«Երգիծախոկումներ» շարքէն - 4
Կ՛որսուի
-Շախարմիլ1 ըլլա՞լ կ՛ուզես, կորսուի, ալ համբերութիւն չունեմ,- աս խօսքերը կ՛ըսեմ ծանօթի մը, զոր միշտ կ՛ուզէ շուրջիններու ուշադրութիւնը գրաւէ՝ ինքն ալ չգիտէ ինչ նպատակներ հետապնդելով,- եւ ինչո՞ւ յատկապէս թրքերէն գիտցածս քանի մը բառերով կ՛ուզեմ անոր կերցնել, վասնզի թրքախօս ըլլալով կը երեւակայէ թէ ․․․ հայերէն կը խօսի։
-Կ՛աղաչեմ, մէյ մը ըսէ, գետնին տակն անցնիս, կարծեմ քեզ պատուաւոր մարդիկ դասաւանդած են։ Անանկ ընթացք մը կը բռնես, կարծես թէ հրաժարած ես ազգութենէդ։
Մինչ այդ թեւը ամուր բռնած կը սպասէի պատասխանի մը։
-Թեւս ձգէ, ալ չեմ ուզեր խօսիլ։
-Թրքերէ՞ն, թէ՞ հայերէն,- կը յարեմ,- կեցիր իրարու խօսք հասկնանք։
-Ի՞նչ կ՛ուզես տալմա2 տարուած մէկէ մը,- կը կնճռոտուի։
-Հասկցայ, հասկցայ, բայց ինչո՞ւ այդպէս կը վարուիս ինձ հետ․․․
-Կը կարծես ծանօթներուս սիրո՞վ կը վերաբերիմ, թէ՞ այդպէս կը կարծես՝ աֆերիմ3։
-Նորէն թրքերէն բառեր կը գործածես։ Ո՞վ եղած է թրքերէնիդ ուսուցիչը։
-Մայրս,- կը պատասխանէ անհոգ։
-Կրնա՞ս խնդիրը լուսաբանել։
-Լուսաբանելու հարկ չկայ բնաւ, ատիկայ ուղուրսզ4 խօսակցութիւններու կը տանի․․․ Ես պարապ խօսքերու մտիկ չեմ ըներ․․․
-Զարմանալի մարդ մըն ես։
-Կը սիրեմ զարմացնել եւ շատոնց պատւոյս վրայ խօսք տուած եմ։
-Ու կը շարունակես այդպէս ապրի՞լ։ Այն ատեն պարահանդէս մը կազմակերպէ մարդոց ուշադրութիւնը գրաւելու համար։ Կը երաշխաւորեմ՝ կը յաջողիս․․․
-Ի՞նչ պէտք ունիմ, չհասկցայ ո՞վ կը վստահի զիս, ես ի՞նչ ունիմ անոնց ներկայացնելու։
-Քու ապրելակերպը, ատիկա բաւական է որ մարդիկը ճանչնան պարզ բան մը, ինչպէս խոյս տալ տմարդի մարդոց ընկերակցութենէն։
-Հելպետ5 ճիշդ կը խօսիմ։
-Քիչ մը առաջ ըսածդ արդէն մոռցա՞ր։ Շիտակը ըսեմ, դուն ճիշդ ես, ես զարմանալի մարդ մըն եմ։ Կը սիրեմ ուրիշներու տրամադրութիւնը տնտղել, վարպետութեամբ մը շաղակրատել։
-Խցկուիլ ուրիշներու գործերուն մէջ՝ խօսքով մը պանդոյր մարդ մըն ես,- կը յարեմ։
-Կարծեմ զիս կը մեծարես, կը հափրանամ, բարեկամս,- ժպիտով մը ընդառաջ գալով կ՛ուզէ գրկախառնուիլ։
-Պարապ տեղը զիս հաճոյախօսել թոյլ չեմ տար,- կտրուկ ձեռքերով ետ կը հրեմ զինքը,- գիտես,- մարդիկ կան, զորս զարմանալի յատկութիւններ ունին, ատոնկ ալ մարդկային ըլլալու հետ որեւէ առնչութիւն չունին։ Դուն ատ տեսակն ես։ Նայէ, արդէն երկար ատեն է, ինչ զիրար կը ճանչնանք, բայց ինծի կը թուի, որ քեզ բնաւ չեմ ճանչցած։
-Իրաւունք ունիս,- կը խնդայ՝ ձեռքերը վեր պարզած։
-Ուրեմն՝ կ՛որսուի․․․
-Մէյ մը կեդրոնանամ, ապա ապակեդրոնանամ, անկէ ետք զիս կրնաս կորսուած համարել։ Բայց, յիշէ, ես պահանջարկ ունեցող մէկ մըն եմ։ Կը ցաւիմ որ միլեթը6 տակաւին զիս չէ գնահատած․․․
-Քեզ նմաններուն գնահատած է, որ սա վիճակնին մէջ կը գտնուինք․․․
Արթուր Անդրանիկեան
WhatsApp +374 91 423 159
1․Զուարճախօսիլ /թրք․/
2․Կաթուած
3․Կեցցես
4․անօգուտ
5․Իհարկե
6․Ազգ
- Hits: 116