Ի՞նչ կը մտածես, Երուանդ Օտեան
«Երգիծախոկումներ» շարքէն – 3
-Բան մը չեմ մտածէ,- կը լսեմ անդենականէն,- միտքէս Փանջունի շատոնց գաղթած է, չեմ գիտեր ո՞ւր կ՛ապրի, որուն հետ կը յարաբերուի, կուսակցական ըլլալը կ՛արդարացնէ՞ նիւթական վիճակին անսասանութիւնը։ Ինծի այնպէս կու գայ որ ինք․․․ կու գայ կամ շատոնց եկած է ու տակաւին կ՛ապրի՝ վասնզի հայու ճակատագրին անքակտելի մասը կը կազմէ, չնայած ատ ճակատագիրը մաս-մաս լքած են, ինքն ալ իր մասնաբաժինը ունեցած է․․․
Ըսի տակաւին կ՛ապրի, իր վարդապետութիւնն ալ քարշ կու գայ իր ետեւէն։ Ու անգաղափար ժողովուրդին կը սպառնայ՝ բռունցքի հարուածները վեր-վար բարձրացնելու ընթացքին․ «Խփեցէք, բայց մի սպաննէք․․․»։ Կարծես Աստուածաշունչի պատուիրաններէն «Մի սպանաներ»ը միտքին կու գայ։ Եւ իրարու մէջ կռուիլն ալ չէր հրահրէր Փանջունի, քանի որ ինք հնգակի հերոս մըն էր․ արդեն գիտէք, փանջ՝ թրքերէն հինգ կը նշանակէ, ասիկա նաեւ իր հինգ անգամ գերեվարուած ըլլալն կը յատկանշէ․
Առաջին անգամ կը գերեվարուի․․․ ինքզինքէն, երբ կը փափաքի կուսակցական ըլլալէն զատ․․․ կուսակրօն ըլլալ․․․
Երկրորդ անգամ ալ գերեվարուած ատեն՝ նորէն․․․ կը գերեվարուի պճրասէր տիկինի մը կողմէ․ սոյն իգուհիին մասին ալ մանրամասներու տեղեակ չըլլալը մեղք մը չէ․․․
Երրորդ անգամ կը գերեվարուի․․․ բեմերէն․ կ՛ըսէ «Զիս արգիլած են վարնոց գաղափարներ տարածողներու դէմ մարտնչիլ, անոնք ազգասիրութիւնը մինակ ինձմով փրովաքացիոն կ՛ընեն։
Չորրորդ անգամ ալ գերեվարուած է պատուաբեր քաղաքացիի մը հագուստներով․ չեն ճանչցած զինքը, բայց գերեվարողներու ինքնութիւնը ինք շաբաթներ անց պարզած է․ իր գերի եւ գէր ըլլալը չեն նկատած։
Հինգերորդ անգամ ալ գերեվարուած է որպէս յիմարական պահանջմունքներ ներկայացնողի մը հագուստներով։ Սկիզբը չեն ճանչցած որու կը գերեվարեն, երբ պարզաջրած են, խանդավառութեամբ փոխած են հագուստները,․ այդ պահուն բացագանչած է․ «Սա պէս մերկ ըլլալս բնաւ չի նշանակէր որ գաղափարապէս ալ մերկ եմ։ Ազգիս ցամքած արիւնը իմ մէջ եւ ինձմէ դուրս կ՛եռեփուի։ Չէ՞ք կարծեր որ անմխիթարական բան մը կը կատարուի։ Եթէ չէք հակառակիր զիս, ուրեմն անձիս ջարդարարութեամբ կը զբաղուիք։ Դուք՝ Արմենակա՞ն էք, Հնչակեա՞ն էք, Դրօշակակի՞ր էք, ինչ ալ ըլլաք, նախ համաձայնեցէք որ յեղափոխութեան եւ հակայեղափոխութեան տեղերը փոխելէն իրավիճակներ չեն շտկուիր։
Հոս հասնելուս պէս երբ զիս գերեվարեցիք, ինքզինքս կազդուրուած կը զգայի։ Վստահ էի որ զիս կը վստահիք հանգանակութիւն մը կազմակերպել, բայց դուք հարկ ալ չհամարեցիք լսել իմ ապակեդրոն տրամադրութիւնները, զորս անբաւ հոգիներու կը վնասեն, ինչպէս Ծապլվարին մէջ պատահած էր, երբ զիս կ՛ուզէին վեցերորդ անգամ գերեվարել․ չենթարկուեցայ՝ չցանկացայ անուանարկուիլ․ տխուր երեւոյթ մը, զոր կը նմանի ընդդիմութեան դաւաճանութեան։ Անդաւաճան միայն մէկ մը կայ, խնդրեմ, ճանչցէք՝ ատ ես եմ։ Այլասերած բարքերէն հրաժարած, զոր ճգնած է յետադիմական ուղեղներու դէմ պայքարիլը համարել յեղափոխական գործունէութիւն եւ տակաւին իր նպատակներուն հաւատարիմ կ՛ըսէ․ «Ձեր նպատակը զիս չի հետաքրքրէ։ Ես կ՛ապրիմ յոյսով մը որ ապագայ սերունդներ իմ գծած ուղիովս կը շարժուին, վասնզի քանի մը առողջ թելադրութիւններ աւանդած եմ՝ դասախօսութիւններուս ընթացքին, հետեւաբար առաջնորդելու դերս տակաւին կը շարունակուի․․․»։
Արթուր Անդրանիկեան
WhatsApp +374 91 423 159
- Hits: 1990