Նշմար մը Ռոպէր Հատտէճեանի «Առաստաղ» երկհատոր վէպին շուրջ

Գրականութիւն ըսուածը մեզմէ ընդհանրապէս երբեմն աւելի կը պահանջէ․ ընթերցումի եւ վերապրումի կրկնակ կարողութիւն։ Գրողի ճիգէն դուրս առ նուազն այլ ճիգ մը պէտք է գործադրուի, որպէսզի իրերու աշխարհէն ստացած տպաւորութիւնը լիարժէք ըլլայ։ Ռոպէր Հատտէճեանի պարագային ասիկա անխուսափելի է․ խոյս տալը՝ չհասկացուածութեան պարտութիւն։

Արդ, խուզասրկում մը, եթէ կուզէք խուզարկու հայեացքի մը միջոցաւ միայն պէտք է պարզորոշել զուտ վիպական այն իրողութիւններու բնոյթը եւ էութենականութիւնը զորս Ռ․Հատտէճեանի համար տարիներ ի վեր լրջախոհաբար ծառացած է եւ հանգիստ չէ տուած անոր պէս իմաստասիրող վիպագրողին՝ ապրելու «Առաստաղ»ի ներշնչման հրահրմամբ։ Ըսել կ՛ուզեմ զգացական եւ մտածական իմաստիւ վէպը հետաքրքրայարոյց ըլլալէ զատ կը բացայայտէ ազգային պատմութեան հոգիին բովանդակութիւնը՝ մանաւանդ անանուն ծերունիի մը մենախօսական սեւեռումներովը գրեթէ իբնոսացած․․․

Արդեօք խնդրայարոյց ծերունին գրողական հնա՞րք մըն է, թէ՞ ուղղակի իրականութենէն կու գայ՝ խտացնելու ժողովրդային խառնուածքի պատմութեան ամբողջականութիւնը; Մանաւանդ եւ յատկապէս, որ ան արկածի մը պատճառաւ կը գտնուի հիւանդանոցին մէջ։ Մենաւորութեան վիճակ մը, թերեւս, մինակութեան պարտադրուած անկասելի ձգտում մը,- միայն այստեղէն կարելի կ՛ըլլայ քննախոյզ դիտել աշխարհը, խորհիլ, դուրս ելլել ներաշխարհային ներկայութենէն եւ միջավայրէն, ազատագրուիլ՝ ազատ մտածումին տրուելէն առաջ։ Չշրջափակուիլ ներշնչումի հակազդեցութիւններէն․ ուրեմն՝ ապրիլ տեսակ մը վերամարմնաւոր այն վիճակները զորս մարդկային ու ազգային են։

Առաստաղին խնդիրը վէպի մը խորագրէն անդին կը բացայայտէ գրողի մտածողութեան տարողունակ ըլլալու խորքն ու կերպայնութիւնը / «Ճանճ մը կը մտածէ՞ հիւանդի եւ ճակատագրի վրայ»/, վիպային ողջ ընթացքին նկարագիրը յորդումով կը սնուցանուի,  մանաւանդ, երբ առաստաղ-իրականութիւն համարժէք իրողութիւններու գոյութիւն մը դիտուի նոյն հարթութեան վրայ․ «Օր մը առաստաղին վրայ ճանճ մը կը դիտէի։ Առաստաղը այն բանն է, զոր ամէնէն շատ կը դիտեմ՝ պառկած ըլլալով առ հասարակ կռնակի վրայ։ Եւ առաստաղը բան մըն է, որ երբեք շահեկան չէ, վասնզի չի փոխուիր, միօրինակ է, բացի այն հազուադէպ վայրկեաններէն, երբ ճանճ մը կը քալէ անոր վրայ։ Ուստի ես այդ առաստաղը առաւելաբար կ՛օգտագործեմ՝ որպէս պաստառ մը մտածումներուս համար»։

Չեմ գիտեր, արդէն յիշածս առաստաղ-իրականութիւնը խորքին մէջ գաղափար մը կու տայ, որ իրականութիւն ըսուածը ծերունիին այդժամեայ ապրածն ու վերապրածն սոսկ չի կրնա ըլլայ։ Խնդրոյ առարկան կը ենթադրէ նաեւ տարածական գիտակցում մը զոր կու գայ Հատտէճեանի ազգային զգայնութենէն։ Ճանճ մը բնաւ չի կրնար գիտակցումն ունենար։ Մարդ մը ի խնդիր հոգւոյ թելադրութեան միայն կ՛ապրի։ Հոն է ճանճի մը կերպափոխուելու գրողական զգայապաշտութեան խնդրի արծարծումը․ «Կ՛ապրէր /ճանճը, Ա․Ա․/ առանց կեանքէ ձանձրանալու, առանց երջանկութեան կամ տառապանքի, առանց ազգութեան, առանց հայրենիքի․․․ անձնասպան չէր ըլլար երբեք»։

Խորհուրդ մը կայ, զոր ուրիշ բան չի նշանակեր, քան մարդու՝ մարդ ըլլալու դատապարտուածութեան երեւոյթը վերստին մասնայատկելն ու անոր նշանակալիութենէն խօսիլը։ Մարդ մը զոր ունեցած է անցեալ եւ գերեւավար է իր մտածումէն։ Ըսել կ՛ուզեմ մտածումը՝ կը շարունակուի, քանի դեռ չէ հեռացած անցեալէն ու չէ մոռցած մարդ ըլլալու իր կենսաբանական վիճակի գոյութիւնը՝ ատոր անկարողութեամբը։ Հատտէճեան իբրեւ գրող եւ հոգեբան դէպի խորացում կ՛երթայ, վիճակներու բնականութեան /ինչ որ մարդկային է/ եւ սեւեռումին ընդմէջ կը նշմարէ ճամբայ մը, որ ամենէն առաջ դէպի ծերունին գացող խորհուրդ մը ունի։ Աս ճամբան չէր կրնար ոլորապտոյտ չըլլար, քանի որ ազգային է․ ազգի մը կենսագրութիւն վերարտայայտող։ Անոնցմով անհարկադրաբար կը պարզուի իրողութիւններու աշխարհի խորհուրդը։ Անգամ մը, որ ընդունինք այդ իրողութիւններու «ինչպէս որ է»ն, չենք տառապիր՝ գրողական ճշմարտութիւնը գիտակցելէն՝ կունենանք ճշմարիտ համոզում մը, որ է՝ վէպը սպառ զերծ է սովորական վիպայնութենէն․․․

Իրականութեան այնկողմը անցնելէ առաջ, գրողը կը խորհի․ մտահոգութիւններու տեղատարափ մը, եթէ չըսենք մենախօսութիւններու, յոյզերու անխառն պատմումի յորձանքը մարդիկը վար կ՛առնէ, ըլլան հիւանդապահուի, թէ հերթապահ բժիշկ, ասոնք ամենքն ալ դիպուածային զգայնութիւններ արթնցնող են՝ սենեակի մը իրականութիւնը լեցնող, որոշապէս ամբողջացնող։ Կը մնայ առաստաղին գոյութեամբ ապրիլը զոր խաղաղ սփոփում կը բերէ թանձրացած հոգի-ծերունուն․

«-Անցա՞ւ,- կը հարցնեմ՝ նայելով առաստաղին։ Սիրտխառնուքդ անցա՞ւ»։ Որքան ալ  հարցումը Մարկոսին  ուղղուած ըլլայ, նորէն իր մէջ առաստաղին ձգողութեան,- վերէն վար դիտուած,- գրողի մտածումէն չազատագրուող տագնապը ունի։ Ասիկա կը կազմէ Ռոպէր Հատտէճեանի մտածումին /մարդու նկարագիրը խորքով ճանչնալու/ ինքնաճանաչումի առանցքը, տագնապներու շրջածիրը։ Ի՞նչ պիտի ըլլար, եթէ չբաժնուէին /օր մը Մարկոսն ալ դուրս գրուեցաւ հիւանդանոցէն/, «Մարկոս, որ այնքան անյանդուրժելի թուած էր» կը գուժէ հարազատ մարդու մը բաժանման վտանգը։ Զգոյշ ընդվզում մը կ՛ապրի ծերունին, որ զգայ «երկու մարդոց երկարատեւ  փոխյարաբերութեան անդիմադրելի վախճանը»։ Մինակութիւն, մինակութեամբ ապրիլը ծերունու հոգը չէ եղած, ինչպէս որ մարդերէն խուսափիլը՝ անոնց կորսնցուցած չտեսնելու փափագի պատճառաւ, զի առաստաղը տիեզերք մըն է․ Սաթենիկը, Յակոբը, տիկին Ալիսը, Ռուբիկը, Սոնան եւ միւսներն ալ՝ «դատապարտուած ապրելու» առաստաղի սիրոյն, ներքին հաւասարակշռութեամբ մը կ՛ուզէին ապրեցնել նոյնիսկ առաստաղով իրարմէ բաժնուած ըլլալու զգացումը հեռաւոր հարազատութեան ողբերգութիւնը կ՛արթնցնէ, ծերունին չի զգուշանար /ինչպէս ապրած է իր նկարագիրի խորութիւնը, սկիզբէն մինչեւ վերջ՝ «առաստաղ մը դիտելով»/։ Ան ինքնամփոփ է, բայց վկայող, անխառն իր պատմումով․ ի վերջոյ առաստաղի կործանումը իր կործանումը եղած է, իրողութիւն մը՝ շարունակելի յարաբերութեանց միջոցաւ՝  ճակատագրական․ Ռոպէր Հատտէճեան – գրողի համար՝ տագնապներ,- ազգային-մարդկային,- հարուցանող, ինքնատիպ եւ իրաւ։

Արթուր Անդրանիկեան

  • Hits: 4543

Կայքը գործում է ՀՀ մշակույթի նախարարության աջակցությամբ։

© 2012 Cultural.am. Բոլոր իրավունքները պաշտպանված են ՀՀ օրենսդրությամբ: Կայքի հրապարակումների մասնակի կամ ամբողջական օգտագործման ժամանակ հղումը կայքին պարտադիր է: