Արեւմտահայերէնը համազգային սահման մըն է, զոր պաշտպանութեան կը կարօտի. Արթուր Անդրանիկեան

Ի պատասխան սփիւռքահայ անծանօթ բարեկամուհուս հարցման՝ արեւմտահայերէնի անկորուստ պահելու անհրաժեշտութեան, թող թոյլ տրուի ասել, իմ նուազագոյն ճիգերի եւ ընդհանրապէս, արեւմտահայ եւ սփիւռքեան գրականութեան «նուիրեալ ըլլալուս», ինչպէս ինքն է փաստում, ներակայացնում եմ մի հարցազրոյց, որ ոչ միայն որոշ փակագծեր է բացում զուտ ճանաչողական իմաստով, այլ նաեւ մէկ անգամ եւս ինձ արեւմտահայերէնով հաղորդակցուելու հնարաւորութիւն է տալիս, յատկապէս Cultural.am –ի սփիւռքահայ հետեւորդների լայն լսարանի հետ։

 Ա․Ա․

Պարոն Անդրանիկեան, յաճախ կը խօսուի, կը գրուի թէ արեւմտահայերէնը անխնամ է, ճգնաժամ կ՛ապրի։ Ի՞նչ կը խորհիք, եթէ այդպէս է, ապա ելք մը կը տեսնէ՞ք։

Խնդրոյ առարկան մեզի անձնուիրաբար աւանդուած լեզուի մը կը վերաբերի։ Մենք՝ ինքզինքնուս արդեօք կրնա՞նք մեզմէ պահանջել որ անոր խնամքը ներկայ սերնդին վստահուած է եւ զոր պահպանութեան կը կարօտի։ Նախ պարզ հարց մը․ ու՞մ կողմէ կը խնամուի, ներկայիս իրապէ՞ս անխնամ մնացած է։  Պահ մը աչք չգոցենք եւ ազնիւ ըլլանք։ Այն լեզուն զոր աւելի շատ լեզուակիրներ ունի, քան արեւելահայերէնը,- չէք կրնար չհամաձայնիլ,- այս հարցումին մէջ բացայայտ պատասխանն ալ կայ։ Նախապէս ըսեմ որ արեւմտահայերէնի «նահանջ երգովը», «թէ առանց երգին» սկսած է այն ատեն, երբ յայտնուեցան դասական Սփիւռքի առաջին «փլատակները»․ այդ փլատակներու տակ ալ սկսուեցաւ լեզուական ուծացումի,- ինչ որ ազգի մը տկասրութենէն կու գայ,- տակաւին աննահանջ ընթացքը։ Սփիւռքեան գրողներէն, յատկապէս «Փարիզի տղաքը» այս խնդրին շատոնց եւ համակողմ անդրադարձած են։ Իմ ըսելիքս այլ է, «ուրիշներու», մասնաւորաբար, Սփիւռք ճամարտակողներու լսելիքէն հեռու․ Հր․ Զարդարեանի «Որբացող մարդիկ» վէպին մէջ կը ներկայացուի, թէ ինչպես կ՛աւրուի հայ աւանդապահ ընտանիք մը՝ ամեն կողմ ծաւալած ըլլալով թուացեալ քաղաքակրթութեան քաոսի՝ յատկապէս օտարախօսութեան վայելումներու, պերճանքի եւ թշուառութեան ստուերները։ Ն․ Սարաֆեանի «Խարիսխէն հեռու» վէպն ալ գրեթէ նոյն տրամադրութիւնները կ՛արթնցնէ։ Այլ օրինակներու պէտքը չունիմ, սկեպտիկ՝ ճշմարտութիւնն զանց առնող մարդոց,- թէ Հայաստան, եւ թէ ի Սփիւռս,- քնացած խիղճը չարթնցնելու սիրոյն․․․

Ալ ի՞նչ կ՛ուզէք, ասիկա վայրաքարշ ընթացք մըն է, երկարօրէն անցեալէն կու գայ ու ամենքս ալ գոց գիտենք տեղ մը չէ հասած, ընթացքին ալ կը նայինք անտարբեր, անզգայնացած։ Յակոբ Օշական ուրիշ առիթով մը կը գրէ․ «Աղէտ մըն է․․․ աղէտէն առաջ»։ Շահնուրն ալ  կը հարցնէ՝ տակաւին անպատասխան, սա պէս կը կարծեմ․ «Ճիշդ է, թէ մեր արեւմատահայերէնը կը նահանջէ տարուէ-տարի, ինչպէս կը նահանջեն բոլոր այն արժէքները,որ Հայը կը պահէր հայ, բայց  ճիշդ է, թէ  սփիւռքահայը բնաւ տրամադիր չէ վերջ դնելու ստեղծագործական ճիգին»։ Ըսել կ՛ուզէ նորէն սփիւռքեան ցարդ ստեղծուող գրականութիւնը։

Արեւմտահայերէնի, իբրեւ տարագիր լեզուի կենսունակութեան ի խնդիր կարեւր կը համարեմ սա «թուային» կամ թուայնացման դարաշրջանին մէջ գործնականօրէն կառչիլ ընեկարյին ցանցերէն։ Ինչու՞ ոչ, նաեւ ելեկտրոնային գրքերու «հրատարակումը» հրատապ կը համարեմ։ Բանաւոր խօսքի, ձայնագրութիւններու միջոցաւ կրնանք հանրայնացնել լեզու մը, զոր նաեւ մշակոյթ, հոգեբանութիւնը կը ենթադրէ․․․

Բայց հակազդելու լծակներ չունինք․․․ ասիկա արդեօք աղբիւր մը չէ այլասերումի․․․

Ձեր խօսքերէն պահ մը վարանեցայ, բայց իրաւունք ունիք․ այլասերում, վատասերում, ասոնք սոսկ յուսայատեցուցիչ բնորոշումներ չեն եւ թող մէկու մը մտքէն չանցնիր, թէ չպատճառաբանեալ չափազանցութիւն մըն է․․․ փաստեր կ՛ուզէ՞ք, ահաւասիկ՝ շատերու վախերը կրնանք «թարմացնել»։ 2010 թուականին, ըստ Իւնեսքոյի տուեալներու արեւմտահայերէնը «Աշխարհի վտանգուած լեզուներու ելեկտրոնային ատլասներու» մէջ, ի թիւս այլ լեզուներու ստացած է «հաստատապէս վտանգուած» կարգավիճակ՝ «խոցելիներէն մինչեւ հինգ մակարդակի /մեռած/  սանդղակին մէջ կը գտնուին այն լեզուները, զորս գործածական չեն  միջսերնդային փոխանցումէն զրկուած ըլլալու հանգամանքովը։ Կարծեմ  ամեն ինչ պարզ է։

Պարզ է այնքանով, որ աղիտալի է։ Ի՞նչ կը կարծէք, արեւմտահայերէնի պահպանութեանը չե՞ն նպաստէ ներկայիս սփիւռքեան գրողները, հրապարակագիրները, ի վերջոյ մամուլը։

Անշուշտ, բայց խորքին մէջ, անոնց նպաստաբերութիւնը բաւարա՞ր է․ ժողովուրդ եւ ժողուուածութիւն․ ասոնք նոյնական են, լեզուակիրը՝ ժողովուրդն է, հայամտած /՞/ ժողովուրդը, զոր կ՛ապրի Սփիւռք։ Ուրիշ խնդիր՝ սերնդակրթումը կը պահանջէ աւելին։ Կը յիշէ՞ք 90-ական թուականներու զանգուածային արտագաղթը Հայաստանէն․ լեզուն ալ արտագաղթեցաւ․ կրնա՞նք նկատառնել լեզուի արտագաղթ։

Հայաստանաբնակները Սփիւռք «առին-տարան»՝ արտագաղթեցրին արեւելահայերէնը՝ հանդերձ աբեղեանական ուղղագրութեամբ։ Արդեօք սա պահուս ականատեսը չենք իրողութեան մը՝ արեւմտահայերէնի վտանգումի։ Կը ենթադրեմ որ այս մասին նուազագոյն մտահոգութիւն չունինք։ Չունին նաև ի ցաւ սրտի պատկան մարմինները եւ,- եթէ այդպիսիք կան,-  մեզմէ այնքան հեռու, չեմ վախնար ըսել, սա գիտակցումը գաղափարաբանութիւն դարձուցած ենք։ Ալ ի՞նչ կ՛ուզէք, պիտի ըսէի․․․ կրնա՞նք գուշակել․․․ 1915 թուականէն ետք ձեւաւորուած Հայկական Սփիւռքը աշխարհագրական սփռուածութեամբ իր այլազան կառոյցները եթէ պահպանած է միմիայն լեզուի շնորհիւ։ Թէ հետագային ինչ ընթացք ունեցած է, յայտնի է, եւ յետ այսու ինչ ընթացք կ՛ունենայ, կը տարակուսիմ։ Ելքերէն  մէկը կը կարծեմ «Արեւմտահայերէնի հիմնադրամի» ստեղծումը կրնայ դոյզն ինչ բանի մը ծառայիլ։ Պիտի ըսէք վիպապաշտ դարձեր եմ, թող այդպէս ըլլայ, կ՛ուզեմ երեւակայիլ, կարծեմ չէ արգիլուած։ Հիմա միայն անդրադարձայ, որ մեզի ժառանգուածը պարտ ենք ժառանգիլ, այլ ոչ թէ պանդոյր կազմակերպութիւններու ու մարդոց բերնով պոռանք եւ հայաստանեան, սփիւռքեան անապատներու մէջ ձայն բարբառոյ յանապատի հնչերանգէն խուլցած ու խոլցած անյեղլի պահանջ մը ներկայացնենք․․․

Կը խորհիմ նաեւ որ արեւմտահայերէնը կը հիւծուի ներկայիս Սփիւռքին մէջ․ աս ալ ուրիշ խնդրոյ առարկայ է, կ՛արծեմ հասկցաք՝ փակագծեր չբանամ, նկատի ունիմ արեւելահայերէնի տարասփռումը ԱՄՆ եւ այլուր․․․ կ՛անցնիմ․․․ Արեւմտահայերէնը համազգային սահման մըն է, զոր պաշտպանութեան կը կարօտի։ Երջանկայիշատակ բարեկամիս՝ արձակագիր, թատերագիր, հրապարակագիր Արա Արծրունիի խօսքերը կը յիշեմ․ «Լիբանանեան պատերազմին ընթացքին երկիրն այնքան չըգօսնեցաւ, որքան արեւմտահայերէնը»։ Իրապէս, ատենին Պէյրութն իբրեւ հայակեդրոն-հայակերտող, այդ տարիներու արտագաղթի, թէ՞ արտագաղթեցումի,-  խորքին մէջ ասոնց տարբերութիւնը ես կը զգամ,- հետեւանքներու տխուր ու շլմորած ականատեսն ըլլալով՝ կ՛ապրինք․ «Խանդ տանք, պատրանք տանք ազգին՝ որ ապրի․․․» /Նիկողոս Սարաֆեան/․ պայմանաւ՝ փոյթ տանիլ վասն արեւմտահայերէնի  կենսունակութեան՝ անկորուստ ժառանգման․․․

Հարցազրոյցը վարեց Ա․Ասատրեանը

  • Created on .
  • Hits: 1422

Կայքը գործում է ՀՀ մշակույթի նախարարության աջակցությամբ։

© 2012 Cultural.am. Բոլոր իրավունքները պաշտպանված են ՀՀ օրենսդրությամբ: Կայքի հրապարակումների մասնակի կամ ամբողջական օգտագործման ժամանակ հղումը կայքին պարտադիր է: