Ուրուագիծ դիմանկարի համար. Նամակ առ Վեհանոյշ Թեքեան

Սիրելի՛ Վեհանոյշ,
Պէտք է ջանամ քերթուածներէդ ունեցած ջերմ զգայնութիւնս,- մանաւանդ ոգեշունչ եւ ոգեպայծառ արեւմտահայերէնով,- քանի մը տողով յայտնել՝ զոր անհատական մտածումներէս կու գայ, մանաւանդ, երբ ծննդավայրդ՝ Պէյրութ կը գտնուիմ՝ ոգեկանութեան յոյզ ու պոռթկում ապրող հայերու շրջանակին մէջ, կը յիշեմ Նիկողոս Սարաֆեանը․ «Արեւմտահայը պիտի գտնէ իր լրիւ ինքնութիւնը՝ հասնելով աւելի բարձր գիտակցութեան մը»։ Դու զգացած ես ինքնութեանդ էականութիւնը եւ խորհած․ «Աս ճակատագիրը՝ իմս է» եւ հոն տեղէն կու գաս, յամենայն դէպս տողերուդ ծնունդ տուողը այդ կը վկայէ։ Կ՛անցնիմ։ Ես հաստատապէս համոզուած եմ, որ կեանքիդ մէջ ալ ․․․ բանաստեղծ ես։ Այդ պատճառաւ Գիրդ ինծի հարազատ կը թուի ու կարծես թէ կը պատասխանէ մարդոց այն հարցումներուն, զորս զգայնութիւններ կ՛արթնցնէ՝ «Կապոյտ ապրիլ»էն / 1969, Պէյրութ / սկսեալ․․․
Արդ, մխիթարանք մը եղաւ երկու հատորներուդ հրատարակումը․ քերթուած, արձակ գրութիւններ, գրադատականներ, Վեհանոյշը՝ վեհացնող։ Ըսել կ՛ուզեմ բանաստեղծի մը նկարագիրը որոշապէս եւ ճշմարտաբար մասնայատկող։ Այս պահուս կը յիշեմ,- անկարելի է մոռնալ ամէն պարագայի,- որ «Սիրտդ սկիհ է»։ Եւ, եթէ սկիհներով մեր նախնիք գինի կը մատռուակէին, ապա դուն «մտքեր ամոքող» ի դերըդ տարիներ անընդմէջ ստանձնած՝ հայ բանաստեղծիդ պարկեշտութեամբ, հոգւոյ նուիրականութեամբ կ՛աղոթէս։
Հայր Աստուած,
քու հոգիիդ գերմարդկային տարրերէն
ամէն մարդու պուտ մը տար։
Ասիկա սոսկական բաղձանք մը չէ, եւ ոչ ալ ցանկութիւններէդ կու գայ․ մտածումներէդ վերընծայ ապրում մը լռելեայն անլսելի ճիչ կ՛արձակէ։ Ճիշդ սա պէս ապրած ես՝ ի խնդիր Հայ մտքին ազնուացումին։ Ինձմէ զատ շատեր եւ շատոնց այս անհակաճառելի կարծիքն ունեցած են։ Ի՞նչ կը խորհիս, իրաւունք ունի՞մ․ ներհայեցողաբար խորհիլ։ Հատորներուդ վրայ ալ գրած ու խօսած են։ Անոնցմէ՝ Գուրգէն Մահարի, Շահան Շահնուր, Մինաս Թէօլէօլեան, Պօղոս Սնապեան, Յակոբ Կաապենց, Երուանդ Ազատեան եւ այլք։ Բազմածուփ աշխարհիդ նշանագիրներու ընդմէջէն դիմանկարդ յայտնաբերած են։ Եւ, իրաւ, կը կարծեմ, թէ խտացումներէդ, սեւեռումներէդ լոյս կը ծորին, ուր «լուսամուտներ կան լոյսի, տարիներու հայելիներ», ու միշտ ալ առկայ է նուիրումըդ իրականութեան արտացոլումին մէջ։ Եւ քեզմէ անկախ «մանկութիւնդ կապոյտ արտոյտներով» կը թառի ուսերուդ, կը զմայլուի քեզմով ու Ժպիտդ նոյնն է՝ «ակօս չունի», վասնզի ատենին ընթերցած ես ․․․ «Աւետարան-աչքերը ճերմակ մամայիդ»; Սա պէս կը շարունակոին տարիներդ, Սփիւռքի ինքնախաբէութիւն առթող հեղեղին առջեւ՝ կ՛ալեկոծուիս, անինքնագոհութիւն կ՛ապրիս, անհանգիստ կ՛ըլլաս, բայց, կ՛ապրի հայութիւնը լուռ՝ սպասումի ու երկընտևրանքի ընդմէջ՝ պարտ իր հաւատքին՝ զոր քուկդ է ՝ ճակատագրուած ․․․
Սիրելի՛ Վեհանոյշ,
տեսակ մը ապրեցնող, զգայնական մթնոլորտ մը կայ քերթուածներուդ մէջ՝ անտեսուած տխրութիւններ եւ ուրախութիւններ, վասնզի «Եկեր ես պարպուած կեանքերը հաւաքելու»։ Վստահաբար՝ եկած ես, փնտռած-գտած այն Կեանքը, որ անգտանելի համարած ես։ Բայց փնտռտուքդ,- չէ կարծրացած,- այլ հոգիներ կը յուզէ ու հոգեւին կ՛ապրեցնէ։ Ուրեմն՝ կայ տագնապը, մտահոգութիւններովդ լեցուն․ Սփիւռքի ճակատագիրը քեզմէ անկախ ստուերիդ հետ կը քալէ, տեսակ մը զղջումով եւ անզղջում ամենուն սրտին խօսող, խռովայոյզ ձայներանգներով։ Իվերջոյ, անդորր բերող նուագակցութեամբ մը։ Ի յառաջագունէ՝ ընթերցողներուդ հաշտ բարեկրթութեամբ։
Ես կը հաւատամ․ դուն «մութին մէջ որսորդներ տեսած ես»։ Զանոնք չյոգնեցան բնաւ։ Ոչ միայն չյոգնեցան, այլ տարիներէ ի վեր խորհեցան, եւ գիտե՞ս ինչու, որովհետեւ անծանօթ ես յոգնութեանդ։ Այս պատճառաւ խանդավառուեցայ, եւ ինծի կը թուի որ «Նետերը մեռած ձայներ կէտադրեցին»։ Ուրեմն, արարումդ ամբողջացած է։ Մինչ այդ կը համարձակիմ ըսել, որ Վեհանոյշին խօսքը «գոյնով եւ շունչով» անգամ մը եւս ի յայտ բերուեցաւ։ Ասիկա՝ իրականութիւն է, գիտցածէս ու ապրածէս կը բխի։ Կարելի չէ, հրաժարիլ։ Կը մնայ քերթուածներուդ շունչը, հիացումով կը կարդամ ինչ որ գրած ես եւ ինչ ալ գրելու ըլլաս։
Սիրելի՛ Վեհանոյշ,
նամակս երկարեցաւ։ Կը մնայ բարեկամօրէն մաղթել անյուսահատ ապրելիք օրեր եւ որքան ալ մտահոգուիս, որ /«Իմ երկիրը տխուր է/ քանի որ ես այդտեղ չեմ»/, այդուհանդերձ կը հաւատաս՝ «քալող եւ շնչող յոյսին Սփիւռքի»։ Եւ, հիմա, վերջին տարիներու մեր օրերու տարաժամին, երբ ազգային ամէն ինչ տեղատուութենէն վար կ՛իյնայ, վստահ եմ, որ վերստին Հայաստանի եւ Սփիւռքի լոյսին եւ յոյսին կը մնաս հաւատարիմ։ Չէ վրիպած յոյսդ․․․
Արթուր Անդրանիկեան
+374 94 423 159
+374 91 423 159
- Hits: 1047