Ազատն Շահնուր
Ազատն Շահնուր
Ճշմարտութիւնն է կարեւոր, ես ճշմարտութիւն համարում եմ այն ամէնը, ինչը շարունակւում է:
Ալբեր Կամիւ
Հայ գրական մտածողական միտքը վերջին տասնամեակների ընթացքում այնքան էլ հարուստ չի եղել ժամանակները սարսող, փոթորկող իրադարձութիւններով, դրանով իսկ հասարակութեան ուշադրութեանն արժանացած: Հրանտ Մաթեւոսեանի «Ահնիձոր» պատումը, Գուրգէն Մահարու «Այրուող այգեստաններ» վէպը, ասուածի եզակի վկայութիւններ լինելուց զատ, որոշապէս տեղայնացուած բնոյթ եւ նշանառութիւն ունէին: Ցայսօր անխամրելի է յիշեալ ստեղծագործութիւների խորքային-բովանդակային նշանակութիւնը: Մի դեպքում զուտ մարդկային եւ իրաւակարգային խնդիրների հոգեբանօրէն պատճառաբանուած յարասութիւնը, միւս դէպքում պատմա-մտածողական մեթոդի վերանայումն ու վերարժեւորումը
/առ ազգային ազատագրական պայքարն ունեցած յանդուգն դիտարկումներով/ հասարակական գիտակցման մէջ որոշակի ճեղքուացքներ էին յառաջացրել, եւ սա ժամանակապահանջ իրողութիւն էր, ինչ-ինչ առումներով դարձակէտային հայ մտածողական մտքի որոնումներում: Սակայն այս ամէնը ժամանակաշրջանի առժամեայ, սոսկական տպաւորութեան արդիւնք էր: Իրականում մեր պատմութեան վերարժեւորման խնդիրը, նրա յետագայ զարգացումները ոչ հռետորական շեշտադրուածութեամբ, Շահան Շահնուրի գրական-գաղափարական մտածումի երկսայրի ճշմարտութեան առանցքն է կազմել տակաւին 1920-30-ական թուականներից:
«Նահանջը առանց երգի» /1929/, «Յարալեզներու դաւաճանութիւնը» /1933/, «Թերթիս կիրակնօրեայ թիւը» /1958/ եւ այլ ստեղծագործութիւններով Շահնուրը անկարող էր չհնչեցներ Հայի լինելեութեան տագնապը՝ ամենատարբեր իրավիճակներում, /մանաւանդ որ վերապրել էր Մեծ եղեռնը/ հայրենազրկմամբ, տարագրութեան ողջ ընթացքում՝ Սփիւռքում հայութեան նահանջի եւ ինքնահաստատման ժամանակաշրջանում մինչեւ կեանքի վերջը /1974/ միշտ համոզուած, որ հայութիւնը ունի պատմական առաքելութիւն, միայն թէ որդեգիր լինի նորին մեծութեան Ճշմարտութեանը, իր անցեալը եւ ներկան դիտի պարզ, անխարդախ, ոչ ինքնախաբ աչօք: Եւ այս ամէնի համար պէտք էր գրողական իրաւ խիզախում. Շահնուրի ողջ ստեղծագործութիւնը այդ եզակի խիզախման արգասիք է…
«Ճշմարտութիւնը ծնւում է միայն լիարժէք, երկկողմ բացախօսութիւնից» /Կարլ Յասպերս/: Այս պարագային Շահնուրի առ իր ժողովուրդն ունեցած կարծիքը՝ հայի բնոյթն ու էութեանականութիւնը իմաստասիրողի կեցուածքի ինքնայորդ արտայայտութիւնն էր, գրողական ինքնազննում:
Այսկերպ է միայն Շահնուրն իրեն իրաւունք վերապահում ուրուագծելու հայութեան անցած ճանապարհն ու յետագայ ընթացքը՝ ժողովրդի, որը պատմականութեան /ճակատագրի/ բերումով մշտաբար հասել է մի հանգրուանի նախկին ձախողումների բեռան տակ, անճանաչ առարկայական իրականութեանը եւ իր հաւաքականութեան կարողականութեանը:
Շահնուրեան խօսքն ու մտածումը երբեմն չափազանց եւ չափն անց ինքնամերկացնողն է՝ լիարիւն «հայի մը» գիտակցումով դրսեւորուած ազգային տոկունութեան չարդարացուող պահանջով. «Եւ դուն, երեկի սերունդ, ջարդուած սերունդ, կ՛ուրանամ քեզ ալ: Բացի ձեր մէջը գտնուող մէկ քանի կոյս արուեստագէտներ, դուք չէիք կրնար չջարդուիլ ով ապրիլ 11-եաններ: Դուք պէտք է որ ջարդուէիք, քանի որ ամէն բան ըրիք ատոր համար... Գիտեմ որ ձենէ շատեր եւ շատեր /գրեթէ բոլորդ/ բարի նպատակներով տոգորուած էիք, բարի կամեցողութիւն ունէիք, երբեմն ու կը սիրէիք Հայը: Բայց ատիկայ բան մը չարդարացնէր: Այն որ ազգի մը ճակատագրին հետ կը խաղայ, այն որ ժողովուրդի մը պատասխանատուութիւնը վրան կ՛առնէ, ան կրնայ անբարոյական ըլլալ, կրնայ վատ ըլլալ, բայց պէտք է, որ ՄԻՏՔ ունենայ եւ յաջողի» /«Աւագ Ուրբաթ/:
Թւում է անողոք ու «ճշմարտազանց» է Շահնուրն իր գնահատումներում,- «...մեղայ, հայուն անբուժելի կարճամտութեանը համար»,- բայց պատմութեան անցեալ եւ ներկայ ընթացքը «բարոյական յաղթանակներից» ճաք տուող ազգային գրքունակ սնափառութիւնը,- սերունդների հետ սերտաճող,- խորունկ թմբիրից արթնացման կոչնակ ե՞րբ է հնչեցնելու. «Մենք երբեւիցէ մէկը չխածինք, մէկը չզգետնեցինք, մենք օր մը օրանց մէկուն չյաղթեցինք որպէսզի մեզ յարգէին ծածկուած սարսափով»: Ընդհանրապէս, տասնամեակներ շարունակ շահնուրեան ազգային գիտակցումի արժեւորումներին տրուել է պարտուողական, հայութեան համար անկենսաշահ դիրքորոշման որակաւորում: Արդեօք կարո՞ղ ենք հայոց անցած ողջ ճանապարհին առանձնացնել որեւէ դաշնագիր պատմութեան մէջ հայանպաստ դրսեւորումներով. «Բոլոր դռները գոցեցին, ...եւ բանալիին ծակերուն վրայ մէյմէկ կնիք զարկին, Հայուն չորցած արիւնովը կազմուած»:
Խղճմտանք ու... քաղաքականութիւն. աշխարհի քրիստոնեայ տէրութիւնների անգութ գութը հայցելու ժամանակի իշխանաւորների «մտաւորական» կեցուածք, ուժակորոյսի խոնարհում եւ պահանջատիրական նկրտումներ, միաժամանակ... Արդեօք Շահնուրի մտքի, իմացականութեան զարմանալիօրէն կանխահաս պառթկման արգասիքը չէ՞ այն, որ «իզուր, իզուր կը ջանայի ուրացումի պահերս երկարել եւ առանձնանալ իմ անձիս հետ, դառնալով արհամարհող ու շնական հայկական իրականութեան հանդէպ»: Գրողական /աւելին՝ մարդկային/ ինքնազոհաբերմամբ երեւակայել ու բարձրաձայնել, ասել ճշմարտութիւններ, որոնք այսպէս կոչուած, ընդունելի-ազգային սխալականութիւնն են ցուցանում, գրեթէ անպատկերելի է, մանաւանդ, երբ մի ողջ գիտակցական կեանք է նուիրաբերուել ՀԱՅ-ի անկորստութիւնը հնարաւորինս ապահովելու հաւատամքին: Շահնուրի զուտ եւ միայն ազգային շեշտադիր դատողութիւնների շրջագիծը չափազանց ընդլայն ու տարածական է՝ հայութեան անցեալի, ներկայի իրադարձութիւնների յարընթացը իր ուժականութեամբ է ակներեւ-գործուն՝ ապագայի կանխորոշումներն ապահովող. «Մեզի քիչ մը մանկունակ կը թուի սա խօսքը. «կամ պիտի ընկղմինք, կամ պիտի յաղթենք», որովհետեւ ափսոս յստակօրէն չենք կրնար տեսնել թէ ինչպէս պիտի յաղթենք: ...Մեզի համար այսօր, այս ճգնաժամային պահուն, գոյութիւն չունի, գոյութիւն պէտք չէ ունենայ Հայուն փրկութենէն դուրս ոեւէ բան: Մեզի համար նախապատերազմական փանջունիական իմաստ մը չունին սա բառերը, ընկերային հարց, մարդկութիւն, աշխատաւորութիւն: Ասոնք ամէն բանէ առաջ կը նշանակեն: Աչքերը դէպի Հայը» /«Մենք»/:
Պատմութեան չիւրացումով շարունակուող Հայոց պատմութիւնը, Մեծ եղեռնի պատճառների խնդրայարուցման
/միօրինակ կերպով/ իրողութիւնը, Շահնուրի համար անինքնաճանաչողութեան ցաւագին արտայայտութիւն լինելուց զատ, նաեւ կորստաբեր էր, քանզի շարունակուող ազգային մտակեցուածքի եւ գաղափարաբանութեան քնարերգական նկրտումները տիրող էին ու տիրական: /Ամենեւին պատմական արգելք չենք տեսնում նշելու, որ Բալկանեան պատերազմի ժամանակ /մինչեղեռնեան շրջան, 1912-1913 թ.թ./ շուրջ 300 հազար հայեր էին զինուորագրուել ռուսական բանակ, միւս հակամարտ կողմում հայութեանը զինուորագրուելու, իրականում զինաթափելու ծրագիրը վաղօրօք էր նախատեսուել: Երիտթուրքերի կողմից անցկացւում էին պետականօրէն ծրագրուած միջոցառումներ. «Ազգային դրամահաւաքից» սկսեալ Թուրքիոյ հպատակ ազգութիւնների,- այդ թւում՝ յատկապէս հայերի,- զինուորագրում: Տարբեր ուսումնասիրողների կողմից նշւում են տարբեր թւեր՝ 250-ից մինչեւ 400 հազար հայեր կային թուրքական զօրամասերում. «ուզեցին մեզ անբանացնել զինւորականութեան պողպատէ ճիրանին մէջ...» («Յարալեզու դաւաճանութիւնը»)։ Եւ չնշել, որ սա ուղղակի պայքար էր հայ յեղափոխականութեան եւ պահպանողականութեան միջեւ, կը նշանակի շրջանցել ժամանակի իրականութեան ողջ նկարագիրը՝ յետագայում արդէն հայութեան համար ողբերգական շեշտադրումների հիմք հանդիսացող: Շահնուրը, բնականաբար, չէր կարող պատմական այս իրողութիւնների հանդէպ իր բացորոշ վերաբերմունքը չդրսեւորել՝ դիմազերծելով, բնաւ չարդարացուող վիպապաշտական հայրենասիրութիւնը:
Անտես առնել շահնուրեան դիտարկումների ճշմարտացիութիւնը ու փորձել մեկնաբանել գրողի «ազգամերժութեան» /ըստ էութեան ժամանակների հեռաւորութիւնից այսօր էլ արդարացւող/ կեցուածքով, չտեսնել նրա ընդհանրացման
/պատմականօրէն/ հաւաստիութիւնը, նոյնն է, թէ հերոսական անբաւարարուածութեամբ շարունակ հիանալ անցեալի արիւնոտ-անարդիւնավետ «նուաճումներով»: Արդ, այլեւս պարզորոշ է, թէ ինչ մտայնութիւնների /ազգային, քաղաքական, հոգեբանական/ դէմ էր ծառանում Շահնուրը՝ «ապազգաց հայրենասիրութեան», որ անփոխարինելի սիրով ու գուրգուրանքով էր սնել հայ քաղաքական միտքը՝ դառնալով կենսատու աւիշը ազգային գործունէութեան:
Իբրեւ մտածողական աւիւնի գրող Շահնուրը չէր կարող ընդունելի համարուող տեսակէտներին չհակադրուել ուրոյն դիրքորոշումներով. «Արտաքին թշնամիներէ աւելի կը փնտռենք ներքին թշնամիներ: Դուք մեզ բոլորովին տարբեր տեղ առաջնորդեցիք: Անվերջ հայհոյեցիք թուրքին: Կը նմանիք մանուկի մը որ քնացող գազանի մը վրայ խճաքարեր կը նետէ... Ապա եթէ գազանը արթննա՞ր: Արթնցաւ: Մենք կը խորհինք, որ եթէ երբեւէ մենք պարտուեցանք որովհետեւ անգլիական զրահանաւերը չէին կրնար Արարատը ելլել... պարտուեցանք նաեւ անոր համար, որ մենք չէինք կրնար մեր մէջը իջնել: Այդ իսկ պատճառով այսօր սկսած է ինքնաճանաչման շրջան մը: Բան մը, որ եթէ աւելի կանուխ եղած ըլլար, թերեւս այս վիճակին չհասնէինք: Ազգային ոգի պատրաստելէ աւելի, կը ջանայիք պատրաստել ամբոխային ուժ»: Ամենեւին աւելորդ չէ նշել, որ այս յորդորը ուղղուած էր հայ յեղափոխականութեանը: Նրա տագնապներին խորապէս յաղորդ Շահնուրը, բնականաբար, պէտք է համարուեր «մարդ մը, որ Արարատ չունի իր հոգւոյն խորը»: Ակնյայտ է գրողի դէմ ծառացած կուսակցական վարչամտածողութեան կերպը՝ անյանդուրժողութեան դրսեւորումներով ազատ եւ, ինչու՞ չէ, իրաւ մտածողութեան նկատմամբ:
Սակայն հակաշահնուրեան հիստերիայի իններորդ ալիքը պիտի բարձրանար 1935 թ. Փարիզի «Ապագայ» թերթում տպագրուած, ապա 1969 թ. Սիմոն Սիմոնեանի «Սփիւռք» շաբաթաթերթում արտատպուած Շահնուրի «Ազատն Կոմիտաս» յօդուածի առթիւ: Այն շատ կարճ ժամանակում, ժամանակակիցների բնորոշմամբ դարձել էր ազգային գրական-հրապարակագրական դիմադարձութեան երեւոյթ: Պատճառը յօդուածում արծարծուած գաղափարներն էին՝ անսքող շեշտադրութեամբ: 1970 թ. տեսնելով կրքերի շիկացման համընդհանրական բնոյթը, «Յառաջ» օրաթերթում, անխոնջ Արփիկ Միսաքեանը, Շահնուրի կողմից արուած լեզուական աննշան բարեփոխումներով վերստին տպագրում է այն: Հասարակական հետաքրքրութիւնը եւ պահանջը ի վերջոյ «ստիպում է», որ «Ազատն Կոմիտասը» տպագրուի առանձին գրքոյկով՝ կից ունենալով «Վաղը» յաւելագիրը» /Մատենաշար «Յառաջ», Փարիզ, 1970/:
Գրիգոր Քէօսէեանին յղած նամակներից մէկում Շահնուրը գրում է. «Փարիզէն ինծի կը յաղորդեն թէ Երեւանի գրական շրջանակները զիս կը քննադատեն անսովոր բարկութեամբ, չըլսելու համար մոլուցքով: Անոնք հիմնուէր են իմ մէկ հին գրութեան վրայ, զիս դատապարտելու համար: Ինքզինքիս պիտի չթոյլատրեմ հետեւիլ իրենց օրինակին... այլեւս սովորութիւն եղած է Աւետարանի խօսք նկատել, առանց հակակշռի, Երեւանէն եկած ամէն գիր»:
Նոյն ջատագովութեամբ եւ մոլուցքով հակաշահնուրեան շարժումներ սկսուել էր Սփիւռքում: Նոյնիսկ ռամկավար մամուլն էր յայտնւում «երկու յակա հոսանքներուն միջեւ»: Շահնուրը ընդդիմախօսներին չարձագանքեց՝ ի բացառեալ Վահագն Դաւթեանին ուղղուած «Անիմանալի գրոհը» յօդուածի: Արդ, տեղն ու ժամանակը չէ յիշելու յատկապէս առաջին «ջութակ> յանդիսացող ազգային, կուսակցական մենակատարներին: Եւ ժամանակն էլ տակաւին կանուխ է արժանահաւատօրէն արձագանգելու շահնուրեան պոռթկումի ճշմարտացիութեանը: Բայց խնդրայարոյց է գրողի արծարծումի անողոքութիւնը ողջ իրաւութեամբ եւ թելադրականութեամբ. «Կը խորհիմ որ մեր աշխարհը բան մը պիտի չկորսցնէ, եթէ իր երեսէն Հայը անհետանայ... Բայց ան բան մը պիտի շահի անկասկած եթէ Հայը արդիւնաւորէ, անգամ մը եւս, իր հանճարին թաքուն ուժերը»:
Այսպիսի «անարդարանալի» նկատումները, ազգային ուռուցիկ հպարտութեամբ եւ «ողջամտութեամբ», ինչպէս եւ ում կողմից ասես ազգադաւութիւն, սրբապղծութիւն չյորջորջուեց: Դոյզն-ինչ լոյս սփռելու համար իրողութեան վրայ, յատկանշական եւ էական համարելով խնդրոյ առարկայի ժամանակահունչ լինելը, չենք կարող զանց առնել՝ չնշելով Շահնուրի ընդհանրացման ողբերգութիւնը հայ հանճարի ոչ պատահական ոգեկոչմամբ. Շահնուրն ազգային ինքնաբաւութեամբ տառապող ինքնահիացներին, եթէ սթափութեան չէր կոչում, ապա «ամուր վիճակի մը հաստատ իրականութեանն է» յաղորդ դարձնում: Շատերի համար իսպառ անհասկանալի, գուցէ եւ, անընդունելի իրականութեան:
«Թէ հայը կրցեր է դիմադրել դարերու խորտակիչ ճնշումին, ինքնին արդէն յաղթանակ մըն է, փոյթ չէ թէ ան եղած ըլլայ լուռ յաղթանակ մը... աշխարհի տեսողութենէն հեռու: Նոր յաղթանակը պիտի գայ այսօր եւս, քանի որ անցեալի մէջ ան մեզ շնորհուած է բազմիցս, եւ մենք այսօր կրնանք թուել անոնցմէ չորսը - Ս.Մեսրոպ, Կոմիտաս, Կաթողիկէ եւ Անդրանիկ»: Վկայակոչելով «մեր չորս ազատութիւնները», Շահնուրը հրատապ է համարում /«որքան ցանկալի պիտի ըլլար»/ հինգերորդ յաղթանակի գոյութիւնը՝ միշտ ի խնդիր ապահովութեան ազգային: Ասել է, թէ հայոց լեզուի նկատմամբ տածած անշփոթելի, ինքնապաշտպան սէրն է Շահնուրի համար կարեւորուել եւ այս խորապատկերի վրայ հիմնազուրկ դատողութիւններով, պարսաւաշունչ մղումներով, գերատեսչական հայրենասիրութեամբ անարգանքի սիւնին է գամուել մարդը, գրողը, որը յանդգնել է դրսեւորել ուրոյն մտածողութիւն՝ արտայայտելով ազգի եւ ազգայինի մասին իր կարծիքը...
Այս ամենով հանդերձ, տարիներ անընդմէջ վատառողջ, բայց անդրդուելի Շահան Շահնուրը բնաւ զղջում եւ յուսալքում չապրեց, նոյնիսկ կեանքի վերջին տարիներին «կրցաւ արգիլել վերջին անկումը» /այսպէս ինքը բնորոշում է Կոմիտասի տոկունութիւնը/ դէպի մեր այսօրը նետած իր սթափեցնող-ուղղորդող հայեացքով. նա՝ Ազատն Շահնուրը:
Արթուր Անդրանիկեան
ԱԶԱՏՆ ԿՈՄԻՏԱՍ
Կը խորհիմ, որ մեր աշխարհը բան մը պիտի չկորսնցնէ, եթէ իր երեսէն Հայը անհետանայ վերջնական չքացումով: Բայց ան բան մը պիտի շահի անկասկած, եթէ Հայը արդիւնաւորէ, անգամ մը եւս, իր հանճարին թաքուն ուժերը:
Ի՞նչ ենք ի վերջոյ այսօր, մեր գաղթականութեան սա հազար-ինը-հարիւր-երեսուն եւ հինգ թուականին, եթէ ոչ թշուառ եւ խոցոտ բարիաներու թափառականութիւն մը, նշաւակ` քաղաքավարական կարեկցութեան, եթէ ոչ արհամարհանքի: Ի՞նչ ենք այսօր, եթէ ոչ եղերականօրէն սնանկ այլ յաւակնոտ այլանդակութիւն մը, որ քարշ կու տայ իր քէներն ու անբուժելի վէրքերը: Ստրուկ` որ եղբայրասպան կռիւի մէջ կը հերոսանայ: Երբեմն ո՛չ իսկ այդ:
Եւ եթէ պատահի որ հայ ժողովուրդի ընդերքէն փայլատակէ ինչ-որ ստեղծագործ ուժ մը, եւ եթէ պատահի որ այդ ուժը գտնէ իր կիրարկման յատուկ տարրը, կասկած չկայ, որ նոր գեղեցկութիւն մը աւելցած պիտի ըլլայ աշխարհի գեղեցկութիւններուն վրայ: Գեղեցկութիւն՝ որ պիտի ըլլայ այնքան թանկագին եւ պայծառ, որքան նսեմ եղած է այն շփոթութիւնը, ուրկէ կը յառնու ան:
Եւ այդ գեղեցկութիւնը չի կրնար չյայտնուիլ: Այն պարզ իրողութիւնը, թէ Հայը կրցեր է դիմադրել դարերու խորտակիչ ճնշումին, ինքնին արդէն յաղթանակ մըն է, փոյթ չէ թէ ան եղած ըլլայ լուռ յաղթանակ մը, նման անոնց որ կը տարուին խաւար անկիւններու մէջ, աշխարհի տեսողութենէն հեռու: Նոր յաղթանակը պիտի գայ ա՛յսօր եւս, քանի որ անցեալի մէջ ան մեզ շնորհուած է բազմիցս, եւ մենք այսօր կրնանք թուել անոնցմէ չորսը — Ս. Մեսրոպ, Կոմիտաս, Կաթողիկէ եւ Անդրանիկ:
Անոնցմէ դուրս ոչինչ ունինք որ ըլլայ ճշմարիտ յաղթանակ եւ անվիճելի նուաճում: Այս չորսերն են միայն, որոնց մօտ կարելի է ապաստանիլ յուսալքման եւ ուրացումի դաժան գիշերներուն, ինչպէս մարդ պիտի ընէր դէպի լոյսը:
Ո՛չ այն լոյսը, որ մութը փարատելով կը բաւականանայ: Այլ այն մի՛ւսը, որ կ՚ընէ աւելի բան մը եւս: Երբ ան կը բոցավառի ձեղունէն առկախ բազմադրուագ ջահին մէջ, ներսէ՛ն կը վառէ իր համեստ նախատիպերը, որոնք շար ի շար կ՚առկախուէին բիւրեղեայ ողկոյզներու նման, եւ կը մնային գոց` իրենց ներքին լոյսին վրայ: Մեծագոյնին արժանիքն է նպաստաւորել իրմէ նուազ մեծերը, եւ փոխադարձաբար նպաստաւորուիլ անոնց կազմած շուրջանակի համեստութենէն: Նմանապէս ալ, մեր չորս ջահերէն իւրաքանչիւրը տուած է նոր խոյանք մը, լաւագոյն շողարձակում մը իր համեստ նախատիպերուն, որոնք բոլորախումբ համաստեղութիւնը կ՚ընդլայնի դարեդար, ցոլքէ ցոլք եւ կ՚երթայ Ս. Մեսրոպէն Ղեւոնդ Երէցին եւ յաջորդաբար, Կաթողիկէէն` գրչածաղկումին յաջորդաբար, Կոմիտասէն` իր հինգ սաներուն եւ յաջորդաբար, Անդրանիկէն` անուանի եւ անանուն բոլոր մարտիկներուն:
Եւ ի՞նչ է, ի վերջոյ, այսօրինակ լուսաւորում մը, եթէ ան ազատութիւն չէ: Հայ խօսքը թափել գրչական ինքնուրոյն ձեւի մը մէջ (graphie), կը նշանակէ զայն տարանջատել օտարէն եւ շեշտել իր ազգային հպատակութիւնը: Եւ քանի որ մեր ազատութիւնները եղեր են չորս հատ, թուղթի վրայ միայն կարելի է ըսել. — «Եթէ այսօր հայը անհետանայ…»: Միակ ազատութեան մը գոյութիւնը անկարելի կը դարձնէ շուտափոյտ մահը, ինչպէս որ միակ ազատութեան մը սուր գիտակցութիւնը կարելի կը դարձնէ նոր ազատութիւնը:
Եւ հակադրաբար մահուան, որ անմիջական չի կրնար ըլլալ, ազատութիւնը կը յայտնուի աննախատեսելի պահու մը, քանի որ ան գործն է միակ հանճարի մը: Ան կ՚ըլլայ տեսակ մը նմանակը բարձրիմաստ ազատութեան: Ան, որ ծնունդն է ազգի մը իմացական եւ ոգեկան աշխարհին, եւ որ, հակադարձ շարժումով մը, սահմանուած է ձեւաւորել այդ նո՛յն աշխարհը, նման նորածինին, որ կ՚ազդէ իր մօրը վրայ, ան կը հպատակի դասակարգումի մը: Դասակարգութիւն մը` ըստ ոգեկան ուժի տարողութեան: Մեր ճարտարապետութիւնը կը գտնուի միջոցին մէջ առաւելապէս: Անդրանիկը` ժամանակի: Մեր երգն ու լեզուն են որ, առաւելս զտուած նիւթական տարրերէ, կը մնան իբրեւ զուտ ոգեկան ազատութիւններ: Համաձայն այս դասակարգումին, Վարդապետը կու գայ Ս. Մեսրոպէն վերջ, իբրեւ երկրորդ Սուրբ մը: Ան կ՚ըլլայ մեծագոյնը, Ապրիլ 11-ի մեր կորուստներուն:
Որքա՜ն ցանկալի պիտի ըլլար, որ մեզի տրուէր յիշատակել հինգերորդ յաղթանակ մը եւս, այս անգամ գրական-իմացական դասէն, քանի որ մտածումի աշխարհը, իր արտայայտչական անսահման կարելիութիւններով, կ՚երթայ թէեւ զուգընթաց ուղիով, բայց շատ աւելի հեռուները, քան թէ գեղջկական մեղեդիին զուտ զգացական դիւթանքը: Բայց եթէ անկարող ենք ընել այդ մէկը, արդար է, որ յիշենք գոնէ մեր մտաւորականութիւնը, որ նոր հունի մէջ մտցուց մեր լեզուն, նոր սլացք տուաւ անոր եւ ձեւաւորեց մեր Մեծասքանչը:
Ձեւաւորե՜լ: Ահա գործողութիւն մը, որ կեդրոնական առանցքն իսկ է քիչ մը ամէն ստեղծագործութեան, որով նաեւ գրականութեան եւ արուեստի, քանի որ գրականութիւնը ձեւաւորումն իսկ է ներքին եւ արտաքին աշխարհներու անիմաստ խառնակութեան: Արուեստի մարդը, լաւ եւս է ըսել` հասարակ մահկանացուն, անմիջական պահանջը ունի ապահովութեան: Այսինքն` ըմբռնելի ձեւին, ճշդորոշին եւ ճանաչելիին, բաներ` զորս ինք կը ստեղծէ հարկադրաբար, սկսեալ այն բնազդական, չըսելու համար մեքենական շարժումէն, որով մարդ իր մազերը կը ձեւաւորէ ձեռքի շարժումով մը, մինչեւ Աստծոյ գաղափարը, զոր դարձուցած է ըմբռնելի, միշտ ի խնդիր ապահովութեան:
Ձեւի յաղթանակներն են մեր չորս ազատութիւնները: Մէկը ձեւ զգեցուց ձայնին, որ շունչ էր եւ ոգի: Միւսը քարին, որ հաւատք էր եւ Լուսաւորչի Կանթեղ: Ձեւ է եւ օրէնք Զապէլ եւ Հրանդ Ասատուրներու քերականութիւնը, որ կը պայմանադրէ մեր մտածելակերպը, երբ կը ճշդէ բառերուն յաջորդական կարգը նախադասութեան մէջ: Մեր մտաւորականութեան այս մտահոգութիւնը դէպի օրինաւորութիւն եւ առաւել հայեցիութիւն, խթան մը եղաւ, որպէսզի Արեւելահայն ալ սկսի սանտրել իր խառնակ լեզուն, խուսափիլ թուրք եւ թաթար բառապաշարէն եւ ռուսահնչիւն ֆրանսերէնէն, որքան ալ որ համեղ ըլլայ բարբառային գրականութիւնը: Գալով մեր Վարդապետին…
Ան երգահան էր, քիչ մը նման այն ֆրանսացի մշակին, որ թաքուն գանձ մը երեւան կը հանէ իր արօրին շեղբով եւ կը կոչուի հնարիչ (inventeur): Հայ երգը «հնարեց» Կոմիտաս, բանաւորը վերածելով գրաւոր, այսինքն փոխանցելի արուեստի: Հոս թերեւս աւելորդ չըլլայ ըսել թէ գերման մտաւորականութեան կ՚իյնայ պատիւը առաջին անգամ հետաքրքրուած ըլլալու ժողովրդական բանաստեղծութեամբ: ԺԹ դարու վերջերուն է, որ Համան եւ Հէրտեր կ՚ըսէին. «Բանաստեղծութիւնը մարդկային ցեղին մայրենի լեզուն է»: Կոմիտաս, որ այդ կողմերէն անցաւ, չվարանեցաւ, ի պահանջեալ հարկին, մեր «մայրենի լեզուն» յղկելու, ինչպէս հնարիչ մշակը կը մաքրէ իր հողածածկ գանձը: Հում բնագիրէն քիչ բան փոխեց Կոմիտաս, պիտի ըսէինք, եթէ չգիտնայինք թէ քիչ բան գոյութիւն չունի բանաստեղծութեան մէջ: Միակ բառի մը, նոյնիսկ վանկի մը փոփոխութիւնը բաւ Է, որպէսզի բանաստեղծութիւնը նուազի կամ թեւածէ: Այս իմաստուն միջամտութիւնը գրաւականն էր այն սուր զգայնութեան, որով Վարդապետը կը թափանցէր բանաստեղծութեան ոգիին:
Այդ ոգին ինք գտած Էր հայրենի ժողովրդին ծոցը, ճակատագրական հանդիպումով մը: Տեղի ունեցած էր անմիջական նոյնացում: Տեսակ մը սպառիչ գերիվարում: Իր յափշտակութիւնը նման էր այն տագնապալից հրճուանքին, որով հնախոյզը կը կարծէ տեսնել, կը տե՛սնէ նոյնիսկ խրամատի կիսաստուերին մէջ, լուսարձակումը մեր Անահիտին՝ գրեթէ անեղծ: Դարերու խորերէն յառնած շինականն է, որ կը վերսկսէր իր երգն ու շուրջպարը, ընդդէմ այս անսովոր կրօնաւորին, որ այնքան խոր կ՚ապրէր սիրերգը, որքան շարականը: Անոնք երկու երեսներն Էին նո՛յն կրօնքին:
Ամբողջական եւ այլամերժ սէրն Էր այդ կրօնքը, որ ի մի կը ձուլէր հայրենասէրը, երաժիշտը, տեսաբանը եւ դաստիարակը: Մարդը միակտուր էր, այլեւ ներդաշնակ բազմակերպութիւն: Իր մոգական ճպոտը կ՚արթնացնէր, ինչ որ հանգչող կրակ էր Հայու հոգիին խորը: Երգը բո՛ւն իսկ մեր նախնի երգն էր, ըլլալով հանդերձ նորագոյնը: Եւ այս նորագոյն երգը հանդիպեցաւ, բարեպատեհ զուգադիպութեամբ, մեր նորածագ ազատութեան, այսինքն Հիւրիէթի օրերուն, երբ հայը կ՚ապրէր զարթօնքի աննախընթաց շրջան մը:
Ին՜չ օրեր: «Երբ կը մտածեմ, կարծես թէ սիրտս պիտի սպառի»: Այսպէս պիտի ըսէր Ֆրանսուայ Վիլոն: Մեր ձայնը լսուած էր: Գրեթէ: Վեց վիլայեթները մեզի կու տային: Վեց հատ առէք կ՚ըսէին: Մենք ալ կ՚առնէինք վեց հատ: Ինչո՞ւ մարդու սիրտ կոտրել: «Գիրերու գիւտ»-ի փառապանծ օրերուն, տեղացի Յոյները կ՚ըսէին մեզի. — «Փէտաքիմու, շատ մի պոռաք. Շունը դրան ետեւն է, կը լսէ…»: Այսպէս կ՚ըսէին Յոյները: Անոնք չէին գիտէր, թէ մեր բարեկամը, Թալաաթ, դժուարաւ կը զսպէր իր արտասուքը, երբ կը հետեւէր ընկեր Սիմոն Զաւարեանի դագաղին: Այդ օրերուն, Վոսփորի կապոյտ ջուրերը կը հոսէին այդ ուղղութեամբ…
Այս շրջանը փակող Ապրիլ 11-ը պատճառ մը չէ, որ Հիւրիէթը չմնայ այն` ինչ որ է — Հայկական վերածնունդի առաջին (համեստ) հանգրուանը, երկրորդն ըլլալով Հանրապետութեան հռչակումը որուն պիտի յաջորդէր Հայաստանի խորհրդայնացումը: Բարեբաստիկ զուգադիպութիւնը, որով Կոմիտաս ճիշտ ա՛յդ օրերուն կը բերէր իր եզակի նպաստը, միակը չէր իր տեսակին մէջ: Կար տակաւին երկրորդ զուգադիպութիւն մը, թէեւ համեստունակ տեսակի:
Տգեղ արտաքինով անտաշ տղամարդ մը, Արմէնակ Շահ-մուրատեան, կը կատարէր տեսակ մը հրաշագործութիւն: Շինականի իր շեշտը երգին կու տար, իր ընդոծին բնականութեամբ, անգերազանցելի բուրմունք մը եւ գունագեղում: Որպէ՜ս թէ երգը մասնաւորապէս յղացուած ըլլար ա՛յդ շեշտին համար: Հրաշագործութիւնը հոն էր, որ շնորհիւ Կոմիտասի եւ իր օժտեալ մեներգիչին, «դրսեցին» կը ստանար տեսակ մը ազնուականացում: Մարդու տեղ կ՚անցնէր Պոլսեցիի աչքին, իրերահաղորդ աւազանները կը գործէին լաւագոյն զեղումով ընդմէջ Պոլսոյ եւ գաւառի: Պէտք չէ մոռնալ սակայն, որ նոյն «դրսեցին» տակաւին տէրն էր երկրորդ գանձի մը, որ ահաւասիկ:
Այն առասպելական պատմուածքը, առաւել կամ նուազ բարոյացուցիչ եւ հայրենասիրական, զօր մենք կը կոչեն հէքիաթ, պէտք ունէր երկրորդ Կոմիտասի մը: Պէտք ունէր նմանարիւն հանճարի մը, որ զգար ժողովրդական զրոյցը, բիւրեղացնէր զայն եւ բանաւորը բարձրացնէր գրականի: Այդ հանճարը պակսեցաւ մեզի: Անոնք, որ փորձեցին գրական այդ սեռը, մնացին միջակէն վար, հակառակ անոր, որ հարազատ զաւակներն էին գաւառի: Մեր ժողովուրդը, որ անգրագէտ էր բարձրագոյն տոկոսով, իր երեւակայութիւնը վստահած էր հէքիաթի մոգական զօրութեան, թոնիրին շուրջ խմբուած բոլորակի: Առասպելը չէր կրնար ըլլալ նուազ ինքնատիպ քան բանաստեղծութիւնը: Բայց ան չհասաւ արուեստի բարձրութեան: Այնպէս որ հայ ընտանիքը մնաց ինքն իր վրայ գոց եւ ամրափակ: Եւ եթէ չխորշինք այն թակարդներէն, զորս նմանեզրութիւնը կը լարէ գրողին առջեւ, կրնանք առնել օրինակը, ինչո՞ւ չէ, ջերմաչափին:
Հայ պետականութեան կործանումը նման է ջերմաչափի ջախջախումին, որով նաեւ սնդիկի կոտորակումին: Հայ ընտանիքը սնդիկի այն ամրակուռ մետաղեայ գնդիկն է, որ կը ցրուի խօլաբար: Ինքն իր վրայ գոց` ան կը մնայ այլամերժ եւ բացառիկ ուժով կը դիմադրէ Թուրքին, որ կը կոչէ «այլազգի»: Ընտանիքի գաղափարին միսթիքը չի կրնար սակայն փոխարինել ազգային զգացումին միսթիքը: Որպէսզի կատարուի տարտղնուած գնդիկներուն այնքա՜ն ցանկալի միացումը, ոմանք պահանջը զգացին բարձրաստիճան ջերմութեան, ձուլելու համար սնդիկը, որ մետաղ է: Յեղափոխութիւնը, կամ ինչ որ անոր կը նմանէր, ձախողեցաւ ողբերգականօրէն: Եթէ ճիշդ է, որ անոր մէկ անուղղակի հետեւանքն եղաւ կովկասեան փրկարար յաջողութիւնը, ուղղակի հետեւանքով՝ ցրւումը սաստկացաւ, այս անգամ ամբողջ երկրագունդի մակերեսին: Եւ եթէ աչքի առջեւ ունենանք սա յառաջտւութիւնը — անհատ, ընտանիք, ազգ եւ մարդկութիւն, կը տեսնենք, որ Հայը անշարժացած է երկրորդ հանգրուանին վրայ ու չէ հասած ազգութեան աստիճանին: Այսօր կան տարանջատ ընտանիքներ, բայց չկայ ազգն Հայոց:
Անշուշտ Հայկական լեզուն, աջակցութեամբ Եկեղեցիին, պիտի կրնար, շատ անգամ կրնա՛յ բարեբախտաբար, միութեան տարր մը կազմել հողմացրիւ Հայութեան մէջ: Բայց ամենազօր չէ ան, քանի որ անցեալի բարբառներուն վրայ կու գան աւելնալ նորեր, ողբալի խառնակութեամբ: Կոմիտասն է, որ կը տապալէ պատուարները: Սպասելով այն օրուան, երբ պիտի զետեղուի պետականութեան հիմնաքարը, այսօ՛ր, մեր գաղթականութեան ներկայ վիճակին մէջ, Կոմիտասն է միայն, որ ընտանեկան հանգրուանէն բարձրացած է ազգայինին: Հո՛դ է իր մեծութիւնը: Կը բաւէ ըսել — «Սիրտս նման է էն փլած տներ», որպէսզի Հայը հասկնայ ուրիշ Հայ մը:
Կ՚ուզեմ վերջին հատուածս տրամադրել մեր թմբուկին: Հանճարը կրնայ ծնիլ գաւառի խորը, բայց մայրաքաղաքն է, որ զայն կը նուիրագործէ: Ան է, որ կը տարածէ համբաւը, ըլլալով արձագանգիչ թմբուկ (caisse de résonance)։ Եւ մեր մայրաքաղաքը Պոլիսն էր: Պէտք է ցաւիլ, որ այս` այսպէս էր։ Բայց մեղքը Պոլիսինը չէ, երբ կովկասահայ զանգուածը մնացած էր ռուսամոլ, ծիծաղելի սնոպիզմով եւ անպատրաստ, իր ցրուածութեա՛մբն իսկ, թմբուկի դերին։ Սիմոն Վրացեան, որ կարելի չէ կողմնակալութեամբ ամբաստանել այս պարագային, կը վկայէ թէ Վարդապետը ստիպուեցաւ խոյս տալ Կովկասէն եւ Վանքի հեղձուցիչ մթնոլորտէն։ Ան Պոլսոյ մէջ միայն կրնար գտնել այն տարրը, զոր կը փնտրէր եւ զոր գտաւ:
Արդարեւ, պոլսահայութիւնը իսկոյն շրջապատեց Վարդապետը իր գրագէտներու բազմահոյլ փաղանգով, իր հնչեղ մամուլով, վարժարաններու լայն ցանցով, այլ մանաւանդ իր խանդավառ երիտասարդութեամբ: Օդը թնդաց: Պոլսահայը պաշտեց իր Կոմիտասը, բայց ափսո՜ս, չկրցաւ պաշտպանել զայն:
Երբ օրացոյցը նշեց Կարմիր Կիրակի, աղէտը դարման չունէր: Ժամը ուշ էր, եւ արեւը խաւարած:
Եւ Վարդապետը բռնեց ճամփան Չանկըրը-Այաշի, որ կ՚երկարի մինչեւ Վիլ-Էվրար:
Ան ինկաւ Գողգոթայի ճամփան վրայ մէկ անգամ, յետոյ երկու անգամ, եւ ոչ մէկ գիտութիւն կրցաւ արգիլել վերջին անկումը:
Ան որ նուրբ եղէգ մըն էր հրաշագործ, ան ճաթեցաւ: Եւ այդպէս մնաց: Վահան Թէքէեան կ՚ըսէ. — «Ճպոտն ընդմիշտ ճաթած է հիմա…»:
Եւ որովհետեւ խաչուեցաւ ան, եւ որովհետեւ թաղուեցաւ ան, ահա յարութիւն կ՚առնէ մեր անսահման պաշտամունքին եւ խանդաղատանքին մէջ, ան` Ազատն Կոմիտաս:
- Hits: 5144