Ուրուագիծ դիմանկարի համար. Մարտիրոս Յ․ Ալթունեան

(1889, Բուրսա, 1958, Պէյրութ)

Գեղարուեստ եւ գեղարուեստական իրականութիւն,- այս ուրուագծումով դոյզն ինչ կը շեղիմ, բայց քանի որ գրականութիւնը գեղարուեստական ստեղծագործութիւններուն անքակտելի մասն կը կազմէ՝ արդարացուցիչ պէտք է թուայ սա անդրադարձը՝ մեծահամբաւ ճարտարապետ, գեղանկարիչ Մարտիրոս Յ. Ալթունեանի ժառանգութեան վկայաբերումով, մէկ պարզ պատճառով, որու ճարտարապետական բոլոր կոթողները երեւակայական՝ իրականին հետ միախառն անձնուիրութեամբ գեղարուեստական ինքնօրինակ մտայղացումներու արգասիք են՝ եւ հիմնովին կը վերաբերին եկեղեցական եւ եկեղեցապատկան կառոյցներուն։ Ըսել կ՛ուզեմ Մ․ Յ. Ալթունեանին մուտքը իբրեւ բարեպաշտ  կրօնասէր անձ մը Աստուծոյ տաճարին մէջ յոյժ արդարացուցիչ դրսեւորումներու վկայութիւն մըն է։

Ներշնչեալ արուեստագէտ ըլլալով խորապէս ուսումնասիրած է հայ եւ համաշխարհային ճարտարապետութեան,- վաղ միջնադարէն սկսեալ եւ հետագայ շրջաններու,- կոթողները։ Սկզբնական ուսումը Բուրսայում ստանալէն ետք, իմացական, կատարելագործ կրթութիւն ձեռք բերած է Փարիզի Գեղարուեստից բարձրագոյն դպրոցում՝ միաժամանակ խորամուխ ըլլալով գեղանկարչութեան ասպարեզէն ներս եւ իբրեւ բանիմաց ճարտարապետ նախաձեռնած, կառուցած է Անթիլիասի Ս․Գրիգոր Լուսաւորիչ տաճարը /1940/, Երուսաղէմի Ս․ Հռիփսիմէ մատուռը /1946/, Բաղդադի Ս․ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին /1957/։

Բազմաթիւ եկեղեցիներու, հասարակական շէնքերու․ առանձնատներու ուրոյն ճարտարապետական կառոյցները կը վկայեն՝ որ գեղաճաշակ արուեստագէտը իր հրաշագործութիւններով, թեքնիկ մտայղացումներով շարունակաբար փիլիոոփայական խնդիրներ կը լուծէր, խորքային նշանակութիւն կու տար իր կառոյցներու ամենէն էականին՝ հայկական ճարտարապետութեան աւանդոյթներու նուիրագործ պահպանումին, զոր ուշադրաբար զննելու ատեն զինեալ աչքին համար անվրէպ չի մնայ։

Մարտիրոս Յ. Ալթունեան ապրած է երկու աշխարհամարտերու ահասարսուռ տարիներուն։ Տեսած է արհաւիրքներ, հիմնայատակ կործանուող քաղաքներ, բնակավայրեր, բռնաճնշուած ազգեր: Իր ազգի տառապանքն ալ իրմէ «պահանջներ» ներկայացրած է․ կառուցած է՝ երկիւղածն գորովով ու պատկառանօք՝ Լիբանանի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու առաջին յուշակոթողը՝ Ֆըրն Շըպպեքի Ազգային գերեզմանատան մէջ՝ նուիրուած անոնց, որոնք բաց աչքերով կապոյտին նայեցան, անոնց որոնք ափ մը հողի  եւ աղօթքի մրմունջի մը կարօտ մնացին․․․ Բիւրաւոր նահատակ հայորդիներուն իբրեւ յուշարձան․․․

Մեծ եղեռնէն տարիներ անց, երբ հայու մնացեալ բեկորներն ապաստանեցան Լիբանանի հիւրընկալ հողում, իբրեւ երախտիքի տուրք, անձնուիրութեամբ, ինչու ոչ՝ մարտիրոսական եռանդով մը Մ․ Յ. Ալթունեան իր ներուժը կը ներդնէր Լիբանանի քաղաքաշինութեան ասպարէզին մէջ։

Martiros Altunean 1

Վիթխարի է անոր ճարտարապետական արուեստաբանական օգտակար գործողութեան գործակիցը․ հինգ տարիներու ընթացքին, շնորհիւ իր յեղակարծ աշխատունակութեամբ կառուցուեցան Լիբանանի Խորհրդարանի շէնքը /Պէյրութ, 1931/, նաեւ քաղաքի Նըժմէ հրապարակի «Ալ-Ապըտ» հռչակաւոր ժամացոյցին Աշտարակը /1934/, «Ապու Պաքըր» մզկիթը՝ Պէյրութի ծովեզրեայ նաւահանգիստի ափին՝ /1935/ արդիական եւ արաբական ազգային աւանդոյթներու բացառիկ համադրումով մը, ինչպէս նաեւ «Ազունիէի» առողջարանը /Շուֆ 1937/։

Մարտիրոս Յ. Ալթունեանի նուիրագործ տաղանդի բռնկումները գեղանկարչութեան բնագաւառին մէջ ալ հիմնովին գեղահրաշ դրսեւորումներ ունեցած են, առաւել եւս Հայու անձնուիրութեանը բնորոշ․ Անթիլիասի Ս․ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարի «Տրդատի թագադրումը, Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Մայր տաճարի «Տրդատ թագաւորի մկրտութիւնը», «Էջմիածնի տաճարի շինութիւնը»։ Վատիկանի պատուերով Յորդանանում /Ամման/ Ս․ Պօղոս կաթողիկէ Մայր տաճարի /1947-1950/ շէնշող որմնապաստառները ապացոյցն են որ կրօնասէր, բանիբուն նուիրեալ մտաւորականը կրօնն ազգութեան հետ լծորդելու առաքինութեամբ մեծաշուք գեղարուեստական կերտուածքներ կ՛արարուին․․․

Մ․ Յ. Ալթունեան գեղանկարիչն ալ /չնայած ճարտարապետական բուռն զբաղուածութեան/ Հայ գեղանկրաչութեան պատմութեան մէջ մնայուն արժէքներ ստեղծած է,- ի ցաւ սրտի՝ շատերուն անծանօթ,- եկեղեցանկարչութեան ոլորտէն։ 1949-1950 թ․թ․ վրձնած է Թադէոս եւ Բարդողիմէոս առաքեալներու, Վարդան, Յակոբոս, Հեղինէ սուրբերու սրբապատկերները, բազմաթիւ ծովանկարներ եւ «Մայր աստուածածին» սրբակտաւը՝ չափազանց յատկանշական այն պատճառով որ բնորդուհին գեղանկարչի տիկինն է, սա պէս կարծես թէ աւանդոյթի գերհզօր ուժով մը իրականութիւն «դարձած է» այն ամեն աստուածայինն՝ զոր Հայ կնոջ մը կերպաւորումով ներշնչումի ակունք կը հանդիսանայ եւ մարդկային, աստուածային սիրոյ վառվռուն երեւակայութենէն կը բխի․․․

Martiros Altunean 2

Ընդհանրապէս, անգնահատելի է Մարտիրոս Ալթունեանի յիրաւի, նուիրապետական ժառանգութիւնը՝ հոգեական, մտածողական, կրօնաշունչ, եւ համաժամանակային։ Բնականօրէն այս վիթխարի ժառանգութենէն մեր ներկայացրածը ոչ ամբողջական ըլլալով՝ որոշապէս գաղափար մը կու տայ՝  խորագոյն տպաւորութիւն կը թողնի եւ կը բնորոշէ անոր ծաւալած բեղմնաւոր գործունէութիւնը, զոր իր իսկ կենդանութեան ատեն պետական գնահատանքի արժանացած է՝ Լիբանանի նախագահներէն՝ Էմիլ Էտտէի եւ Պշարա Խորրիի կողմէ՝ «Գնահատանքի շքանշանով»։ Իս «Էն Տի Եու» համալսարանին մուտքին ալ տեղադրուած է մեծ հայորդու կիսանդրին, Պէյրութի կեդրոնական փողոցներէն մէկն ալ կը կոչուի ճարտարապետի անունով։

Ես առաջին անգամ Պէյրութէն վերադարձիս /2002/ երբ Երեւան հանդիպեցայ վաղեմի բարեկամիս՝ ճարտարապետութեան ակադեմիկոս Վարազդատ Յարութիւնեանին, զոր Մարտիրոս Յ. Ալթունեանի որդու՝ Աշոտ Մ. Ալթունեանին հրատարակած պատկերագրքի յառաջաբանի /անգլերէն/ հեղինակն է, հարցուց․

-Ալթունեանի կառոյցները տեսա՞ր, Թամանեանից յետոյ մեր երկրորդ մեծ ճարտարապետներից է, նաեւ բացառիկ գեղանկարիչ, շատ եմ ափսոսում, քչերն են նրան ճանաչում։ Իսկ նրա համբաւը ոչ միայն Լիբանանում, այլեւ աշխարհում տարածուած է։ Տեսնես մենք մեր մեծերին ճանաչելու ժամանակ կունենա՞նք։

Յիրաւի, չափազանց ճիշդ բնորոշում՝ Հայ ճարտարապետութեան, ճարտարագիտութեան երախտաւորի կողմէ․ այս դիմանկար-մտածումն ալ թող ըլլայ Մարտիրոս Յ Ալթունեանին հանրահռչակելու ուշացած փորձ մը։ «Մեր ժամանակներու անկրկնելի ու անմահ ճարտարապետի ճարտարապետութիւնը պիտի տեւէ դարէ դար, որովհետեւ ան իր հայեցի դրոշմով ու նկարագրով անմահացաւ եւ իրեն հետ անմահացուց ամբողջ հայ ժողովուրդը, ոչ միայն Լիբանանին, այլ նաեւ ամբողջ աշխարհին մէջ»։

Կը խորհիմ որ Մարտիրոս Յ․ Ալթունեան ազգային իր ծառայութեանց դիմաց այնքան ալ չէ գնահատուած, չէ հրատարակուած ամբողջական պատկերագիրք մը եւ արուեստաբանական հատոր մը։ Կը կարծեմ, որ կը գտնուին անոր ստեղծագործական ժառանգութեան հոգեկիցներ՝ ըլլան հայ թէ օտարազգի, զոր իրապէս հայ եւ արաբ ժողովուրդներուն անկրկնելի ծառաիւթիւններ մատուցած, անոնց բարեխառն բարեկամութեան բագինին վրայ հաւատարմօրէն երդում տուած Մարդուն գործքը եւ յիշատակը նորովի ներկայացնեն, իբրեւ հարկ հոգեկան՝ քաղաքակրթութիւն ներմուծած ճարտարապետին հանդէպ։

Արթուր Անդրանիկեան

andranikean@yahoo.com

+374 94 423 159

+374 91 423 159

  • Hits: 424

Կայքը գործում է ՀՀ կրթության, գիտության, մշակույթի և սպորտի նախարարության աջակցությամբ։

© 2012 Cultural.am. Բոլոր իրավունքները պաշտպանված են ՀՀ օրենսդրությամբ: Կայքի հրապարակումների մասնակի կամ ամբողջական օգտագործման ժամանակ հղումը կայքին պարտադիր է: