Արթուր Անդրանիկեան․ Այսօրուայ գործը ապագային մի թողուր

«Երգիծախոկումներ» շարքէն - 2
-Այսօր չեմ ուզէր աշխատիլ,- կ՛ըսեմ տիկինիս՝ վախցած, այլեւս իգեղէններու յարձակումները ճաշակած պահեստազօրի սպա մըն եմ, բարեկեցիկ վիճակ մը։
-Աշխատիլ-չաշխատիլդ չեմ գիտէր, ես ծանօթ փաստաբանի մը պէտքն ունիմ, դուն քեզի նայէ։ Կարծեմ երէկուայ կշտամբանքներէս դաս մը առած ես․․․
-Ատ դասը գոց սորված եմ եւ աշակերտի դերիս ալ ընտելացած։
-Կը գուշակեմ, բայց չմոռենաս որ գիշերներն ալ կրկնես։ Կ՛ըրնայ կրկնուսոյցի պէտք ունիս։
-Շատ աղէկ,- կ՛ըսեմ,- բայց մի մոռնար որ ժամադրութենէն չեն ուշանար։
-Ես ժամադրուած չեմ։
-Փաստաբանը մոռցա՞ր։
-Ինք ժամադրած է կարեւոր գործի մը համար։ Կը երեւակայե՞ս, կ՛ուզէ իր տիկինին հետ ցանօթացնել, ան քաղաքագէտ է․ այն օրուայ ելոյթս հաւնած է։
-Ո՞ր օրուայ։
-Երէկուընէ այդ մասին կը խօսիմ։ Չէի՞ր լսէր։
-Կը լսէի, բայց մոռցած եմ, յիշեցուր։
-Շատ աղէկ ըրեր ես, քեզի չհետաքրքրող բաները չես յիշեր։
-Յիշողութեամբ ապրիլն ալ պարապ զբաղում մըն է, ապագայով ապրիլն ալ։
-Դո՞ւն, յիշողութենէն կը խօսիս։ Երեկուայ կերածդ կերակուրդ կը յիշե՞ս։
-Կը յիշեմ, աղուոր համ մը ունէր։
-Շրթներո՞ւդ հարցուցած ես։
-Ոչ, բերանս կը վկայէ։ Դուն ինչո՞ւ իրար կ՛անցնիս։ Ժամադրութենէդ կուշանաս։
-Մի վախնար, տակաւին ժամ մը կայ։
-Այն ատեն ինչո՞ւ կ՛աճապարես։
-Որ խման ըկերոջդ չտեսնեմ։ Մոռցա՞ծ ես, այն ճիշդ ժամու մը այցելութիւն կու տայ։ Այնքան ալ ճշտապահ է բեղաւորը․․․
-Ի՞նչ մեղք գործած է, որ մեղաւոր կ՛անուանես։
-Լսողութեան խնդի՞ր ունիս, կ՛ըսեմ բեղաւորը․․․
-Դուն ալ տեսողութեան խնդիր ունիս, ան բեղերը շատոնց սափրած է։
Այդ պահուն մէկ մը սենեակ կը մտնի՝ ձեռքերը վեր պարզած, խնդուքը շրթներէն կախ․
-Ըսի անակնկալ մը ընեմ բարեկամներուս․․․
-Եւ ի՞նչ է քու անակնկալիդ նպատակը կամ նպատակիդ անակնկալը,- դիտել կու տայ տիկինս, մէկ ձեռքով պայուսակը բռնած, միւս ձեռքն ալ զիս մեկնելով,- ինքն անակնկալներ կը սիրէ՝ մինչեւ անոնց յանցանքի չվերեարծուիլը։ Ըսէ, տեսնենք անակնկալդ ուրո՞ւն համար ես հահած․․․ պահածոյացրած․․․
-Այսօր տիկինէս բաժնուեցայ, փաստաբանի մը կարիքն ունիմ։
-Կրնաս դուն ալ զիս ատ տեսակ նոյն բովանդակութեամբ անակնկալ մատուցես,- մտախոհ, խնդուքը զսպելով կ՛ըսէ տիկինս։
-Նոյն բովանդակութեամբ գաղափարներու սիրահար չեմ,- կ՛ըսեմ,- անբովանդակ կեանքով ապրողներուն կրնաս դիմել, տարիներու փորձառութիւնս ատ կը հաւաստէ։ Արդեն ուշ մնացի, պէտք է երթամ․․․
-Սիրով կը փափաքիմ ուղեկցել մինչեւ սենեակի դռնէն դուրս,- ընկերս ձեռքի վախուոր շարժում մը կ՛ընէ՝ դիմելով տիկինիս։
-Հոգ մի ընէր, ընտանեկան սկզբունքներուն հաւատարիմ պարոն,- իր ետեւէն դուռը գոցելով կ՛ըսէ տիկինս։
Երկուքով շփոթած իրար կը նայինք։ Վայրկեան մը կը լռենք՝ նոյն շփոթուածութեամբ, կարծես մէկու մը ներկայութենէն․․․ մեր ներկայութիւնը կը մոռնանք։ Կը խորշինք ինքզինքնէս։
-Տիկինէդ նեղուա՞ծ ես,- կը հարցնեմ։
-Ի՞նչ տիկին,- կ՛ըսէ՝ հայեացքին մէջ անտարբերութեան զիկզակներ,- Ա՜հ, տիկինս նկատի ունիս, ան վաղաժամը, որ երեկուընէ օձիքէս բռնած կ՛ըսէ․
-Դուն բնաւ զիս չես խանդեր, ի՞նչ պատճառ ունիս չխանդելու, պակասաւոր տեղ մը ունի՞մ։
-Շնորհակալ պէտք է ըլլաս,- կ՛ըսեմ-, առիթ չես տուած։
-Առիթներո՞ւ կ՛ըսպասես, առիթ մը ինծի տուր։
-Վայ, վայ, այդչափ տխմար եղեր ես,- կ՛ըսեմ,- բայց բռունցքներս կը սեղմեմ չեմ յարձակիր իր արժանապատուութիւնը կը յարգեմ, խաղք ու խայտառակ չըլալես՝ կը մտահոգուիմ։
-Ետքը՞ բան մը պարզուեցա՞ւ։
-Բան մը չէ եղած, որ ուրիշ բան մըն ալ պարզուի։
-Չես հասկնար,- կ՛ըսեմ,- ետքը բան մը որոշուեցա՞ւ։
-Ատիկա փաստաբանի խնդիր է։
-Ըսել կ՛ուզես այլեւս չե՞ս ախորժիր նոյն յարկի տակ ապրիլ։
-Ախորժիլ, չախորժիլ, ատոնք սին խօսքեր են։ Իմ խօսքերս զինք հանդարտեցուց, այլեւս պէտք է բաժնուինք՝ անպատճառ։
-Պատճառներու բացակայութենէն չե՞ս նեղուիր։
-Հետեւանքներու առկայութիւնը զիս կը մտահոգէ․․․․
-Այն ատեն․․․
-Ի՞նչ ատեն նկատի ունիս, երբոր հանդիպեցա՞նք առաջին անգամ․ կը յիշեմ այդ օրը բարեգործական երեկոյ մըն էր։ Ինքն ալ կը վարէր երեկոյին գեղարուեստական բաժինը։ Հետաքրքրուեցայ՝ իրմով։ Անծանօթ մէկ մը գրեթէ սիրահարիլս զգալով՝ ծանօթացուց։ Յանկարծ․․․ քունէն արթնցածի մը պէս պոռաց․
-Յետոյ պարզուեցաւ, յետոյ․․․ Ատ մարդը որուն ակնարկ կ՛ընեմ, ծանօթացնողը փաստաբան էր, անոր կրնամ դիմել։
-Չըլլայ թէ այն փաստաբանն է որը ժամադրած էր տիկինս։
-Այն ատեն երկուքով պէտք է երթայինք․․․
WhatsApp +374 91 423 159
- Hits: 255