Արթուր Անդրանիկեան. Զապէլ Եսայեանի «Աւերակներուն մէջ» ուղեգրութեան եւ յարակից խնդիրների մասին
Մինչեղեռնեայ իրականութիւնը կամ արեւմտահայոց կեանքի համիդեան «սուրի եւ սովի» ժամանակաշրջանը 20-րդ դարասկզբի պատմաքաղաքական զարգացումների ոճրագործութեան, ինչու չէ, նաեւ ոճրաբանութեան այլ մեթոդաբանութիւն էր առաջադրելու: Եւ եթէ հաւաստենք, որ Յակոբ Օշականը մնացորդաց սերնդի այն իրաւ մտածողներից է, ուրեմն ըստ մեծանուն գրողի վկայութեամբ. «Իմ թելադրել ուզած Սփիւռքը սակայն կընդգրկէին, քանի մը սերունդ, զոր հորինէին պարզ որքան որակեալ, հանգամանաւոր մարդերը… որոնք բոլորը մեր աղետը ընդունելու իրենց մտքին պատշաճեցնելու ահաւոր պարտքը կատարէին իրենք իրենց միայն»[1]:
Պարտքի, պատգամի գիտակցումը, ստանձնումը սփիւռքեան յետագայ շրջանի գրողների, ազգային, հանրային գործիչների կողմից ենթադրում է ոչ միայն աղէտով վերապրել՝ անյիշողությամբ չապրել, այլ Սփիւռքում վերընձիւղուել՝ «արմատ նետել»՝ պահպանելով ազգային ինքնութիւնը: Ահաւասիկ, յետեղեռնեայ շրջանի հայոց հրամայականը Սփիւռքի գոյացումից ի վեր:
Հարկ չկայ նշել, որ Մեծ եղեռնի ժամանակագրութիւնը ամենեւին չի սկսւում եւ աւարտւում 1915 թուականովով, մի ողջ ժողովրդի զանգուածային տեղահանմամբ, բնաջնջմամբ, ի վերջոյ հայրենազրկմամբ[2]:
Աղէտի արմատները աւելի խորն են. հունգարացի թուրքագէտի՝ Արեւելեան Անատոլիայում բարենորոգումներ անելու հարցին ի պատասխան սուլթան Համիդը յայտարարել էր. «Ես գիտեմ ինչպէս լուծել Հայկական հարցը, բայց աւելի շուտ կը համաձայնեմ մարմնիցս գլուխս պոկելու, քան Հայաստանը՝ Օսմանեան կայսրութիւնից»: Այսպիսով, մշտաբար յիշատակելով աղէտը, որ դարձակէտային եղաւ մի ողջ ժողովրդի համար, - ներառյեալ հայ Սփիւռքի գոյացումը, - անհրաժեշտ է անցեալ հինգ տարիները դիտարկել բուն աղէտի ժամանակաշրջանի խորապատկերի վրայ, Էական հանգամանք, որ մասնայատկում ենք՝ վերլուծաբան-գրականագէտների համար, մասնաւորապէս: Այն խնդրահարոյց է մի շարք առումներով. նկատի չունենք մինչեղեռնեայ ժամանակաշրջանը որ գեղարուեստական ստեղծագործութիւններով ներկայացուած չէ[3]:
«Ժողովուրդի մը հոգեվարքը» այնպէս եւ այնքան խորաքնին, ականատեսի վկայութեամբ չի տեղազննուած, որքան Զապէլ Եսայեանի «Աւերակներուն մէջ» ուղեգրութեան էջերում, մանաւանդ, որ ուղեգրողը հայութեան այս հատուածին վիճակուած արհաւիրքը դիտարկում է մտահայեցողաբար, բայց գեղարուեստական պատումի շարադրանքը եւ յատկապէս գրողական տպաւորապաշտութիւնը որոշակիօրէն է չափակշռուած, որքան էլ «տեսարանները, մարդիկը», դժոխային պատկերները (հիմնականում մարդկային հոգեվիճակներ բացորոշող) տեսանելի են ու տեղազննելի, բայց դրանք իրականութեան այնպիսի դրուագների պատկերումներ են, որոնք յուսալքում ապրած վկայաբան-գրողի մտքի արգասիք չեն, այլ ողբերգութիւն ապրած, «աւրուած հոգիներու» նկատմամբ մարդկային վերաբերումի արտայայտութիւն:
«Համիդին փորասողուկ թաւալումը ինծի այնքան ուրախութիւն չպատճառեց, որքան Կիլիկիայի ջարդը ճմլեց աղիքներս: Ցեղի հոգին արիւն կու լայ մէջս, հրդեհուած քաղաքներէն եկող ամէն լուր տաք մոխիրին պէս կը թափի գլուխիս ու սրտիս վրայ: Երիտասարդ թուրքերը չեն դադրիլ Եւրոպային հասկցնելէ, թէ թուրքը ի բնէ բարի ժողովուրդ է, թէ տաք հայերու անխոհեմութիւնն է աղէտին սկզբնապատճառը եղած՝ Եւրոպայի կարծիքին հակազդելու համար, կարծիք մը, որ արդէն ատոր ալ պոռնկացած է: Լուրերը այնքան գէշ ազդած են վրաս, որ կը ցաւիմ Ադանա չգտնուելուս համար»[4]:
Հայկական հարցը հետեւողականօրէն լուծելու ճանապարհին, այնուամենայնիւ, Կիլիկիայի արհավիրքը սկիզբն էր որդեգրած հայատեաց այն քաղաքականութեան, որ տեւական ժամանակ օսմանեան, - յետագաում երիտթուրքական, - ներքին քաղաքականութեան մէջ համարւում էր առաջնային, եթէ ոչ ելակէտային:
Ուշարժան է, որ Զապէլ Եսայեանը նոյնպէս կանխատեսօրէն զգում էր Ոճիրի զարգացումները, երբ ամուսնուն՝ գեղանկարիչ Տիգրան Եսաեանին 1909 թուակիր նամակում գրում է. «Կիլիկիան կործանուած է… այս է ամենուն տպաւորութիւնը, դեռ Ադանա չեմ գացած, բայց հիմիկունէ յայտնի է, նախապատրաստուած ծրագրով: Արդէն հայտնի է թուրքերը հոս այն երեւոյթը ունին, ինչ որ ունէին հին ռեժիմի գէշ օրերուն մէջ»:[5]
Յիշեալ օրերի մտապատկերները գրողի համար տեսանելիօրէն պարզորոշ էին, մինչեւ նրա Կ.Պոլսից ծպտեալ հեռանալը (1916թ.): Աւելին, նրա ապրումները առաւելս էին ահագնանալու հայրենադարձուելուց տարիներ անց, երբ 1936 թ., իբրեւ «ժողովրդի թշնամի» բանտային տաժանակրութեան ենթարկուելուց յետոյ արտաքսւում է: Եղերաբախտ գրողի, ազգային գործչի կենսագրութեան ամենամռայլ՝ վերջին էջը ի վերջո գոցվում է. «Կը մեռնի Սիբիրիոյ մէջ, տեղ մը, 1946 թուականին»: Կենսագրական այս փաստը այնքան էլ հաւաստի չէ. այլ աղբիւրներից մեզ յայտնի է Զ.Եսայեանի մահուան, մեր կարծիքով այլ, - թերեւս հաւաստի, - վարկած. 1935 թ. ՀԽՍՀ ՊԱԿ-ում տանջահարելուց յետոյ Զ. Եսայեանը Երեւանի բանտից տեղափոխւում է Բաքու՝ Կրասնովոդսկ տանելու համար: Նաւի վրայ փորհարությամբ տառապող գրողին կտտանքների ենթարկելուց հետո նետում են Կասպից ծովը: «Ֆրանսիական լրտես» համարուող գրողը արդարացուել է 1957 թուականին:
Ուղեգրութեան յառաջաբանում արդէն իսկ զգալի է «նորածագ Ազատութեան ուրախութիւնովը» ապրող հաիւթեան գաղափարական հրճուանքը. «Մեր կրակի պէս այրող վիշտը մարելու համար կառչեցանք սա գաղափարին, մենք ալ մեր զոհերը տուինք, մեր արիւնը այս անգամ թափեցաւ մեր թուրք հայրենակիցներու հետ: Անիկա վերջինը պիտի ըլլա»: Զուր հույսեր. չարդարացված զորակցութիւն՝ ինքնավարութիւն ստանալու խոստումների դիմաց…
«Ճշմարիտ պատկեր մը արիւնոտած երկրին» բնորոշումուվ ակնյայտ է. Զապէլ Եսայեանը հաւատացած էր, որ Ադանայի ոճրագործութիւնը զուտ եւ միայն տեղական բնույթ է կրում՝ բանականութիւնից զուրկ գազանաբարոյ ամբոխի կողմից հրահրուած, բայց ոչ շարունակելիութիւն ենթադրող. եւ հաւասարութիւն քարոզող երկրի համար չափազանց աննպաստ, եթէ ոչ պետականավնաս այդ օրերի քաղաքական զարգացումների խորապատկերի վրայ: «Ինչ որ տեսայ եւ ինչ որ լսեցի՝ հանգամանքը ունէին ամբողջ պետութեան հիմունքը խախտելու: Տեսականօրէն որ մէկը ասոր հակառակը կըսէ: Այս զգացումը մեծապէս դրդեց զիս, որ իբր ազատ քաղաքացի, իբրեւ երկրին մէկ հարազատ զաւակը, հաւասար իրաւունքներով օժտուած, առանց վերապահութեան գրեմ այս էջերը, որոնք հայ կնոջ մը դիւրազգացութեան արդիւնքը հարելէ աւելի պէտք է նկատել որեւէ մարդկային արարածի մը ինքնաբուխ ու անկեղծ տպաւորութիւնները»:[6]
Եւ այդ տպաւորութիւնների մատեանը այնպիսի ճշմարտութիւններ է բացայայտում, որ զգայնօրէն խորհելու տեղիք է տալիս, քանի որ Եսայեան-ժամանակագիրը ամենեւին չի չափազանցում: Ասել է, թէ պատումնաշարի գրականացումը գրողի գիտակցութեան մէջ տեղը զիջել է հասարակական գիտակցականութեանը (միջանկյալ նշենք, որ Զ.Եսայեանը խնդրոյ առարկայ դէպքերին անդրադարձել է «Անէծքը» վիպակում՝ շարունակաբար տպագրուած Կ.Պոլսի «Ազատամարտ» թերթում (1911թ., 22 յունիս-1 յուլիս), որտեղ զուտ վիպային նկարագրով գործող անձինք բացայայտում են իրենց ապրած ողբերգութիւնը, այն, ինչ խնդրական է դարձնում գրողի բուն նպատակը՝ ինքնեղ կերպաւորումներով ստեղծել աղէտը ծնող մի այնպիսի միջավայր եւ գրական տարածք՝ կերպարակերտելու իր ջանքերը, որ պարտադիր է իւրաքանչիւր գրողի համար՝ որոշակի հաւաստիութիւն մտցնելու կերպարների վարքագծում, ստեղծելով միջավայրային փոխյարաբերութիւններ՝ գեղարվեստօրէն ներկայացնելու համար կեանքի «ինչպէս որ է»ն: Բոլորովին այլ է Եսաեան-վկայագրողի նպատակը. ոչ թէ ստեղծել որոշակի միջավայր եւ միջավայրային փոխհարաբերութիւններ, այլ դրանք ներկայացնել որոշարկուած՝ դիտարկելու այն մթնոլորտը, որտեղ պէտք է իր տպաւորութիւնները «երթեւեկէին մեկէն միւսը՝ առանց պահ մը կանգ առնելու» եւ բնականաբար, «ասիկա այնքան յոգնեցուցիչ կը դառնար, որ գրեթէ ֆիզիկական ցաւ կը պատճառէր»:
Այսպիսով, Զ. Եսայեանի համար «Աղէտին կուրծքին մէջ իսկ մխրճուելու գաղափարը» աւելի քան տագնապայարոյց էր, աղէտեալներին օգնելու մարդկային ձգտումը՝ զերծ տենդոտ հետաքրքրութիւնից՝ առանց վայրկեան իսկ հապաղելու նրան մղում էր փրկագործութեան. «Այս շաբթու Ադանայի մէջ կը բանանք առժամեայ որբանոց մըն ալ. մինչեւ որ գործը այս վիճակին բերի՝ հոգիս բերանս ելաւ…» (Ամուսնուն գրած նամակից):
Ուղեգրութեան ութ պատումներում («Դէպի Կիլիկիա», «Աւերակներուն մէջ», «Պատարագը», «Որբերը», «Նպաստի օր մը», «Բանտարկյալները», «Կախաղանները», «Ճամբուն վրայ») իրականութիւնը այդ օրերի զգացական կեանքի խորքային արտայայտութիւն լինելուց զատ, աւելի քան զսպուած անզգացմունքայնութեան ճիչի յիշեցում է: Հակառակ դէպքում մղձաւանջից հալածեալ գրողը ինչպէս պէտք է դիմագրաուեր ողբերգութեան տեսարաններին, մանաւանդ, որ գործող անձինք վիպական կերպարներ չեն. ամէն մէկը իւրովի է ներկայանում, երբեմն նոյնիսկ ինքնահալած ու տարակենտրոն. «Ոչ այս պատմութիւնները, սակայն ոչ այս մոխիրներուն մէջ խլրտող տարտամ հայութիւնը, ոչ ցաւոտ եւ շուարած աչքերով ու սարսափելի արբեցութիւնէն դեռ չսթափած որբերը, ոչ անմխիթարելի կորուստով դալարուած մարմինները այրիներուն… չեն կարող պատկերացնել տալ մեզի իր իսկական ու մռայլ մեծութեամբ ինչ որ պատահած է այդ դժոխային օրերուն մէջ»[7] :
Զապէլ Եսայեանն ի զորու չէր ընդմէջ կրակի ու արեան տեսարանների արձանագրելու միայն իր տագնապները, համատարած ոճիրի բնոյթն ու տարողութիւնը նախ եւ առաջ դիտարկում էր ազգային հոգեւոր ոլորտում իբրեւ մայր, իբրեւ կին: Գուցէ այլ կերպ հնարաւոր չէր եւ միայն իրեն էր վերապաուած ժամանակագրելու դէպքերի ընթացքը, քանի որ ժամանակաշրջանը ներկայացնող ոչ մի յուշապատում, նոյնիսկ պատմական որեւէ վաւերագիր ըստ ամենայնի պատճառահետեւանքային զուգորդումներով այնպէս չեն բնորոշում իրականութեան շարունակականութիւնը, ի վերջոյ, իբրեւ Մեծ եղեռնի նախափորձ գաղափարայնօրէն ստույգ: Եսայեանական «Զգացումներու մերձաւորութենեն» պէտք է միայն մեկնաբանվեր, թէ ինչ նպատակների է հետամուտ ազգայնամոլութեան հրեշը: Բայց գրողը երեւակայածին իրողութիւններով չէր տարուած. այդ մենք՝ յետագայ սերունդներս կարող ենք,- եթէ ի զորու լինենք,- երեւակայել. «Հոն տեսայ մայրեր, որ իրենց զաւակները խեղդած էին՝ անոնց մանկական ճիչերէն չմատնուելու համար իրենց թաքստոցին մէջ…»[8]:
«Մտահայեցողական ճանաչողութեա՞մբ» էր արդեօք խնդրական դառնում իրականութիւնը՝ գուցէ անընկալելի, բայց չափազանց տեսանելի եւրոպական երեսպաշտութեամբ: Իրականութիւն-քաղաքակիրթ աշխարհ. այդ աշխարհին է դիմում Դանիէլ Վարուժանը, անհոգի անտարբերութիւն դրսեւորած օսմանեան կայսրութիւնում ներկայացուցիչ-պատուիրակներ ունեցող երկրներին.
Սեւ ժայռերուն դէմ խաչեր են եօթը այրեր մերկանդամ.
Արիւն իրենց մազերէն՝ օտարական կ՛աղաչեմ
փակէ աչքերդ ու միայն եղիր ձայնիս ունկընդիր…
………………………………………………………..
Անոնց ըսէ, թէ ինչպէս Կիլիկիան մորթեցին
Ազատութեան դափերուն նուագին մէջ դաւաճան…
«Տիկին Եսայեան իր «Աւերակներուն մէջ» հատորով անհուն բազմութիւններ ու կսկիծներ սեւեռած է անխորտակելի վաւերականութեամբ մը: Անոնց մասին մեր համակրանքը, հիացումը տարակոյսէ վեր է, բայց գիտենք, նոյն ատեն, որ հում իրականութենէն փրցուած ու էջերուն բերուած այդ մարդերը հեռու են երկար յեղութեամբ մը գոյաւոր այն էակներէն, որոնք գրագէտի մը գործին մէջ իյնալէ առաջ կ՛ապրին անոր մտքին, երբեմն մարմնին մէջ իսկ: Անոնք կը նմանին հարազատ զաւակներու եւ երբեմն կը տառապեցնեն իրենց ծնողքը»[9]:
Օշականեան կենսափորձով, - ժամանակի բարքերի, իրողութիւնների ընդգրկման առումով,- նոյնպէս հաւաստում է, որ վկայողը՝ հոգեւոր իմացականութեամբ օժտուած՝ պարտ է ոչ թէ պատկերման առարկայ դարձնել ականատեսի իր տպաւորութիւնները, այլ ճանաչողաբար մեկնաբանել-վերապրել անհաւատալի թուացող գեհենի ընդհանրապատկերը:
Ժամանակը եւ ժողովուրդը՝ իրականութիւնը ներկայացնող առանձնայատուկ գործոններ լինելու պարագային է Եսայեան-դիտարկողի դիտարկելիութեան սկզբունքը էապէս արժեւորւում: Ինչու՞: «Մեռած քաղաքում» նոյնիսկ հնադարեայ քաղաքակրթութիւնը «զարհուրանքով կը նայի կարծես նոր աւերակներուն վրայ»: Գրեթէ բոլոր տեսարաներում կայ այն զգացողութիւնը, որ ներկայի դատապարտուածութեամբ նւաստանում եւ մեռնում է նաեւ անցեալը. կեանքի չգոյութիւնը զգալի է աւերակուած պալատների մոխրակոյտերում:
Գիտակցօրէն պարզորոշուած է նաեւ զանգուածային տեսարաններում առկայ հոգեբանական դրամատիզմի առկայծումնեը՝ արտացոլուած, ծերերի, կանանց, որբեւայրիների, որբերի, անդամալոյծների նկարագրում, քանի որ ողջ մնացածները հարազատների կորուստը անգիտակցօրէն են զգում: Նրանց համար ժամանակը կանգ չի առել, քանի դեռ աղէտը շարունակւում է իրենց գոյութիւնը շրջանցելով:
«Պատարագէն ետքը ժողովուրդը գլխիկոր եւ կրած յուզմունքէն խոնջած ցրուեցաւ, բակին մէջ դանդաղելով ու խումբեր կազմելով: Շատեր լուռ կը մնան, կզակնին լաչակով կապած դրսեցիներ ու ճերմակ քօղի տակ ծածկուած կիլիկեցիներ, ցնցոտիներու մէջ հազիւ սքօղած իրենց վտիտ մարմիններու մերկութիւնը, մտազբաղ կը հետեւէին արիւնոտ յիշատակներուն»[10]:
Ահաւասիկ, ժամանակի իրականութեան ընդհանրական պատկերը. իրականութիւն, որն առ նուազն պէտք է գիտակցել գոնէ դոյզն ինչ վերապրելու համար: Այսօրինակ հոգեհարազատացումը, հոգեձուլումը զանգուածներին զգայունակութեամբ ըմբռնելու բաղձանքը դժուար թէ այլ ընթաց ունենար, բայց զանց չառնենք զտարիւն Հայի տագնապ հնչեցնող ձայնը, պարտ լինելու նրա ձգտումը՝ յատկութիւններ, որոնք այլեւայլ հանգամանքների բացայայտման են միտուած, որովհետեւ գիտակցում էր «իր պարտքը հոգիներու միօրինակ դրութիւն մը ստեղծելու եւ վարելու». «Աւերակներուն մէջ» հատորին ամբո՞խը, առանց գրական յօրինման մը անխուսափելի շպարին, քաւարանեան սա բազմութիւնը աղէտէն քառասուն տարի վերջ ալ կը պահէ անհաւասարելի կենդանութիւնը, իրականութիւնը, մարդկայնութիւնը, որոնք երբեք հանդիպած ըլլան… չեն վերլուծեր պայմանները, թէեւ կարիքը կը զգան ատոր թարմացնել. ինչ որ մեր սերունդը ապրեցաւ: Այդ հատորին ամէն մէկ էջին մեր ժողովուրդէն մաս մը կայ: Մեզի կը թուի քիչ մը տարօրինակ, բայց որ մարդոց ոտքին տակ հողերուն վրայի իրականութիւնն իսկ է անհերքելի: Որեւէ վերլուծում չի կրնար փոխանորոգել գիրքին զգայնութիւնը: Ու այս է արժանիք: Այդ հատորին մէջ ամբողջ ժողովուրդ մը կը մնայ ընդմիշտ ազատագրուած ժամանակէն ու միջոցէն»[11]:
Բնութիւնը նոյնպէս «բերկրալի յիշատակներու» արթնացման էր կոչում. Ադանայի ողբերգութիւննից յետոյ Տիրան Չրաքեանը նոյնպէս ուղեւորւում է այդ չարաշուք վայրերը եւ իր մտահայեցողական տեղազննումով, եւ ոչ թէ նկարագրօրէն, պատկերում ողբերգութիւն ապրած հայութեան ոդիսականը, այլ պատմական, հոգեբանական ակնարկումով ուրուագծում է իրեն համակած զգացումների այն մթնոլորտը, որտեղ ամիսներ առաջ աղէտի պտտահողմը աւերակել էր ամէն ինչ, եւ իբրեւ «բիւրազօր բնութեան ուխտաւոր» ինքը ոչ միայն ականատեսն է՝ «անյագ ու անխոնջ», այլ զգայացունց մի մարդ, եւ աղէտը վերապրում է տոհմային զգայարանների անդիմադրողունակ ներզգայնութեամբ. «Պէտք է որ այն լեռներէն անցնէի ու նոյնպէս կսկծալի կամ բերկրալի յիշատակներու աշխարհի մէկ վսեմ անկիւնն ինքնագլուխ ամրացած ու տիրած եւ ստուգիւ բարգավաճած, բայց նախանձոտ ու վայրագ յարձակումներու նշաւակ՝ յաւէտ սրտատրոփ ակընդէտ ազգի մը խրոխտապանծ կամ դժբախտ կենաց հետքերուն, մշտամրմունջ վկայարաններուն պատահիլ յուսացող արուղեկան (անցաւոր, Ա.Ա.) անցորդ՝ հարկ էր, որ անցնէի Տօրոսէն»[12]:
Եւ, ընդհանրապէս, եթէ նոյնիսկ փորձենք մտածել, որ Զ. Եսայեանը վայրագութիւնների անհնարինութիւնը անկարող էր երեւակայել՝ մարդկայնօրէն վերանալով ազգային պատկանելիութիւնից, ապա հոգեւին վերապրելիս այլոց ապրածը այնպիսի մերձաւորութիւն էր ստեղծելու նրանց միջեւ, որ կարեկցութիւնն ու գթասրտութիւնը գրեթէ անյաղթահարելի են դառնում: Կիսամեռ մերձաւորների գերգրգռուած երեւակայութեամբ ապրելով՝ ողջ մնացածները անիրական էին համարում այն ամենը, ինչի ականատեսն են եղել. «Արտասովոր եւ չարագուշակ տեսարան մը պարզուեցաւ հետզհետէ մեր աչքին, նախապէս չհասկցանք, բայց քանի կը մօտենայինք, իրականութիւնը կը յայտնուեր մեր տատամսող ուշադրութեան: Իրարու մօտ գմբեթացած հողի բարձրութիւններ կը կազմուէին շուրջանակի, քանի կը մօտենայինք տարրալուծուած դիակի հոտը աւելի սուր կը դառնար…»[13]:
Անպատմելի դէպքերի շարունակական ընթացքը ենթադրում է, որ Զ. Եսայեանը. «Արիւնի ու հրդեհի արհաւիրքներէն խենթեցած ժողովուրդի մը» անագորոյն տքնանքը ներկայացնելու պատգամն ունէր: Աւելին. «Կը հաւատամ, թէ ծառայութիւն կրցած եմ ընել ընդհանուր Հայրենիքին»»: Չափազանց խնդրայարոյց է որոշեալ առումով Հայրենիքին ընդգծումը: Պարզ է. ի՞նչ հայրենիք նկատի ունի գրողը, բայց արդեօ՞ք ճշմարտութեան, - արհաւիրքը ծնող պատճառների,- բացայայտումն է՝ Աղէտը սանձազերծողների «յայտնաբերումը»[14]:
Երեքամսեայ ոգորումները կիլիկեան մահատարած մթնոլորտում գրեթէ զգայազրկել էր հայութեան յարատեւութեան գիտակցմամբ ապրող գրողին: Ոճրապատումի «Ճամբուն վրայ» վերջին հատուածում խոշտանգուած մի ծերունի,- փրկուած, թէ մոխիրներից յառնած,- մատներով իր արտն է հերկում. «Ինծի համար չէ, ըսաւ՝ Կիրոսը (ծերունին, Ա.Ա.), տեսնենք մենք պիտի հասնի՞նք եկող տարուան յունձքին ճաշակելու, բայց թոռներս կան… երբ առողջացայ, գացի զիրենք առի որբանոցէն, մէկզմէկու պէտք ունինք, չէ՞»[15]:
Սահմրկեցուցիչ իրականութեան վկայ եւ զոհ ծերունու համար եթէ տեսանելի էր կեանքի շարունակական ընթացքը, ապա Զ. Եսայեանի զգայնութիւններում կիլիկիեան մահաբեմի պատկերները որքան էլ սարսափազդու լինէին՝ յուսատու լոյսի շողի նշոյն իսկ սթափութեան են կոչելու՝ հաւատալու ազգային անկորստութեանը. միայն ինքնագիտակցութեան խաւարում չապրող գրողը ի զօրու էր տեսնել այդ ամենը՝ հոգեպէս չխեղուելով:
Մի առիթով Էդգար Պօն գրառել է, որ ինքը գրական ճարտարագէտ է եւ հմտօրէն է ուղղորդում իր սարսափազդու պատմուածքների հերոսների հոգիները: Խորհրդանշական այս խոստովանութիւնը նաեւ հոգէ-զգացողական, ճանաչողական իմաստ ունի, մանաւանդ երկուութիւն ապրող արուեստագէտի համար, երբ աննշմարելի է մահուան սահմանագիծը, բայց անխուսափելիօրէն առկայ: Զ.Եսայեանի տեսանկիւնից այդ սահմանագիծը անցնում է ժողովրդի պատմութեան միջօրեականներով: Այս ամբողջ ընթացքում գրողը նաեւ երկխօսում է ինքն իր հետ, կարծես քննարկում է իր, ինչպէս Յ. Օշականն է նշում. «Գրքին հետ մեր մէջ յառնող հարցերը, եւ բոլորն ալ սա յեղերականութիւնով պարանուած կը զարնեն դռները մեր բանականութեան, հիմքերը մեր խղճմտանքին, կը թօթուեն մեր բոլոր ջիղերը ու ընթերցումը կը վերածուեն տարօրինակ տագնապի մը ու տեղի կու տայ բառերի կախարդութիւնը…»[16]:
Այդուհանդերձ, «Յոգնած ջիղերը միշտ սպաննելու» խնդիր չի եղել «դիտող աչք, աւելի մտածող ու վերլուծող միտք ունեցող» (Լ. Շանթ) գրողի համար, նրա հոգեկան ապրումների շիկացած մթնոլորտում է իրականութիւնը սահմանախախտուել: Ողջերի եւ մեռեալների աշխարհը փոխյարաբերուած են նրա պատմումի տպաւորապաշտութեամբ, առաւել եւս անպայմանականութեամբ՝ մոռացնել տալով իր ուր գտնուելու իրողութիւնը: Ինքնավերացումի եւս մէկ ապացոյց, երբ չի կարեւորվում մարդկային-գրողական գործոնը. «Երբ քաղաքը մտանք, մեզի թուեցաւ, որ Ատանան հսկայական գերեզման յամրօրէն, տաժանելիօրէն, բայց ապահովաբար յարութիւն կ՛առնէր իր աճիւններուն մէջէն»[17]:
Սա վե՞րջն էր երեքամսեայ տաժանքի, թէ՞ նոր ողբերգութեան սկիզբը: Ապագայի հանդէպ ունեցած պատրանքային գաղափարներով ապրելու մղումը հայութեան համար որոշապէս, - գուցէ կանոնաւորապէս,- դարձել էր կենսակերպ, հաւատի կենսափիլիսոփայութիւն, բայց, այդուհանդերձ, ոչ մի կասկած չկար, որ Ադանայի աղէտը հրահրուել էր եւ միանգամայն սպասելի էր. ամպրոպային մթնոլորտին յաջորդելու էր Մեծ ոճիրը:
[1] Յակոբ Օշական, «Վկաիւթիւն մը», Հալէպ, 1946, էջ 20
[2] Ադանայի ջարդերը նկատի ունենալով որպէս ծրագրաւորուած քաղաքականութեան սկիզբ, մէկ տարի անց՝ 1910 թ. Սալոնիկում տեղի ունեցած երիտթուրքերի համագումարի ժամանակ Բեհաէդին Շաքիրը հանդէս է գալիս «Թուրքիան՝ թուրքերին» կարգախօսով: Հարկ կայ՞ անդրադառնալու սուլթան Համիդի,- Լոբանով-Ռոստովսկու յուշած,- «Հայաստանն առանց հայերի» գաղափարը իրագործողների քաղաքական նկրտումների մանրամասներին:
[3] Զանց չենք առնում Դ.Վարուժանի, Սիամանթոյի, Ռ.Սեւակի կիլիկեան դէպքերի բանաստեղծական անդրադարձները: Սուրէն Պարթեւեանի «Կիլիկեան արհաւիրք» արձակ պատումը, ինչպէս նաեւ Արշակունի Թեոդիկի «Ամիս մը ի Կիլիկիա» ականատեսի նօթերը, Յակոբ Թերզեանի «Ադանայի կեանքը» եւ «Կիլիկիայի աղէտը» յուշապատումները:
[4] Դանիէլ Վարուժան, «Նամականի», Երեւան, 1965, էջ 168:
[5] Զ.Եսայեան, «Նամականի», Երեւան, 1977, էջ 93:
[6] Զապէլ Եսայեան, «Աւերակներուն մէջ», Պէյրութ, 1987, «Շիրակ» հրատ., էջ 11, (Այս եւ մնացեալ մէջբերումները ըստ սոյն հատորի, Ա.Ա.):
[7] Նոյն տեղում, էջ 21:
[8] Նոյն տեղում, էջ 28:
[9] Յակոբ Օշական, «Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան», Պէյրութ, 1968, հտ. Զ, էջ 228:
[10] Զ.Եսայեան, «Աւերակներուն մէջ», էջ 68:
[11] Յակոբ Օշական, «Համ. արեւ. գրակ.», էջ 291:
[12] Տիրան Չրաքեան, «Ընտիր երկեր», Պէյրութ, 1974, էջ 231-232:
[13] Զ.Եսայեան, «Աւերակներուն մէջ», էջ 221:
[14] Յեղափոխական պայքարի վտանգայարոյց լինելու մասին Շահան Նաթալիի, Շահան Շահնուրի եւ այլոց փաստարկումները ազգային գաղափարախօսութեան մէջ ձեւաւորել էին պահպանողական եւ յեղափոխական հակաբեւեռներ, եւ երբ խնդիրը երիտթուրքերի Հայկական հարցին առնչուող քաղաքականութեանն է վերաբերում, չենք կարող չարձանագրել հայ քաղաքական մտքի թերհասութեան իրողութիւնը՝ դրանից բխող բոլոր չարաղէտ հետեւանքներով:
[15] Նոյն տեղում, էջ 222:
[16] Յ.Օշական, «Համ. արեւ. գրակ.», էջ 213:
[17] Զ.Եսայեան, «Աւերակներուն մէջ», էջ 223:
- Created on .
- Hits: 11657