Կը վարանի՞մ. Արթուր Անդրանիկեան

Նկատի ունենալով այն էական հանգամանքը, որ cultural.am-ի բազմահազար հետևորդների (ընթերցողների) մեծամասնությունը Սփյուռքի տարբեր գաղթավայրերից են և նրանցից շատերին հետաքրքրում է ազգային ինքնության խնդիրներ, մերօրյա պայմաններում՝ 21-րդ դարի հրամցված մարտահրավերներ, «Սփիւռքահայ գրականութիւն» խորագրի ներքո լիովին արդարացված է ժամանակ առ ժամանակ ներկայացնել խոհագրություններ (փորձագրություններ) մանավանդ արևմտահայերենով։ Այս ամենով հանդերձ, նկատի ունենք ներկայիս սփյուռքահայ հրապարակագիրների, եթե կարելի է ասել, չգոյությունը, չնայած սփյուռքյան մամուլում հրատարակվող սակավաթիվ հոդվածներ, պարբերաբար կներկայացնենք մերօրյա իրականությանը վերաբերող խնդիրների վերլուծություն։

 

Վերջին տարիներու մտահոգութիւններս այս խորագրին կը պատշաճին, մանաւանդ հարցականով /՞/ մը, վասնզի հարցականներու բլուր մը գոյացած է հայաստանեան իրադարձութիւններու ընդմէջէն, եւ չենք գիտեր որո՞ւն կը ծառային․․․ հարցականներով յագեցած այդ հարցումներու պատասխանները՝ մեծաւ մասամբ անպատասխան մնացած․․․

Եւ․․․ պատասխանատուներն ալ, յամենայն դէպս, պարզ մարդոցմէ հեռուաչափ կը գտնուին։ Մարդիկ ալ շատոնց շլմորած կ՛ապրին կամ ընտելացած են՝ տրուած շլմորածութեան, գայթակղանքին։ Ըսել կ՛ուզեմ՝ տեսակ մը անորոշ ապագայի մը կողմէ պատանդուած։ Թերեւս ներքին սփիւռքացման իրավիճակ մը, զոր կը յիշեցնէ Երկրորդ աշխարհամարտէն յետոյ սփիւռքեան հայութեանը պատուհասած օրինավիճակը՝ ինքնութեան պահպանման - մարտնչումի դժուարամարս տարիները։

Այս յեղակարծ մտածումներուս շուրջառումին ելքի որոնման ընդմէջ կը յիշեմ Դանիէլ Վարուժանի խօսքը․ «Ուրիշներ այս աստիճան խղճմտօրէն մտածելու անձնուիրութիւնը չունին»։ Արդեօք կը յանդգնի՞մ հանճարի խօսքը իմովսանն խտացնել՝ ոգեկորուստ տպաւորութեանց պատկերը դոյզն ինչ շրջագծելու համար․․․

Ես հակում ունիմ մերօրեայ պայմաններու մէջ ապրողներու նկարագիրը սա պէս պատկերացնել՝ ոչ թէ երեւակայել․ երեւակայիլը թերեւս միամիտներու բնորոշ յատկանիշ մըն է։ Արդար ըլլանք, չնայած արդարութիւնն ալ կը փնտռուի։ Տեսնողներուն՝ բարեւ։

Կ՛ըսեն թէ ապադասակարգ կամ բազմադասակարգ երկիրներուն մէջ աղքատութեան ծլարձակումը ճշմարիտ պատկերը կը ներկայացնէ իրականութեան։ Կ՛ըսեն նաեւ թէ աղքատութիւնը․․․ ընչաքաղցութեան կամ բազմաքաղցութեան հետեւանք ըլլալով կը սահմանափակէ զանգուածներու կամարտայայտութիւնը՝ դուռ կը բանայ ընթացիկ ողբերգութիւններու առաջ։ Սա պէս ապրած են ու կ՛ապրին այն ժողովուրդները, զորս չինքնագիտակցումի թմբիրէն չեն արթնցած։ Որովհետեւ օտար գաղափարներէն գերուած են։ Նոյն ատեն վտարուած,- անխուսափելիօրէն վտարուած,- անհրաժեշտ ազգայինի գիտակցումէն։ Շահնուրեան նահանջի արտապատկերումներ կ՛ուզէ՞ք տեսնել․․․ Իրականութեան մէջ անոնք ներկայ են։ Սնափառուած, անգոսնուած յստակ գիտակցումով մը որ ազգի ներուժը սպառած է այլեւս։ Այսինքն՝ նախկին արժէքները անժամանակայնութիւն կ՛ապրին, եւ այլեւս հինցած վարդապետութիւններն ալ «տեղ» չունին առօրեայ կեանքէն ներս, երբ դարու հրամայականնեէն խուսափիլն ալ․․․ անխուսափելի հետեւանքներու առաջ դուռ կը բանայ։ Գուցէ նաեւ կը պարտադրուի՞նք վիպապաշտօրէն ապրիլ։ Չեմ գիտեր, սկեպտիկ ըլլալու համար որո՞ւն կը պարտիմ։

Ուրեմն, չստանձնած, անստանձնելի պարտաւորութիւններ հրամցուցուած են։ Ներսէ՞ն, դուսէ՞ն։ Յատկապէս ո՞ր կողմէ եւ ի՞նչ նպատակներու ծառայելու։ Իսկ եթէ սա ներսն ու դուրսը համատեղ գործակցութեամբ մը կը գործեն, չէ՞ք կարծէր, որ արդէն անբարոյութիւն կը հոտի թէ ներսէն եւ թէ դուրսէն։ Այս պարագային էականը ներսի՝ ըսել կ՛ուզեմ մեզի շուրջառած թելադրանքներէն դուրս խուժող գաղափարներու հաւաստիացումներն են, զորս կը թուին յառաջադիմական-եւրոպական, ինչպէս կ՛ուզէք անուանէք, միեւնոյն է, անոնց ազդեցութիւններու յոյժ նպատակային ըլլալը ապագայի հիմերը կը խարխլեն։ Սա պէս վիհերը առաւելս կը խորանան։ Եւ, խորամուխ ըլլալու հարկ բնաւ չկայ, վասնզի վտանգայարոյց կը թուին քաղաքական, տնտեսական, ընկերային խաղերու մէջ ներքաշուած․․․ Անոնց որոգայթներով չենք ալ գիտակցէ, թէ նաւարկութեան ելած ազգային աւազախրուած նաւը կողմնորոշուա՞ծ է եւ իր երթալիք ուղղութիւնը կը գիտակցէ՞։ Թէ նաւավարը օտար ջուրերէն գերեվար կը խորհի անյայտ ցամաք ելլելու մասին միայն։

Ու պատմութիւնը, իբրեւ բաց դասագիրք մը, ցոյց կու տայ խարխափումներու յետագայ ընթացքէն ծնած աւերումները։ Կը մնայ յիշել․ «Աւելորդ դժբախտութիւն մըն է սարթըրիզմը նաւուն վրայ, որ կ՛երթայ դէպի անծանօթը․․․»։ Ուրեմն կրնամ ըսել․ կը վարանիմ՝ այլեւս առանց հարցականի մը /՞/, խնդրայարոյցը իմացական դժբախտութիւնն է, զոր այլեւս գոյութեանական խնդիր մըն է՝ անտեսանելիօրէն ոստնող։ Դժբախտաբար այս ամենը գիտնալով հանդերձ․․․ կը վարանինք։ Յուսահատիլը՝ թմրեցուցիչ մենաշնորհ մըն է՝ զոր անյուսօրէն որդեգրած ենք․ կը երեւակայենք, թէ կ՛ապրինք․․․ չծառայելով մեր իրաւ կոչումին։

Արթուր Անդրանիկեան

andranikean@yahoo.com

+374 94 423 159

+374 91 423 159

  • Hits: 1621

Կայքը գործում է ՀՀ կրթության, գիտության, մշակույթի և սպորտի նախարարության աջակցությամբ։

© 2012 Cultural.am. Բոլոր իրավունքները պաշտպանված են ՀՀ օրենսդրությամբ: Կայքի հրապարակումների մասնակի կամ ամբողջական օգտագործման ժամանակ հղումը կայքին պարտադիր է: