ԿԱՊՈՅՏ ՀՈՒԼՈՒՆՔԸ. Համաստեղ /Համբարձում Կելենեան (1895-1966)

Երկու աւրուած աչքեր, ոսկրուտ հասակ մը, ու միշտ աւել մը ձեռքին։ Ահա Կարուկին հօրքուրը։

«Կարո՜ւկ»։ Դռան վրայէն կը պոռար միշտ։ Աչքերը չախ չէին ըներ. յաճախ դիմացի պատին վրայ ձգուած լաթի կտորը կամ արեւին դրուած բղողը Կարուկը կը կարծէր։

Կարուկ տանիքը՝ երդիքին քով, թռուցիկ շինելու զբաղած էր։ Երկու փայտերը կապած իրարու` թուղթերը կը փակցնէր, պոչը կը հիւսէր։ Խոշոր թել մը դերձան պիտի ունենար, որ թռուցիկը աւելի հեռուն, մինչեւ բարտիները, մինչեւ լեռը հասնէր։ Ան գիտէր, թէ հօրքուրը ո՛ւր կը պահէ իր դերձանները։ Եւ թռուցիկը շինած ատեն՝ տարօրինակ թռիչքներու մէջ ինկած էր. արդեօք հնարաւոր չէ՞ր, որ ինք հեծնէր թռուցիկին վրայ, ու հովը բարտիներէն վեր տանէր զինք. ամառ կէսօր մը ըլլար այդ. կալի աշխատաւորները զարմացած՝ իրենց գործերը պիտի ձգէին. խուրձ կապող կիներ, կալ կապող մարդեր, եզներ՝ իրենց կամնած տեղերէն, շուներ` գիւղի փողոցներէն, հաւեր՝ կիսապատերէն, լաթ փռող կիներ՝ տանիքներէն, բոլորը, բոլորը, վախի ու զարմանքի մէջ, վեր պիտի նայէին, պիտի ճանչնային զինքը, «Սագոյի տղան` Կարուկն է», —   պիտի ըսէին, —   «հրաշք է, հրա՜շք»։ Ի՞նչ հոգ, թէ հօրքուրը դռան վրայ, աւելը ձեռքը սպառնար իրեն. այդ բոլորին մէջ մանաւանդ Մարանը զինքը պիտի դիտէր իրենց տանիքէն։

«Կարո՜ւկ…»։ Հօրքուրին ձայնն էր նորէն։ Կարուկ ո՜րքան կ’ուզէր, որ ալքերը ելլէին մարագներէն՝ դհոլով-զուռնով, Սուրբ Սարգիս իր սազանդարներով անցնէր եւ կամ նախիրը գիւղին մէջ տարածուէր օտարոտի մայիւնով ու բառաչներով. եթէ այդ բոլորը չըլլային, գէթ կատու մը ըլլար, որուն պոչը տանիքի գաբանքին դռանը մէջ սեղմէր ժիր, որ ճզար, է՛նպէս ճզար, որ հօրքուրին ձայնը խանգարուէր ու չհասնէր իրեն։

Հօրքուրին սպառնալիքէն վախցած՝ կիսապատէն վար ցատքեց ու կամաց մը կեցաւ մօտիկը, մինչ հօրքուրը կը պատրաստուէր նորէն պոռալու. «Կարո՛ւկ, խուշի պէս վազէ, սանամօրմընէ թթխմոր ա՛ռ եկուր»։ Կարուկ ձիու խրխինջի նմանող ձայն մը ձգեց ու ձիու պէս քիթը հովին տնկած` վազեց։

Սանամարենց տունը շատ հեռու չէր։ Կարուկենց տանիքէն յաճախ կը տեսնուէր սանամայրը, որ լաթեր կը փռէր։ Կարուկ չայ ին ճամբան ափ առաւ` վստահ ազնուական ձիու նմանող իր վազքին ու արագութեան։

Առուին եզերքը փոքրիկները ջրաղաց կը խաղային. անոնք բարտիի տաշեղներով շինած էին անիւ մը, որուն վրայ ջուրը կը վազէր, ու անիւը կը դառնար։ Կարուկ կ’ուզէր, որ առաջին անգամ իր ցորենը աղան։ «Չէ՛, չըլլիր», —   կը խօսէր փոքրիկ Դաւիթը՝ ջրաղացպանի հովեր առած։ «Կ’ըլլի»։ «Չըլլիր»։ Կարուկ չար ձեռքով վար ձգեց փոքրիկ անիւը. տաշեղի կտորները քակուեցան, ու ջուրը տարաւ, ինչպէս հեղեղը կը տանի ոսկեղէն տաճար մը հէքեաթի։ Կարուկ իր ընկերներէն մեծ էր. ո՞վ կը համարձակէր «աչքիդ վրայ ունք կայ» ըսել։ Ու նորէն ազնուական ձիու մը վազքով շարունակեց իր ճամբան՝ թթխմորը բերելու։

Մարանենց այգիին մօտ էր արդէն։ Կ’ուզէր Մարանը տեսնել ու ազնուական ձիու իր վազքն անոր ալ ցոյց տալ։ Զարմանալի էր. Մարանը յաճախ հոն կ’ըլլար իր փոքրիկ հորթին հետ. միշտ պատին քով կեցած՝ հորթը կ’արածէր։ Հա՛, լաւ միտքն ինկաւ. Մարանենց տանձենիին վրայ հոպոպի բոյն մը գիտէր. Կարուկ ձեռք զարկած չէր հաւկիթներուն, մինչեւ որ օր մը մայր-հոպոպը հաւկիթներուն վրայ բռնէր։ Ծառէն վեր շնկխկեցաւ, թեւը սոթթած՝ բոյնին մէջ երկարեց, երբ ուրիշ անցքէ մը հոպոպը դուրս թռաւ յանկարծ. հաւկիթները տաք էին, գունաւոր ու կէտկիտուն, ձեռք չզարկաւ անոնց, մանաւանդ որ Մարանենց տանձենիին հոպոպն էր։ Ու շարունակեց իր ճամբան՝ թթխմորը բերելու։

Առաքելենց բակին մօտն էր. ծածքին քով էգ շունը կեցած էր` ծիծերը կախ։ Կարուկ ծածքէն ներս մտաւ` ստուգելու համար, թէ շունը քանի՞ ձագեր ցնկնած է։ Յետոյ շարունակեց իր ճամբան` թթխմորը բերելու։

Պահ մը մսավաճառին խանութին առջեւ կանգնեցաւ. զարմացաւ, որ մսավաճառը իր մսին գինը չէր պոռար. եթէ ինքը մսագործ ըլլա՜ր…։ Ու շարունակեց իր ճամբան՝ թթխմորը բերելու։

Երբ դռնէն ներս մտաւ, լսեց հօրքուրը, որ սանամօր հետ կը խօսի ու իր վրայ կը գանգատի. «Ի՞նչ ընեմ, մէրս քորս, Աստուած հոգիս ըլ չառներ, որ ազատիմ էս անառակին ձեռքէն»։ Ան երկար սպասեր էր Կարուկին ու վերջապէս ինք էր եկեր՝ թթխմորը տանելու։

Հօրքուրը թթխմորը առաւ ու, Կարուկին ձեռքէն բռնած, գրեթէ քաշքշելէն ու հերսոտ, տուն կը տանէր։ Մարանենց դռան առջեւէն կ’անցնէին։ Կարուկ ո՜րքան կ’ուզէր, որ Մարանը դռան առջեւ չըլլար, որ զինք այդ վիճակին մէջ չտեսնէր։ Մարանին մայրը դռան առջեւը կ’աւլէր, երբ հօրքուրը քովը կեցաւ ու սկսաւ գանգատիլ Կարուկի անառակութիւններուն մասին։

— Տահա պզտիկ են, հօրքուր պաճի, —   խօսեցաւ Մարանին մայրը, —   վաղը երբ մեծնան, էդպէս չեն մնըր։ Երկու օր է, մեր Մարանին վրայ չիպան մի ելեր է, ճիշդ կուրծքին վրայ։ Մէսմակս կսկծուն՝ հիւընտցեր է։

Հօրքուրը Կարուկին ձեռքը թոյլ տուաւ, բարկութիւնն իջաւ կարծես։ Ու պառաւներու յատուկ հեղինակաւոր շեշտով սկսաւ պալարին դարմանն ըսել.

— Վրան սոխ կապէ։ Սոխը ա՜ղո՜ւո՜ր մը խորվէ. քիչ մը սապոն, քանի մը տամլա զէյթին եաղի իրար խա՜ռնէ՜, ուրագին տիկտիկիով ա՜ղո՜ւո՜ր մը ծեծէ, տաք-տաք կապէ վրան։ Էս որ դնես, թէ չիպան ը կը ծակէ, թէ չիրիկ ը կ’առնէ։

— Զէյթին եաղի ն ո՞ր տեղէն, հօրքուր պաճի։

— Մեր տունը կայ քիչ մի։ Ես Կարուկին հետ կը ճամբեմ։

— Ղուրպան, հօրքուր պաճի, Կարուկին հետ խրկէ, որ կապեմ վրան. անցեալ գիշեր մէսմակիս աչքերը քուն չէ մտեր։

Քիչ վերջ Կարուկ, փոշոտ ու փոքր շիշ մը ձեռքին, Մարանենց դռնէն ներս կը մտնէր, մայրը սոխը կը պատրաստէր։ Մարանը պառկած էր անկողնին մէջ` կարծես կէս-քունի մէջ ինկած։ Կարուկ բարձր կը խօսէր, որ արթննար Մարանը։ Ա՜խ, ի՜նչքան կ’ուզէր, որ հեղ մը տեսնէր կուրծքին վրայի պալարը։ Մայրը օճառի տաշեղներ կը հանէր. երբ Կարուկ լսեց հօրքուրին ձայնը. «Կարո՜ւկ…»։

— Հօրքուրդ կը կանչէ, Կարո՛ւկ, —   դիտել տուաւ Մարանին մայրը։ Կարուկ մի քիչ տնտնաց. կ’ուզէր, որ սոխը պալարին վրայ կապած ատեն տեսնէր։

— Կարո՜ւկ…, —   նորէն լսուեցաւ հօրքուրին ձայնը։ Կարուկ յիշեց, որ հօրքուրը թթխմորին համար բարկացեր էր. բարկութիւնն աւելի չբարդելու համար պատրաստուեցաւ երթալու։ Անկողնին մէջ Մարանը ոտքերը կը շարժէր։

— Կարո՜ւկ…։

— Տղայ, պոռալէն հօրքուրիդ ձէնը քաշուեցաւ, —   նորէն դիտել տուաւ Մարանին մայրը՝ ծեծուած սոխը կտաւի մը վրայ քաշելով։ Կարուկ դուրս ելաւ։ Ա՜խ, ի՜նչքան կ’ուզէր, որ Մարանին պալարը տեսնէր…։

Գիւղացիք տօմարի պէտք չունէին։ Երբ տեսնէին, որ Կարուկը բոպիկ դուրս ելած է, ըսել է թէ գարունը կը բացուի, եւ հողին ջերմութիւն է իջեր։ Երբ Կարուկին վարտիքը պատռած է մինչեւ ծունկերը, ըսել է՝ ամառ է. իսկ եթէ կամուրջին տակ խեչեփառ կ’որսայ, ըսել է՝ աշուն է։ Կարուկ այդ ամառ յատկանշական բաներ չունեցաւ. Մակարենց ծառ մը կեռասն ամբողջ ինքը կերաւ։ Նաեւ օր մը, երբ ինք ու Մարանը կը խաղային կալին մէջ, Մարանէն համբոյր մըն էր ուզած ու մերժուած։ Մարանը նոյն իսկ իր մօրն էր ըսած, մայրը՝ հօրքուրին, հօրքուրն ալ լաւ մը ծեծած էր Կարուկը։

Աշունի օր մը Կարուկ խեչեփառ որսացած ատեն կամուրջին տակ կապոյտ հուլունք մը գտաւ. մէջէն թել մը անցուց ու վիզէն կախեց` չար աչքէ ու չար փուշէ ապահով ըլլալու համար։ Իմացեր էր հօրքուրէն, թէ կապոյտ հուլունքը չար աչքերէ ազատելու համար լաւ է։ Կարուկ յաճախ կը պատմէր իր ընկերներուն հուլունքի հրաշագործութեանը մասին։ Հոն կ’ըլլար նաեւ Մարանը, որ օր մը նոյն իսկ ուզեց իր ձեռքին մէջ պահել հուլունքը։

Այդ օր Մարանը սովորականին պէս իրենց այգիին մէջ հորթը կ’արածէր եւ ապրիմ-մեռնիմներով պսակ կը հիւսէր, երբ հո՛փ… պատէն վար ցատքեց Կարուկը։

— Հա՛, որ մարդ էս հուլունքը վրան կարէ, գէլին բերանը մէկէն կը կապուի, —   կը պատմէր Կարուկ՝ աչքերը խոշոր-խոշոր բացած։ Որ վէգ խաղաս, ամբողջ բախտը քեզի կուգայ։ Որ ծառէն իյնաս, բան չես ըլլիր. նէ՛ սէլ ը կը տանէ, նէ՛ ըլ կրակը կը վառէ, որ քովդ ունենաս…

Կարուկ ինչեր, ինչե՜ր չէր ըսեր։ Մարանը յափշտակուած էր հուլունքով։

— Կարուկ, հուլունքը թող քովս մնայ, հա՞, —   կը խնդրէր Մարան։

— Չէ, չէ, հարիր օսկի ըլ տաս կինէ էս հուլունքը չիմ տար։

— Թող մէկ օր իմ քով մնայ, ի՞նչ կ’ըլլի, —   կը խնդրէր Մարան` կանացի ժպիտ մը ու շիկնոտութիւն մը տալով իր երեսին։ Մարանին աչքին՝ հուլունքի գոյնն աւելի սիրուն կ’երեւար. յետոյ ջերմութիւն մը կար այդ կապոյտ հուլունքին մէջ։ Ա՜խ, ի՜նչ լաւ էր, որ գէթ մէկ օր իր մօտը մնար։

Այգիին մէջ մարդ չկար. երբեմն թռչունի թեւեր կ’անցնէին. մինակ էին Կարուկ ու Մարան։ Կարուկ այդ մենութեան մէջ անծանօթ ջերմութիւն մը զգաց. Մարանը այդ օր աւելի գեղեցիկ կ’երեւէր, երբ շիկնոտ ժպիտով մը հուլունքը կը խնդրէր։

— Մարա՛ն, —   ձայն տուաւ Կարուկ ու լռեց։ Ձայնը կարծես շատ խորունկէն եկաւ։

— Ի՞նչ է, Կարուկ։

Կարուկ չկրցաւ ըսել. ջերմութիւնով բռնկած էր, ինչպէս կապոյտ հուլունքը Մարանի ափին մէջ։ Ա՜խ, չէր կրնար ըսել։ Իսկ թէ մերժէ՜ր…։ Ծռեցաւ կամաց մը ու Մարանի ականջին փսփսաց.

— Որ պաչիկ մը տաս, էդ հուլունքը քեզի կուտամ։

Մարանը աւելի շիկնեցաւ եւ աչքերը վար առաւ։ Ինչպէ՜ս համաձայնէր։ Եթէ մայրն իմանա՜ր…։ Չէ, չէր ուզեր։ Սակայն հուլունքը ափին մէջ բռնած՝ այլ եւս չէր ուզեր Կարուկին տալ։ Հուլունքը ափին մէջ աւելի կը ջերմանար, գոյնն աւելի աղուոր կ’երեւար։ Իսկ թէ մայրը իմանար յանկարծ…։

— Չէ, չեմ ուզեր, Կարուկ, —   խօսեցաւ Մարան։

— Անանկ է նը հուլունքս տուր, —   վրայ տուաւ Կարուկ։

Մարան հուլունքէն չէր ուզեր բաժնուիլ. ի՜նչ լաւ էր, վաղը վիզէն պիտի անցընէր այդ կլորիկ ջերմ ու կապոյտ հուլունքը։

— Չէ, Կարուկ, որ պաչիկ տամ, դուն մարդու կ’ըսես։

— Քորնա՜մ, Մարան, որ մարդու ըսեմ, սաղ-սաղ թաղուիմ, —   Կարուկ երդում-կտոր կ’ըլլար։

Մարան նորէն լռեց, կարծես չէր ուզեր։

— Անանկ է նը հուլունքս ինծի տուր, —   Կարուկ նորէն պնդեց։

— Հը՛, —   խօսեց Մարան շիկնումով եւ հաճելի տհաճութեամբ երեսը Կարուկի շրթներուն աւելի մօտեցնելով…։

Օ՜հ, ի՜նչքան ջերմ էին Կարուկի շրթները, աւելի ջերմ, քան հուլունքը կապոյտ, որ իր ափին մէջ կը վառէր։

  • Hits: 8518

Կայքը գործում է ՀՀ մշակույթի նախարարության աջակցությամբ։

© 2012 Cultural.am. Բոլոր իրավունքները պաշտպանված են ՀՀ օրենսդրությամբ: Կայքի հրապարակումների մասնակի կամ ամբողջական օգտագործման ժամանակ հղումը կայքին պարտադիր է: