս յայտնի է ոչ միայն բանախօսութիւններով, ելոյթներով, այլ նաեւ «Միշտ ծլարձակող» քերթուածներու հատորով։ Ահաւասիկ, խնդրոյ առարկան նոյնպէս Հայոց լեզուն է, զոր պէտք է, որ ծլարձակումի կը միտի՝ անկորնչելիութեան սիրոյն, եւ քառամաս գլուխներէ բաժնուած հատորի խորագրերը /«Բառն եմ ես Մեսրոպեան», «Միշտ յառաջ», «Յիշողութեան կաթիլներէն», «Տեսիլք»/ կը վկայեն որ բանաստեղծի մտահոգութիւններու ծիրին մէջ տակաւին կայ, գոյութենական անսպառ իր էներժին առ Մեծասքանչը․․․

Արեւմտահայերէն-արեւելահայերէն լեզուի միասնականութեան խնդիրն ալ չէ վրիպած տիկին Հիլտայի մտածական-հոգեզննական տեսողութենէն կամ տեսահայացքէն․ հոսանքին դէմ քալելու բնական պահանջք մը՝ կարծես ինքն իրեն յորդորած է․ «Պրկուէ եւ ամրացիր», քանզի հայութեան ինքնութեան անփոփուածութիւնը միասնականութեան մէջ է միայն տեսանելի, գոյատեւելի։ Եւ ինչ մեծագոյն ջանք գործադրած է այս ասպարէզէն ներս Հիլտա Գալֆայեան-Փանոսեան, շատոնց,- բայց ոչ շատերուն,- յայտնի է․ տեսակ մը անուրանալի խիզախում, Մեսրոպեան ուղղագրութեան վերականգնումի շարժում մը ստեղծելու առաջնորդութիւնը ստանձնած էր ատենին, հայ ակադեմիական գործիչներու, գրողներու եւ մանաւանդ լեզուաբաններու կողմէն տոնքիշոտութիւն համարուած, եւ 1922թ․ հրամանագրով յոյժ քաղաքական պատճառներով աբեղեանական տխեղծ «հնչիւնային նոր ուղղագրութիւնը» խորքին մէջ հակագիտական ըստ էութեան խեղագրութիւն համարուեցաւ, ճշմարտօրէն, եւ ամենաէականը պոլշեւիկեան այս գաղափարախեղ ոտնձգութիւնը ուղղուած էր արեւմտահայ եւ արեւելահայ հատուածներու անջրպետմանը․Նիկողոս Սարաֆեանը կ՛ուզէր «անջրպետ մը գրաւել»՝ միս մինակ, Սփիւռքն արթնցնող իր բանաստեղծութիւններու հատորով․ /«Անջրպետի մը գրաւումը», /Փարիզ, 1927/․ տակաւին «հետապնդելի» աբեղեանական ուղղագրութեան վնասները, պատճառած աւերածութիւնները զգալի են, բայց անզգայելի հայաստանեան պատկան մարմիններու կողմէ, որ այդ գիտակցումէն հեռու կը գտնուին ու իրենց հոգն ալ չէ որ հայութեան միասնականութիւնը այդ ողորմելի տարիներէն ջնջուած է․․․

Արդ, խնդրոյ առարկան ուղղագրութեան միասնականացումն է․ «Այս հարցը Հայաստանին եւ Հայ ժողովուրդի ապագային առնչուած ռազմավարական հարց է։ Հետեւաբար անհրաժեշտ է սփիւռքահայ մասնագէտներու հետ խորհրդակցաբար մշակել լեզուական ազգային քաղաքականութիւն մը, որու համաձայն պաշտօնապէս ժողովուրդին կը յայտարարուի թէ ՀՀ Սահմանադրութեան տրամաբանութեան համաձայն հայերէնի ուղղագրութիւնը պիտի միասնականացուի՝ դասականի հիմքի վրայ»։ Հիլտա Գալֆայեան-Փանոսեանի ելոյթէն Գ․Ա․Ա Լեզուի ինստիտուտ, գիտաժողով /30 յուլիս, 2015թ․ Երեւան/։

Ուրուագծօրէն այս խոհը տիկին Հիլտա Գալֆայեան-Փանոսեանին գործունէութիւնը այնքան ալ չի ներկայացնէ, ըսել կ՛ուզեմ կրթութեան, գիտութեան եւ ընդհանրապէս հայ մշակոյթին վերաբեր իր մտածումները չեմ գիտեր ընկալաբար «տեղ կը հասնի՞ն», թէ՞ կը մնան «ձայն բարբառոյ յանապատի», բայց խնդիրը ըստ իս առաւելաբար կը վերաբերի պատասխանատուութեան չստանձմանը, զոր կը դրսեւորեն պատկան մարմինները․ իսկ ըստ Մուշեղ Իշխանի «Հայոց լեզուն տունն է հայուն աշխարհի չորս ծագերուն»։ Ցաւալի է, որ այդ տունը տակաւին «անբնակ է», արմատներու արժէզրկումն՝ ցաւագնօրէն տեսանելի եւ Սփիւռքի մէջ արդէն հինգ սերունդի շարունակական ձուլումը արդիւնք է համահայկական անհեռատես քաղաքականութեան՝ ժառանգուած Խորհրդային ժամանակներէն, անտեսուած վերջին երեսուն տարիներու անկախութիւն հռչակած իշխանութիւններու կողմէ․ «Մեղայ, մեղայ Արարատի՞ն․․․»։

Արթուր Անդրանիկեան

  • Hits: 6294

Կայքը գործում է ՀՀ մշակույթի նախարարության աջակցությամբ։

© 2012 Cultural.am. Բոլոր իրավունքները պաշտպանված են ՀՀ օրենսդրությամբ: Կայքի հրապարակումների մասնակի կամ ամբողջական օգտագործման ժամանակ հղումը կայքին պարտադիր է: