Արթուր Անդրանիկեան. Հայկական ինքնութեան տագնապը եւ փնտռտուքները: Կարօ Փօլատեանի վէպի շուրջ
Ոչ մէկ իտեալ ու տրտունջ
Ոչ իսկ արցունքն օ՜ աքսոր...
Ն.Սարաֆեան
Ի՞նչ ըրի ես, ի՞նչ ըրիր դուն անոնց վրէժը լուծելու
համար, ի՞նչ ըրինք, մեր խղճմտանքը գոնէ հանդարտեցնելու
համար, ահաւոր ամօթը սրբելու ամար մեր ճակատներէն:
Ահաւոր ոճիրին փոխարէն ի՞նչ ըրինք մենք: Եօթէ ութ
հարիւր հազար մարդիկ ենք, մեր հայրենիքին մէջ եղածներէն
դուրս, ցրուած աշխարհի չորս կողմերը: Ի՞նչ ըինք մենք
խմբովին, հաւաքական ոճիրին դէմ, ի՞նչ ըրինք ամէն մէկս,
իւրաքանչիւրիս դէմ գործուած անձնական ոճիրին դէմ:
Կ․Փօլատեան
Յետեղեռնեայ շրջանի սփիւռքեան ինքնահասատատման <<ծիրին մէջ>> գտնուող սերնդին,- որպէս իրաւ վերապրողների,- վերապահուած էր գաղափարների ու զգայնութիւնների մթնոլորտի տարեգրօրէն ապրելու եւ ինքնարտայայտուելու դժուարին, բայց չափազանց պատասխանատու մենաշնորհը: Եւ ամենեւին պատահական չէ 30-ական թուականներից սկիզբ առած փարիզեան վիպական շրջանի յաղթարշաւը: Գրողներ, որոնք իրենց գեղարուեստական պատումներում <<երբեք չէին կրնար թօթափել>> անցեալ տարիների թշուառութեան անյուշութիւնը: Աւելին, պարտաւոր էին քաղաքակրթութեան քաոսում իրենց յայտնութիւնը պատճառաբանել Երկրից զրկուած լինելու մտահոգութիւններով եւ մտազուգորդութիւններով, որոնք որպէս այդպիսին, բնականաբար ինքնակենսագրական էին՝ նրանց գեղարուեստական խօսքը, եւ ընդհանրապէս մտածումը՝ բառի գործունէութիւն նախանշող:
Կարօ Փօլատեանի <<Կը հրաժարի հայութենէ>> վէպի առարկայական պատկերումներում եւ ողջ պատումի զգայնական հարահոսում ինքնակենսագրական /նաեւ սերնդի տարեգրութեան/ շերտեր անշուշտ առկայ են, բայց ամենեւին չեն սքողում անցեալի եւ ժամանակի իրականութեան սահմանները: Երբեմն դրանք <<միջանցիկ>> յիշողութիւնների յարընթացութեամբ միահիւս ու շարունակական են՝ սերունդի ճակատագրի յետագայ ընթացք պայմանաւորող: Մանաւանդ Հայի ճակատագրի, որ մեծաւ մասամբ դարձել էր ազգային գրականութեան կամ գրականութեան ազգային հիմք...
Կ.Փօլատեանի գրողական գրադատական, հրապարակագրական փորձառութիւնը չի ապաստանում սոսկ անցեալում ու անցեալ ջղապիրկ իրողութիւններում այն պարզ պատճառով, որ <<ոգեկան հայրենիքի>> ստեղծման նախանձախնդիրներից էր, ինչպէս <<Մենք>> համախմբումի գրողներից շատերը: Նրանք ազգային-մտածողական միտք բանին՝ <<սերունդի մը դառնութիւնը>> իրապաշտօրէն վկայելուց զատ նաեւ օտարութեան գերութեան մէջ ապրողների ազատագրման խորհրդով մասնայատուկ տեսակէտներ էին ներկայացնում: Բայց, սա գրադատական բոլորովին այլ տարածքի թէմայի <<կը կարօտի>>:
<<Կը հրաժարիմ հայութենէ>> վէպը 40-ական թուականների ազգային, ընկերային յետեղեռնեայ անհատի /հաւաքականութեան/ վերապրումների ժամանակաշրջան ընդգրկող կեանքի իմաստաւորուած տարեգրութիւն է, եւ ոչ միայն: Մի ընկերախմբի իրապաշտ կեանքի պատմութիւն՝ մաքառումներով անընդմէջ վերապրելի... Տարբեր հայեացքներ, ըմբռնումներ, կենսադիրքորոշումներ կրող նրանցից իւրաքանչիւրը,- բանաստեղծ, բանուոր, իրերի բերումով որոշակի կայք ձեռք բերած, հանրութեան մէջ ինքնահաստատուած,- <<սուրի եւ սովի>> մղձաւանջից փրկուածներ, արեւմտեան իրականութեան մէջ իրենց տեղն ու ժամանակը փնտռող եւ այդպէս էր որոշապէս չգիտակցող, եւ որոնք իւրովի են <<հայութենէն>> իրենց չհրաժարուելու անհուսալիութիւնն արտայայտում՝ ոչ իբրեւ սոսկական կամազուրկներ կամ օտարահաճ համակերպուողներ:
Ժորժ Օպէր անուանեալ Բաբգէնի մարդկային նկարագիրն իսկ իր ընկերոջ՝ Սուրէնի հետ յարաբերութիւններում որոշ բացայայտումների <<դուռ բացում է>>՝ դժուարօրէն ինքնահաստատուող հայ երիտասարդի եւ երիտասարդների գիտակցուած եւ անգիտակից արարքների առաջ: Եւ, ընդհանրապէս նրա,- նրանց,- կեանքի շարժիչ ուժը /եթէ ոչ առաջնորդ ոգին/ ի՞նչ հանգամանքներում է իրականութիւնը անցեալից անջրպետում, այսպիսով առկայ է հայ հաւաքականութեան խնդիրը՝ նրանց մարդկային նկարագիրը պարզաբանող: Չմանրամասնելով վէպի այս կամ այն դրուագի զգայնական որոշ իրողութիւնների ու կերպարների իրարամերժ հարցադրումներ՝ յիշողութիւնների մէկ ակունք ունեցող հոգեկից ընկերների խոհեր, նշենք որ վէպի սկզբնամասում սեղանի շուրջ խմբվածներից ոմանք վրիժառութեամբ ինքնահաստատուելու ցանկութիւն չունէին միայն, այլ իրենց հարազատների մահուան ստուերներից չհալածուելու բուռն տենչ: Ի վերջո, <<հայութեան պատիւը>> փրկելու, ամօթահար չապրելու սիրոյն:
Երկու դէպքում էլ առկայ է խոչընդոտող այն միջավայրը, որ իրականութիւնն է՝ ժամանակի իրականութիւնն իր այլազան բարքերով՝ ազգային փոքրամասնութիւն հիւծող, ուծացնող:
Այս խորապատկերի վրա տարագրուած սերնդի հաւաքական բանականութեան մէջ հարմարուողականութիւնը բացայայտ նկատելի էր ոչ թէ պարտուողական դիրքորոշման իմաստիւ, այլ նոր ժամանակներին համակերպուելու <<հայրենիքէն դուրս-հայրենիքն մը>> ունենալու՝ արմատախրումի հեռանկարով:
Պատերազմական շրջանի Բաբգէնի ապրումները /ֆրանսիական բանակում մարտնչող, աւելին՝ Դիմադրական շարժմանը որդեգրուած ինչ որ չափազանց էական է/ հայ զինուորի հետ հաղորդակցուելը մահուանից առաջ, այնուհետեւ խորհրդանշական Արեւի քաղաքում յայտնուելը, յիշողութիւնների վերազարթնումը՝ իր եւ Սիրարփիի <<սիրոյ ծնունդ>> պատանու նկարագրով սահմանագծում է Արեւմուտք-Արեւելք <<ողբերգական ռոմանթիզմի>> /Փայլակ Սանասար/ սահմանները: Յատկապէս այս հատուածներում <<հայութենէն>> հրաժարուելու գաղափարը դիմազրկվում է՝ վերածուելով <<մեռեալ տենչանքի մը>>, որից անդին սպասելի էր նոր փորձութիւնների իմա՝ վերագտնումի լռելեայն բաղձանքը: Այսպէս, մինչեւ վեպաւարտ իր ոգորումները... մինչեւ վիրաւոր-անյոյս, անզգայնացած վիճակը եւ ապաքինումը ընդհուպ Մառիի հետ ամուսնանալը: Բայց շարունակաբար մօր եւ ընդհանրապէս առ Հայ մայրերի յիշատակն ունեցած պաշտամունքը՝ փայփայուած հայ կնոջ անխորտակ կերպարով, եւ իր անմոռանալի սիրոյ՝ Սիրարփին տածած անհանդուրժելի սիրով. <<Սիրարփի, ինչու՞ խորտակեցիր վերջին ապաւէնս, ինչու՞ աղտոտեցիր ժողովուրդէս ինծի մնացած սիրոյ վերջին մաքուր այդ ափ մը տարածութիւնը, որ հայ կինն էր ու հայ կնոջ սրբութիւնը...>:
Վէպի առանցքային զարգացումները կրող եւ մնացեալ գործող անձանց ուղղորդող հերոսին չենթարկելով ինքնահաշմումի, գրողը նրա <<տարակայ իդեալն>> արդարացնելու ի ապացոյց՝ նրա թուացեալ ոգեզրկումը անաւարտ չի թողնում այն պարզ,- գուցէ եւ շատերի համար տարակուսելի,- պատճառով, որ այդպիսիք՝ ժամանակաւորապէս ինքնահերձուածողները վերաիմաստաւորեն իրենց անցեալը նոր պայմաններում, նոր փոթորկումների բովով անցնելուց յետոյ. անշուշտ, միջավայրի անմիջական եւ յոյժ ազդեցիկ միջնորդումով: Եւ ընկերների ջանքերով Բաբգէնին հոգեբուժարան տեղափոխելու պահից, եւ նախորդող դրուագներում՝ մինչեւ հայրենադարձութեան սրտառուչ ժամերը, եւ Բաբգէնի սնտուկի անցեալի յիշողութիւնների վերջնական վախճանը,- իրողութիւնների սրընթաց փոփոխութեամբ՝ հանգուցալուծումը միայն վէպի հիմնական առանցք Բաբգէնի շնորհիւ է տեսանելի, որը մահամերձ-անգիտակից զորում էր... հրաժարուել ոչ թէ հայութիւնից, այլ իր ապրած իրարամերժ, անլիարժէք կեանքից: <<Ի՞նչ կ՛ուզէք ինձմէ... ոչ, ոչ, ոչ, ես չհրաժարեցայ հայութենէն... ես քաջ Անդրանիկն եմ... քաջ Անդրանիկը... ինչու՞ ինծի Օպէր կ՛ըսէք, իմ անունս Անդրանիկ է...>>:
Այս ամենով հանդերձ ազգային ինքնութեամբ գիտակցուած տագնապ ապրող մի ողջ սերունդ գայթակղութեան եւ ինքնազգաստացումի տարիներ ապրելիս գիտակցում էր, որ իրենց անցեալը եւ ներկան երկբեւեռ մի աշխարհի սահմանագծին փոփոխելի է միայն արմատախրումով: Ոչ աքսորն ուրանալով, ոչ քաղքակրթութեամբ պճնվելով չի փրկուի հոգին ու մարմինը ազգային՝ աշխարհատարած հայութեան, որ... <<փիւնիկէն աւելի փիւնիկ է>>...
Արթուր Անդրանիկեան
Կարօ Փօլատեան
«Կը հրաժարիմ հայութենէ»
հատուածներ
Հին ընկերներ էինք, դարձեալ զիրար գտած: Ուրա՞խ... ի հարկէ, այսքա՜ն տարիներ յետոյ, պատերազմի ահաւոր օրերէն վերջ. Քիչ մը գինո՜վ, ամէնուն պէս, խաղաղութեան պարգեւած այս աղուոր ամառէն:
Պատերազմը եկած ու անցած էր մեր վրայէն, ահեղ փոթորիկի մը նման:
Աղիտաբեր եղած էին այդ տարիները ինծի համար մանաւանդ,- անբուժելի սուգերու, ցաւագին յուսախաբութեանց երկար շրջան մը: Անոնց ընթացքին էր որ կորսնցուցած էի վերջին պատրանքներս: Իմ կեանքիս եւ իմ ժողովուրդիս կեանքին հանդէպ դեռ սնուցած վերջին պատրանքներս: Մեծ յուսալքութիւն մը: Ալ եկած, նստած էր մէջս, ու չէր ուզեր մեկնիլ:
Ու հիմա եկած էին անոնք...:
Տառապած, բոլորն ալ, բայց կը թուէր թէ կեանքը նուազ անգութ էր եղած անոնց հանդէպ, աշխատած էին, հարստացած նոյնիսկ:
Առաջին պատեհութենէն օգտուելով վազած եկած էին: Եկած ու առջեւս թափած, իրենց հոգիներուն մէջ ծրարուած հին երազները:
Պահ մը տարուեցայ ես ալ: Այո, պահ մը ինծի այնպէս թուեցաւ, թէ նոր լոյս մըն էր որ կը ծագէր. գուցէ կարելի պիտի ըլլար անով լեցնել ահաւոր պարապը, որ կար իմ կեանիքս մէջ:
Աղօտ նշոյլ մը, վերջին յոյս մը փրկութեան:
Օրերէ ի վեր, գրեթէ ամէն գիշեր կը հաւաքուէինք մեր տունը: Ճերմա՜կ գիշերներ, իրիկնամուտէն մինչեւ արշալոյս, նեղ սենեակի մը մէջ – սրտառուչ նախադասութիւններ, երազնե՜ր, ծրագիրնե՜ր, ծուխ, ալքոլի շոգի եւ երբեմն անոնց մէջէն բարձրացող յոյսի հրթիռ մը, մեր կուրծքերէն յանկարծ ցայտող հրթիռնե՜ր...:
Դուրսը, ամառը կը վերջանար քաղցրօրէն, առանց աճապարելու, գեղեցիկ կնոջ մը նման, դեռ յամենալով բուրումնաւէտ ճամբաներուն վրայ Փրովանսին: Ցերեկները տաք էին տակաւին, միօրինակ ու ծանր, մինչեւ որ զով գիշերը գար ոտքի հանել մեր թմրած մարմինները, գար շղարշ քաշել մեր աչքերու տենդին, ինչպէս ան կ՛ընէր խաղողի հատիկներուն եւ անոնց մէջ քաղցրացող գինովութեան:
Գինովութիւն մը, մեր ալ ունեցածը:
Սկսած էինք յոգնիլ սակայն. Առաջին օրերու խանդավառութիւնը կ՛իջնէր հետզհետէ եւ տակաւին ոչ մէկ դրական արդիւնք:
Խօսած ենք շատ մը ծրագիրներու մասին: Օրերով վիճաբանած՝ իւրաքանչիւրին վրայ, յետոյ լքած զանոնք մէկիկ մէկիկ:
Բոլորս ալ համաձայն ենք բան մը ընելու մասին, բայց ի՞նչ, բայց ո՞ր մէկը, հայրենակցական միութիւն մը, թե՞րթ մը, հրատարակչական ընկերութիւ՞ն մը, թէ ուրիշ բան մը:
Շատեր կը խօսին արդէն մեկնելու մասին: Այս գիշեր պիտի ունենանք վերջին հանդիպում մը: Հաւանաբար վերջինը ըլլայ ան, ձախողութեան մը պարագային: Իսկ եթէ կարենանք եզրակացութեան մը գալ, յաջողութեան մը յոյսերը մասամբ նոյնիսկ գոյութիւն ունենան դեռ այս ժողովին վերջաւորութեան, խնդիրը կրնայ փոխուիլ եւ մեկնումները գուցէ յետաձգուին քանի մը օրով:
Գեղամ եւ Նշան ուրիշ ծրագիրներ ալ ունին: Երկու օր է կը զգանք, որ բաներ մը կը փսփսան իրարու միջեւ, մեզմէ գաղտնի եւ յաճախակի ակնակութիւններ կ՛ընեն համահայկական կազմակերպութեան մը մասին:
Պէտք է վստահ ըլլանք բոլորին մասին, կը կրկնէ Գեղամ, երբ առանձին ենք:
Այսօր աւելի ջղային կ՛երեւայ ան:
Հարկ է որ տանիմ ձեզ մեր ժողովին: Կը ծանօթանանք մեր ընկերներուն, կը լսէք ամէն ինչ անոնց բերնէն: Հարկ է որ ներկայ ըլլաք մեր հաւաքոյթին, եթէ կ՛ուզէք հետեւիլ պատմութեանս: Որովհետեւ ան կը սկսի այդ օր եւ այդ տեղէն:
Ուրեմն Գեղամին հետ ենք հիմա, ան, ընկողմանած սենեակին միակ բազկաթոռին վրայ եւ ես, սեղանին շուրջ, զայն յարդարելով զբաղած: Ժամը 7-ին կը մօտենայ. դեռ տաք է օդը, հակառակ որ արեւը շատոնց անցած է մեր շէնքին վրայէն եւ կը պատրաստուի շուտով անհետանալ ծովուն կողմերը:
Գեղամին հետ աշխատած ենք ամբողջ օրը, հակառակ առջի գիշերուան մեր անքնութեան: Երկուքով լծուած ենք կերակուրներու պատրաստութեան: Ունինք խոշոր պնակ մը տապակած ձուկ, այնքան մըն ալ ոչխարի լերադ, նոյնպէս տապկուած: Երկուքին ալ կողքին ջարդուած կանաչ սոխ եւ ազատքեղ եւ նաեւ կիտրոն: Սեղանին վրայ կան ապուխտ, երշիկ, ֆրանսական չոր մսեղէններ, ձիթապտուղ, պանիր, բողկ, բնական է հաց եւ նաեւ աղցաններ, օ՜, մանաւանդ աղցաններ:
Այսօր նուազ թիւով շիշեր, Գեղամի թելադրութեամբ:
-Նշանը ուշացաւ, կ՛ըսէ Գեղամ, աչքերը դուրսը: Ըսի որ 5-ին հոս ըլլայ, նայինք ի՞նչ ձեւով պիտի սկսինք, ի՞նչպէս պիտի մօտենանք խնդիրներուն: Ի՞նչ եղաւ արդեօք...:
-Ուր որ է հիմա մէջտեղ կ՛ըլլէ, կ՛ըսեմ ես եւ կը հեռանամ պնակներուն համար, պատառաքաղներուն:
-Պէտք է լրջօրէն խօսինք, լրջօրէն, կը կրկնէ ան, ամէն անգամ որ խոհանոցէն կը մտնեմ սենեակ եւ քովէն կ՛անցնիմ:
-Նուազ ալքոլ, կ՛ապսպրէ ան, այսօր պէտք է խելքերնիս գլուխնիս ըլլայ, այս գիշեր պէտք է գիտնաք, այո թէ ոչ:
Առաջին եկողը Նշանն է, մեր երէց ընկերը, ծրար մը ձեռքը:
-Այս շիշ մը օղին ալ իմ կողմէս, կ՛ըսէ եւ քրտնած ճակատը սրբելով, կը նստի աթոռի մը վրայ:
-Վերցուր այդ, կը սաստէ զայն Գեղամը, ասո՞ր համար ուշացար, յետոյ, այսօր գինովնալ չկայ, սիրելի Նշան, վերջ ի վերջոյ պիտի գիտնա՞նք թէ ոչ, այս գործը ըլլալի՞ք ՝ թէ...:
Նշան կը նայի օդին, միշտ թաշկինակը ճակտին:
--Եթէ այդպէս է, կ՛ըսէ նայելով երկուքիս, պէտք է սովորականէն աւելի խմենք այսօր: Պէտք է լաւ մը խմենք որպէսզի կարենանք լաւ-լաւ գործեր տեսնել:
Յայտնի կ՛երեւայ, որ լաւ տրամադրուած է. անսովո՜ր անոր համար:
-Կատակը մէկդի, Նշան, պէտք է եզրակացութեան մը գանք, օրերը եկան հասան: Ես կ՛ուզեմ վաղը առաւօտ մեկնիլ, քանի մը օրով կ՛երթամ եւ կը վերադառնամ, եթէ հարկ ըլլայ: Երկու ժամ է կը սպասեմ քեզի, վերջին խորհրդակցութեան մը համար, երեքով: Մենք երեքս ենք վերջ ի վերջոյ այս գործին հոգին: Պէտք է այս գիշեր միւսները մեզի կապենք: Տեսնենք թէ մինչեւ ուր կրնան մեզի հետ գալ: Չմեկնած պէտք է գիտնամ, թէ ու՞ր ենք, որպէսզի ըստ այնմ դասաւորեմ գործերս:
-Այդպէ՜ս ուրեմն...:
Նշան յանկարծ լրջացած գիրք մը առած է, աչքերը կը պտտցնէ սեղանին վրայ, անհանգիստ:
-Ուշանալուս պատճառը, այդ քու բանաստեղծդ էր, կը յարէ յանկարծ, մէկ ժամէն աւելի է բռներ է օձիքս չի ձգեր: Բայց որո՞նք պիտի գան, ես... կը տեսնեմ թէ վեց պնակ դրուած է:
-Ինչի՞ մասին է խօսքդ, կ՛ըսէ Գեղամ անոր նայելով, այո, վեց հոգի կ՛ըլլանք, մենք երեքս, Համբարձումը, Զաւէնն ու Անդրանիկը:
Նշան գլուխը կը քերէ:
-Կարծեմ ապուշութիւն մը ըրի ես: Ուրեմն չէի՞ք ուզեր որ բանաստեղծն ալ ներկայ ըլլար այսօր:
-Ոչ, Սուրէնին հետ համաձայն ենք որ այսօր չկանչենք զայն: Ոչ թէ կրնայ մեզի արգելք ըլլալ, այսինքն, կը հասկնա՞ս, երբեմն կը փախցնէ այդ քու բանաստեղծդ, խենթ ու խելառ բաներ դուրս կու տայ, երբ մանաւանդ գաւաթ մը աւելի խմէ: Լաւ տպաւորութիւն չի ձգեր միւսներուն վրայ: Պէտք է գրաւենք միւսները, Զաւէնը, Անդրանիկը, մանաւանդ Համբարձումը: Մեզի կարեւորը Համբարձումն է, գէշ տղայ չէ, կը ճանչնամ հինէն, Երկրէն: Կ՛ըսեն թէ շատ հարստացեր է, այդպէս ալ կ՛երեւայ: Ես շօշափեցի իր միտքը, այդպէս, հեռուէն, վստահ եմ թէ պիտի ուզէ օգնել մեզի: Ոստի պէտք է տեսնէ թէ լուրջ մարդոց հետ է իր գործը, իսկ քու այդ բանաստեղծիդ հետ կարելի չէ լուրջ մնալ:
-Ի՞նչ գիտնամ, աղբար, ամէն օր միտք կը փոխէք: Ես կը կարծէի որ դեռ քանի մը օր հոս էինք, այս առաւօտ տակաւին չէինք աճապարեր, բաանստեղծին ըսի որ հոս գայ:
Գեղամ կը շտկուի իր աթոռին վրայ եւ ինծի դառնալով.
-Սուրէն, իմացա՞ր Նշանին կերած ապուրը:
-Գէշ եղաւ, կ՛օրօրեմ գլուխս:
-Այո, գէշ եղաւ կը կրկնէ Նշան դժգոհ, ի՞նչ կրնամ ընել, արդեօք երթամ ըսեմ որ յետաձգուա՞ծ է:
-Ի՞նչ եւ իցէ, աւելի լաւ էր չըլլար, բայց եղածը եղած , արդէն ուշ է: Գեղամ կը նստի առաջուան դիրքին մէջ, աւելցնելով, երկուքիս դարձած.
-Աշխատելու է գոնէ օղիի շիշը հեռու պահել անկէ:
-Ես, կ՛ըսէ Նշան, գլուխը կախելով, տղաք, ես շատ հաւատք չունիմ...: Այդ մարդոցմով ես շատ հաւատք չունիմ:
-Մի վախնար, Նշան, ես յոյս ունիմ, մի վախնար...:
-Երբ չկրցանք այն ատեն, հիմա՞ է որ պիտի գլուխ հանենք: Վերջապէս, չեմ ուզեր ձեզ յուսահատեցնել, ես չէ որ պիտի ուզէի խանգարել...:
Ժամանակ չկայ ամէն բան ըսելու, Նշան կը կլլէ իր ըսելիքներէն մաս մը, որովհետեւ իրարու ետեւէ ներս կը մտնեն արդէն միւսները:
Այս երկար, նիհար երիտասարդը Անդրանիկն է, մռայլ, միշտ լուրջ, միշտ տխուր: Խոշոր քիթ մը, մանր աչքեր: Բանուորութիւն կ՛ընէ: Երեքս ալ կը ճանչնանք զայն, հինէն: Անոր հետեւողը Զաւէնն է: Անոր տարիքին, կարճահասակ սակայն, համեստ արհեստաւոր, ակնոց սկսած է կրել, պեխ, միշտ տարօրինակ բան մը աչքերուն մէջ, մեղմ շարժումներ, հանդարտ բնաւորութիւն մը, զոր լրջութեան կարելի է վերագրել, բայց խորհրդաւոր բան մը իր կերպարանքին մէջ: Սա հսկայ մարդը, ապառաժէ տաշուած իր զանգուածով, Համբարձումն է: Մաքուր հագուած, թխադէմ: Երջանկութիւն արտայայտող, վառվռուն այտերով: Կռփամարտիկ չէ ան, ոչ ալ դաժան նկարագիր մը, հակառակ երեւոյթներուն: Գործարանատէր է դարձած հիմա, եւ մեծ հարստութիւն դիզած այս վերջին տարիներուն:
Իսկ այդ խոշոր գլուխով մարդը, նոյնպէս գէր նոյնչափ թերեւս, մի զարմանաք, նոյն ինքն բանաստեղծ է:
-Ընկերներ եւ ընկերուհիներ, ներողութիւն, կարծեմ կին չկայ մէջերնիս, բայց հոգ չէ, մեր ժողովասեղանը բացուած է:
Այո, այս ըսողը, բաճկոնը արդէն հանած եւ թեւերը սոթտած այս մարդը՝ օղիի շիշը ձեռքին, մեր բանաստեղծն է: Եթէ չըսէի պիտի չհաւատայիք ի հարկէ: Ան երբեք բանաստեղծի կերպարանք չունի, մանաւանդ հեռու է ներկայացնելէ այն խղճալի պատկերը, զոր դուք ձեր աչքերուն առջեւ կը բերէք երբ կը լսէք այս երկու հայերէն բառերը - <<հայ բանաստեղծ>>: Որքան ալ տարօրինակ թուի, այս այսպէս է սակայն: Ան հայ բանաստեղծն մըն է եւ ամէնէն վաւերական, ամէնէն խորունկ բանաստեղծներէն մէկը:
Միւսները կը ճանչնաք քիչ մը. սեղանին մէջտեղ նստած, առիւծի գլխով ընկերը՝ Գեղամն է, բեմբասացի մեծ ձիրքերով օժտուած, տարօրինակ գաղափարներու շտեմարան մը, նախկին կուսակցապետ: Անոր կողքին նստած, տարիքոտ մարդը՝ Նշանը: Լաւ դիտեցէք Նշանին դէմքը: Այդ մաշուած, ողորկ մորթը խորհիլ չի՞ տար ձեզի մեր հին տաճարներուն մէջ դեռ մնացող սրբատաշ քարերուն: Աւելի մօտեցէք, դիտեցէք իր աչքերը: Անոր տխուր, բայց ներքին հուրով մը պսպղացող աչքերը չե՞ն յիշեցներ ձեզի աչքերը Յիսուսին, երբ ան լացաւ:
Ի հարկէ կամ նաեւ ես: Յատկանշական ոչ մէկ գիծ: Միջին դասակարգի հայ մը, յար ու նման այն շատ շատերուն, որոնց կը հանդիպիք քիչ մը ամէն տեղ: Միջին տարիքով հայ մը:
Հիմա եօթս մէկ նստած ենք եւ ախորժակով կ՛ուտենք: բանաստեղծը հասած է արդէն շիշին հատակը:
-Քիչ մնաց չգայի, կը խզէ լռութիւնը Համբարձում, եւ բերանը լեցուն. կը հասկնա՞ք, գործերս, կը հասկնա՞ք...:
Ի հարկէ կը հասկնանք, բոլորս ալ կը հասկնանք Համբարձումը եւ կը նայինք իրեն, որ ախորժակով կ՛ուտէ, կը խմէ:
Կը խմենք իր կենացը, գաւաթները կը զարնենք իրարու:
-Ահագին պատասխանատուութիւն ունիմ, աղբար, կատակ չէ, այդչափ մարդուն խօսք պէտք է հասկցնել, կը հասկնա՞ք:
Համբարձումն է դարձեալ, միշտ բերանը լեցուն, շրթունքները իւուղոտ:
Գեղամ կը նայի ինծի, Նշանին:
-Է՜հ, տղաք, ձեր կենացը, կ՛ըսէ Համբարձում, ես ճառ չեմ գիտեր ըսել, բայց ձեր կենացը, միշտ այսպէս ուրախ ըլլանք, միշտ քէֆի մէջ...:
Գաւաթները կը լեցուին, կը բարձրանան մինչեւ անոր դէմքը, կը զարնուին իրարու: Կը խմենք, կը խմե՜նք: բանաստեղծը միշտ գործի վրայ է, հազիւ լեցուած, գաւաթները կը պարպուին: Հազիւ ժամ մը կ՛ընէ եւ բոլորս ալ գինով ենք արդէն: Այսպէս է եղած միշտ:
<<Ի՞նչ տարօրինակ խումբ մը>>, կը խորհիք հիմա, մեզ դիտելով:
Հայերու տարօրինակ խումբ մը յիրաւի: Ի՞նչպէս են անոնք զիրար գտած: Դուրսէն դիտողը պիտի զարմանար թէ անոնք հասարակաց ի՞նչ ունին որ այդպէս իրարու քով եկած են, կ՛ուտեն, կը խմեն, կը խնդակցին:
Կը տեսնէք ի հարկէ որ ամէն տարիքի եւ դասակարգի մարդիկ կան հոն: Ի՜նչ այլազան նկարագիրներ: Տարբեր կազմութեամբ, իմացական ու զգացական տարբեր ապրումներով, կը լսէք որ անոնք կ՛արտայայտեն յաճախ միտքեր՝ որոնք տրամագծօրէն հակառակ են իրարու: Տեսէք, եօթը մարդ ենք այդ սեղանին շուրջ եւ հոդ կան եօթը <<ես>եր, եօթը անկախ, ըմբոստ, իրենք իրենց հետ անհաշտ եւ միւսներուն հետ անհաշտ եօթը <<ես>> եր: Հոդ, եօթը ընկերներ ենք, եւ մենք, ամէն մէկս կը կազմենք տեսակ մը հայ: Այդպէս է որ հիմա հոդ կայ եօթը տեսակ հայ: Յախուռն, անկեղծ, ցաւատանջ, եօթը պինդ գլուխներ, եօթը լաւ հայեր: Եթէ ուզէք ուշադրութիւն ընել, քիչ մը խորանալ անոնց հոգիներն ի վար, պիտի տեսնէք թէ այդ խառնիճաղանճին մէջ, այդ չգումարուող մարդկային կոտորակներուն համար, կայ սակայն, կայ անպայման, բոլորէն ընդունուած եւ անկեղծօրէն յայտարարուած, միակ հասարակ յայտարար մը,- իրենց հայութիւնը:
Ահա թէ ինչ կ՛ուզէ ըսել Գեղամը, մէկ ժամէ ի վեր:
Այդ է իմաստը իր շողշողուն բառերուն, սրտառուչ նախադասութիւններուն, որոնք ջրվէժի մը պէս կը թափին սենեակին մէջ, կը յորդին իր բերնէն ու կ՛առնեն կը տանին ձեզ: Այնքա՜ն գեղեցիկ կը խօսի ան, որ թերեւս լաւ չէք հասկնար զինքը, բայց ձեզ կը վստահեցնեմ թէ այս կ՛ուզէ ըսել երբ կը կրկնէ – Մեր հայութիւնը, մեր հայութիւնը:
Յետոյ ցատկելով այդ նիւթէն, յանկարծ ան կ՛անցնի ուրիշի մը – գաղտնի կազմակերպութիւններու անհրաժեշտութեան:
Կը յիշէ շատ մը ազգեր, անոնց յեղափոխական եւ ազատագրական շարժումները: Կը ծանրանայ գաղտնի ոյժի մը կատարած վճռական դերին վրայ, ինչպէս անհատներու, նոյնպէս հաւաքականութիւններու կեանքին մէջ:
-Առանց այդ ոյժին չի կրնար ժողովուրդ մը երկար ապրիլ, չի կրնար հասնիլ իր նպատակին, այդ ոյժն է, ամէնէն մեծ ոյժը գաղտնի ոյժն է, կը յայտարարէ խորհրդաւոր ձեւով մը:
Կը շօշափէ փիլիսոփայական, ընկերային հարցեր, կը վերլուծէ առհասարակ ոյժի գաղափարը:
Շատեր չեն կրնար հետեւիլ այդ բարդ խնդիրներուն, բայց վերիվերոյ կը հասկնան անոր մտածումը:
Գեղամ կու գայ կը հասնի կրկին հայութիւն բառին:
Այս յառաջաբանն է միայն իր ըսելիքներուն: Պահ մը կանգ կ՛առնէ ան, երկարելու համար գաւաթը մինչեւ բանաստեղծը: Ան որ կը յանձնարարէր քիչ խմել այսօր, իր գաւաթը երբեք լեցուն չի ձգեր: Բանաստեղծը անդադար կը պարպէ շիշերը, հազիւ կը հասնի սպասարկութեան: Երրորդ օղիի պարապ շիշն է, որ տեղաւորած է սեղանին տակ: Ան արդէն յոգնած կ՛երեւայ, աչքերը բոլորովին կը գոցուին եւ կը պատրաստուի ժամով մը երթալ հանգստանալ բազկաթոռին վրայ, ըստ իր սովորութեան: Միւսները լուռ են, Գեղամի երկար ճառէն ետք: Շատերուն գլուխները կը հակին արդէն սեղանին վրայ:
Այս վիճակին մէջ դիտեցէք կրկին այդ խումբը:
Ինչի՞ կը նմանին անոնք: Չէ՞ք կարծեր թէ անոնցմէ շատերը երբեք իրարու քով պիտի չգային, օր մը օրանց պիտի չհաւաքուէին սեղանի մը շուրջ ու գաւաթ մը ալքոլ պիտի չպարպէին դէմ դիմաց, չէ՞ք խորհիր թէ անոնք հաւանաբար զիրար երբեք պիտի չճանչնային, թէկուզ բնակէին նոյն շէնքին մէջ, խօսք մ՛իսկ պիտի չփոխանակէին իրարու հետ, եթէ չըլլար իրենց հայութիւնը: Հաւատացէք որ այս այսպէս է: Այդ է միակ կապը, ամուր, անքակտելի, յաճախ անզգալի, բայց լուսաւոր կապը, որ շղթայի մը պէս զանոնք իրարու կ՛օղակէ, կ՛ընէ որ անոնք, այդպէս իրարու քով նստած նմանին, նոյն վսեմ գաղափարին համար զոհուած կամ նոյն ոճիրին համա դատապարտուած կալանաւորներու յուզիչ խումբի մը:
-Բայց ի՞նչ է այդ հայութիւն կոչուած բանը, պիտի հարցնէք դուք հիմա, ի՞նչ է վերջ ի վերջոյ այդ ձեր հայութիւնը:
Ընդհանուր ձեւով, բոլորին համար ալ, հիմնական մտածում մըն է ան: Եթէ պահանջէք որ իւրաքանչիւրը զայն սահմանէ, խնդիրը կը բարդանայ: Շատ մը որոշ բաներ կան, որոնք չեն կրնար միշտ յստակօրէն արտայայտուիլ: Երբ ֆրանսացիի մը հարցնէք՝ <<Ի՞նչ է քու ֆրանսիացիութիւնդ>>, ան կը շուարի, կը մտածէ երկար պահ մը, յետոյ կը ջանայ ձեզի բացատրել թէ ինչ կը հասկնայ այդ բառով: Ուրիշ ֆրանսացի մը ուրիշ ձեւով կը բացատրէ զայն:
Ի՞նչպէս կ՛ուզէք որ հայ մը յստակօրէն ձեզի ըսէ իր հայութեան ինչ ըլլալը:
Փորձեցէք հարցնել հոդ նստող եօթը հոգիներուն, վստահ կրնաք ըլլալ որ անոնցմէ իւրաքանչիւրը տարբեր պատասխան մը պիտի տայ ձեզի, խորքին մէջ նոյնը թերեւս, բայց տարբեր-տարբեր ձեւերով, տարբեր զգացումներով: Օրինակի համար, Անդրանիկին, այդ գիւղացի տղուն համար, իր հայութիւնը անցեալի մէջ կորսուած քաղցր յիշատակ մըն է: Պապենական ցած խրճիթը, գոմը, կենդանիները, բոլորն ալ պարտէզներու մէջ թաղուած, ուր երջանիկ եղած ըլլալ կը կարծէ ու կ՛ոգեկոչէ զանոնք, ամէն տեղ, ամէն ատեն, ցերեկները՝ աչքերը բաց, ամբողջ գիշերներ, երազին մէջ, մրմնջելով շարունակ անոնց անունը, ջերմութիւն ունեցող հիւանդի մը պէս: Այո, իր հայութիւնը այդ բոլորն են եւ նաեւ այն անջնջելի, ցաւագին մտածումը թէ ուրիշ մարդիկ եկան օր մը ու ջնջեցին եւ այդ խրճիթը, եւ հոն բնակող մարդիկը, եւ թէ ինք, մինակ միացած է հիմա, տարիներով գլուխը ծռած կ՛աշխատի, առանց ժպիտի, առանց համ առնելու ոչ այդ օտար մարդերէն եւ ոչ ալ այդ օտար կերակուրներէն: Նշանին համար, ահաւոր ոճիրներու սարսափն է իր հայութիւնը: Արեան մէջ ծփացող սիրելիներու ճիչերն են: Այլեւս մտասեւեռումներում մը դարձած են այդ տեսարաններոը եւ չի կրնար անոնցմէ ձերբազատուիլ: Ամէն անգամ որ կը խօսի իր հայութեան մասին, կարծէք իր խօսքերը կ՛արտասանէ այդ տեսարաններուն ի տես: Այդ պահերուն անոր աչքերը կ՛ընդլայնին տարօրինակ կերպով, կուրծքը կ՛ելեւէջէ արագ-արագ, բռունցքով կը ծեծէ իր կուրծքը, կը շարժէ իր միւս ձեռքը յուսահատօրէն, վանելու համար իր աչքերէն այդ սարսափելի տեսարանները: Շոգեպինդ կաթսայի մը կը նմանի ան եւ անոր մտածումները՝ սուլոցներ, ընդհատուած բացագանչութիւններ, ճիչ ու հայհոյանք: Կատարեալ հիւանդ մը: Բանաստեղծին համար, որ հիմա կը խռմփայ այդ անկիւնը, ամէն բանէ առաջ եւ ամէն բանէ վեր, իր հայութիւնը ամփոփուած է հայոց ոսկեղէն լեզուին մէջ: Չի սիրեր իր հայրենաիցները, նոյնիսկ քէն ու արհամարհանք ունի անոնց հանդէպ, բայց պաշտանմունքի հասցուցած է անոնց խօսած լեզուն: Գոհարեղէներու նման կը շարէ անոր բառերը իրարու քով, մանկան մը պէս կը հրճուի անոնց հետ խաղալով. կը շոյէ անոնցմէ իւրաքանչիւրը իր հիացիկ աչքերով: Ուրիշ տեսակի հիւանդ մըն ալ այս: Մէկուն համար հայոց եկեղեցին է իր հայութիւնը, հայոց երգերը, միւսին համար հայ մայրերուն հոգին եւ նաեւ անոնց եփած կերակուրները: Երրորդի մը համար իր տառապանքն է իր հայութիւնը, իր քաշած նեղութիւնները, կրած զրկանքները:
Եթէ շարունակենք այս հարցաքննութիւնը պիտի տեսնենք, թէ պիտի ունենանք եօթը տեսակ սահմանում, եօթը տեսակ ըմբռնում: Այս սենեակին մէջ եօթը, դուրսը՝ եօթանասուն տեսակ:
Եթէ նկատեցիք կամ եթէ նկատած էք ուրիշ առթիւ, բոլոր տեսակի այս ըմբռնումներուն մէջ հիւանդագին կողմ մը կայ:
Բոլորս ալ հիւանդներ ենք ընդհանրապէս, հայութեամբ հիւանդներ:
Այս պարագան հասկանալի է, դիւրաւ ըմբռնելի: Որովհետեւ ամէն մէկս իբրեւ հայ, միայն տառապած ենք, զրկանքներու ենթարկուած, ջարդուած, կողոպտուած: Մեր հայութիւնը ամբողջ ըմբռնում մը չէ, երջանիկ զգացում մը չէ: Միշտ լացած ենք անոր երեսէն, անոր պատճառով, երբէք ուրախացած: Անկէ երբէք չենք ստացած, այլ միշտ տուած անոր:
Ահա թէ ինչ կ՛ուզեն ըսել Գեղամն ո Նշանը, խօսելով փոխն ի փոխ, մխրճելով իրենց ակնարկները կարգով բոլորին աչքերուն մէջ եւ երկուքն ալ կանգ առնելով ամէնէն երկար Համբարձումին վրայ:
------------------------------------------------------------
* Կարօ Փօլատեան /Մարաշ, /Կիլիկիա/, 1914-Մարսէյլ, 1986/:
Մեծ եղեռնից մազապուրծ փրկուելով ապաստանում է Հալէպ՝ յաճախում Հայկազեան վարժարան:
1929թ. մեկնում է Ատիս Ապեպա, այնուհետեւ 1931 թ. Ֆրանսիա /Մարսէյլ/ : Այդ տարիներից մշտապէս աշխատակցում է ֆրանսահայ թերթերին, հանդէսներին /<<Արեւմուտք>>, <<Անդաստան>>, <<Յառաջ>>, <<Զուարթնոց>> եւ այլն:
Կ. Փօլատեանը կենդանութեան օրօք հրատարակում է մի շարք ժողովածուներ՝ <<Արեւելքի տղաքը>>,/Փարիզ, 1946, Պէյրութ, 1982/, <<Կը հրաժարիմ հայութենէ>> /Փարիզ, 1949, Պէյրութ, 1978/, <<Արծիւներն անապատին մէջ>> /Փարիզ, 1958/, <<Զրոյց>> Ա,Բ, Գ, Դ, Ե, Զ, /Փարիզ, Գահիրէ, Պէյրութ /1958-1988/, <<Կրակէ շապիկը>> /Պէյրութ /1966/, <<Հայկական Սփիւռքը իր դերակատարենրով>>, /Պէյրութ, 1973/ եւ այլն/:
- Hits: 4866