«Իր յուշերուն մէջ կը բանար աչքերը Հայ մը». Նիկողոս Սարաֆեանի վերջին վէպի շուրջ

Անձնականութիւն՝ երբ բոլոր երեւոյթները

կը դառնան թափանցիկ անով...

 Ն.Ս.

Սփիւռքեան վիպական շրջանի,- մասնաւորաբար, փարիզեան,- պատմա-հոգեբանական ժամանակի ընդգրկումներում յետեղեռնեայ սերունդի ժամանակագրութեան դրաման է՝ Ազգային ինքնութեան խարխափումը եւ վերյայտնումը արտացոլեցնող միջավայրում թէ Զ. Որբունու, եւ թէ Վ. Շուշանեանի, Շ. Շահնուրի, Ն. Սարաֆեանի, Հրաչ Զարդարեանի եւ այլոց վիպական պատումներում. անխուսափելիօրէն խնդրոյ առարկայ է արեւմտահայ իրականութեան խճանկարը՝ սփիւռքեան խորապատկերի վրայ: Նիկողոս Սարաֆեանի «Մանուկ Դուինեան» վէպում գրողական դիտարկումները առաւելս են շեշտադրուած իրականութեան քաոսի եւ քաոսային իրականութեան խնդրայարոյց իրողութիւնների լոյսի ներքոյ. «Արմատախիլ հայ մը. դարուն մարդը նոյն ատեն, թափառական աշխարհի բոլոր ճամբաներուն վրայ, իր կապերը կտրած հայրենիքէն ու ժողովուրդէն» ոչ միայն անիրաւուած ազգի ողբերգութիւնն էր ապրում, այլեւ կամայ ակամայ մասնակից էր՝ յանձնառու բնականաբար, անհաւասարակշիռ հոգեվիճակով:

Անհատի,- յանձին վէպի պատումի ուղենշող Մանուկ Դուինեանի,- իբրեւ անորոշ կենսադիրքորոշում ունեցող մտասեւեռումներ կրողի կեանքի անցեալ,- որոշակիօրէն նշմարուող,- եւ ներկայ ժամանակների ոդիսականը ընդհանրապէս անտարանջատելի է հայութեան ճակատագրից: Օտարոտի ապրելու, աւելին՝ լայնընդգրկուն առումով օտարւածութեան զգացումը Հայ մարդուց,- միայն վերյուշներով ոգեկան անմարսելի սնունդ ստացող,- անբաժան էր ցանկացած՝ նոյնիսկ նիւթապէս ապահով պայմաններում. «Անոնք, այս օտար հողերուն վրայ, կու գային բերել իրենց սրբազան հուրէն, խորհուրդէն ու կորովէն, բոլորը թաղուած օտար մշակոյթի մը տակ»: Եւ այն գիտակցումը,  «յանուն» ինչու՞ զոհուի, յանուն ո՞ր ճշմարտութեան», աւելի ճիշտ գիտակցման բացակայութիւնը որոշակի ներքին դիմադրողականութիւն էր պահանջում, ու նաեւ արիութիւն՝ սթափութեան ներշնչումով: «Անգիտակից գիտակցութիւն մը», որ միշտ առկայ էր, երբեմն երեւակայածին թէ Դուինեանի, եւ թէ ցնորական երեւակայութեան մէջ խարխափողների համար՝ մաքրագործուելու յուսալի միջոց էր աւանդական «կեղտերէն», «Պէտք է մնալ վեր հայրենասիրութիւններէն եւ կրօնական մոգութիւններէն, դժոխքէն ու արքայութենէն»:

Մանուկ Դուինեանը՝ պոլսեցի վաճառականի զաւակը զոհն էր ոչ միայն Արեւելք-Արեւմուտք հակամարտութեան, այլեւ իբրեւ ապահովուած առեւտրային պաշտօնեայ միջերկրային այդ պայքարի վերիվայրումներով էր ապրում օտարականի իր պերճանքն ու թշուառութիւնը: Ն. Սարաֆեանը վէպի քառամաս դրուագներում ամբողջական պատկերելով պայմանականութիւններից զերծ նրա անձնային մասնայատկութիւնները, հիմնովին, որեւէ մտացածին առարկութիւն չյանդուրժող, յոյժ ճանաչելի կերպարի եսակենտրոնութիւնը բացայայտել է այն բոլոր իրողութիւններում որտեղ ինքը, իբրեւ վիպական ընդհանուր զարգացումն ապահովող անձ հաւաստի է՝ չափազանց բնութագրական 40-ական թուականների այդօրինակ կեանք վայելող ամէն մի արեւելքցու: Վայելքի, ինքնամաքառման շարունակական օրեր,- ճամբորդութիւններ, սիրախաղեր,- «Կեանք մը ապրած ու սպառած ուրիշին համար», այնուամենայնիւ նրան տրուած էր անվերապահ: Բայց ազատութեան ձգտման ոչ կրաւորական արարքներ նրա վարքագծում տեսանելի չէր՝ տարաբեւեռ մտահոգութիւններով իր Ես-ը տակաւին չգտած, բայց փնտրելու ճանապարհին եւ այնքան համահունչ «ինքզինքէն ելած» օտարականի ճակատագրին, մանաւանդ, իբրեւ «գաղտնի միութիւն» ներկայացնող անհատ, որ նախազգում է ոչ միայն իր հիւանդագին վիճակի ահաւորութիւնը, այլեւ կեանքի մատուցած յաւելեալ անակնկալներին պատրաստ, բնաւ ինքնասփոփուելու ժամանակ եւ հնարաւորութիւն չունենալով՝ «ապերախտ վախճանին» առջեւ էր յայտնւել: Եւ կամազրկութեամբ, ներհայեցողութեան արդիւնք իր անյաջողութիւններով,- ընդ որում թուացեալ,- նրա առօրեան՝ սպասելիից առաւել էր փոթորկուող: Նոյնիսկ անքնութիւնը «յագեցնող» դեղերը «բարիք մըն էին», բայց ժամանակաւոր, քանզի անցեալի եւ ներկայի ընդմէջ կար յիշողութեան փոթորկումներից վտանգուած ապագան՝ աներեւակայելի: Ամէն պարագայի չկայացածութեան զգացումը հետամուտ էր բանաստեղծի «հոգւոյ» նկարագիր ունեցողին. «Փորձած էր քերթուածներ գրել եւ փորձուածներն ալ մնացած են անաւարտ», ինչպէս իր կեանքը՝ շարունակաբար կանոնաւորութեան ձգտող, բայց անաւարտութեամբ շարունակուող «երկունքէ մը վերջ»: Եւ «իրմէ բխող անգիտակից հայութիւնով մը» ապրող Դուինեանի երեւակայութեան մէջ «մշուշի մը վերածուած հայրենիքի սահմանները» երբեմն առաւելս էր մշուշւում: Եւ պատճառը ամենեւին յետպատերազմեան շրջանի Փարիզը չէր. իր մէջ եւ իրենից դուրս «պատերազմին մթնոլորտ մըն է որ կը տիրէր տակաւին», ու նաեւ այն մտահոգութիւնները, որ ունէր շուէտուհի նշանածի՝ Կրէտայի հետ համատեղ ապրելու բուռն ցանկութեան ձգձգումներին վերաբերող...

Ի վերջոյ ո՞րն է էական Նիկողոս Սարաֆեանի համար զուտ գաղափարային իմաստով եւ նշանակութեամբ. պատկերել տարագրուած, արմատախիլ երիտասարդի կեանքի ընթացքը մի ժամանակաշրջանում եւ այնպիսի միջավայրում, որտեղ իղձերը, գաղափարները, եթէ կ՛ուզէք, մտասեւեռումները անգոյ էին, եւ կերպարի իսկ խօսքով «ինք վերջացած մարդ է»՝ փիլիսոփայութեան յարուցած ապացուցելիութեան պատճառները, հետեւանքներն իրականում այլ դրսեւորումներ չեն, քան գրողի անթաքոյց վերաբերմունք առ իրականութիւն. պարզօրէն արձանագրելով կեանքի «ինչպէս որ է»ն ընդհանրապէս: Այսինքն ջնջել ճշմարտութեան եւ իրականութեան միջեւ եղած անտարբերակելի սահմանները:

Դուինեանն իբրեւ այդպիսին,- ճշմարտութիւնը եւ իրականութիւնը չզատորոշ,- այս հարցի պատասխանը տալիս է իր վարքագծով՝ «Ան իրականին մէջ կը կռուէր արդէն իր դառնութեան դէմ, վտանգաւոր՝ ցաւին չափ ու իր անձկութեան մէջ՝ ցեղէ եկող այդ ճիչը կը մնար երկրորդական: Ան ըմբռնած էր միշտ հաւաքական այդ դժբախտութիւնը, բայց հեռու մնացած էր անկէ իր անձնասիրութեամբ: Կար խորթութիւն մը իր եւ ժողովուրդին միջեւ»: Բայց կար նաեւ գիտակցումը. «Օտար ազգութեան մը մէջ չանհետանալը ապացոյցն է ազգային տոկուն նկարագրի մը»: «Աւերակ մարդու» երկփեղկուածութեան այս բացայայտ զգացումը՝ «ինքզինք պզտիկ զգալու ցաւը» Արեւելք-Արեւմուտք հակամարտութեան շարունակութիւնն էր՝ արդէն զգայելի մահւան տեւական ներկայութիւնը գիտակցողի համար: Եւ իր՝ գիտակցութեան կատարեալ ազատութեամբ ապրողը խաբուած լինելու եւ ընկալումով տոչորուելու իրողութիւնը բնական էր համարում ինչպէս իր անհայրենիք հայրենակիցները: Բայց այս ամէնը չէր ստուերում երբեմն-երբեմն «հայրենաբաղձութենէ տարուած» լինելու մտասեւեռումների իմաստը: Այս համընդհանուր խանդավառութիւնը ժամանակաշրջանին չափազանց բնորոշ էր 40-ականների վերջերին՝ զանգուածային հայրենադարձութեան խորապատկերի վրայ...

Նպատակներ, տեսակէտներ, սկզբունքներ կերպաւորելիս Ն.Սարաֆեանը չի կառչում ժամանակի ընդունելի եւ անընդունելի իրողութիւններից եւ զգայնութեան ճանաչողութեան սահմաններից անդին չի փնտրում կերպարին,- կերպարներին,- ոչ ներյատուկ ու անբնութագրելի վարքագծեր, այլ անմիջնորդ ներկայացնում է քաղաքակրթութեան քաոսի մէջ ճակատագրօրէն յայտնուած խարխափող այն անձանց, որոնց հոգեւոր անկատարութիւնը, բարոյակամային տեղատուութիւնները այլ ժամանակներում եւ միջավայրում այլ դրսեւորում էր ունենալու: Այսպիսով. «Ինչպէ՞ս դիմադրել ճակատագրին, երբ չկար անոր դէմ պայքարելու կորովը». հարցադրումը գրողական լինելուց զատ ընդհանրական է ոչ միայն Մ. Դուինեանի, այլեւ վէպի մնացեալ կերպարների համար, ներառեալ ծեր մայրը, սպասուհի Սիւզանը, եւ թէ Սիմոնեան հայրենակիցը, որի հետ հանդիպումների կարճատեւ պահերին Դուինեանի ապրումների ոլորտը հայրենասիրական որոշակի զեղումների էր ենթարկւում. «Ինչու՞ հոս կը մնաս, Հայաստան չերթա՞ս... Հայաստան մեր երկիրն է վերջապէս...»[1]: Եւ, «պէտք է փոխուիս, Սիմոնեան» յորդորը նախ եւ առաջ իրեն էր ուղղուած, բայց շարունակաբար հալածող եւ կեանքի անհնարինութիւնը ընդգծող իր իսկ «երազի մահը, իր թափառական Կեանքը» եւ իրեն զսպանակող օտարութիւնը որոշապէս սահմանել էին ճակատագրի ճշմարտութեան բանաձեւը՝ այսկերպ ապրելու անապագայ հեռանկարը: Ի վերջոյ «Այդ մարդը ունէր ցաւը, կարօտը, հպարտութեան ծարաւը»՝ իր գոյութիւնն ու մահը բացայայտող, արդարացնող: Այդ կարօտը՝ «երեսուն տարիներ առաջ Պոլիս» վերյուշների յորձանքով առաւելս էր ցնորալից դարձնում, մթագնում նրա գիտակցութիւնը եւ անցեալի սթափեցնող պատկերներից մինչ այդ իրեն անյայտ գաղտնիքներ էին թեւ առնում, ու միջավայրում իր ապահով, բարեկեցիկ ապրողի ներկայութիւնը ի սպառ անէանում էր իր իսկ աչքին ու երեւակայութեան մէջ: Չնայած առ կեանքն ունեցած յախուռն սէրը եւ այդ սիրուց սէրուած յայրատ նկարագիրը երբեմն տեղի էին տալիս, պայմանաւ, որ ապրէր «ամէնէն համեստ, ամէնէն խեղճ կեանքը»: Բայց, ժամանակաւոր էին այս ներքին փոթորկումները, միայն ժամանակաւոր: Ինքնագտնում, զուր պայքար, երբ հիւծող հիւանդութիւնն այլեւս սովորական էր դարձել, եւ մտահոգւում էր «Սփիւռքի մտաւորականին» ընկերային ծայրայեղ անապահով վիճակով. «Սփիւռքի պատմումը վերածուի վէպի» օշականեան բաղձանքը ամէն պարագայի թերեւս անշրջանցելի է, երբ ցանկացած վէպի, այդ թւում եւ «Մանուկ Դուինեանի» էջերում մտաւորական-անհատի անպաշտպան վիճակի շարունակական ընթացքով երեւութանում է սփիւռքեան դրամայի ընդհանրապատկերը. «Ահագին դրամա մըն է Սփիւռքը... թող հայրենիքը միակտուր տեսնէ Սփիւռքը եւ իրաւ տեսած կ՛ըլլայ...» /Յ.Օշական/:

Ասել է, թէ Դուինեանի պատկերացումներում սփիւռքեան արմատախիլ վիճակը աստիճանաբար վերափոխւում էր արմատախրումի անհրաժեշտութեան գաղափարի: Եւ սա «հոգեկան մահ մը՝ կէս կենդանի մարմնի մը մէջ» գիտակցողի,- ինքնասպանութիւնից առաջ ոչ միայն սոսկալի ցանկութիւն էր, այլեւ հաւատամք:

Զանցառելով վիպական պատումի որոշ դիպաշարային իրողութիւններ /իր եւ Պլումէլի աններդաշնակ յարաբերութիւնները, ծեր մօր տածած սպասումալի սիրոյ զգայնութիւնները, Կրէտայի ժամանակաւոր արգելափակուելը, եւ այլն/, «ամէն ինչ ապրած կեանք եւ տառապանք մըն էր այլեւս»: Ակնյայտ է, որ Դուինեանը ի վերջոյ իրականութեան քաոսից «ինկաւ քաոսին խորը, իր գահավիժող իրանը հասած էր երկրագունտին... ու ան ցփած պահ մը երազային անդորրութեան մէջ»: Իրականացրել էր կեանքի եւ մահուան ձուլումը, անհետացումը ոչ միայն մարմնական ցաւի, այլեւ հոգեկան: Եւ տեւական պայքարը ինքզինքը գտնելու,- ասել է թէ դարձ դէպի ազգային ինքնութիւն, որ այդպէս էլ անյաղթահարելի մնաց,- այլեւս իրագործուել էր կեանքի այն հակառակ կողմում...

Ընդհանրապէս, սփիւռքեան բարդայարոյց մի ժամանակաշրջանում երբ փորձութիւնների պտտահողմը իր մէջ ներառել էր մնացորդաց եւ տարագրութեան անգիտակցումով ապրողները տակաւին անսթափ էին, եւ «ստիպողաբար» չէին ընկալում ներկայի մարտահրաւէրները, ինքնին մթագնւում էր ինքնագիտակից ապրելու ազգային կամքը, եւ պատմական բարդացումները առաւելս ներազդելով, խեղաթիւրում էին հայ հաւաքականութեան հոգեբանութիւնը: Մանուկ Դուինեանը մէկն էր տարասփռուած այն անձանցից, որոնց վախճանն ի վերջոյ անխուսափելի էր, գուցէ եւ ճակատագրուած: Եւ ի տարբերութիւն Ն.Սարաֆեանի արձակ այլ պատումների, որոնց բանաստեղծական մտայնութիւնները չափազանց ակնյայտ են՝ տեսարանների, մարդոց ու իր անձնային հոգեբանական ապրումների զգայաշունչ եղանակաւորումներով, «Մանուկ Դուրինեան» վէպը որոշակի առանձնայատուկ գաղափարների շեշտադրութեամբ,- հիմնովին ու հանգամանալից,- անհատի-անհատների անլիարժէք դրսեւորուող կեանքի սոսկական պատմութիւնը չէ, այլ հաւատամքը. տպաւորապաշտ գրողի՝ ժամանակաշրջանի իմացութեան, հասարակութեան ամենատարբեր խաւերի միջեւ եղած աններդաշնակութիւններից ծագող խնդիրները ճանաչողաբար ներկայացնելու «փորձ մըն է», ցայսօր զգացականօրէն պարտաւորեցնող բոլոր նրանց, ովքեր սփիւռքեան պատմութեան ոդիսականին տակաւին անծանօթ են: Վէպը Հայութեան վերընձիւղուող գոյութեան ուշարժան վկայութիւններից լինելով՝ գեղարուեստական խօսքի եւ կերպընկալման լիարժէքութեամբ ոչ միայն հետաքրքրայարոյց, այլեւ խորհրդածութիւնների մղող: Ճանաչել իրականութիւնն այն չափանիշներով եւ դիտանկիւններով, որտեղ ապրում էր Հայութիւնը իր կեանքի ժամանակը՝ ինքնահաստատման բնազդով եւ գոյութեանական գիտակցմամբ... Այսպիսին էր Ն.Սարաֆեանի գրողական հաւատամքը: Հայոց պատկերազարդ պատմութեան թերեւս ամենադրամատիկական այդ տարիներից էր աստիճանաբար որոշարկւում ցայսօր ճանաչողաբար չընթերցուած Սփիւռքի ճակատագիրը:

Արթուր Անդրանիկեան

[1] «Մանուկ Դուինեան»ը յաջորդում է Ն.Սարաֆեանի հետեւեալ վէպերին /«Խարիսխէն հեռու», «Հայրենիք», ամս., օգոստ.-հոկտ., Բոստոն, 1932, «Ղուկաս Այպանելի, /անաւարտ/, «Զուարթնոց», 1930, Նոյ. մարտ, 1932, հոկտ. 1933, Փարիզ, «Իշխանուհի», Փարիզ, 1934, /առանձին հատորով/, տես նաեւ «Հսկում» ժողովածուն, Երեւան, 2012/, «Լոյսի ցաւեր կամ Մեծն Տիգրան եւ ամլութեան սատանան» (Փարիզ-Անթիլիաս, 2000):

[1] Ուշարժան է Ն.Սարաֆեանի այս վկայաբերումը, «Հայ ոգին. ես ինծի նմանացուցած եմ միշտ նաւաբեկութենէ մը ազատող Ռոպէնսոնին: Անիկայ պիտի գիտնայ ինքզինքը պաշտպանել ու իր խրճիթը շինել զանազան բեկորներով: Բայց այդքան միայն: Բախտաւոր կրնայ ըլլալ ան եթէ օր մը նաւ մը գայ ու տանի զինքը: Բայց Հայաստանը կ՛ուշանայ ու մեր աչքերը կը պղտորին զայն երազելէն» /տես «Զուարթնոց», Փարիզ, թիւ 2, մարտ, 1923, նաեւ «Տեսարանները, մարդիկ եւ ես», Երեւան, 1994, էջ 21/:

 

 

Նիկողոս Սարաֆեան

Մանուկ Դուինեան

հատուածներ վէպից

...Ահա թէ ինչու՞ կը մնամ միշտ թաղուած կը մնամ ես իմ մէջ... եւ որքան քաղցր է մեռնիլը յաճախ, որքան անգամներ զգացեր եմ թէ խաղաղութեամբ պիտի ընդունէի մահը, նոյնիսկ ժպտելով պիտի գրկէի զայն, խորհելով թէ պիտի գտնեմ վերջապէս անձկալի ճշմարտութիւնը...

                        Մ.Դուինեան

Ա.

Շուրջը եւ դուրսը, գնացքին նրբանցքին մէջ կեցողները կը խօսէին վտանգաւոր կամուրջի մը մասին, երբ, ժամուան քունէ վերջ, Մանուկ Դուինեան կը բանար աչքերը: Մեծ էր ճամբորդներուն անձկութիւնը, բայց ան մնաց պահ մը անտարբեր, խրած առաջին կարգի կաշեպատ ու կակուղ նստարանին անկիւնը, պատուհանին քով, գլուխը յենարանին: Քնատ էր տակաւին: Ու յոգնութիւն մը կը զգար ոսկորներուն մէջ: Ինչպէս եւ պաղ մը՝ հակառակ նստարանին տակէն եկող տաքութեան: Սխալ էր ըրածը, պէտք էր, իր սովորութեան համաձայն, վակոն լի-ով ճամբորդներ: Բայց միւս կողմէ, գոհ: Որովհետեւ, գիշերը, ճամբու ընթացքին կարգի դրած էր իր բոլոր հաշիւները: Կը տանէր լրիւ տեղեկատուութիւն մը իր գործատիրոջ՝ Բրակայի եւ Վիէննայի մասնաճիւղերուն գործառնութեանց մասին՝ որոնք կատարուած էին առանց կեդրոնին հրահանգերուն, ամբողջ պատերազմի ընթացքին: Գոհ դարձեալ՝ որովհետեւ իր վերջին ճամբորդութիւնը կը համարէր ասիկա: Ժամէ մը Փարիզ պիտի հասնէր եւ կը յուսար, համաձայն եղած խստումին, անցնիլ ընդհանուր տնօրէնի իր պաշտօնին գլուխը եւ չշարժիլ այլեւս: Այսպէս հնարաւորութիւն պիտի ունենար նաեւ, հաստատուելով Փարիզ, իրականացնել իր ամուսնութեան որոշումը: Յօգնած էր այլեւս մինակ ու թափառական կեանքէն, քաղաքէ քաղաք:

Այս էին Մանուկ Դուինեանի մտածումները եւ ոչ թէ արկածը, հակառակ անոր որ անիւները կը դառնային դանդաղ ու մտահոգ: Վստահութիւն ունէր երկաթուղիին վրայ որուն դէպքերը բացառիկ անզգուշութեան արդիւնքն էին միայն: Այս վստահութեամբ էր որ ան նախընտրած էր շոգեկառքը սաւառնակէն՝ որով կատարած էր հաճելի, արագ քանի մը թռիչքներ եւ որ սակայն շատ աւելի ենթակայ էր անկման եւ հրկիզումի: Կամուրջը չէր վրդովեր զինք: Աչքերը բաց, լռելեայն կը շարունակէր գանգատիլ: Յոգնած էր ու երկիրները, պատերազմին վերջ, զուրկ էին հետաքրքրական ըլլալէ: Յոգնած էր հոգին, եւ սակայն պէտք էր ապրիլ...

Վաղուց է որ ան կը զգար կեանքը պարապին վրայ:

Ինչ նշանակութիւն ունէր կամուրջին անդունդը այն միւսին քով որ կար իր մէջ՝ պատանութենէն ի վեր: Ան շարունակ սպասած էր անոր փլուզման որ ուշացած էր միշտ: Ի վերջոյ, միշտ պատրաստ իր անհետացման, հաշտ՝ մահուան գաղափարին հետ, ան շարունակած էր ապրիլ այդ վիհին վրայ, որուն շնորհիւ կը գտնէր իր մէջ ոգեկան բարձրութեան մը գեղեցկութիւնը: Ու դառնութիւնը, քիչ քիչ՝ ուրախութեան աղբիւր մըն էր նոյն ատեն: Նարեկացիէն դարեր վերջ աշխարհ եկող այս Հայը, ուրանալէ յետոյ իր կրօնքն ու եկեղեցին, կը քալէր այն ճամբով, ուրկէ քայքայուող հոգին կը հասնի անսահման անձնապաշտութեան մը:

Կեանքն էր իրական անդունդը ու Դուինեան, հիմա, պատերազմէն վերջ, կը տեսնէր զայն աւելի մեծ յստակութեամբ: Աւերակ ու դառնութիւն ամէն դի. Փոխուած էին Հռոմն ու Պէրլինը, Պրիւքսէլն ու Լոնտոնը, զորս տեսած էր բազմաթիւ անգամներ՝ իրենց փառքի օրերուն: Պէրլին քանդուած՝ ռումբերէն ու փողոցային կռիւներէն: Ու Դունիեան լսած էր անոր աւերակներուն մէջ հաւատքներուն ունայնութիւնը: Տեսած էր յիմարութիւնը բոլոր յաղթական դրօշներուն, խանդավառութիւններուն, գոռոզ ու կատաղի ճառերուն ու բոլոր հերոսութիւններուն: Եզրակացութիւնը՝ փրփուր:

Փրփուր՝ ամբողջ մարդկութեան պատմութիւնը, ուր ազգեր ու ցեղեր ու սնափառ բռնակալներ ելած էին դէմ դէմի՝ յանուն հողի, կրօնքի եւ այլ ճշմարտութիւններուն որոնք, ի վերջոյ հերքուած էին՝ նոր հաւատքներու լոյսին տակ, անցած... մոռցուած: Մռայլ էր Բրական: Մոխրակոյտ մը Վարշաւան: Անձկոտ՝ Պուտափէշտը՝ քաղաքակրթութեան երկու հակամարտ ալիքներու միջեւ: Վիէննան կը ներկայացընէր բարոյական թաւալգլոր անկում մը: Լոնտոն թշուառութեան մէջ ինկած գոռոզ ու կոճկուած ազնուական մը՝ որ կ՛որոճայ ամէնէն նենգ մտածումները: Սնունդի պակաս ամէն կողմ, նոյնիսկ մեծ պանդոկներուն մէջ: Սղութիւն, ամբարտաւանութիւն ու ոճրագործութիւն: Քայքայումի մէջ էր քաղաքակրթութիւնը ու նոր պատերազմի մը վտանգի առջեւ:

Վերլուծելով իր հոգին, Դուինեան կը վերլուծել աշխարհը, տեսակ մը մխիթարութիւն առնելով անոր այդ յիմարութենէն: Քաղաքակրթութիւնը հասած էր կարեւոր անկիւնադարձի մը առջեւ: Մեծ էր անդունդէն վար իր գահավիժումին հաւանականութիւնը: Բազմաթիւ էին պատճառները: Գիտութիւնը քանդած էր բոլոր պատրանքները: Բայց ասոնց հետ ինկած էին նաեւ հաւատքներն ու իտէալները: Ու մինչ քաղաքակիթ հին աշխարհը կը տառապէր բարոյականին պակասէն, ուրիշ մը, նոր՝ կ՛առաջանար վիթխարի քայլերով, չտեսի յաւակնութեամբ, այլապէս քանդիչ, վնասակար մարդ էակին՝ որուն մէջ կ՞ուրանար ամէն ազատութիւն ու անձնականութիւն:

Մանուկ Դուինեան կը զգար այս բոլորը խորապէս: Դարուն մարդն էր: Արմատախիլ հայ մը նոյն ատեն, թափառական՝ աշխարհի բոլոր ճամբաներուն վրայ, իր կապերը կտրած հայրենիքէն ու ժողովուրդէն, բայց մասնակից՝ անիարւուած իր ցեղին ողբերգութեան: Դունիեան չէր եղած անոնցմէ՝ որ յանձնուեցան դիւրին ձուլումի մը, հակառակ անոր որ կ՛ապրէր միջազգային շրջանակի մը մէջ, տարին քանի մը անգամ միայն հայրենակիցի մը երեսը տեսնելով: Իր հոգին չէր կրցած տեղաւորուիլ տեղ մը եւ կը տառապէր իրականացումի մը պակասէն: Հակասութիւն մը կար դարերէն իրեն աւանդուած այդ հոգիին ու շրջապատին միջեւ: Այսպէս, ան աշխարհը կը դիտէր Հայու աչքերով, ըլլալով հանդերձ լոկ անձնական՝ իր ցաւին մէջ: Ու անզօր էր հիմա յոյսը որ կու գար այդ աշխարհէն: Թերեւս այդ գիտութիւնը, քանդելէ վերջ ամէն ինչ, յաջողէր ստեղծել նոր հաւատք մը՝ հիմնուած նոր ու վաւերական փաստերու վրայ, բայց  դրախտը արգիլուած պիտի մնար միշտ մարդուն: Թերեւս անիկա դուրս գար օր մը մոգական ոլորտներէն ու երեւակայական բանականութենէ մը անդին՝ հասնէր պայծառ իմացականութեան մը: Թերեւս մէկ կողմ նետուէին այլեւս թոթէմներն ու թապուները՝ որոնց կը հաւատայ քաղաքակիրթ աշխարհը վայրենիներուն պէս: բայց Դուինեան գիտէր թէ կարելի պիտի չըլլար  փրկուիլ երազէն որուն վրայ հիմնուած էր կեանքը: Անհուն այդ պարապը, այլապէս կախարդական՝ անցեալին ու ապագային վրայ սփռած իր առասպելային լոյսովը: Ու  Դուինեան գիտէր նաեւ թէ ստեղծագործութիւնը վայրագ ու անկատար էր: Կեանքը յօշոտում մըն էր ամէն դի: Ու վայրագ ու անկատար էր Արարիչը:

Եւ սակայն Դուինեան կը հիանար այս պարապին ու չարութեան մէջ եղած գեղեցկութիւններուն ու մեծութիւններուն: Իր այս յոռետես մտածումներն իսկ հրճուանք էին իրեն: Ու կ՛արժէր ապրիլ տեսնելու համար այս բոլորը:

Մանուկ Դուինենա, արթննալով, ունէր տակաւին գեղեցիկ երազէ մը զրկուած ըլլալու դժգոհութիւնը: Զզուած էր տարիներէ ի վեր շոգեկառքով ճամբորդելէն, բայց անիւներուն թաւալումը, այդ գիշեր, հնչած էր բացառիկ անուշութեամբ մը քունին մէջ: Գնացքը հսկայական տիաբազոն մըն էր կարծէք որ կը գտնուէր խաւարին մէջ հողերուն ու  քարերուն, ու երազային  թրթռացումի մը կը զարնուէր իր այդ բախումը երկրագունդին հետ՝ որ կը բանար ու կը գոցէր երախը անյագ այն բոլորէն որոնց ծնունդ տուած էր կուլ տալու համար միայն: Ու ձայները կը քալէին հոգիներու պէս: Անոնք, այս օտար հողերուն վրայ, կու գային բերել իրենց սրբազան հուրէն, խորհուրդէն ու կորուէն, բոլորը թաղուած օտար մշակոյթի մը տակ՝ իրենցմէ հեռացած, մոլորած այս  եղբօր մէջ: Վասնզի դժբախտ էր ան՝ իր հարստութեանը մէջ: Որովհետեւ, երբ Դուինեան կը մարէր իր մտածումին լոյսը, աչքերը փակած պահուն իսկ կ՛առնէր դարերու տառապանքին ու յուսախաբութիւններուն դէմ տուող ցեղին իմաստութիւնը: Ու անոր հոգիին արմատները, խրած՝  երեք հազար տարիներու խռովայոյզ պատմութեան մը մէջ, կը բերէին իրեն այն  բոլորը որոնցմով ապրեցան իր պապերը: Անոնք, ժայթքող, լուսեղէն ճիւղեր արձակող այդ ձայները, բիւրեղէ թռչուններն էին հայրենական հէքիաթներուն, մոռացուած՝ Արեւելքի այս տղուն մէջ, բայց ներկայ՝ անոր մանուկ մնացած հոգիին խորը, ըլլալով անոր դէպի երկիք խոյացման առաջին կախարդանքները:

Ու այդ ձայները տակաւին խենթ, բարեսիրտ, առասպելական հերոսի մը ձեռքով պոկուած ու նետուած ժայռեր ու ծառեր էին, ոսկիներով լեցուն չափեր, քաջութեան եւ վեհանձնութեան, ինչպէս եւ արհամարհանքի հրաշքներ: Բիւրեղէ, թափանցիկ հարիւրաւոր գունդեր էին կարծէք որ կ՛արշաւէին մթին տարածութեան վրայէն, զարնուելով մերթ իրարու, հեռանալով, թրթռալով շարունակ ու փայլատակելով, ճամբուն հեղեղէն տարուած: Անոնցմէ կը բխէր, կը տարածուէր գիսաւորի նման երաժշտութիւն մը: Ու այդ արշաւասոյր գիսաւորը կը ծփար մերթ Կրէթա Ինկպորկի ճերմակ քղանցքին պէս: Մութին մէջ՝ կը բացուէր ու կը գոցուէր շուէտացի աղջկան ժպիտը:

Դուինեան տարիէն աւելի էր որ չէր տեսած այդ ժպիտը: Ու գոհ՝ կը դիտէր քունին մէջէն, ուր կը զգար իր արագ սահիլը: Կրէթա Ինկպուրկ չէր խօսեր, բայց ան կը հետեւէր իրեն, կ՛անցնէր իր քովէն, հեռանալէ վերջ պահ մը, ինչպէս կ՛ընէր ձմրան օր մը, Սթոքոլհմէն ժամ մը հեռու լայնածաւալ, սառած լիճին վրայ: Ան կը սահէր եթերային էակի մը նման, կը դառնար, կը փաթթէր իր շուրջ լոյսն ու տարածութիւնը, կը քակէր զանոնք, կը սուրար, կը սաւառնէր իր երկաթէ սահնակներուն վրայ որ կը փայլէին իր ոտքերուն տակ: Կեանք առած արձան մը: Դուինեան, բանալէ վերջ աչքերը, կը վայելէր դեռ  գեղեցիկ այդ երազին արձագանգը, իր զրկանքին տխրութեան մէջէն: Կրէթա Ինկպուրկ յոյս մըն էր իր աւեր հոգիին խորը ու պիտի շարունակէր երազել զայն տակաւին, իր  վերացումը առնելով նոյնպէս դուրսի առաւօտեան մշուշէն, որ կու տար իրեն միշտ աշխարհէն անջատուելու սէրը իր պատանեկան տարիներուն, յանձնուելով պատրանքներուն, այնքան ցանկալի՝ հաւատքներուն քայքայումէն վերջ, պիտի կառչէր իր նշանածին ժպիտին, եթէ չցնցէր զինքը յանկարծ հետզհետէ դանդաղող շոգեկառքը: Ոտքի ելաւ աջէն ու ձախէն բարձրացող ճիչերէն սթափած: Ու վերադառնալով իրականութեան, ան ունեցաւ իսկոյն ուրախ այլ կեղծ արհամարհանք մը վտանգին առջեւ: Կը հրճուէր նոյնիսկ տեսնելով սարսափած դէմքը դիմացի կնոջ, որ, պատուհանին առջեւ կեցած՝ կ՛ըսէր բարձրաձայն.

-Քաոս մը...: 

Ան կ՛ըսէր ատիկա որովհետեւ բան մը չէր տեսներ աշնան պաղ մշուշին մէջ, բացի նորածագ արեւէն որ կը լողար սաղմի մը նման գորշ, անթափանց ու անսահման երկնքին խորը: Վիժած, դաժան լուսաբաց մը, դեղին հայելի մը՝ դժոխային ցոլքերով: Կնոջ ամբողջ մտահոգութիւնն էր կամուրջը ու չէր տեսներ զայն: Գիտէր որ քանդուած էր ան օդային ռմբակոծումներէն, վերանորոգուած՝ ժամանակաւոր կերպով՝ փայտէ գերաններով: Որքա՞ն տոկուն էր ան: Իր այս մտահոգութիւնը կը բաժնէին բաժնեակին միւս կիներն ալ: Անոնց աչքերը կը փայլէին անասնային վախով մը, մինչ շոգեկառքը կը սահէր յամրօրէն: Անոնք ահաւոր կը գտնէին ամէն մէկ վայրկեանը որ կրնար վերջանալ մահացու արկածով մը, բոլորն ալ կախուած՝ կարծէք մազի թելէ մը, որ կրնար փրթիլ յանկարծ ու յանձնել զիրենք անդունդին:

Մանուկ Դուինեան կը գտնէր զասնոնք յիմար, վատ բայց գեղեցիկ՝

իրենց այս վիճակին մէջ: Քաջ մը չէր ինք ալ: Անկարելի էր երեւակայել զինքը զինուորական տարազի մը տակ, հերոսական արարքի մը պատուանշանը կուրծքին, կամ հրդեհի մը մէջէն երեխայ մը ազատելու վրայ: Հերոսութիւնը յիմարութիւն մըն էր նոյնիսկ իրեն համար, տգէտներուն յատուկ գինուութիւն մը, որուն կ՛ենթարկուէին ոչ միայն անհատները այլ եւ ժողովուրդներ: Յանուն ինչու՞ զոհուիլ, յանուն ո՞ր ճշմարտութեանը: Քաջ մը չէր բայց, այդ պահուն, ան կը հրճուէր ինքզինք տեսնելով հասարակաց սարսափէն վեր: Ան չէր յիշեր թէ իր այդ անդորրութիւնը կը պարտէր կեանքէն առած կշտումին եւ յուսախաբութեան: Իրեն համար պահը առիթ մըն էր բարձրանալու իր ստորադասութեան ցաւագին գիտակցութենէն վեր եւ ուրախանալու կիներուն յոյսին առարկան դառնալով: Միակ արուն էր անոնց միջեւ, ծերունիէ մը վերջ ու կիները, երեքն ալ իրեն կը յառէին իրենց հարցական նայուածքը, նոյնիսկ ան որ գոռոզաբար լռած էր ամբողջ գիշերը, փակելով, մերթ բանալով աչքերը՝ իր զոհերը երազող գիշատիչ թռչունի մը պէս: Յուզուած էր հիմա նոյնպէս իր քովի շատ գեղեցիկ այդ օտարուհին որ չէր մասնակցած խօսակցութիւններուն, հակառակ անոր որ Դուինեան արտայայտուած էր քանի մը լեզուներով միւս երկու կիներուն՝ որոնցմէ մէկը ֆրանսուհի եւ երկրորդը ամերիկացի դերասանուհի մըն էր: Վար առնելով իր երկար ու գեղակերտ սրունքները ծունկին վրայէն, շքեղ ու խոշոր պայուսակը ձեռքին, խորհրդաւոր այդ կինը կը սեւեռէր հիմա իր վրայ իր անձկոտ ու փայլուն նայուածքը, նստարանին եզրին նստած՝ պատրաստ կարծէք իր թռիչքը առնելու: Ու Դուրինեան գոհ էր զայն տեսնելով խռոված, իջած էր հպարտութեան կատարէն: Կը հաստատէր: Միսը տկար էր: Տկարութիւն մը որմէ զերծ էր ինք: Առիթ մըն էր նոյնպէս շլացնելու շուրջինները իր մտքին պաշարովը: Խօսեցաւ, ընդհանուրին, ժպտելով.

-Ի՞նչ կ՛ըլլայ, վախնալու չէ: Ամբողջ կեանքը, բոլորիս կեանքը կամուրջ մըն է, եթէ խորհիք...

-Ինչ կ՛ըլլա՞յ,- բացագանչեց ֆրանսուհին,- կ՛իյնանք...

-Քանի մը տարի առաջ, քանի մը տարի վերջ, նոյնն է, պիտի իյնանք...

Դիմացինը կատակի մը վերագրեց այս խօսքը: Չէր կրնար յիմարի մը կամ յուսահատի մը տեղ դնել հարուստ երեւոյթով մարդը, որ զարմացուցած էր զինք ամբողջ գիշերը իր գրաւոր աշխատանքով, ինչպէս եւ իր կոկիկութեամբ, մաքրութեամբ, լրջախոհութեամբ եւ քաղաքավարութեամբ: Նայեցաւ զսպելով ընդվզումը: Հարցուց.

-Չէ՞ք վախնար մահէն:

-Ինչու՞ վախնալ,- բացագանչեց Դուինեան միշտ ժպտելով:

-Մեր երեւակայութիւնն է որ ահռելի կը դարձնէ զայն: Կատարեալ անէացում մըն է, ուր կը կորսնցնենք մեր անձին գիտակցութիւնը եւ նոյնիսկ մեր գոյութիւն ունեցած ըլլալը: Երբ մարմինը կը մեռնի, ինչպէ՞ս կ՛ուզէք որ ուղեղը գործի:

Դուինեան լռեց յանկարծ անականկալի եկած: Կողքի կինը կը հարցնէր պաղ, այլ հանդարտ ու գրաւիչ ձայնով, սահուն ֆրանսերէնով մը՝ որ կը զարմացնէր զինք.

-Ինչպէ՞ս գիտէք որ ուղեղը մեր կեանքին կեդրոնն է: Թերեւս պարզ գործիք մըն է որ յարաբերութեան մէջ կը դնէ մեր հոգին արտաքին... նոյնիսկ ներքին աշխարհին հետ, արգելք մը թերեւս նոյն ատեն, քանի որ անկատար գործիք մըն է: Առանց անոր՝ գուցէ շատ աւելի յստակ տեսնենք իրականութիւնը:

Դուինեան կը զգար թէ կը գտնուէր զարգացած կնոջ մը առջեւ: Նայեցաւ անոր մեծ համակրանքով մը: Այդպէս կը մտածէր ինք ալ երբեմն: Բայց շարունակեց հակառակը պնդել, հետզհետէ աւելի յաւակնոտ ու գոհ՝ խօսակցութենէն:

-Առանց անոր՝ մենք գաղափար պիտի չունենայինք կեանքին եւ մահուան մասին, տիկին: Եւ  յետոյ, քանի որ աւելի յստակ պիտի տեսնէք մեռնելէ վերջ, ինչու՞ կը վախնաք: Լեցուն էք քրիստոնէական նախապաշարումներով: Այդպէս է.  բոլորս ալ, ուրանալով հանդերձ դժոխքի գաղափարը, կը կրենք տակաւին անոր սարսափը մեր մէջ: Եթէ ազատ ըլլայինք այդ նախապաշարումներէն, եւ երեւակայութենէն, երբեք պիտի չխռովէինք մահէն: Օրինակ մը պիտի տամ ձեզի: Օր մը բան մը  կարդացի թերթի մը մէջ որ հաստատեց այս ըսածներս: Ճաբոնացի զինուոր մը, հասարակ զինուոր մը, սխալ մը կը գործէ կռիւին ընթացքին:   

 

  • Hits: 1273

Կայքը գործում է ՀՀ մշակույթի նախարարության աջակցությամբ։

© 2012 Cultural.am. Բոլոր իրավունքները պաշտպանված են ՀՀ օրենսդրությամբ: Կայքի հրապարակումների մասնակի կամ ամբողջական օգտագործման ժամանակ հղումը կայքին պարտադիր է: