ԵՐԻՑՈՒԿԻ ՊԷՍ...
Երիցուկի պէս,
Խոհանոցի ջուրին մէջ,
Մասսիվի ստուերոտ անկիւնը,
Երիցուկի պէս սիրտ իմ,
Նաւերէն ինկած
Եւ ծովահէններու պէս փախուստ տուած սիրտս
Բաց ....
Տերեւ –տերեւ
Որ դառնամ դեղին- դեղին:
Այս բառը ուշացած խոստովանութեան պէս
Փայտեայ հին աթոռակին վրայ
Կամ գետնին...
Նորէն ըսելու որ եկայ հողդ կիսելու :
Պատմութիւնը մեզի տուաւ միայն աքսոր,
Աքսոր կը հոտիմ ես
Աքսոր կը հոտին աչքերս, արմուկներս,
Ոտքերս եւ կօշիկներս
Աքսոր կը հոտին:
Պատուհանէն երբ նայիմ այսպէս
Աքսորը կը վազէ մայթերէն, շատրուաններէն
Մասսիվի Խրուշովեան բարձր ու տխուր շէնքերէն,
Անոր ջուրի ծորակներէն
Աքսոր ամէն բառի հետ:
Փոխուող, վերափոխուող լեզուին հետ
- Ես որ արեւմտահայերէնը սապէս ուսերուս դրած կը քալեմ,
- Ծանր խաչին պէս, վիրաւոր խաչին ...
Սիրտս բաց, սիրտս նկարէ երիցուկի տերեւներուն մէջ,
Դեղին սիրտս,
Ես որ թոքախտէն մեռնիլ չունիմ
Քաղաքական բոլոր խաղերը ծալլեր եմ,
Բառը կը բնակի մէջս,
Բառը հիւանդ ու վաղեմի
Ու բառ- աքսորը
Նոր, թարմ միրգերուն պէս կը հասնի,
Այն միրգերուն որ մայրդ բաժանեց ու դրաւ ապակեայ պանկաներու մէջ,
Ու յետոյ մունջ ու լեռնածիր ժպիտով տարաւ տան պաթուալը տեղաւորեց,
Գորիս կը հոտին անոր մատները
Անոր ժպիտը այնքան մաքուր
Ու երիցուկ:
Քու եւ իմ սրտին պէս դեղին – դեղին:
Քաղաքդ սիրելիս կը տանի ջերմախտը մէջէս...
Քաղաքդ սիրելիս որ իմս ալ է,
Հացդ, կերպասէ ծրարներդ ու վալիզդ որ այլեւս չենք կապելու,
Ու աքսորը որ պիտի մեռնի հիմա...
Աքսորի մահը դուն պատմէ,
Գրէ մեր տան ճակատին՝ աստ հանգչի աքսորը սագօ արեանի
Ու թոյլ մի տար որ աքսորը ձեր տան ծորակներէն,
Զասսարենի եղած ծորակներէն հոսի սիրելիս,
Ոտքերուդ տակ կը մորթեմ աքսորն այս,
Ու վերնաշապիկս կը պարզեմ Մասսիվի լուացքէ թելերուն վրա,
Վաղը նոր արեւ է ....
Խոնաւ հէքիաթի արեւն է,
Ես գլխիկոր կ'անցնիմ Իսահակեանի խոշոր արձանին մօտէն
Խօսիր կ'ըսեմ վարպետին,
Խօսիր կը հրամայեմ,
Խօսիր կը խնդրե,
Սակայն լուռ է
Դաժան լռութիւն
Աքսորէն ետք քար լռութիւն ...
Միայն Սիրելիս չմոռնաս երիցուկի ջուրին կազն անջատել,
Այնտեղ ես դրած եմ սիրտս
Թաքուն- թաքուն
Ինչպէս որ մայրդ
Դեղձի կտորները զետեղեց պանկաներուն մէջ ու տարաւ նկուղ ...
Ուր ոգեղէն յիշատակներդ կան, թերթերդ ու հին պատումներդ կան,
ՀՀ թերթում տպագրած յօդուածներդ,
Գարուն ամսագրում տպագրուած քերթուածներդ սիրելիս,
Չմոռնաս ջուրն անջատել ու զասսարենի եղած ծորակը ամուր փակել,
Որպէսզի աքսորը նորէն ներս չխուժէ:
Իմ ու քու կենաքդ անցաւ աքսորներու բովէն
Անսայթաք , առանց անկումի
Երկարատեւ ժապաւէնի պէս որուն մէջ մեր ընկերներ երեւցան,
Իւրաքանչիւրը իր պատուհանէն ձեռք բարձրացուց....
Իւրաքանչիւրը իր տունէն ձայն մը հանեց,
Իւրաքանչիւրը այդ հին լուսանկարէն դուրս ուզեց գալ ու խօսիլ
Բոլորը ուզեցին խօսիլ մեր աքսորին մասին,
Ընկեր մը նոյնիսկ ժապաւէններու երիզները կապեց մեր ոտքերուն....
Ուրիշ մը պարեց մեզի համար...
Հինգերորդ մը որ առաջին յարկի բնակիչ էր
Թանկանոց գինի մը բերաւ իր հետ:
Այս բոլորը կատարուեցան
Որով այդպէս էր գրուած
Կատարուեցան ու հիմա քու քաղաքիդ ծայրամասերուն թափառումէ- թափառում
Փայտացած ոտքերով
Հիմա համար հիսուն հինգ մարշուտքայի մէջ
Կը մօտենամ պատուհանիդ:
Խնդրեմ սիրելիս,
Դուռը ամուր փակէ
Ամբողջ Մասսիվը կը խօսի մեր մասին,
Ու եռացող երիցուկին մասին
Դեղին- դեղին
Որուն մէջ սիրտս որ սիրտդ է
Կ'եռայ ....
Կը եռաաաաաաաաայ:
Զահրատի Քիթէն...
Անոր քիթէն ինկածի պէս մտայ մէջդ
Իսթանպուլ,
Ոտնամաններս կաշիէ մէկ կողմ դրի,
Բոպիկ քալեցի,
Մաշուած մայթերէդ որ զիս կը տանին հոն դիմաց,
Շապիկներս, փոխնորդներս ու մանաւանդ կեղտոտ գուլպաներս լուալ տալու ...
Զահրատը հոս չէ ըսին .
Գացի փակ դռներուն ետին նայելու անոր աչքերուն:
Գլխարկս կախեցի վերեւի դռնակին ու ամրօրէն փակեցի դուռը որ յանկարծ ներս չմտնէ:
Զահրատը հոս չէ ըսի
Ու քալեցի մինչեւ Շիշլիի հարուստներու թաղամասը,
Պատուած են բանաստեղծը ես ինծի ....
Դեղին վարդեր էին ցանած, անտերեւ ...
Գիրքը ձեռքս տուին
Առ՛ ըսին,
Ըսի մարդը կ'ուզեմ
Գիրք-միրք ձանձրացեր եմ արդէն-
Միայն գիրք տանիլ- բերելով արմուկներս ցաւեր են
Գիրքերը չեն խօսիր հետս,
Գիրքերը լուռ են ըսի ....
Հիմա անիսոնի սեղանին
Իմ ղարիպութեանս վայել կարմիր մոմակալներուն դիմաց,
Երբ բոլոր պօէտներդ քաղաք ճերմակ- գծաւոր բիժամաներով անկողին են մտած,
Ես նոր դուրս կուգամ կեղեւէս,
Բոկոտն քալելու,
Քու քաղաքէդ...
Ջրամոյն եղած քու յիշատակներուդ
Պոհեմական անցեալիդ ու մեծ քիթիդ մօտէն
Դպնալու պէս...
Քիթէդ Զահրատ,
Քիթէդ բալասան կը հոսի
Դեղին վարդը խունկ կը դառնայ ,
Եւ հարեւաններդ
Կ'ելլեն քու վսեմ հասակիդ նայելու ...
Օղի խմէ կ'ըսես,
Աչքով կ'ընես,
Ապրեցայ կ'ըսես....
Տողերդ հինցեր են,
Բարի անխօս բանաստեղծ,
Ցաւին մէջէն քիթդ կ'երկարի մինչեւ Թաքսիմ, Պէյօղլու, Բերա ....
Թունէլ եւ մանաւանդ Ջհանկիր
Սեւ, սեփ-սեւ բիսիկները կը պատմեն հիմա,
Մինչ կը յօրանջես դուն,
Բալասան կը հոսի քիթէդ....
Զահրատ- մահրատ մոռցեր եմ,
Ես գիրքը սենեակին կեդրոնը դրի
Դեղին վարդը անոր վրայ
Կնիկ ըսի աս ալ աղբը չնետես
Կնիկ ըսի ասիկա Զահրատն է,
Այն Զահրատը որ քիթէն բալասան կը հոսի ...
...
Դուն ապրեցար
Անձայն ու մունջ
Վէրքերդ խէժ դարձան,
Մարմինդ վսեմ դարձաւ սափոր խունկի,
Ու դուն անյագօրէն ծխեցիր քու ցաւդ ....
Կէս գիշերին քանի անգամ արթնցար
Սեւ երազներ տեսնելէ ետք,
Դարձիր մեզի,
Քեզ պահողը եղաւ բառ մը որուն իմաստը
Ոչ ոք կրցաւ հասկնալ ...
Խնդացիր հա՜ խնդացիր
Իսթիքլալ, Գում Գաբու Ճէվահիր,
Խմեցիր գինի եւ հացդ կիսեցիր կիկոներուն հետ նօթի,
Մինչ քիթէդ
Բալասան կը հոսէր,
Նուիրական Պօէտ,
Եկանք դուռդ թակելու
Զարկինք վարդը մարմարին ...
Զարկինք ճերմակ մարմարին,
Բայց անխօս էիր.
Անխօս էին մեռելներս հոն,
Անխօս մեռելներէն քալեցինք
Ու լացինք ....
Լացին արցունքը ծակեց սրտի քար լռութիւնը,
Պատռեց մեր լռութեան մաշկը,
Մինչ դուն,
Նոյն բալասան հոսող քիթով,
Զահրատաբար
Կը խնդաս....
....
Մտանք քաղաքիդ մէջ
Այդպէս բոկոտն ու մունջ
Քալեցինք անձայն- անխօս մեռելներու պէս,
Որ կը սպասեն հրաշալի յարութեան
....
Ի՞նչ է սա ...
Բլուրին վրայ լոյսեր կը պլպլան.
Ես կ'ապրիմ երկիւղը,
Բանաստեղծութեան սենեակը լքողի պէս
Կը փառիմ բառերուդ,
Եւ լրիւ կը հասկնամ քու եղերական լռութիւնդ
Եւ վախդ վէրքէն .
Այդ վէրքէն որ մէջս է, որ մէջդ էր
Եւ ուրիշներու ...
Ու պարզ էր որ ես վախով պիտի չմտնէի ներս,
Ընկերոջ մը ըսի
Անատոլու տար զիս,
Քիւրտ ընկերս գրկեց զիս,
Եւ ողորմական բառերով լալ ուզեց.
Զահրատ- Զահրատ,
Կը լսե՞ս
Քեզ կոմունիսթ երազեցին ու անցան.
Քեզ նմանցուցին հրուշակի տուբէն դուրս ելլող
Շփացած տաղգիրի,
Քեզի ըսին անվնաս է, սպառած ....
Լռեցիր դուն.
Հիմա եկեր ես սենեակս
Ի՞նչ կը փնտռես.
Տալիք չունիմ մարդկութեան
Այս ամեհի ցնցումներուն առջեւ մեռելներս մի շարժէք.
Զիս հոն տարէք,
Որ նստիմ քովը
Ջուր խմեմ, գինի խմեմ,
Երկու բառ ըսեմ,
Աչքերուն նայիմ երկար,
Խումհար աչքերուն,
Եւ խոշոր քիթին որմէ բալասան կը հոսի ....
Լեցուած գլուխով՝ մտամոլոր,
Ներքեւի յարկը իջայ երեսս լուալու,
Խաչեր, խաչեր, խաչեր
Աւետարան Երուսաղէմ տպագրուած,
Չեմ գիտեր քանի թիւ,
Քրոջս դէմքը մոռցեր եմ ըսի,
Կ'ապրիմ,
Ուրեմն օդոս կը քշեմ,
Շատ -շատ ընկերներս պիտի որ հրեն մեքենան որ քալէ.
Գիրս վերմակի պէս ծածկեր եմ վրաս,
Բայց դեռ,
Բարեկամս,
Զահրատ – Զարեհ Եալտըզճեան
Քիթէս փոքր ու ասորական
Բալասան դեռ չի հոսիր ....
ԵՍ ԿԱՐՄԻՐ ԴՆԵՄ ԱՆՈՒՆԴ
Երիցուկի պէս,
Խոհանոցի ջուրին մէջ,
Մասսիվի ստուերոտ անկիւնը,
Երիցուկի պէս սիրտ իմ,
Նաւերէն ինկած
Եւ ծովահէններու պէս փախուստ տուած սիրտս
Բաց ....
Տերեւ –տերեւ
Որ դառնամ դեղին- դեղին:
Այս բառը ուշացած խոստովանութեան պէս
Փայտեայ հին աթոռակին վրայ
Կամ գետնին...
Նորէն ըսելու որ եկայ հողդ կիսելու :
Պատմութիւնը մեզի տուաւ միայն աքսոր,
Աքսոր կը հոտիմ ես
Աքսոր կը հոտին աչքերս, արմուկներս,
Ոտքերս եւ կօշիկներս
Աքսոր կը հոտին:
Պատուհանէն երբ նայիմ այսպէս
Աքսորը կը վազէ մայթերէն, շատրուաններէն
Մասսիվի Խրուշովեան բարձր ու տխուր շէնքերէն,
Անոր ջուրի ծորակներէն
Աքսոր ամէն բառի հետ:
Փոխուող, վերափոխուող լեզուին հետ
- Ես որ արեւմտահայերէնը սապէս ուսերուս դրած կը քալեմ,
- Ծանր խաչին պէս, վիրաւոր խաչին ...
Սիրտս բաց, սիրտս նկարէ երիցուկի տերեւներուն մէջ,
Դեղին սիրտս,
Ես որ թոքախտէն մեռնիլ չունիմ
Քաղաքական բոլոր խաղերը ծալլեր եմ,
Բառը կը բնակի մէջս,
Բառը հիւանդ ու վաղեմի
Ու բառ- աքսորը
Նոր, թարմ միրգերուն պէս կը հասնի,
Այն միրգերուն որ մայրդ բաժանեց ու դրաւ ապակեայ պանկաներու մէջ,
Ու յետոյ մունջ ու լեռնածիր ժպիտով տարաւ տան պաթուալը տեղաւորեց,
Գորիս կը հոտին անոր մատները
Անոր ժպիտը այնքան մաքուր
Ու երիցուկ:
Քու եւ իմ սրտին պէս դեղին – դեղին:
Քաղաքդ սիրելիս կը տանի ջերմախտը մէջէս...
Քաղաքդ սիրելիս որ իմս ալ է,
Հացդ, կերպասէ ծրարներդ ու վալիզդ որ այլեւս չենք կապելու,
Ու աքսորը որ պիտի մեռնի հիմա...
Աքսորի մահը դուն պատմէ,
Գրէ մեր տան ճակատին՝ աստ հանգչի աքսորը սագօ արեանի
Ու թոյլ մի տար որ աքսորը ձեր տան ծորակներէն,
Զասսարենի եղած ծորակներէն հոսի սիրելիս,
Ոտքերուդ տակ կը մորթեմ աքսորն այս,
Ու վերնաշապիկս կը պարզեմ Մասսիվի լուացքէ թելերուն վրա,
Վաղը նոր արեւ է ....
Խոնաւ հէքիաթի արեւն է,
Ես գլխիկոր կ'անցնիմ Իսահակեանի խոշոր արձանին մօտէն
Խօսիր կ'ըսեմ վարպետին,
Խօսիր կը հրամայեմ,
Խօսիր կը խնդրե,
Սակայն լուռ է
Դաժան լռութիւն
Աքսորէն ետք քար լռութիւն ...
Միայն Սիրելիս չմոռնաս երիցուկի ջուրին կազն անջատել,
Այնտեղ ես դրած եմ սիրտս
Թաքուն- թաքուն
Ինչպէս որ մայրդ
Դեղձի կտորները զետեղեց պանկաներուն մէջ ու տարաւ նկուղ ...
Ուր ոգեղէն յիշատակներդ կան, թերթերդ ու հին պատումներդ կան,
ՀՀ թերթում տպագրած յօդուածներդ,
Գարուն ամսագրում տպագրուած քերթուածներդ սիրելիս,
Չմոռնաս ջուրն անջատել ու զասսարենի եղած ծորակը ամուր փակել,
Որպէսզի աքսորը նորէն ներս չխուժէ:
Իմ ու քու կենաքդ անցաւ աքսորներու բովէն
Անսայթաք , առանց անկումի
Երկարատեւ ժապաւէնի պէս որուն մէջ մեր ընկերներ երեւցան,
Իւրաքանչիւրը իր պատուհանէն ձեռք բարձրացուց....
Իւրաքանչիւրը իր տունէն ձայն մը հանեց,
Իւրաքանչիւրը այդ հին լուսանկարէն դուրս ուզեց գալ ու խօսիլ
Բոլորը ուզեցին խօսիլ մեր աքսորին մասին,
Ընկեր մը նոյնիսկ ժապաւէններու երիզները կապեց մեր ոտքերուն....
Ուրիշ մը պարեց մեզի համար...
Հինգերորդ մը որ առաջին յարկի բնակիչ էր
Թանկանոց գինի մը բերաւ իր հետ:
Այս բոլորը կատարուեցան
Որով այդպէս էր գրուած
Կատարուեցան ու հիմա քու քաղաքիդ ծայրամասերուն թափառումէ- թափառում
Փայտացած ոտքերով
Հիմա համար հիսուն հինգ մարշուտքայի մէջ
Կը մօտենամ պատուհանիդ:
Խնդրեմ սիրելիս,
Դուռը ամուր փակէ
Ամբողջ Մասսիվը կը խօսի մեր մասին,
Ու եռացող երիցուկին մասին
Դեղին- դեղին
Որուն մէջ սիրտս որ սիրտդ է
Կ'եռայ ....
Կը եռաաաաաաաաայ:
Զահրատի Քիթէն...
Անոր քիթէն ինկածի պէս մտայ մէջդ
Իսթանպուլ,
Ոտնամաններս կաշիէ մէկ կողմ դրի,
Բոպիկ քալեցի,
Մաշուած մայթերէդ որ զիս կը տանին հոն դիմաց,
Շապիկներս, փոխնորդներս ու մանաւանդ կեղտոտ գուլպաներս լուալ տալու ...
Զահրատը հոս չէ ըսին .
Գացի փակ դռներուն ետին նայելու անոր աչքերուն:
Գլխարկս կախեցի վերեւի դռնակին ու ամրօրէն փակեցի դուռը որ յանկարծ ներս չմտնէ:
Զահրատը հոս չէ ըսի
Ու քալեցի մինչեւ Շիշլիի հարուստներու թաղամասը,
Պատուած են բանաստեղծը ես ինծի ....
Դեղին վարդեր էին ցանած, անտերեւ ...
Գիրքը ձեռքս տուին
Առ՛ ըսին,
Ըսի մարդը կ'ուզեմ
Գիրք-միրք ձանձրացեր եմ արդէն-
Միայն գիրք տանիլ- բերելով արմուկներս ցաւեր են
Գիրքերը չեն խօսիր հետս,
Գիրքերը լուռ են ըսի ....
Հիմա անիսոնի սեղանին
Իմ ղարիպութեանս վայել կարմիր մոմակալներուն դիմաց,
Երբ բոլոր պօէտներդ քաղաք ճերմակ- գծաւոր բիժամաներով անկողին են մտած,
Ես նոր դուրս կուգամ կեղեւէս,
Բոկոտն քալելու,
Քու քաղաքէդ...
Ջրամոյն եղած քու յիշատակներուդ
Պոհեմական անցեալիդ ու մեծ քիթիդ մօտէն
Դպնալու պէս...
Քիթէդ Զահրատ,
Քիթէդ բալասան կը հոսի
Դեղին վարդը խունկ կը դառնայ ,
Եւ հարեւաններդ
Կ'ելլեն քու վսեմ հասակիդ նայելու ...
Օղի խմէ կ'ըսես,
Աչքով կ'ընես,
Ապրեցայ կ'ըսես....
Տողերդ հինցեր են,
Բարի անխօս բանաստեղծ,
Ցաւին մէջէն քիթդ կ'երկարի մինչեւ Թաքսիմ, Պէյօղլու, Բերա ....
Թունէլ եւ մանաւանդ Ջհանկիր
Սեւ, սեփ-սեւ բիսիկները կը պատմեն հիմա,
Մինչ կը յօրանջես դուն,
Բալասան կը հոսի քիթէդ....
Զահրատ- մահրատ մոռցեր եմ,
Ես գիրքը սենեակին կեդրոնը դրի
Դեղին վարդը անոր վրայ
Կնիկ ըսի աս ալ աղբը չնետես
Կնիկ ըսի ասիկա Զահրատն է,
Այն Զահրատը որ քիթէն բալասան կը հոսի ...
...
Դուն ապրեցար
Անձայն ու մունջ
Վէրքերդ խէժ դարձան,
Մարմինդ վսեմ դարձաւ սափոր խունկի,
Ու դուն անյագօրէն ծխեցիր քու ցաւդ ....
Կէս գիշերին քանի անգամ արթնցար
Սեւ երազներ տեսնելէ ետք,
Դարձիր մեզի,
Քեզ պահողը եղաւ բառ մը որուն իմաստը
Ոչ ոք կրցաւ հասկնալ ...
Խնդացիր հա՜ խնդացիր
Իսթիքլալ, Գում Գաբու Ճէվահիր,
Խմեցիր գինի եւ հացդ կիսեցիր կիկոներուն հետ նօթի,
Մինչ քիթէդ
Բալասան կը հոսէր,
Նուիրական Պօէտ,
Եկանք դուռդ թակելու
Զարկինք վարդը մարմարին ...
Զարկինք ճերմակ մարմարին,
Բայց անխօս էիր.
Անխօս էին մեռելներս հոն,
Անխօս մեռելներէն քալեցինք
Ու լացինք ....
Լացին արցունքը ծակեց սրտի քար լռութիւնը,
Պատռեց մեր լռութեան մաշկը,
Մինչ դուն,
Նոյն բալասան հոսող քիթով,
Զահրատաբար
Կը խնդաս....
....
Մտանք քաղաքիդ մէջ
Այդպէս բոկոտն ու մունջ
Քալեցինք անձայն- անխօս մեռելներու պէս,
Որ կը սպասեն հրաշալի յարութեան
....
Ի՞նչ է սա ...
Բլուրին վրայ լոյսեր կը պլպլան.
Ես կ'ապրիմ երկիւղը,
Բանաստեղծութեան սենեակը լքողի պէս
Կը փառիմ բառերուդ,
Եւ լրիւ կը հասկնամ քու եղերական լռութիւնդ
Եւ վախդ վէրքէն .
Այդ վէրքէն որ մէջս է, որ մէջդ էր
Եւ ուրիշներու ...
Ու պարզ էր որ ես վախով պիտի չմտնէի ներս,
Ընկերոջ մը ըսի
Անատոլու տար զիս,
Քիւրտ ընկերս գրկեց զիս,
Եւ ողորմական բառերով լալ ուզեց.
Զահրատ- Զահրատ,
Կը լսե՞ս
Քեզ կոմունիսթ երազեցին ու անցան.
Քեզ նմանցուցին հրուշակի տուբէն դուրս ելլող
Շփացած տաղգիրի,
Քեզի ըսին անվնաս է, սպառած ....
Լռեցիր դուն.
Հիմա եկեր ես սենեակս
Ի՞նչ կը փնտռես.
Տալիք չունիմ մարդկութեան
Այս ամեհի ցնցումներուն առջեւ մեռելներս մի շարժէք.
Զիս հոն տարէք,
Որ նստիմ քովը
Ջուր խմեմ, գինի խմեմ,
Երկու բառ ըսեմ,
Աչքերուն նայիմ երկար,
Խումհար աչքերուն,
Եւ խոշոր քիթին որմէ բալասան կը հոսի ....
Լեցուած գլուխով՝ մտամոլոր,
Ներքեւի յարկը իջայ երեսս լուալու,
Խաչեր, խաչեր, խաչեր
Աւետարան Երուսաղէմ տպագրուած,
Չեմ գիտեր քանի թիւ,
Քրոջս դէմքը մոռցեր եմ ըսի,
Կ'ապրիմ,
Ուրեմն օդոս կը քշեմ,
Շատ -շատ ընկերներս պիտի որ հրեն մեքենան որ քալէ.
Գիրս վերմակի պէս ծածկեր եմ վրաս,
Բայց դեռ,
Բարեկամս,
Զահրատ – Զարեհ Եալտըզճեան
Քիթէս փոքր ու ասորական
Բալասան դեռ չի հոսիր ....
ԵՍ ԿԱՐՄԻՐ ԴՆԵՄ ԱՆՈՒՆԴ
Հրանդ Տինքին
Ուղեղիս տուփը , պատշգամին ծայրը դրուած
Կիսաթաղանթ ծաղկամանին պէս է,
Կիսով չափ վիրաւոր, սփռուած, բանուկ
Երակներուս մէջի կարմիրը կաթիլ-կաթիլ
Կ'անցնի սիրտէս ....
Ցաւին ընկեր եմ,
Հոգս չէ,
Հոգս չեն անձրեւը,
Վերքը եւ գետինը թաց:
Բառերուն տեսակը դուն գիտես,
Ես ընդամէնը թրքերէնով կը բարեւեմ
Ու կ'անցնիմ....
Սեղանին հաշիշ կը դնեն
Պապակ կայ մէջս...
Անատոլու երթանք՝ կ'ըսեն,
Կը գրկեն զիս
Կը խաղցնեն պէպէքի պէս
Լեզուս մեծ աննէին լեզուն է կ'ըսեն ...
Կը յառաջեն ու կը զարմանան իմ համար .
Իմ փոխարէն կը ցաւին,
Աս ցաւը իմս է կ'ըսեն
Ինչ ընեն....
Կը քալեն երկար ճանապարհներէն,
Մինչեւ հասնիս խորհուրդներու սնտուկիդ,
Որուն մէջ կարմիր յիշատակներ կան,
Կեղեւ կապած վէրքի մասունքներ,
Թարմ- եռացող արեան պէս...
Վարպետին հետ,
Ծովուն ծայրէն,
Վոսփորէն
Սապես պաուզաներ կուտամ ես ինծի....
Թրքուհին նորէն կարմիր չայ կը բերէ,
Սիմիտ եւ կարմիր չայ.
Այս բառերը դաւին դէմ է, որ կը գրեմ,
Ալիքներէն երեսիս մկանները պրկեր եմ...
Մինակի պէս,
Ըսկիւտարէն կ'անցնիմ,
Դեղին է փոխադրակառքը,
Ապակիները աղօտ են,
Ճամբան անորոշ...
Ուսս կը ցաւի ծանր է թրայբոտը,
Չեմ խօսիր,
Չեմ բողոքեր շփացածի պէս ...
Կուզեմ աչքերուդ նայիլ ու մորթել
Ամբողջ անցեալը որ բաժնեց մեզ...
Որ տխրեցուց...
Որ լացուց մեզ...
Ցաւը որ մեր ծունկերը ծալլեց.
Աշխարհին դէմ մինակ ձգեց,
Որբ, անգլուխ անդէմ ...
Ու քաղաքի ամէնէն բարձր մինարէն պիտ ելլեմ ձայնելու համար քեզի՝
Հրանդ Տինք
Լսէ...
Կուզեմ որ լսես,
Կուզես վէրքերս բուժել...
Ամէն գարնան հետ պիտի երակներէդ քալեմ ու բորբոքիմ գետերուդ ու չքանաղ պատշգամբէդ նայիմ հեռուն էն հեռուն...
Հեռուն քու աչքերովդ տեսնեմ,
Ինչպէս կը տեսնես վէրքը դուն ու չես խօսիր...
....
Ծայրը նստած ես ու ան
Կարմիր օղի կը խմենք
Հեթանոս երգեր գրողին պէս աչքս խումհար է այսօր,
Սէրս կարմիր, մեխակս կարմիր ես կարմիր...
Ես կարմիր դնեմ անունդ
Երգիս համար դուն մկրտարան կը դառնաս
Ու ես վիրաւորի պէս վար կիջնեմ երես լուալու...
Երեսս կը մաքրեմ վէրքէն...
...
Վար, քանի մը քայլ
Վար դէպի մէջս,
Պատշգամբէն գանկս հաւաքեմ,
Պահեմ թաղարին մէջ կարմիր,
Որ ծաղկի առանց յիշատակներու կամ վէրքերու
Երգեմ ես երգդ,
Երգեմ անունովդ,
Քու վէրքիդ,
Վսեմութեանդ,
Քու անտեղի մահուանդ համար...
-Չէի՞ն գիտեր արդօք որ դուն մեռնող տեսակ չես ..
Քու պսակումիդ համար
Դուն ճամբայ կը բանաս.
Չըլլայ որ խօսիք արեան մասին
Չըլլայ որ քալէք արեան մէջէն
Ես ճամբայ բացող եմ կ'ըսես..
Ակօս, առուակ,
Առու, կէս բաց ճանապարհ
Պզտիկ ճամբայ անտառի,
Գաղտնի գաղտնագողի ճամբայ ճամբեզրի,
Մայթի մայթեզրի,
Ճամբայ, արահետ ուրիշ բառ ...
Ճամբայ հա ճամբայ,
Մի ըսեր այդպէս
Բոլոր ճամբաները դէպի սիրտդ կը տանին
Դէպի սիրտդ, դէպի քեզ ...
Պատշգամբին դրուած թաղարին մէջ ուղեղս կը լռէ,
Անկոկ ու խափանուած...
Վիրաւոր յիշատակներէ ու գէշ արիւնէն կարմիր,
Կը մաքրեմ կ'ըսես...
Կը մաքրես մեզ արիւնէն...
Սեւ ու լերդ,
Սեւ ու սթար,
Սեւ ու ստերջ
Փիս արիւնէն մաքրես դուն:
Քաղաքի ամէնէն բարձր մինարէն բարձրանամ,
Ճամի, ժամ, մինար ...
Անունդ բարձր
Կը պոռամ...
Հրանդ Տինք կը լսե՞ս...
Ձայն մը տուր:
- Hits: 21590