Ազգային մեր երազը ե՞րբ կը հասուննայ
Երբոր բացուին անյուսահատ դռնե՞րն յուսոյ
Խոհագրութիւն
Ճշմարտութիւն անանկ լեզու մ՛է որ
չխօսելուն պէս կը մոռցուի․․․
Յակոբ Պարոնեան
Տարիներու սին չքմեղանքի մը առաջ կանգնած կ՛անգիտանանք՝ խոնարհուն հայեացքով մը, մեր հոգիին լինելութիւնը կը փնտռենք եւ տակաւին ուր ըլլալն ալ չենք գիտեր․․․
Արդեօք պիտի գա՞յ ժամանակը ու ատ ժամանակն ալ նպաստաբեր պիտի ըլլա՞յ, թէ նորէն շլմորանք ապրողի մը ծամածռութիւններով զառածումներ ընենք, որ գոհացում տանք հայրենասիրական թատերախաղեր բեմադրելու մեր անարուեստ մտայնութեանց։
Այդժամ,- եւ ամեն «անհրաժեշտ» ատեն,- հրապարակ կու գան քաղաքական առլեքիններ՝ յուզիչ, արտասուաթոր դէմքերէն ծորած կեղծ խղճմտանքն ալ, ազգային լարարախաղացներու պաթետիկ ճարպիկութիւններն ալ փոխանակ զայրոյթ արթնցնելու տակաւին չարթնցած ժողովուրդին՝ յաւելեալ հաւատ կը ներշնչէ առ ապագայ․․․ Ապագայ, զոր անյայտնութենէն անդին կը գտնուի, կը գլտորուի, թերեւս կը պահուըտի։ Յետոյ միայն կ՛ըսեն՝ վիժեցուցին մեր նպատակները․ որո՞ւն կ՛ըսեն, ովքե՞ր կը դժգոհին ճամարտակողներէն եւ այն ճարպիկ խաղցնողներէն, զորս լուացքի պարաններու վրայ հայրենասիրական լաթեր կախած են․․․
Կ՛ըսեն թէ ճշմարտութիւնները կեղծ կ՛ըլլան, երբ գոհացում չեն տար զանգուածին․ Հայուն համար ճշմարտութիւնները միշտ ալ գոհացուցիչ ջախջախումներու արժանացած են․ այն ժամանակներէն ի վեր եւ հետագային ալ, երբ ազգային ինքնախորտակ մթնոլորտ կը ստեղծուի, երբ մարդոց աչքերուն առջեւ այլեւս այրած են ճակատագրական ազգ ըլլալու բոլոր վաւերաթուղթերը։
Համընդհանուր ի՞նչ խոնջէնք․ միայն յուզուելու պարտաւորութիւն ստանձնած առանձին-առանձին խումբեր շարասիւն կազմած պիտի ողբերգեն նարեկացիական շունչէն ալ նուազ հնչերանգով՝ անարուեստ, կեղծ՝ պայմանով որ խօսափողներու եւ իրենց միջեւ չխախտուի որեւէ նախապայման, ու կը սկսի բարի ցանկութիւններով, անիրականանալի խոստումներով յղիացած ժամանակաշրջանին հերթական շրջափուլերը․ կ՛ըսեն թէ ընտրութիւններու շրջան մըն է եւ քաղաքական ժամանցի տեսարաններու ականատեսները, շլմորածները յուսախաբները, սպասման հիւանդները համբերատար կը սպասեն՝ ծառս եղած հայեացքներով։ Սա պէս կը շարունակուի ընթացքը․ կը շարունակուի Արեւմուտք-Հիւսիս, թերեւս նաեւ արեւմտահիւսիս ուղղութիւններով նոր աշխարհաքաղաքական սահմանում մը Հայու ստորին տագնապներն արտացոլեցնող,- չեմ գիտեր՝ ինչու ցքնուեցաւ այս բնորոշումը,- իրականութիւնը գոց չսերտած մէկու մը կողմէ, զոր այդ իսկ իրականութենէն ներս կ՛ապրի ու ճիգ, ջանք, յաւելեալ ներուժ կը գործադրէ պեղելու, յայտնաբերելու միայն այն իրականութիւնը որ հեռուաչափ կը գտնուի Հայու հայրենասիրութենէն ու կ՛ուզէ թղթատել անոր սնապարծ էջերը, բայց կը ջախջախուի, թէ՞ փորձառութեան պակասէն կը խորհի․ «յիմարական արարք մը․․․ ես այն սակաւ զոհերէն եմ, որոնք ոչ կուսակցական են եղեր, ոչ ալ անկրօն հաւատացեալ մը ․․․
Այս ամենը գիտակցութեան հիւծ խոկումներէն կու գայ անհատի մը, զոր եզական հաւաքականութեան մը կը կարօտի ու կը զօրէ ապրիլ ոչ մենաշնորհեալներու երկիրին մէջ՝ քաղաքական, ազգային, մշակութային ստաբանութեններէն յոգնած, խոնջ ու անայլասէր կեանքով մը ապրած՝ չգիտնալով իր գիտնալիքը, որովհետեւ ուրիշներու ոգեկործան գիտնալիքէն սեւի եւ ճերմակի հակամարտութիւնը կը հոտի՝ արիւնածոր վէրք մը, խոշոր սպի մը Հայրենիք երազողի դէմքին վրայ, աննշան մնացած ճակատագրական կրկներեւոյթ։ Թերեւս սա պէս ապրած ենք ու ճիշդ ատ ազգային կենսագրութեամբ ալ կ՛ապրինք ի սպառ զանց առած Հայոց արածանիի խոհեմութեան յորդորող դրուագներէն ամենամարդկայինը․ Յակոբ Օշական տեղ մը կը գրէ․ «Նախ մարդ, յետոյ՝ հայ»։ Ու ասիկա նախ եւ առաջ կը վերաբերի քաղաքականութիւն, գրականութիւն ընող՝ իրականութիւնն ու ճշմարտութիւնը բաց աչօք զատորոշող կամ չզատորոշող անհատներուն։ Լայն չափով անոնց գործունէութիւնը չենք տեսներ միայն գաղտուկ ծուատումներ, աներեւոյթ ծորած իրագործումներ՝ պատճառը կասկածէ դուրս գտնուիլ՝ ի գին ամեն բանի, հրաժարիլ Երազին իրագործումէն, իսկ երբ Երազն է գերհզոր, այդժամ ազգին ճարտարապետուած բնազդներէն լոյս կը ծագի, լոյս զուարթ եւ անշիջանելի հաւատք՝ մինչեւ ․․․ Երազին չիրագործումը․ չհասունցած դառնապատիր պտուղի մը վերածուիլը, եւ պէտք չէ մոռնալ որ քաղաքական շրջափոխութեանց ատեն կը նուազին ոգորումները, կ՛ախտոտուի մթնոլորտը եւ նահանջը անկասելի կըլլայ․․․
Արթուր Անդրանիկեան
WhatsApp +374 91 423 159
- Hits: 507