Ամերիկա քոյրս,
Թշնամացած բարեւները,
Կախեցիր մեր հին պատշգամբի հին թելերուն...
Ուր կախուած մնացին պատառիկները մեր մանկութեան ...
Ամերիկա քոյրս, ես կանգնեցայ Նիակարայի ջուրերուն առաջ,
Ըսին ինծի, ջրվէժը հզօր է , դիմացը Պուֆֆալոն եւ քրոջս երազները մէկ առ մէկ
Հանել տուին դեղին ծոցատետրէս ...
Ամերիկա քոյրս, երազներդ մնացին մեծ մամայի լատինատառ յիշատակարանին մէջ,
Ուր դուն պոլսահայերու հետ նստած կլոր սեղանին,
Համտեսեցիր անոնց պատրաստած պատառները ...
Կանաչ եալանճիներ
Հիւթեղ եւ բացառիկ ...
....
Իբրեւ քեզ չեմ փնտռեր ...
....
Քեզ չեմ փնտռեր Ամերիկա քոյրս,
Ձեռքս Անդրանիկ քեռայրին կղպանքով ու
Բիս փոշոտ հեռախօսին չերթար լսելու համար ձայնդ ...
Ձայնդ հին եւ գունագեղ ...
Կը պատմես կեանքէն ... ու բառերը ելեւէջներ կը դառնան.
Բառերը տող տող,
Բառերը հիւթ-հիւթ
Կաթիլ – կաթիլ առնուազն ...
Հարց կուտաս Հայաստանի մասին
-Հայաստան պիտ չերթա՞ս սագօ ...
Ամերիկա քոյրս, բոլորս ծալլապատիկ պիտի սպասենք որ երկիրդ նորէն
Գունաւորէ պահարանները մամային ...
Ու բարատոքսներու մէջ նետուած սեւ քուէդ վերադառնայ քեզի նորէն.
Վերադառնայ դեղին պատուհանէն, Նոյեան աղաւնի որպէս ...
Յիշողութիւնս կը պատռէ ժամանակի ցանցը ...
Մենք կը մերկացնենք մեր ժամանակները ...
Տղաքս ֆրանսերէն կը ճռուողեն ...ու մենք մեր լեզուն կը խծբծենք...
Երազս էր Ամերիկան, երազս ամերիկա քոյրս .
Աշխարհը պիտի չսպասէ մեր հանդիպման
Ու ահաւոր է երբ երթալու տեղ չունիս այլեւս ...
Երբ բոլոր ճանապարհները կը փակուին առջեւդ ու հեռացումդ
Ծանր կը չոքի սրտիդ ....
Բոլոր քաղաքական դէմքերը կը սեւնան,
Բոլոր բանաստեղծները խեղդամահ կ'ըլլան ...
Մէկը կը զանգահարէ ըսելու որ, «Արարատ»ի մէջ գրածս յօդուածը վատն էր շատ...
Ուրիշ մը կը փռնգտայ աստծոյ անունով, երրորդը հոն բլուրին նստած,
Անօթեւան, կիսամերկ կաղնիի պէս կ'ըսպասէ անձրեւներուն ... որ պիտի գան Անձրեւ այս յիմար աշնան,
Անձրեւ այս յիմար ու տօթ աշնան...
Հրանդ Եունիսէսը սպիտակ տունը սեւով կը նկարէ
Սեւ կը ներկէ ...
Ուրիշ մը բարձր սարերուն վրայ վերջալոյսներ կը յօրինէ.
Այս բոլորը առանց անուններ տալու, այս բոլորը առանց գինիի
Նոյնիսկ ... առանց գինիի ...
Լոս –Անճելըսէն- Պէյրութ առաքուած գինիին համը տարբեր էր, հրաշալի ...
Ամերիկա վիթխարի քոյրս,
Որ հիմա նստած ես կայսրութեան փլուզումը նկարագրելու ...
Ինչպէս խօսիմ հետդ ...
Ըսէ ....
Ըսէ որ լեզուովս,
Համր դառնալս վեհանձնութիւն սեպէ, ինչ կըլլաս ...
Լռութիւնս աղօթք թող ըլլայ քեզի,
Ու մեր սառնութիւնը ամերիկեան գէշ նկարուած ֆիլմերուն նմանցուր:
18 տարեկան չեմ այլեւս, որ նամակ գրեմ քոյրիկին ....
Քոյրիկ մի մոռնար Լէպթոփը այս տարի ...
Այս տարի կաղանդ պապան ալ սեւ է .
Ուրախանալու ոչ մէկ տեղիք կայ հիմա, գիտես չէ պուրճ համուտի սեւ ճամբաները ուր կը տանին ...
Հոն չեմ պիտ ըսես ... յանկարծ սխալներ չընես
Ամերիկա դուն մեծ քոյրս քան՞ի տուփ Էտվիլ մնաց պայուսակիդ մէջ ...
Յիմար Էտվիլ ,
Առաջին տարիներուն գաղտնապահ Էտվիլ,
Ու հիմա բացայայտ ու ներբաններուն վրայ քալող յիշատակ որպէս ...
Հինգշաբթի երեկոյ արձակուած լիբանանեան լոթո ...
Լոթոն բոլոր անտէր հայերուն հայրենիքն է ...
Յատկապէս հինգշաբթի իրիկուն
Բոլոր հայերն աշխարհի
Բոլորը սեւ ներկուած, սեւով ծպտուած ու սեւ ձեւացող հայերը...
Պիտի դառնան տուն ձեռք մը պլոթ խաղալու ...
Պահարանին միւս կողմը, կամ ետեւը միշտ կայ ցեղասպանութեան ուրուականը, որ ճերմակ քալըստուքով կը հալածէ զիրենք ...
Ու դիմացի անկիււնը ուրիշ վերանատայի մը վրայ
Քաղաքական բանտարկեալներու կիսամերկ պոյը կը տեսնեմ ...
Պոյիդ մեռնեեեեեեեեեեեեեեե՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜եմ ....
Քոյրիկ գիտցար այդ վերանտան, ուր Սեդա Քոյրիկս հաւկիթ կը խաշէր պապային համար ...
Ու չէր մոռնար երկու սառած ալմազա բերել ընթրիքին ...
Կե՜՜ցցէ բրոսթաթ ամերիկան
......
Ամերիկա քոյրս նիհարցա՞ր ...
Սուշի եւ ֆաստ ֆուտ չմնաց քաղաքին մէջ...
Պատմէ ամերիկայէն ....
Հայտէ Նազ միներ ....
Պատմէ ինծի վերջին աղաւնին ուր գնաց ձեր միայարկ շէնքէն ....
Ուրուն նկարն անգամ չես ղրկած
Ի՜նչ անջրպետ մեր միջեւ ...
Մի դժգոհիր
Քոյրիկս ....
Ամերիկա քոյրս պիտի սիրեեեեեեե՜՜՜՜՜՜՜՜մ քեզ անջրպետին չափ,
Մեծ ու կապոյտ ...
Երկարող երազին պէս որ ւարտ չունի ....
Ամերիկա Քոյրս ....
......
Ամերիկա քոյրս,
Կապոյտով գրեցի քու մասիդ,
Կապոյտով
Էյչ Փի բրինթըրը չաշխատիր ...
Առաւօտեան վաղ՝ հինգ ու կէսն է ....
Եաննին միայն կայ դիմացս,
Բաժակ մը կոնիաք,
Արթուրէն Անդրանիկեան, Արթուրիկէն ....
Որպէսզի երրորդ տղուս բարլուս ասեմ ..
Ամերիկա քոյրս ,
Ո՞՞՞՞ւր ղրկեցիր մեծ քոյրերս ....
Հորքուրս որ Իրաքէն հազիւ պրծաւ ,
Անօթեւան անջուր հիմա Հոլանտա ...
Անամուսին անմուրազ ու անխօս Հէրն անիծածս ...
Հին երգերը հօրքուրներուս ..
Ո՞ւր մնացին հին ձայները,
Ամերիկան մեզի որբ ըրաւ
Ըսին որ երազի երկիր է ..
Երազները վրայ տուինք ու մեռանք ...
Մենք չմեռանք....
Հիմա արեւելքի պորտին
Զաւակներուս մրմունջ բառերը պատշգամբէն կ'արձակեմ ....
Իբրեւ մասունք աղօթքի,
Ամերիկա քոյրս,
Մեր խէրրրրրր՜՜՜՜՜՜՜իկը անիծեցիր....
Աֆղանիստան,Իրաք,
Հիմա ալ ելլեր ես Հայիթիի
Որբուկները գողնալու ....
Ամերիկա սեւ համպըրկըր յիշատակիդ ...
Ընկերներս ետ դարձուր ...
Ես չեմ մեռնիր, մի մտածեր այդ մասին
Գիրգոր քեռայրը չկարենալ միզելէն, բրոսթաթի քանսէրէն մեռաւ,
Աւելի քան սէր, աւելի քանսէրէն մեռաւ .....
Ով գիտէ ինչ ճանապարհ էր Քէրքուքէն Հոլանտա....
...
Անդրանիկ քեռայրս անյիշատակ կը պառկի
Ղազար ամոս, հարսքոյրիկս ու հիմա Սագոն
Որ մէկը թուեմ ..
Մեռելները կը հաւասարին ողջերուն
... ինչ տեսակ երազ է ասիկա
Սուտերդ քեզի թող մնան
Կը բաւէ այսքան սուտ,
Տաուն -դաուններդ սովալլաուկ վհուկներու պէս,
Բերանաբաց ու դատարակապորտ ուրուներ են միայն:
Ամէն ինչդ քէշ է
Ամէն ինչդ մահ է
Ամերիկա ....
Ամերիկա քոյրս ,հէսա կը զանգեմ
Յարութին բարեւ ըսելու ....
Բարեւ ընկեր
Բարեւ բոլոր ընկերներուն ....
Կ'ըսես ուրուականը պիտի հիննա ու անցնի ...
Ամերիկան մեծ երկիր է
Թալէպանները քանի -քանի օդանաւ վար կ'առնեն
Քանի ամերիկացի դեղին զինուորներ հողին կը տրուին....
Ծօ՛ դուրս ել ,
Դուրս բեր զօրքերդ հոստեղերէն,
Մեծ օդանաներդ ի՞նչի կը ծառայեն.
Կորքի չունիմ որ նկարեմ
Հարաւս սեւ մոխիր ըրիր,
Բայց չինկայ....
Դուն նաւթ կ'ուզես խմել ...
Նաւթի ծարաւ ես
Աշխարհս ծեր է ,
Վախնամ մեռնի
Ծառերը սեւ հագնին ...
Ձիւնի փոխարէն կարմիր կարկուտ տեղայ..
Տեղայ ամէն ինչ ....
Ծօ դուն նաւթէն չես կշտանար ...
Տես հնդիկները ինչպէս կը սարքեն իրենց տունը
Տես հարաւի բակիչները,
Տես դեղինները ....
Տես բոլորը
Դուն կայսերական կուզես խաղալ ,
Գիտես անոր համար որ երեխաներդ առանց ցաւի պիտի ծնին
Առանց երկունքի պիտի ծնին
Երեխաներդ կանուխ պիտի ծնին
Առանց արբունքի
Քու անհամ ու գունաւոր խնձորներուդ պէս ...
Ուր են բանաստեղծներդ թող ապտակեն քեզ
Ամերիկա թող ապտակեն ...
Վերջի նը արտեմ յարութիւնեանը ինչ գրեց քու արգանդիդ մէջ ...
Ո՞ւր են միւսները...
Ո՞ւր գնաց ալէն կինզպըրկի ոգին
Վայ մամա ճան ...
Ծովինար նազարեանը ուրախ է ուաշինկըթըն տըի սի ..
Գիտէ ի՞նչու յայտնուեցաւ հոն ...
Ամերիկա քոյրս,
Ել լուացքներդ փռէ....
Կը բաւէ արցունք թափես իրաքի մէջ
Կը ձեւացնես որ տխուր ես ատոր մ համար ..
Արիւնը քու օշարակդ դարձաւ ..
Հարաւի յաղթանակները ծունկի պիտի չբերեն մեզ ...
Մէզ կը հոտի երկիրդ,
Ամերիկա քոյրս
Քիչ մը զգացում եւ սէր ուղղարկեմ
Վէսդէրն Ունիոնով ....
Ըսէ սորվեցնե՞մ
Ինչպէս կը գուրգուրան հօր ու մօր վրան
Ըսէ՛,
Արցունք մի թափեր
Լէպթօփս արցունքէն չի խօսիր
Ու աչքերուս մէջ տեղ չի մնաց արցունքի ..
Հոն արիւն կայ
Ամերիկա քոյրս
Ամերիկա քոյրս կը լսես զիս
Հաւաքէ պայուսակներդ ...
Հաւաքէ իրերդ
Ըսէ ամերիկան ինչ տուաւ քեզի ..
Ամերիկան բաց գերեզման է, գիտես ..
Հոն մեռելները կը պառկին
Մեծ կայսրութիւն ամերիկան
Հոն մարդիկ թիւ, հազարումէկ թիւ ու թիւեր ....
.....
Ամերիիկա քոյրս
Սուրբ Սարգիսն ալ անցաւ ,
Ոչ ոք զանգ չի տար
Հասնող հեռախօսներուն համարները
Երեք եօթը չորսով են միայն ...
Նախագահիդ կ՛ըսես
Որ հոգս չէ թէ ինչ բառ պիտի գործածէ ... այսուհետեւ ապրիլի քսանչորսին ..
Իրմէն առաջ հոն եղող ջարդու բուլակը,
Ինչ ջարդեր գործեց...
Միայն նաւթին համար,
Որ մարդկային շալիմոնեայ կոկորդներով պիտի խմէ Իրաքի Տափաստաններէն ...
Բայց պիտի փոշմանէ
Պիտի փոշմանես ամերիկա քոյրս ...
Բարեւ ըրէ պոլսահայ բարեկամներուդ...
Ծօ տունէն դուրս ել ....
Վերջացաւ մելանս որ գրեմ ...
Յոգնեցայ գրելէն ամերիկայիդ մասին
Յոգնեցայ ....
Ամերիկա քոյրս
Յոգնեցայ ....
Երթամ ապրելու ...
Դուրսը արեւն է ..
Կուզեմ ապրիլ
Կուզեմ որ ապրիք քոյրս
Կորքի չունիմ մօտս որ նկարէ քեզ ....
Փոխարէնը տանս մէջ կ'ապրի հզօր նկարիչ մը ....
Մ՜եծ ընկերս ....
Որ չի հաւատար Նոր Եորքի եէնքի ցուցասրահներու սափրագլուխներուն ...
Վահան Ռումէլեան ....
Հզօր գոյներով նկարէ գալուստը նոր պայթումներուն ..
Որ թերեւս արթննաս ...
....
Ամերիկա քոյրս ...
Պզտայկ բանաստեղծները,
Անոնք որ բանաստեղծութիւն կը հազան,
Կը փղձկան ու տրտում հոկտեմբերի խաղեր կը խաղան....
Անոնց համար ալ կը գրեմ -..
Որ սորվին լաց չլինել յետ այսու ...
Կեանքը լաւն է ....
Կեանքը հզօր է ամերիկա քոյրս ...
Բարլուս ...
Բարլուս բոլոր ապրողներուն....
Բարլուս Տիկին Արշալոյսին որ մեռաւ Ամերիկան երազելով ...
Բարլուս անոնց որ գործէն գինետուն կը վազեն....
Մէն մի րոպէն կեանքով լինելու....
Ամերիկա ճանապարհ լինելութեան...
Քու խաչերդ Երուսաղմէն պիտի բարձրանան...
Երթամ գրկեմ երեխաներս ...
Բարլուս Ամերիկա .....
......
Ամերիկա Քոյրս ՝ Բարլուս ....
Սագօ Արեան
- Hits: 18481